ՉԾՆԱԾ ՄԱՆԿԱՆ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ

Տամուկ աչքերով ու համր քայլերով Մինէն հատեց հիւանդանոցի շեմը։

Մի առ մի կարդալով իւրաքանչիւր դրան վրայի աղիւսակները, ահաւասիկ գտաւ ան դուռը, զոր կը փնտռէր՝ «բժիշկ-կնախտաբան»։ Բախեց դուռը ու մտաւ ներս.

-Բարեւ ձեզ, բժիշկ,- ըսաւ Մինէն։

-Բաեւ ձեզ, հրամեցէք՝ նստէք, ի՞նչ գանգատներ ունիք,- հարցուց բժիշկը։

-Քանի մը օր առաջ սորվեցայ, որ պիտի մայրանամ։ Սակայն, ես չեմ կրնար աշխարհ բերել այս երեխան։ Կ՚ուզեմ ընդհատել յղութիւնս։

-Ինչպէս որ կամենաք, կամքը ձերն է։ Հրամեցէք քովի սենեակ, պատրաստուեցէք, քիչ վերջ պիտի մօտենամ։ Բոյժ-քոյր, ուղեկցեցէ՛ք հիւանդին,- անտարբեր ու պաղ հայեացքով մը ըսաւ բժիշկը, առանց համակարգիչէն աչքերը հեռացնելու։

Մինէն վիրաւորուեցաւ բժշկի վերաբերմունքէն։ Պահ մը տատամսեցաւ, թէ արդեօք լաւ մասնագէտի մը մօտեցա՞ւ, նոյնիսկ խորհեցաւ լքել բժիշկի սենեակը, սակայն առերեսուելով իրեն ուղեկցող երիտասարդ բոյժ-քողրի բարեհամբոյր ժպիտին՝ շարունակեց իր ճամբան։ Խնդումերես բոյժ-քոյրի օգնութեամբ ան պատրաստուեցաւ ու նստաւ համապատասխան աթոռին։

-Սպասեցէք, բժիշկը հիմա կը մօտենայ,- ըսաւ բոյժ-քոյրը եւ լքեց սենեակը։

Վայրկեան մը չանցած ան վերադարձաւ՝ ձեռքին թուղթ մը։

-Ներողութիւն, բժիշկը խնդրեց, որ կարդաք այս մէկը՝ նախքան իր մօտենալը։

Այս բառերը արտասանելով բոյժ-քոյրը թուղթ մը երկարեց Մինէին։

Այդ թուղթի կտորը նամակ մըն էր, որ կը սկսէր այսպէս.

2 հոկտեմբեր
Այսօր սկսաւ իմ կեանքը, իմ ծնողները տակաւին չեն գիտեր այդ մասին, սակայն ես կամ եւ ես մանչուկ մը պիտի ըլլամ։

19 հոկտեմբեր
Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ես իրական մարդ մը չեմ, որ միայն իմ մայրիկը գոյութիւն ունի, սակայն ես իրական եմ։ Ես ունիմ մայր ու հայր, եւ ես՝ կամ։

23 հոկտեմբեր
Իմ բերանը այլեւս կը բացուի, կրնաք երեւակայել, որ տարի մը վերջ ես պիտի խօսիմ։ Ես գիտեմ, իմ առաջին բառը պիտի ըլլայ՝ ՄԱՅՐԻԿ։

25 հոկտեմբեր
Այսօր իմ սիրտը սկսաւ բաբախելու։ Այսուհետ ան մինչեւ մահ պիտի աշխատի։

2 նոյեմբեր
Օրէ օր ես քիչ մը կը մեծնամ։ Իմ ձեռքերն ու ոտքերը սկսած են կերպարանք ստանալ։ Սակայն, ես ստիպուած եմ տակաւին շատ սպասելու, մինչեւ որ իմ այս պզտիկ ոտքերը զիս ոտքի հանեն, իսկ իմ փոքրիկ թաթիկները ժողվեն ծաղիկներ, ինչպէս նաեւ գրկեն իմ մայրիկն ու հայրիկը։

12 նոյեմբեր
Իմ ձեռքերուն վրայ սկսան ձեւաւորուիլ փխրուն մատիկներ։ Անոնք շա՜տ պզտիկ են։

13 նոյեմբեր
Այսօր բժիշկը մայրիկիս ըսաւ, որ ես այստեղ՝ անոր սրտի տակ կ՚ապրիմ։ Ա՜խ, տեսնես ան որքա՜ն երջանիկ է։

20 նոյեմբեր
Թերեւս իմ մայրիկն ու հայրիկը կը խորհին, թէ ի՞նչ անունով պիտի կոչեն զիս։ Անոնք նոյնիսկ չեն գիտեր, որ ես պզտիկ մանչուկ մըն եմ։

10 դեկտեմբեր
Իմ մազերը կ՚աճին։ Անոնք բաց գոյնի են՝ սահուն ու փայլուն։

13 դեկտեմբեր
Հետաքրքրական է, արդեօք իմ մայրիկը կ՚իմանա՞յ իմ սրտի զարկերը։ Իսկ իմ սիրտը ուժեղ է, ու առողջ, ան կը բաբախի ճիշդ այսպէս՝ թիք-թիք, թիք-թիք… Մայրիկ, դուն առողջ զաւակ մը պիտի ունենաս։

28 դեկտեմբեր
Այսօր իմ ծնողները սպաննեցին զիս…

Երբ երիտասարդ կինը կարդաց վերջին նախադասութիւնը, սկսաւ աղիողորմ արտասուել։ Այդ պահուն, ներս մտաւ բժիշկը, թաշկինակ մը երկարեց Մինէին։

-Խնդրեմ, սրբեցէ՛ք ձեր արցունքները։

-Բժիշկ, ներեցէք ինծի, ես չեմ կրնար ընդհատել իմ ձագուկի սրտի բաբախումները… Ես չեմ կրնար սպաննել իմ զաւակը,- լալագին ձայնով ըսաւ Մինէն ու շարունակեց,- ան պէտք է լոյս աշխարհ գայ եւ նոր իմաստ ու շունչ հաղորդէ մեր կեանքին։

-Սիրելի Մինէ, ես վստահ էի, որ այս նամակը ընթերցելէ վերջ, դուք անպայման պիտի հրաժարիք ձեր կայացուցած բախտորոշ որոշումէն։ Գիտէք, քսան տարուայ կնախտաբան եմ, հարիւրաւոր կանայք յղութիւնը ընդհատելու նպատակաւ դիմած են ինծի։ Սակայն մինչեւ այսօր, ես ոչ մէկ պտուղի կեանքի թելը կտրեցի։ «Չծնած մանկան յուշատետրը» խորագրեալ նամակը ես գրեցի այն օրը, երբ առաջին անգամ նման յանցաւոր խնդրանքով՝ հիւանդ մը դիմեց ինծի,- Մինէի դողդոջուն ձեռքը իր ափերուն մէջ առած ըսաւ բժիշկը։

-Շնորհակալ եմ բժիշկ, զիս այս ճակատագրական քայլէն հեռու պահելու համար։

-Երեխաները մեր կեանքի ծաղիկներն են։ Առողջութիւն ձեզի ու ձեր փոքրիկին…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մէջբերուած նամակը թարգմանուած՝ ռուսերէնէ 

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019