ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆՔ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼՈՒ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածէն հատուած մը վերցուած է Պօղոս Առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն, ուրկէ կը քաղենք այս մի քանի համարները.

«Երբ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի եւ երեխայի պէս կը տրամաբանէի. իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի: Նոյնպէս ալ, մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զայն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ: Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս Ի՛նք զիս կը ճանչնայ:

Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա. Կր 13.11-13):

Պօղոս Առաքեալը 13-րդ գլուխին մէջ կը խօսի սիրոյ կարեւորութեան մասին, կու տայ սէր ունեցողի մը յատկանիշները, կը խօսի թէ ինչպէս եթէ մարդ նոյնիսկ շատ բաներու հասած ըլլայ, բայց սէր չունենայ, ապա ոչինչ կ՚արժէ, ոչինչով կ՚օգտուի (տե՛ս Ա. Կր 13.2-3): Տակաւին, Առաքեալը յստակ կերպով կը մատնանշէ, թէ սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ: Այժմ մեր գիտցածը անկատար է եւ մեր մարգարէութիւնն ալ՝ մասնակի: Բայց երբ կատարեալը գայ, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ (Ա. Կր 13.8-10): Խօսելէ ետք սիրոյ յաւիտենական ըլլալու մասին, ետքէն անդրադարձ կը կատարէ, թէ ներկայ կեանքը որ կ՚ապրինք ինչպէս նաեւ մեր գիտցածը, մեր ունեցած գիտութիւնը, մարգարէութիւնները, եւ այլն անկատար են, եւ կը խօսի գալիքի մասին, ըսելով թէ երբ կատարեալը գայ՝ խօսքը Տէր Յիսուս երկրորդ գալուստի մասին է, ապա այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ:

Ատկէ ետք կու տայ խորհրդանշական նկարագրութիւն մը, թէ ինչպէս երբ մարդ երեխայ հասակին մէջ կ՚ըլլայ՝ երեխայի նման կը մտածէ, կ՚ապրի ու կը գործէ, մինչ երբ կը մեծնայ, երեխայութեան կապուած բոլոր բաները մէկ կողմ կը դնէ եւ որպէս մեծահասակ կը մտածէ: Բնականաբար խօսքը այստեղ մարդու տարիքին հետ կապուած չէ, ինչքան մարդու հոգեւոր ներաշխարհին հետ, այլ խօսքով՝ մարդ երբ հոգեւորապէս տակաւին երեխայ է, այսինքն՝ տակաւին պէտք եղած աճումը չէ ապրած, ենթակայ է ամէն տեսակի փորձութիւններու, որոնց պատճառով ալ կրնայ դիւրութեամբ սայթաքիլ ու շեղիլ ուղիղ ճանապարհէն, սակայն, երբ մարդ հոգեւորապէս աճի, զգայ Աստուծոյ ներկայութիւնը, ապրի Քրիստոսի քաղցրութիւնը, վայելէ Սուրբ Հոգիին շնորհքները, ապա ինքզինք այլեւս երեխայ չի՛ զգար, ընդհակառակը, եւ որպէս այդպիսին իր կեանքը կը կարգաւորէ:

Այս նկարագրութեան մէջ կրնանք մատնանշել նաեւ Սրբազան Առաքեալին օրինակը, ով երբ տակաւին Օրէնքի տառի հլու ու հնազանդ էր, ինքզինք երեխայի նման կը պահէր եւ երեխայի տրամաբանութեամբ կ՚առաջնորդուէր, բայց անգամ մը որ Դամասկոսի ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ Տէր Յիսուսին եւ Դամասկոսի մէջ Անոր միջոցաւ վերագտաւ իր տեսողութիւնը, այլեւս այդ երեխայական բաներն ու տրամաբանութիւնը մէկ կողմ ձգեց եւ սկսաւ ապրիլ որպէս Քրիստոսի հաւատարիմ զինուոր ու սպասաւոր: Սուրբ Կղեմէս Աղէքսանդրացին այս մասին այսպէս կը գրէ. «Պօղոս Առաքեալի այս ձեւի խորհրդանշական խօսակցութիւնը իր Օրէնքին տակ ապրած ժամանակաշրջանի մասին է, երբ Բանը կը հալածէր եւ անզգամ էր, երեխայի մը նման էր, որ Աստուծոյ կը հայհոյէր». եւ «Չի՛ մատնանշեր հասակի մը, որ ժամանակի ընթացքին կ՚աճի, ո՛չ ալ որոշ ժամանակաշրջանի մը մասին, ո՛չ ալ գաղտնի ուսուցումի մը մասին, որ վերապահուած է միայն մեծահասակներուն [հասուն մարդոց], երբ կ՚ըսէ թէ երեխայական բաները մէկդի ձգեց: Ան ըսել կ՚ուզէ ան մարդիկը, որոնք Օրէնքին տակ կ՚ապրին, երեխաներ են, այսինքն՝ վախի ենթակայ են, ինչպէս երեխաներ որոնք ոգիներէն կը վախնան, իսկ անոնք որոնք կը հնազանդին Բանին, ամբողջութեամբ ազատագրուած են, եւ անոնք ըստ Առաքեալին հասուն մարդիկ են»:

Շարունակելով, Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ հիմա՝ ո՛չ միայն Առաքեալին ապրած ժամանակաշրջանը պէտք է նկատի ունենալ, այլ՝ բոլոր ժամանակները՝ մինչեւ Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստը, զԱստուած աղօտ կերպով կը տեսնենք, որովհետեւ մեր գիտութիւնը Աստուծոյ մասին ներկայիս շա՜տ քիչ է, եւ մենք զԱստուած Իր ամբողջութեանը մէջ չենք ճանչնար եւ ի վիճակի ալ չենք ճանչնալու մեր մարմնաւոր եւ մեղաւոր այս վիճակին մէջ: Արդարեւ, Մովսէս Մարգարէն երբ Աստուծմէ խնդրեց, որպէսզի տեսնէ զԻնք, Աստուած պատասխանեց Անոր. «Դուն Իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ» (Ելք 33.20): Չկարծենք, թէ Աստուած չուզեր որ զԻնք տեսնենք, ո՛չ, ընդհակառակը, Աստուած Իր՝ մեր նկատմամբ ունեցած սէրէն մղուած է, որ Ինքզինք ցոյց չտուաւ Մովսէսին, որովհետեւ որպէս մարդ՝ իր մեղաւոր ու մարմնաւոր վիճակով ի վիճակի չէր զԱստուած տեսնելու եւ ողջ մնալու. զԱստուած տեսնելու մասին Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը գրէ. «Ինչպէ՞ս կը հասնինք զԱստուած տեսնելու շնորհքին. “Չորս կերպերով. նախ՝ մեղքերէ սրբուելով, երկրորդ՝ զգայութիւններէ հեռանալով, երրորդ՝ իմացումի նրբութեամբ, չորրորդ՝ հաւատքի պայծառութեամբ”»: Վերադառնալով Մովսէսի խնդրանքին, Աստուած ամբողջութեամբ չի՛ մերժեր Մովսէսին խնդրանքը, որովհետեւ կ՚ըսէ անոր. «Ահա Քովս տեղ մը կայ ու ժայռին վրայ կայնէ. եւ երբ Իմ փառքս անցնելու ըլլայ՝ քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ ու քեզ Իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչեւ որ Ես անցնիմ. ետքը Իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ ու Իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց Իմ երեսս պիտի չտեսնուի» (Ելք 33.21-23):

Երջանկայիշատակ Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանը այսպէս կը գրէ զԱստուած տեսնելու մասին.

• «Գերագոյն բաղձանքը, զոր իւրաքանչիւր հաւատացող եւ մանաւանդ խորունկ հաւատացող անհատ կ՚ունենայ - տիրանալ սիրտի սրբութեան եւ արժանանալ Աստուծոյ տեսութեան։ Եւ Քրիստոս երանի՜ կը կարդայ անոնց, որոնք այդ շնորհքը ընդունելու պատրաստ են, որովհետեւ բոլորին տրուած չէ անիկա, այլ անոնց, որոնք աստուածային սիրով ջերմացուցած իրենց հոգին, կը վանեն իրենց սիրտերէն ամէն չար մտածում, ամէն թշնամանք, ամէն բիծ, եւ սիրտի կատարեալ մաքրութեամբ, անկեղծ հաւատքով ու աղօթքով կը նուիրուին Աստուծոյ»:

