ԿԻՒՄՐԻԻ ՎԱՐՊԵՏԱՑ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԶԳԱՑՈՒԻ ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՇՈՒՆՉԸ

Գունաւոր քաղաք Կիւմրին ծնունդ տուած է շարք մը արուեստագէտներու՝ դերասաններու, գրողներւ, երաժիշտներու…

«Արմէնփրէս» այս անգամ կը ներկայացնէ անոնցմէ մէկը՝ նշանաւոր դերասան Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանը։ Անոր թանգարանը կը գտնուի Կիւմրիի Վարպետաց փողոցին մէջ, ուր տեղակայուած են նաեւ Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի թանգարանները։

ԹԱՆԳԱՐԱՆ՝ ՆԱԽԿԻՆ ԽԱՇԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այցելուն երբ ներս մտնէ, զայն կը դիմաւորէ Ֆրունզիկի մեծադիր, ժպտացող ու բարի աչքերով նկարը։ Աստիճաններով կը բարձրանայ վերեւ եւ կը յայտնուի դերասանի պայմանական տունը։ Ան բաղկացած է մէկ սենեակէ, որ բաժանուած է մի քանի հատուածի՝ ննջասենեակ, դիմայարդարման սենեակ եւ անկիւն մը, ուր տեղ գտած են անոր բեմական հագուստներն ու իրերը։ Այստեղ նախապէս եղած է խաշարան, ուր դերասանը սիրած է ճաշել։ 2006 թուականին Կիւմրիի քաղաքապետարանը այս շէնքը ընտրած է որպէս դերասանի թանգարան։ Այն բնակարանին  մէջ, ուր ապրած են Մկրտչեանները, իրենց պատկանած է ընդամէնը մէկ սենեակ։ 1953 թուականէն սկսեալ Մկրտչեան բնակած է Երեւանի մէջ։ Ամէն անգամ վերադառնալով հարազատ Լենինական (այժմ՝ Կիւմրի), եկած է խաշարան կամ Ա. Մռավեանի անուան թատրոն, հաւաքուած են հին ընկերները, արուեստակիցները, ծայր առած է խօսքն ու զրոյցը արուեստի, կեանքի, երկրի ու ժողովուրդի մասին։

ՖՐՈՒՆԶԻԿԻ «ՍԵՆԵԱԿԸ»

Անկիւնը դրուած է մահճակալը, որու վրայ քնացած է պատանի Մհեր Մկրտչեանը։ Պատին կախուած է իր սիրելի տիկնիկը՝ խամաճիկը, կողքին ալ կայ դերասանի ծնողներու՝ Մուշեղ հօր եւ Սանամ մօր նկարը։ Մեծ Եղեռնի ժամանակ Ֆրունզիկի ծնողները կ՚որբանան, կարտաքսուին հարազատ վայրերէ եւ կը յայտնուին Ալեքսանդրապոլի ամերիկեան որբանոցին մէջ։ Մհեր Մկրտչեանի ծնողները միասին մեծցած են, յետագային աշխատած են թեքստիլի գործարանի մէջ։ Հայրը բանուոր եղած է, իսկ մայրը՝ գործարանի ճաշարանին մէջ լուացած է պնակեղէնները։ Մահճակալի կողքին կան փոքրիկ պահարաններ, որոնց վրայ դրուած են դերասանի եւ անոր ընտանիքի ձայնասփիւռները, լուսանկարչական գործիքը, հեռախօսը, լամբը, պատուհանագոգին՝ գրամեքենան ու նուագարկիչը։ Պահարանի վերեւէն կախուած է Մհեր Մկրտչեանի կնոջ՝ Տոնարա Մկրտչեանի լուսանկարը, որ նոյնպէս կիւմրեցի եղած է եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի դերասանուհի։ Տոնարան վատառողջ էր, եւ այդ մասին իր գործընկերներն ու հարազատները շատ զգուշացուցած են Ֆրունզիկը։ Սակայն անոնք շատ սիրած են զիրար եւ 1958 թուականին ամուսնացած: Տոնարա Մկրտչեան «Կովկասին գերուհին» շարժապատկերին մէջ խաղացած է Ճեպրայիլի կնոջ դերը։ 1977 թուականին, երբ դերասանը «Միմինօ» ժապաւէնի շնորհիւ հասաւ փառքի գագաթնակէտին, անկում ունեցաւ անձնական կեանքին մէջ։ Հիւանդութեան՝ շիզոֆրենիի, յառաջացման պատճառով Տոնարան չափազանց խանդոտ դարձած էր։ Բուժման նպատակով Ֆրունզիկ զայն մի քանի անգամ տարած էր Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, սակայն աւաղ, ապարդիւն։ Տոնարայի նկարէն քիչ մը վար անոնց երեխաներու՝ Նունէի եւ Վահագնի նկարը կախուած է։ Վահագնը նոյնպէս մահացած է հիւանդութեան պատճառով (2002 թուականին)։ Մհեր Մկրտչեանի մահճակալի վերեւին կախուած է իր նկարը, որ նկարած է իր որդին։ «Ննջասենեակի» միւս անկիւնին դրուած է Մկրտչեաններու պահարանը, ուր կախուած է Ֆրունզիկի հագուստներէն ոմանք։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԻՐԵՐԸ, ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ՆՈՒԷՐՆԵՐԸ

Թանգարանի տարբեր հատուածներուն մէջ տեղ գտած են «Մեր մանկութեան տանգոն» ֆիլմէն յայտնի փոքր պահարանը, «01-99» ֆիլմէն՝ տակառիկը, «Նուագախումբի տղաները» ֆիլմէն՝ գալիկոնը։

Այստեղ կան նաեւ անոր պատկանող տարբեր իրեր, գիրքեր, նուէրներ, ֆիլմերէ եւ ներկայացումներէ մնացած հագուստ։ Թանգարանին մէջ կը պահուին նաեւ Ֆրունզիկ Մկրտչեանի յետմահու երեք մրցանակները՝ «Անահիտը», «Կարօտը» եւ Ազգային շարժանկարի կեդրոնի մրցանակը։

ՅԱՐԴԱՐԱՆՔԻ ՍԵՂԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԵԼԻՆ

Յարդարանքի սեղանը բերուած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնէն։ Դիմայարդարման պարագաներու կողքին, երեւացող տեղւոյն սեղանին դրուած են Վահրամ Փափազեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի լուսանկարները։ Ամէն անգամ բեմ դուրս գալէ առաջ անոնց՝ հայ թատրոնի մեծերու հետ մտովի շփուած է Ֆրունզիկ Մկրտչեան:

ԲԵՄԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱԳՈՒՍՏԸ

Կը ցուցադրուին «Կտոր մը երկինք», «Նահապետը», «Մեր մանկութեան տանգոն», «Զինուորը եւ փիղը» շարժանկարներուն մէջ Մհեր Մկրտչեանի կերտած կերպարներու զգեստները։ Թանգարանին մէջ կը պահուի նաեւ նաեւ այն հագուստը, որով Ֆրունզիկ 1992 թուականին վերջին անգամ բեմ բարձրացած է «Հացթուխի կինը» ներկայացման մէջ։

«Բացայայտէ քեզի համար քու երկիրը» արշաւը կ՚իրականանայ Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի, Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի եւ Կիւմրիի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2017