«ԻՒՉԿԷՆ» ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻՆ ՄՕՏ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ, Պոմոնթիի «Իւչկէն» գեղարուեստից աշխատանոցին մօտ տեղի ունեցաւ տարեվերջի խառն ցուցահանդէսի մը բացումը։ Այս աշխատանոցի մօտ հինգ տարեկանէն սկսեալ զանազան սերունդներէ անձերու համար կը կազմակերպուին դասընթացքներ։ Նկարչութեան առընթեր յախճապակիի եւ ապակիի վրայ ստեղծագործութիւններու ուղ-ղութեամբ պատրաստութիւն կը տեսնեն աշխատանոցի մասնակիցները։ Պատասխանատուներն են՝ մեր յայտնի արուեստագիտուհիներէն Ժանին Փափազեան, Անի Չիմէն, Մելթեմ Ենիկիւն, ինչպէս նաեւ Ռուբէն Էրօլ Քիւրքճիւօղլու։
Տարեվերջի ցուցահանդէսի շրջագծով ներկայացուած են աշխատանոցի փոքրիկ մասնակիցներուն գործերը, ինչպէս նաեւ չափահասներու նկարչութեան եւ յախճապակիի աշխատանքները։
Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ եւս երեք օր։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024