• «Գիտենք բոլորս, որ Աստուած անքննելի է եւ անիմանալի՝ իր էութեանը մէջ եւ անտեսանելի՝ մարդկային մեր աչքերուն համար։ Քրիստոս յստակօրէն ըսաւ. «Ո՛չ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ որ Աստուծմէ է» (Յհ 6.46), ինչ որ Յովհաննէս Առաքեալ կը կրկնէ իր առաջին թուղթին մէջ (4.12)։ Բայց «ինչ որ անհնարին է մարդոց համար, հնարաւոր է Աստուծոյ համար» (Ղկ 15.27)։ Ինչ որ պարզ միտքով եւ բանականութեան լոյսով կը մնայ անտեսանելի եւ անիմանալի՝ աստուածային լոյսով եւ հաւատքով կը դառնայ տեսանելի եւ իմանալի։ Ինչպէս արեւը միայն ինքն իր լոյսովը կը տեսնուի, այնպէս ալ իմանալին Աստուած իր տուած հաւատոյ շնորհքներուն լոյսովը կը տեսնուի («Գիրք Հարցմանց»)։ Եւ Ինքը՝ Քրիստոս, բոլոր Իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ով որ կ՚ընդունի Իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ։ Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը։ Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ Ինքզինքս յայտնեմ անոր» (Յհ 14.21)։ Իսկ ան որ կը տեսնէ զՔրիստոս՝ տեսած կ՚ըլլայ Հայրը, ինչպէս Ինքն իսկ ըսաւ. «Ով որ զԻս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յհ 14.9)»:

Եւ. «Եւ, կրկին «երանի՜ անոնց որոնք սուրբ են սիրտով, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»։

Երանի՜ է մեզի, եթէ կարենանք հասնիլ սիրտի բիւրեղային այս մաքրութեան եւ պայծառութեան եւ ունենալ պարզ ու անմեղ հաւատք, որովհետեւ այն ատեն Աստուած Իր մեծ ողորմութեամբ կը բանայ մեր իմանալի աչքերը՝ տեսնելու եւ ճանչնալու համար Իր յաւիտենական փառքը»:

Ապա Առաքեալը կը շարունակէ, ըսելով, թէ երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ Տէր Յիսուսի երկրորդ գալուստի մասին է խօսքը, զԱյն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ: Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս Ի՛նք զիս կը ճանչնայ:

Առաքեալին ըսածէն յստակ կը դառնայ, որ մարդ ինչ ալ ընէ այս աշխարհիկ կեանքի ընթացքին, զԱստուած միայն մասնակիօրէն կրնայ ճանչնալ եւ ոչ աւելին: Իսկ կատարելապէս զԱստուած ճանչնալը հանդերձեալին մէջ է միայն որ կարելի պիտի ըլլայ:

Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներէն Հայր Անտոն Ֆըքրին այսպէս կը մեկնէ այս հատուածը. «Այս կեանքին մէջ մենք ճշմարտութեան մէկ մասնիկը գիտենք, սակայն երկինքին մէջ ամբողջապէս պիտի գիտնանք զայն, պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցաւ [տե՛ս Ա. Կր 13.12]: Աստուած կատարելապէս կը ճանչնայ մարդը, որովհետեւ Ան երիկամներն ու սիրտերը քննողն է: Մենք երկինքին մէջ այդ գիտութեամբ պիտի ճանչնանք զԻնք: Ապա, եթէ հիմակուընէ Յիսուսի մտածելակերպը ունենանք, եւ Սուրբ Հոգին ունենանք՝ որ մեր մէջ կը հանգչի, մեր մէջ ամէն ինչ կը քննէ նոյնիսկ Աստուծոյ ամենածածուկ ծրագիրները (Ա. Կր 2.10, 16), ինչքան աւելի երկինքին մէջ պիտի ունենանք եւ մեր այս գիտութիւնը օր օրի պիտի աւելնայ… Ի՜նչ փառաւոր է այս մէկը»:

Այսօրուընէ սկսինք աշխատիլ Յիսուսի մտածելակերպը ձեռք ձգելու, մտածել Յիսուսով, մտածել Յիսուսի մասին, մտածել Յիսուսի փառքին համար, որպէսզի երբ հանդերձեալին արժանանանք Իր յաւիտենական տեսութեան, ի վիճակի ըլլանք ամբողջապէս ճանչնալու զԻնք, զգալու եւ վայելելու Իր քաղցր ներկայութիւնը, Որուն, Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին փառք, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2022