ՀՈԳԵՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ՝ ՏՈՍԹՈՅԵՒՍՔԻԻՆ

19-րդ դարու ամենահեղինակաւոր ռուս գրողներէն Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքին մոսկուացի բժիշկի մը որդին էր։ Ան հասակ առած էր հոգեբուժարանի մը մէջ եւ կը տառապէր լուսնոտութենէ, նաեւ խաղամոլ էր։ Անոր ստեղծագործութիւնները («Քարամազով եղբայրներ», «Ապուշը», «Նոթեր ընդյատակէն») կը բացայայտեն հոգեբուժական դէպքերու հարուստ նկարագրութիւններ՝ ներառեալ արգանդահեղդ (hysteria), մտագարութիւն (dementia)։ Հարկ է նաեւ նշել, որ անոր հոգեբանութեան խորաթափանցութիւնը նշանաւոր դարձած է համաշխարհային գրականութեան մէջ: Անգիտակից հոգեբանական բնազդի անոր բնութագրումը ուշադրութեան առարկայ դարձուց այն բառապաշարը, որ յետագային վերասահմանուեցաւ հոգեվերլուծական շարժման կողմէ։

Այս համատեսքին մէջ կարելի է հայեացք մը նետել Տոսթոյեւսքիի «Յաւերժական ամուսինը» վէպին, որ լոյս տեսած է 1870 թուականին, երբ Զիկմունտ Ֆրոյտ ընդամէնը 14 տարեկան էր։ Վէպը կը պատկերէր նիւթ մը, որ կը յայտնուէր երազներու մէջ։ Ան նկարագրած էր նաեւ կարգ մը իրադարձութիւններու պարագային յայտնուած պաշտպանական մեքանիզմները, որոնք այդ օրերուն յայտնի էին որպէս հակազդեցութիւն:

Վէպը կը պատմէ Փաւլովիչ անունով մարդու մը մասին, որ կը բացայայտէ իր կնոջ դաւաճանութիւնը անոր մահէն յետոյ։ Ան կը գտնէ իր կնոջ նախկին կենակցին՝ Վելչանինովի մասին, զոր չի ճանչնար Փաւլովիչը։ Սկիզբին մարդու եւ իր կնոջ յարաբերութիւններու մասին Փաւլովիչի յիշողութիւնները կը ճնշուին: Այնուամենայնիւ, հոգեկան անհանգստութիւնը, զոր ան կ՚ապրի իր երազներուն մէջ, տագնապ կը յառաջացնէ անոր։ Փաւլովիչը կը մոռնայ Վելչանինովը փնտռելու իր նպատակը։ Բայց, ան կը գրկէ զայն, կը խմէ անոր հետ եւ կը յայտնէ իր սէրը։

1895 թուականին՝ Տոսթոյեւսքիի մահէն չորս տարի անց, Ֆրոյտ իր աշխատութիւններուն մէջ օգտագործեց «ճնշում» բառը՝ նկատի ունենալով էկոյի պաշտպանական մեքանիզմը՝ բացառելով գիտակցութեան կողմէ ուղարկուած անցանկալի ազդակները։ 1900 թուականին Ֆրոյտի դասական գրութեան մէջ երազներու մեկնաբանութիւնը լայն ճանաչում գտաւ՝ որպէս «արքայական ճանապարհ, որ կը տանի դէպի անգիտակից գործունէութեան իմացութիւն»:

Փաւլովիչի անգիտակից ատելութիւնը ի յայտ կու գայ գիշեր մը՝ որ կ՚արդիւնաւորուի Վելչանինովը դանակահարելու փորձով։ Վելչանինովի եզրակացութիւնը, որ «ատելութենէն բխող սէրը աւելի ուժեղ է, քան որեւէ այլ բան», որպէս Փաւլովիչի բարեկամութեան ցուցում, պաշտպանութիւն էր, որ Ֆրոյտը յետագային անուանեց «հակազդեցութիւն»: Երբ Փաւլովիչը կը յայտնաբերէ, որ իր սիրելի դստեր՝ Լիզայի հայրը Վելչանինովն է, անոր ատելութիւնը Վելչանինովի նկատմամբ կը փոխարինուի դստեր հանդէպ դաժան տանջանքով։

Ֆրոյտ կը վերափոխէ հոգեբանական ճնշումը, ինչ որ ան չէր սահմանած մինչեւ 1926 թուականը։ Որպէս յատուկ սահմանում՝ Ֆրոյտ ճնշումը դասած է «հակազդեցութեան» նման բազմաթիւ պաշտպանութիւններու շարքին, որոնք կը գործեն երբ ճնշուած զգացում մը կը սպառնայ վերադառնալ գիտակցութեան: Տոսթոյեւսքին ձեւով մը կանխատեսած էր հոգեվերլուծական հասկացութիւնները։ Բայց արդեօք սա ազդա՞ծ է զարգացող հոգեվերլուծական շարժման վրայ:

Ֆրոյտ ծանօթ էր Տոսթոյեւսքիի ստեղծագործութիւններուն։ «Յաւերժական ամուսինը» լոյս տեսած էր գերմաներէնով՝ շուրջ 1900 թուականին։ Ֆրոյտի վիեննացի ծանօթները հաւաքեցին Տոսթոյեւսքիի ձեռագրերը գերմաներէն հրատարակութեան նպատակով եւ անոնք այդ ժամանակ դիմած էին Ֆրոյտին՝ մեկնաբանութիւններու համար:

Քննելով Տոսթոյեւսքին անոր գեղարուեստական ​​բնութագրման միջոցով՝ Ֆրոյտը բացայայտեց հեղինակի լուսնոտութեան եւ խաղամոլութեան հիմքով սեռական հակամարտութիւնները։ Ֆրոյտ՝ «Տոսթոյեւսքիի հոգեբանը», կը դժգոհէր, որ անոր խորաթափանցութիւնը կը սահմանափակուէր արտասովոր մտաւոր կեանքով, որու մասին ինչ որ գիտէր, իրականութեան մէջ չէր գիտեր, ատոնք բաղկացած էին պարզունակ բնազդային ցանկութենէն, ​​կախուածութիւններէն եւ անողոքութեան հանդէպ սէրէն։

Այնուամենայնիւ, Ֆրոյտը հմայուած էր Տոսթոյեւսքիի արուեստով։ «Նախքան ստեղծագործ արուեստագէտ դառնալը, հոգեվերլուծութիւնը պէտք է յանձնուի ստեղծագործութեան», ըսաւ ան, նաեւ յայտարարեց, որ «Քարամազով եղբայրները» ամենայաջող վէպերու գլխաւորն է:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023