ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՆԿԱՐԻՉ ԶԱՐԵՀ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ «ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ»
Անցեալ դարու սփիւռքահայ լաւագոյն նկարիչ-մտաւորականներէն Զարեհ Մութաֆեանի անունն ու արուեստը Հայաստանի մէջ աւելի լայն կերպով հռչակելու, հանրութեան անոր գեղարուեստական գործերը, գրութիւնները եւ ժառանգութիւնը հասանելի դարձնելու մասին շատ խօսուած է: Այդ մէկը մտահոգութիւն է ո՛չ միայն Զարեհ Մութաֆեանի, այլեւ՝ Հայաստանէն դուրս ապրած եւ ստեղծագործած բազմաթիւ հայ արուեստագէտներու պարագային եւս, որոնք նոյն արժեւորումը չեն ստացած Հայաստանի մէջ, ինչպէս խորհրդահայ նկարչները:
Ֆրանսահայ նկարիչ Զարեհ Մութաֆեանի կարգ մը գործերը տակաւին խորհրդային տարիներուն նուիրաբերուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, սակայն ատոնք տեղ չէին գտներ մշտական ցուցադրութիւններուն մէջ եւ պահոցներէն միայն երբեմն կը հանուէին ժամանակաւոր ցուցադրութեան համար եւ կրկին կը կը պահուէին:
Մինչդեռ, սփիւռքահայ մեր տաղանդաւոր գեղանկարիչներէն է Զարեհ Մութաֆեան, որու ցուցահանդէսները անցեալ դարու կէսերուն սպասուած էին Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Զարեհ Մութաֆեան հայրենիքի սէրը, պաշտամունքը իր սիրտին ապրած է հեռաւոր Ֆրանսայի մէջ եւ 1980 թուականին մահացած՝ ձգելով կարեւոր ժառանգութիւն մը: Ան իր նկարներուն մէջ միշտ անդրադարձած է հայկական նիւթերուն, աւելին՝ արտասահմանի մէջ միշտ ցուցահանդէսներ կազմակերպած հայկական, մանաւանդ՝ հայաստանեան նիւթերով իր նկարները ցուցադրելով: Բազմաթիւ օտարներ Հայաստանը սիրած են նոյնինքն՝ Զարեհ Մութաֆեանի բնապատկերներուն շնորհիւ:
Հայ նկարիչին Հայաստանի մէջ աւելի մեծ տեղ տալու մտահոգութիւնը թէ՛ հայ արուեստաբաններու ուշադրութեան ներքեւ կը գտնուէր եւ թէ Զարեհ Մութաֆեանի ընտանիքին, մանաւանդ անոր որդու՝ ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան, հայագէտ, Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ, Սորպոնի համալսարանի դասախօս եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի: Ան ժամանակ առ ժամանակ իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր, որ Ազգային պատկերասրահ յաճախակի այցելելով՝ ոչ մէկ անգամ մշտական ցուցադրութեան մէջ կը տեսնէր իր հօր գործերը, լաւագոյն պարագային՝ մէկ հատ միայն:
Բայց եւ այնպէս, Քլոտ Մութաֆեան էր, որ պատկերասրահին ժամանակին նուիրաբերուած իր հօր գործերը ապահով վայրի մէջ են՝ գնահատուած մասնագէտներու կողմէ: Ան մեծ ցանկութիւն ունէր՝ հօր լաւագոյն գործերը Փարիզէն բերելով միացնել միւսներուն եւ ունենալ Զարեհ Մութաֆեանի գրեթէ ամբողջական հաւաքածոն՝ Հայաստանի մէջ: Եւ մանաւանդ, ցանկութիւն ունէր մէկ մասը տեսնել մշտական ցուցադրութեան մէջ: Ահաւասիկ, վերջերս այդ փափաքը իրականութիւն դարձաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ վերջերս Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծէն ներս, անոր աջակցութեամբ նկարիչի ստեղծագործական ժառանգութեան զանազան շրջաններուն վերաբերող աւելի քան վեց տասնեակ գեղարուեստական գործեր տեղափոխուած են Հայաստան եւ ի պահ յանձնուած Ազգային պատկերասրահին:
Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի օժանդակութեամբ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ շուտով տեղի պիտի ունենայ հաւաքածուի ցուցադրութիւնը, այնուհետեւ ստեղծագործութիւններու մէկ մասը պիտի յատկացուի պատկերասրահի մարզային մասնաճիւղերուն եւ այլ թանգարաններու ու ցուցասրահներու:
Զարեհ Մութաֆեանի գործերը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին յանձնած է անձամբ ինք՝ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան այս նուիրատուութիւնը որակած է իրադարձային:
Շուտով կը կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որ աւելի քան վաթսուն նկարներէն կ՚ընտրէ անոնք, որոնք մշտական կը հանգրուանեն Ազգային պատկերասրահին մէջ, իսկ կը զատուին անոնք, որոնք պիտի բաշխուին Հայաստանի այլ ցուցասրահներու եւ թանգարաններու: Մարինա Յակոբեան հաւաստիացուցած է, որ պատկերասրահին նուիրաբերուելիք աշխատանքները պիտի ցուցադրուին եւ պիտի չպահուին պահոցներուն մէջ: Ան նուիրատուութիւնը կարեւոր նկատեց նաեւ հայ արուեստագէտներու՝ աշխարհով մէկ սփռուած գանձերը հայրենիք վերադարձնելու տեսակէտէ: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի շուրջ 41 հազար ցուցանմոյշներու մեծ մասը հոն յայտնուած են ճիշդ այս ճանապարհով՝ նուիրատուութիւններու շնորհիւ. աշխարհի զանազան երկիրներէ նուիրատուներ գնած եւ նուիրաբերած են կամ ալ արուեստագէտները իրենք կամ իրենց ընտանիքները նուիրաբերած են զանոնք Հայաստանին:
Նկարիչ, մտաւորական Զարեհ Մութաֆեան ուշագրաւ կեանք ունեցած է: Ան ծնած է Սամսոն՝ Սեւ ծովու ափին։ Մանկութիւնը անցուցած է որբանոցներու մէջ եւ ապրած է թափառական կեանք մը՝ Յունաստանէն Իտալիա, ուր Միլանոյի Գեղարուեստից ակադեմիային մէջ կատարելագործած է իր արուեստը։ Այնուհետեւ, Մութաֆեան կը հանգրուանած է Զուիցերիա եւ վերջապէս հաստատուած՝ Փարիզ, ուր շուտով, ընդգրկուելով այն օրերու մտաւորական շրջանակին մէջ, նկարչութեան զուգահեռ նուիրուած է նաեւ գրականութեան։
Ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, որոնք մեծապէս գնահատուած են արուեստի մարդոց կողմէ։ Քառասուն տարիներու ընթացքին ան հանրածանօթ դարձած է թէ՛ իբրեւ հայ մտաւորական եւ թէ իբրեւ ֆրանսացի արուեստագէտ։ Ան յաջողած է գերազանցել իր ցաւը՝ միաժամանակ խորանալով եւրոպական մշակոյթի մէջ եւ պահպանելով իր արեւելեան ոգին։
Հայերէնով մտածող արուեստագէտը ներշնչուած է իտալացի դասական մեծերու գործերէն, ֆրանսացի գունանկարիչներէն, տպաւորապաշտներէն եւ ապա՝ Պոնարէն եւ Մաթիսէն։
Մութաֆեան, բացի Եւրոպայի եւ աւելի վերջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն, ցուցահանդէսներ ունեցած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ (1967-ին եւ 1971-ին)։
Նկարիչը իր Հայաստան գտնուած շրջանին ստեղծած է հայաստանեան շարք մը, ապա՝ Փարիզ վերադառնալէ յետոյ նոյնպէս, յիշողութիւններու հիման վրայ շարունակած է հայաստանեան պատկերներու ստեղծումը: Անոնք յատկապէս կարեւոր տեղ ունին անոր արուեստին մէջ, իսկ այդ նկարներուն մեծ մասը այժմ Հայաստանի մէջ կը գտնուի: Որդին կը պատմէ, որ իր հայրը, ինքնամփոփ մարդ մըն էր. անցեալի դառնութիւնները խորը ազդած էին անոր հոգիին վրայ եւ գրեթէ ուրախութիւն չունէր: Կը պատմէ նաեւ, որ Հայաստանէն դառնալէ յետոյ չէր պահեր իր ուրախութիւնը, երջանկութիւնը եւ միշտ կ՚արտայայտէր: Նոյնիսկ, ըսած է, որ ան ինքզինք միայն Հայաստան այցելելով երջանիկ զգացած է:
Խորհրդանշական պատկերներ գծած արուեստագէտը. ծանօթ է իր դիմանկարներով, ծովանկարներով եւ գունաւոր տեսարաններով, իսկ Հայաստանի վերաբերող պատկերներու վառ գոյներն ալ պայծառ երանգներ հաղորդած են անոր արուեստին: Հետաքրքրական է, որ Զարեհ Մութաֆեան փոքր տարիքին չէր ուզեր նկարիչ դառնալ:
Ան մանկութեան ժամանակ տարուած եղած է դասական երաժշտութեամբ եւ նոյնիսկ կը պատրաստուէր ջութակահար ըլլալու:
Յունաստանի մէջ էր, երբ 1923 թուականին իտալական օդագնացութիւնը յարձակեցաւ Յունաստանի վրայ եւ ռմբակոծեց Քորֆու կղզին: Սխալմամբ որպէս թիրախ ընտրելով նախկին զօրանոցի շէնքին մէջ տեղակայուած ամերիկեան որբանոցներէն մէկը՝ բազմաթիւ զոհեր եղան: Միացեալ Նահագներու հետ դիւանագիտական միջադէպէն խուսափելու համար Իտալիոյ բռնապետ Մուսոլինին առաջարկեց Իտալիոյ մէջ հիւրընկալել եւ հոգալ մօտաւորապէս հարիւր որբի ուսման ծախսերը. այդ որբերը պէտք է կրթուէին Մխիթարեան միաբանութեան մէջ:
Այսպէսով, Զարեհը ուղարկեցին Միլանօ: Վենետիկի մեծ վարպետներու դպրոցին մէջ ան թոքամզի բորբոքման պատճառով ստիպուած եղաւ հրաժարիլ ջութակէն՝ տրուելով նկարչութեան: Ան նկարչութեան տրուած է կիրքով՝ այդ արուեստին նուիրուելով ամբողջութեամբ:
Զատ ասպարէզ մըն էր յօդուածագրութիւնը, որուն նոյնպէս հաւատարիմ էր: Յօդուածները կը վերաբերէին արուեստին: Նկարիչ, նաեւ՝ նկարչութեան տաղանդաւոր քննադատ Զարեհ Մութաֆեանի յօդուածները, որոնք լոյս կը տեսնէին սփիւռքի հայկական մամուլին մէջ, անոր համահայկական ճանաչում բերին: Իսկ ան արդէն ստացած էր միջազգային ճանաչում՝ իր ցուցահանդէսներուն շնորհիւ: Միայն 1980 թուականին՝ անոր մահէն յետոյ է, որ որդին՝ Քլոտ Մութաֆեան, անցաւ հօր յօդուածագրական ժառանգութիւնը տարածելու գործին՝ յետմահու հրատարակելով նաեւ իր հօր՝ հայերէնով գրուած գործերը:
Իսկ Զարեհ Մութաֆեանի մահէն 44 տարի յետոյ անոր գործերը Հայաստանին նուիրելու որոշումը Քլոտ Մութաֆեան առած է իր երկու քոյրերուն հետ միասին. «Միակ ճիշդ տեղը Հայաստանն է», ըսաւ Քլոտ Մութաֆեան՝ հօր գործերը պատկերասրահին յանձնելու ժամանակ: Պատմական այս նուիրատուութեան մէջ շատ են ինչպէս բնութեան տեսարանները, այնպէս ալ՝ դիմանկարները, ծովանկարները: Զարեհ Մութաֆեան ծովանկարիչի մասին յօդուած մը տպուած է ֆրանսական մամուլին մէջ՝ 1947 թուականին:
«ԼԻՊԵՐԱՍԻՈՆ» ԹԵՐԹԸ՝ ԶԱՐԵՀ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ (1947)
«Լիպերասիոն» ֆրանսական թերթը 1947 թուականին յօդուած մը պատրաստած է Զարեհ Մութաֆեանի մասին: Թերթին յօդուածագիրը Մութաֆեանին հետեւած է ծովու ափին, ուր նկարիչը կը հետապնդէր ձկնորսները եւ կը նկարէր անոնց կեանքը: Ինչպէս պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր ստեղծած է ձկնորսներու իր անմահական շարքը, այնպէս ալ՝ Զարեհ Մութաֆեան վրձինով կերտած է ձկնորսները, եւ նկարելու ընթացքին միշտ ըլլալով ձկնորսներուն հետ, ինքն ալ տեսակ մը ձկնորս եղած էր: Ֆրանսացի լրագրողը իր յօդուածի խորագրին մէջ Զարեհ Մութաֆեանը կոչած է «Ձնկորս նկարիչը»:
Ֆրանսացի լրագրողի այդ յօդուածը նոյն տարին թարգմանուած է հայերէնի եւ լոյս տեսած Փարիզ տպուող «Ժողովուրդ» թերթին մէջ (1947, հոկտեմբեր): Ստորեւ՝ այդ յօդուածը։
