ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ ՈՒՂԵՑՈՅՑ
«Ժոնկլէ» հրատարակչութիւնը, որ լայն ծանօթութիւն կը վայելէ Եւրոպայի մէջ, հրատարակած է Իսթանպուլի վերաբերեալ ուղեցոյց-գիրք մը, որ կը բովանդակէ ճոխ լուսանկարներ։ Յառաջիկայ օրերուն՝ Յունիսի 21-ին հրապարակի վրայ պիտի դրուի այս գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը՝ «İstanbul’un Gizlisi Saklısı» անունով։ Հարկ է նշել, որ «Ժոնկլէ» հրատարակչութիւնը նման գիրքեր հրատարակած է աշխարհի աւելի քան քառասուն քաղաքներուն համար։ Առաջին հերթին այս գործին լոյս ընծայուած է ֆրանսերէնով եւ իտալերէնով։ Հիմա կարգը եկած է թրքերէն եւ անգլերէն տարբերակներուն, որոնք վերոյիշեալ թուականին հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ պիտի դրուին «Ռեմզի» գրատան կողմէ։ Արդէն սպաներէն ու փորթուգալերէն թարգմանութիւններն ալ պատրաստութեան մէջ են։
Այս գիրքը 160 գլուխներու ներքեւ կը ծանօթացնէ Իսթանպուլի բազմաթիւ միջավայրերը, երդիքները, խորհրդանշական վայրերը, որոնք ցարդ լայն ծանօթացման չեն արժանացած։ Գիրքի բովանդակութեան մէջ տեղ գտած վայրերուն շուրջ 85 տոկոսին մասին անկարելի է տեղեկութիւն մը գտնել այն ուղեցոյց գիրքերուն մէջ, որոնք ցարդ լոյս տեսած են։ Գործի յատկանշական երեսակներէն մին ալ այն է, որ բովանդակութեան մէջ լայն տեղ տրուած են քաղաքի փոքրամասնութիւններու երդիքներուն, ներառեալ հայկականները։
Վերջին օրերուն, Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ, Թաքսիմ, այս գիրքին համար տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը։ Ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաք։
Բացման խօսքով մը ներկաները ողջունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի հիւպատոսութեան մշակոյթի կցորդ ու Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Մաթիէօ Պարտիէօ։ Աւելի վերջ հանդէս եկան օրուան ատենախօսները՝ նախաձեռնարկ հրատարակչութենէն Թոմաս Ժոնկլէ, Կալաթասարայ համալսարանի դասախօս իրաւաբան Էմրէ Էօքթեմ, Պելժիայէն լուսանկարիչ Լեսիթիա Միսիր տը Լուսինիա, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն յայտնի լուսանկարիչ Մեսուտ Եաշար Թուֆան։ Հարկ է նշել, որ գիրքի բովանդակած լուսանկարներուն պատկառելի տոկոսը նկարահանուած է Մեսուտ Եաշար Թուֆանի կողմէ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ասուլիսի մասնակիցները անդրադարձան այս գիրքի առանձնայատկութիւններուն։
Ձեռնարկին յաջորդեց ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս գրասէրները եւ հետաքրքիրները տեւականացուցին զրոյցը ասուլիսի մասնակիցներուն հետ։