ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Սոփ­րա­նօ Գա­րին Պոզ­քուրթ եւ թե­նոր Պիւ­լենտ Քիւ­լէք­ճի ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կան «Ֆու­լիա» գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ։ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած բա­րե­գոր­ծա­կան հա­մերգ մըն էր այս մէ­կը, ո­րուն հա­սոյ­թը կը տրա­մադ­րուի լէօ­սե­միէ տա­ռա­պող ե­րա­խա­նե­րու։ Ձեռ­նար­կը ա­ռար­կայ դար­ձաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան եւ ա­նոնց հա­մար ե­զա­կի հա­ճոյ­քի մը վե­րա­ծուե­ցաւ յայ­տագ­րի ունկնդ­րու­թիւ­նը։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016