ԶԱՐԵՀ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ, ՁԿՆՈՐՍ ՆԿԱՐԻՉԸ ՊՌԸԹԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԳՏԱԾ Է ԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԱՆԳՆԵՐԸ
Լեսքոնիլ, Քիմպերի շատ մօտ պռըթոնեան նաւահանգիստ մըն է: Քանի մը օրէ իր վեր, ամառնաբնակները գրեթէ ամէնքը մեկնած են Ֆինիսթէրի ծովափէն, ուր հրատապ ամառուան ընթացքին եկած էին փնտռելու տանելի օդի բարեխառնութիւն մը:
Փարիզցիներու մեկնումէն ի վեր նկարիչ Մութաֆեան այս գեղանկարին տէր դառնալու զգացումն ունի, ուրկէ կը քաղէ քանի մը հրափայլ նկարներ:
Առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը նկարէ ու մերթ քանի մը տղաք, հրապուրուած իր նկարներու երանգներէն, կու գան միայն խռովել իր մենութիւնը:
Մութաֆեան տակաւին քառասուն տարեկան չկայ, այսուհանդերձ 1946-ին, «Կալըրի Ալառ»ի մէջ Վալտեմար Ժորժի կողմէ ներկայացուած գեղեցիկ ցուցահանդէսին մեզի կը թողու կատարելապէս յաջողած լաւ կտաւներու յիշատակը: Այս նկարները միշտ գծուած են «գոյնով»: Իր յօրինման եղանակին մէջ ան կը պահէ Արեւելքի դրոշմը, օգտագործելով խիստ յաճախ իր վճիտ թոյրերը, որոնց ճաշակը, սակայն, իւրացուց դիտելով փարիզեան դպրոցի գլուխ գործոցները, մանաւանդ՝ Սեզանի եւ Վան Կոկի գործերը, զորս ամէնքէն աւելի կը սիրէ:
Մութաֆեան ծնած է Փոքր Ասիոյ մէկ պզտիկ գիւղին մէջ: Երբ իր հայրենի երկրին մասին կը խօսուի, իր ծաւի ակնարկը կ՚երանգաւորուի տրտմութեամբ: Ան իր պատանեկութեան առաջին տարիները անցուց Յունաստան, որբանոցի մը մէջ, ու այս ճակատագրին դաժանութիւնը բարեբախտաբար քաղցրացաւ վաղահաս հրայրքով մը, նկարչութեան:
Աւելի ետքը Իտալիա, ուր երկար տարիներ ապրեցաւ, Թիթիենի, Թինթորէի, Թիէփոլոյի տեսարանը զինքը մղեց ամբողջովին ապրիլ արուեստին համար: Ասկէ զատ, կը կարծեմ, թէ Ֆրանսայի մէջ 1937-էն ի վեր ապրած տարիները, իր ծանօթանալը Պոնարի կամ Մաթիսի հետ, դասական գործերու առանձին հայեցողութենէն աւելի հարստութեան աղբիւր մը եղան իրեն համար:
Լաւագոյնս նկարելու համար իր ձկնորսները, այդ խրած նաւակները, հրաներկ արեւով օծուն կապոյտ ցանցերը, ան յաճախ կը բաժնէ ծովայիններու կեանքը, այսինքն իր կարգին ձկնորս կը դառնայ: Երբ գիշերը հասնի, նկարիչին աշխատանքը լրացած չէ: «Լամբարներով» բեռնաւոր նաւակները կը մտնէ, ու քարիւղի լապտերներու լոյսին տակ արուեստագէտը կը քաղէ շքեղ պատկերներու հունձքը: Արդէն իսկ երբ ցանցերը դուրս կու գան սեւաթոյր ջուրերէն, ձուկերուն արծաթազօծ ցոլքերը յառաջիկայ «մեռեալ բնութեան» կտաւներուն համար հրաշալի բնաբան մըն են:
Բայց մանաւանդ օրուան լոյսին տակ է, որ Մութաֆեան իր մեծագոյն հաճոյքը կը զգայ: Մերթ այնքան ներզօր գոյներով, Պռըթանիոյ մէջ ան կը կարծէ գտնել Հայաստանի գիւղանկարները:
Միասին պտտեցանք նաւահանգիստը, դէպի փարոսը, որ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը կը կոչուի Արմէն- Փոքր Ասիոյ տղոց յաճախ տրուած անուն մը:
Երբ տուն մտանք, Մութաֆեան ինծի ըսաւ.
-Օր մը, յուսամ, գոնէ նկարներուս մէջ իրարու հետ հաշտեցնեմ վերացական ու ձեւադրոշմ նկարիչները, որոնք իրար կը գզեն, իրարու հետ կը կռուին պարապ տեղը:
Այսպէս խօսելով՝ ան կը բաժնուի ինձմէ, որովհետեւ ցայգային նոր ձկնորսութեան մը պէտք է ներկայ գտնուէր:
ՌԸՆԷ ՊԱՐՈԹ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