ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴՈՒՍՏՐԸ…
6 Օգոստոս 1917 թուականին, Իտալիոյ Ֆլորանսա քաղաքին մէջ ծնած է հայ մեծ գրող Կոստան Զարեանի դուստրը՝ Նուարդ Զարեան, որ հետագային դարձած է Իտալիոյ մէջ նշանաւոր արձանագործ, նկարիչ։ Սակայն անոր կեանքի եւ գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ կան Հայաստանի եւ առհասարակ Սփիւռքի եւ հայաշխարհի մէջ: Այս անդրադարձը պատրաստելու համար առիթ հանդիսացաւ տաղանդաւոր հայ արձանագործի ծննդեան օրը եւ մահուան 10-ամեակը: Ճիշդ տասը տարի առաջ, 31 Յունուար 2005 թուականին Իտալիոյ Սանթա Մարինելլա քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանէն եւ հայութենէն հեռու, առանձնութեան մէջ ապրող եւ մինչեւ կեանքի վերջին տարիները ստեղծագործող հայ արուեստագիտուհին:
Նուարդ Զարեանի կեանքի մասին տեղեկութիւններ քաղելու համար օգտուած ենք իր եղբօր՝ ճարտարապետութան տոքթոր, Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Արմէն Զարեանի մասին այլեւայլ նիւթերէ, որոնց մէջ պզտիկ բաժիններ յատկացուած են նաեւ իր նշանաւոր քրոջ: Ինչպէս նաեւ որոշ տեղեկութիւններ քաղած ենք Արմէն Զարեանի որդւոյն՝ ճարտարապետ Արա Զարեանի յօդուածներէն: Հայրենի մամուլին մէջ գրեթէ յօդուածներ չեն տպագրուած Նուարդ Զարեանի մասին, եթէ չհաշուենք «Ազգ» թերթին մէջ 2001 թուականին, իր կենդանութեան օրօք տպագրուած յատկանշական նիւթ մը՝ «Սանթա Մարինելլայի հայ քանդակագործուհին», հեղինակ Մելանիա Պատալեան: Դժբախտաբար ո՛չ մէկ հրատարակուած պատկերագիրք, ո՛չ մէկ գիրք կամ համացանցային էջ գտանք նուիրուած իտալահայ տաղանդաւոր քանդակագործին։ Համացանցին ու այլ պահոցներու մէջ փնտռտունքներէ ետք չհանդիպեցանք նաեւ լուսանկարի մը, որուն մէջ պատկերուած է Նուարդ Զարեան: Իտալական կայքի մը մէջ գտանք անոր քանդակներէն մի քանիին լուսանկարները միայն եւ կարճ կենսագրական տեղեկութիւններ: Համեմատաբար հարուստ տեղեկութիւններ կան Նուարդ Զարեանի մօր յուշերուն մէջ, որ սակայն տպագրուած չէ եւ կը պահպանուի ընտանիքի ժառանգներուն մօտ: Եւ միայն այս տարուան սկիզբին Արմէն Զարեանի դստեր՝ Սիրվարդ Զարեանի թարգմանութեամբ հայերէնով հատուած մը տպագրուած է «Ազգ» թերթին մէջ:
Նուարդ Զարեան միակ դուստրն է գրող Կոստան Զարեանի եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի:
Կոստան Զարեան Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթի հիմնադիր, յայտնի մտաւորական եւ հանրային գործիչ Յովհաննէս Շահնազարի եղբօր դստեր՝ Թագուհի Շահնազարեանի հետ ամուսնացած է 1912 թուականին՝ Վենետիկի մէջ: Նոյն տարեվերջին անոնք կը մեկնին Պոլիս, ուր Զարեան հայ ոգին գտնելու եւ իր մայրենի լեզուին աւելի մօտէն հաղորդակցելու նպատակ ունէր: Թագուհի Շահնազարեան ամուսնանալով՝ Կոստան Զարեանի հետ հաւասար կերպով տարած է ընտանեկան կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, ընտանիքին վիճակած դժուարին ճակատագիրն ու սարսափները: Անոնք 1914 թուականին իրենց երկու զաւակներով հեռացած են Պոլիսէն: Ապրած է նաեւ Հայաստան, ուր երաժշտութեան դասեր տուած է նորաստեղծ Երաժշտանոցին մէջ:
Զարեաններու համատեղ կեանքը տեւած է մինչեւ 1929 թուականը: Այնուհետեւ Կոստան Զարեան հեռացած է կնոջմէն ու ամուսնացած է ամերիկացի նկարչուհի Ֆրանսիս Պրուքսի (1901-1963) հետ: Թագուհի Շահնազարեանի հետ գրողը ունէր երեք զաւակ, որոքն ալ հետագային նշանաւոր արուեստագէտներ դարձած են՝ Արմէն, Վահէ եւ Նուարդ Զարեաններ:
Մեր մշակութային կեանքի վրայ գրական ու արուեստի հետքը թողած է նաեւ Թագուհի Շահնազարեան, որ մամուլի մէջ յօդուածներ եւ զանազան գրութիւններ կը ստորագրէր Թագուհի Շահնազար անունով: Ան նաեւ հիմնական յուշագիրն է Կոստան Զարեանի: Իր կեանքի վերջին տարիներուն Թագուհի Զարեան մանրամասն գրառած է Կոստան Զարեանի եւ իր համատեղ կեանքի պատմութիւնը, այնուհետեւ՝ 1930 թուականէն յետոյ գրողի կեանքի դէպքերն ու իրադարձութիւնները: Այդ ֆրանսերէն օրագրութիւնը, ինչպէս կը նշէ գրականագէտ Եուրի Խաչա-տըրեան, Թագուհի Շահնազարեան-Զարեան գրած է երեք օրինակով՝ իր երեք զաւակներուն համար: Յուսանք, այդ արժէքաւոր գիրը օր մը հրատարակուած, այնուհետեւ՝ հայերէնի թարգմանուած կը տեսնենք, քանի որ այդ մէկը կրնայ լոյս սփռել Կոստան Զարեանի անձին եւ գրանակութեան վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է՝ մինչեւ հիմա մեծ գրագէտին կենսագրութեան մէջ կան չճշդուած տեղեկութիւններ:
Կոստան եւ Թագուհի Զարեաններու դուստրը երիտասարդ տարիքին արդէն ունեցած է նկարչական ցայտուն ընդունակութիւններ. նկարչական հետաքրքրութիւնները սկիզբ առած են տասնեօթ տարեկանին։ Ան ստացած է եւրոպական տարրական կրթութիւն, ուսանած է Միլանոյի «Scuola di Brera» ակադեմիոյ մէջ, աւարտած է Վենետիկի «Liceo Artistico»ի դասընթացքները։ Քանդակագործ Ատոլֆ Վիլթի խորհուրդով ձգած է նկարչութիւնը եւ զբաղած՝ քանդակագործութեամբ: Ուսանած է Հռոմի Գեղարուեստից ակադեմիոյ մէջ, ուր աշակերտած է քանդակագործ Անճելօ Սանելլիին։ 1935-1940 թուականներուն ուսանած է Վենետիկի Գեղարուեստից ակադեմիոյ մէջ, ուր ալ աշակերտած է նկարիչ Պրունօ Սայերիին։ Սնած արուեստասէր շրջանակին մէջ, յաճախ ընկերացած է դաշնակահարուհի մօր եւ գրագէտ հօր անոնց ճամբորդութիւններուն՝ դէպի Եւրոպայի բազմաթիւ մայրաքաղաքներ:
1936 թուականին իտալական կառավարութիւնը Նուարդ Զարեանին կը յատկացնէ օտարազգի ուսանողներուն համար սահմանուած կրթաթոշակ։ 1965 թուականէն սկսեալ ան դասաւանդած է Հռոմի Գեղարուեստից լիսէին մէջ։ Մասնակցած է նշանաւոր ցուցահանդէսներու, արժանանալով ջերմ գնահատանքի ու խլելով մրցանակներ նաեւ որպէս առաջին կին քանդակագործ:
Իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը Նուարդ Զարեան բացած է 1946 թուականին «Cortile» պատկերասրահին մէջ, երկրորդը՝ 1950 թուականին «Galleria dello Zodiaco» ցուցասրահէն ներս, ուր ներկայացուած տասնութ քանդակ, փայտագրութիւն եւ գծանկար։ Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Քոփենհակի, Հռոմի, Վիեննայի, Օսլոյի, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Նուարդ Զարեան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է իտալական Դիմադրութեան շարժումին։ Իր ամուսինը, որ նոյնպէս քանդակագործ էր, զինուորագրուած ու պատերազմի մեկնած է:
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք անոր գործերը կ՚ընդունուին «Accademia di Belle Arti»ի մէջ, ուր միեւնոյն ժամանակ ան կը հրաւիրուի դասախօսական աշխատանքի:
1950 թուականին Իտալիոյ կառավարութիւնը մեծ մրցոյթ մը յայտարարած է Հռոմի Նոր կայարանի գեղարուեստական ձեւաւորման համար:
Իտալացի խումբ մը նշանաւոր արուեստագէտներու կարգին այդ մրցոյթին մասնակցած է նաեւ Նուարդ Զարեան ու շահած է առաջին մրցանակը՝ կայարանի պատերուն խճանկար կատարելու համար:
Յատկանշական դրուագ մը եւս կայ Նուարդ Զարեանի կեանքին մէջ. 1951 թուականին Իրանի կառավարութիւնը մեր տաղանդաւոր հայրենակցուհիին կը պատուիրէ ստեղծել Իրանի վերջին շահ՝ Ռըզա Փեհլեւիի դիմանկարը, որ նախատեսուած էր շահի դամբարանին համար։ Քանդակագործուհի Նուարդ Զարեան կը կատարէ այդ գործը եւս:
Արուեստագիտուհիի կեանքին մէջ անկիւնադարձային դեր ունեցած է այն ճամբորդութիւնը, որ կատարած էր 1960 թուականի Ապրիլին, իր հօր՝ Կոստան Զարեանի հետ, երբ ան հայրենիք կը վերադառնար երեսուն տարուան բացակայութենէն ետք:
Հայաստանը Նուարդ Զարեանին ներշնչումներու մեծ ազդակ հաղորդած է. հայրենիքի կարմիր տուֆն ու քարը գրաւած են նաեւ քարով ստեղծագործող քանդակագործուհիին հոգին: Նոյն շրջանին Սեւանայ լճի մօտ յայտնաբերուած իրերը մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուած էին իր մէջ: Հռոմ վերադարձին ան համախմբած էր իտալացի ճարտարագէտներ ու հնագէտներ, եւ զանոնք ուղարկած Հայաստան՝ պեղումներ կատարելու համար:
Կեանքի վերջին տարիներուն իր ամուսնոյն՝ ծանօթ քանդակագործ Մարիօ Չիմարայի մահէն ետք արուեստագիտուհին կը բնակէր Հռոմի մօտ, Սանթա Մարինելլա ծովեզրեայ քաղաքի ամենաբարձր բլուրի գագաթը, իր նախագծով կառուցուած առանձնատան մէջ, որ յարգի իրերու եւ քանդակներու առկայութեան շնորհիւ նման էր պատկերասրահի: Անոր զաւակը՝ Տիեկօ Չիմարա նոյնպէս արձանագործ է, որ երկար տարիներ եղած է RAI-ի (Իտալիոյ կեդրոնական հեռուստատեսութեան) մշակութային ծրագրերու պատասխանատու, ինչպէս նաեւ լրագրող եւ գիրքերու հեղինակ։ Տիեկօ Չիմարա մանկութենէն դրսեւորած է արուեստագիտական հակումները եւ իր առաջին խեցեգործ կաւեղէնները ցուցադրուած են Հռոմի նորայայտ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու ցուցադրութեան փողոցին՝ «Via Margutta»ի վրայ։ Իր վերջին գիրքը արժանացած է կարեւոր մրցանակի մը։ Նուարդ Զարեան ունի նաեւ դուստր մը, որուն հետ, ինչպէս կը նշեն ընտանիքի բարեկամները, Նուարդ Զարեան հայերէն կը խօսէր: 1996 թուականին Սանթա Մարինելլայի հրապարակներէն մէկուն մէջ, տեղւոյն քաղաքապետին, բնակչութեան եւ հայ համայնքի անդամներու ներկայութեան բացումը կատարուեցաւ «Փոքրիկներուն շուրջպարը՝ չորցած ծառին շուրջ» Զարեանի խմբաքանդակին: Քանդակը նուիրուած էր 1982 թուականին Սանթա Մարինելլայի լեռնասահքի վթարի ժամանակ զոհուածներու յիշատակին:
Խորհրդային տարիներուն Նուարդ Զարեան կապ ունեցած է Հայաստանի հետ։ 1964 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է անոր անհատական ցուցահանդէսը, եւ ան քսանհինգ գործ նուիրած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին։ Իտալահայ քանդակագործուհիի երկրորդ ցուցահանդէսը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է 1970 թուականին: Տարիներ անց ան հրաւիրուած է հայրենիք՝ աշխատելու Հայաստանը ներկայացնող «Մայրութիւն» մեծածաւալ ստեղծագործութեան վրայ: Գլխաւոր պողոտային վրայ տեղադրուելիք քանդակի քարը ինք ընտրած է, բայց տեղադրումին ներկայ չէ եղած։ Հետագային տեղեակ դարձած է, որ քանդակը չէ զետեղուած: Իր եղբօր՝ Արմէն Զարեանի մտայղացումով Երեւանի Գլխաւոր պողոտային վրայ տեղադրուած պէտք է ըլլային Նուարդ Զարեան-Չիմարա քանդակագործի արձանները: Սակայն այդ մէկը իրականութիւն չդարձաւ:
Նուարդ Զարեան Իտալիոյ ժամանակակից քանդակագործութեան տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն էր, որ մասնակցած էր Վենետիկի «Biennale»ին, Հռոմի «Quadriennale»ին, եւրոպական ու միջազգային բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, Հռոմի «Piazza di Spagna» կեդրոնական հրապարակին յարակից «La Cassapanca» պատկերասրահի հիմնադիր տնօրէնն էր, այդպէս ալ հռչակ չվայելեց իր հայրենիքին մէջ:
2005 թուականի Փետրուարին Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող հայկական թերթերը հետեւեալ բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն մը տարածեցին.
«Հռոմ, 2 Փետրուար 2005 թուականի առաւօտեան ժամը 11.00-ին Հռոմի Սանթ Անտրէա Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը իտալահայ քանդակագործուհի Տիկին Նուարդ Զարեանի, դուստրը՝ գրագէտ-բանաստեղծ Կոստան Զարեանի: Ներկայ էին զաւակները, ընտանեկան պարագաները, արուեստասէր բարեկամներ եւ հռոմահայ համայնքի անդամներ: Թաղման արարողութիւնը կը մատուցէր էջմիածնական վարդապետ Հայր Արէն Շահինեան, Իտալիոյ Հայ Առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւը, ներկայութեամբ Վազգէն Աբեղայ Նանեանի:
«Պատարագի աւարտին, Հայր Արէն իր քարոզին մէջ մխիթարական խօսքերով սփոփեց հանգուցեալին պարագաներն ու ներկաները անոր յիշատակին ու հոգւոյն լուսաւորութեան մաղթանքով:
«Հուսկ, ծանօթ դերասանուհի Իրինա Լուտկովիչ, կարդաց հատուածներ արուեստի մեկնաբան Մարիօ Վենթուրոլայի՝ Նուարդ Զարեանի արուեստին նուիրուած գրքի նախաբանէն. այդտեղ հարազատ կերպով նկարագրուած էր Զարեանի անհատականութիւնը՝ ակնարկելով թէ՛ անձին, թէ՛ իր ստեղծագործութիւններուն եւ թէ կեանքին, որ դրոշմուած էր լաւատեսութեամբ եւ երիտասարդ հոգիով:
«Ապա հայերէնով խօսք առաւ Հռոմի եւ Լացիոյի Հայ համայնքի կազմակերպութեան ատենապետուհի Տիկին Սեդա Մարթայեան: Ան անդրադարձաւ մասնաւորապէս Զարեանի կեանքի գլխաւոր հանգրւաններուն»:
Այսպէս, տասը տարի առաջ Իտալիոյ մէջ աւարտեցաւ Զարեան նշանաւոր ընտանիքի նոյնքան նշանաւոր դստեր երկրային կեանքը:
Նուարդ Զարեանի քանդակներէն են «Արեւին նայող կինը», «Նստած կինը», «Ցանկապատի ետին»: Իր գործերը կը պահուին Իտալիոյ, Լիբանանի թանգարաններուն, ինչպէս նաեւ «Կիւլպէնկեան» հաւաքածոյի մէջ:
Այսօր, երբ Հայաստանը կը գտնէ եւ կը գուրգուրայ հայ արուեսագէտներու ձեռքերով պատրաստուած գործերուն, հայ միտքին պատկանող աշխատանքներուն եւ հպարտութեան առարկայ կը դարձնէ զանոնք, այդ որոնումներուն մէջ օր մը երկիրը հաւանաբար կը վերյիշէ նաեւ Նուարդ Զարեանի անունը, իբրեւ անցեալ դարուն ծնած եւ երկար ստեղծագործական կեանք ունեցած հայ մեծանուն արուեստագէտ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