ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՁԵՌԱՄԲ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՔՈՒԷՅԹԱԲՆԱԿ ԲԱՐԵՐԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ «ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԵՐԵՔ ՆԻՇԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎՈՂ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆ

2019-2020 տարեշրջանին, երրորդ տարին ըլլալով հալէպահայ քուէյթաբնակ բարերար մտաւորական Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողները, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը կ՚ապահովեն:

Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած հոգեպարար շաբթուան մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Մասիս Եպսկ. Զօպուեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը։

Արդարեւ, չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, առաջնորդ սրբազան հայրը այցելութիւն տուաւ «Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան» կեդրոնական վարժարան եւ վարժարանի «Միքայէլ Եսայեան» մանկապարտէզ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեանի:

Առաջնորդ սրբազան հայրը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Գայիանէ Թումպալեանի, կրթական մարմինին, մանկապարտիզպանուհի Անի Սեւան Պէրթիզլեան-Փամպուքեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Ապա դասարանները շրջելով, սրբազան հայրը աշակերտներուն թելադրեց, որ անաղարտ պահեն մայրենի լեզուն եւ հետամուտ ըլլան մեր ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային արժէքներու պահպանման:

Այնուհետեւ տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս սրբազան հայրը հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան եւ կրթական մարմինի պատասխանատուներուն հետ՝ ներկայութեամբ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեանի, Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեանի եւ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի:

Սրբազան հայրը վարժարանի շրջափակէն ներս ներկայ գտնուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի ներկայացման, որուն ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխանները, պարգեւատրուող աշակերտներուն ծնողները, նախորդ տարիներու մրցանակակիր ուսանողները եւ վարժարանի աշակերտութիւնը:

Յայտագիրի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը յանձնեց Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին բարձրագոյն նիշը ապահովող Աննա Մարիա Պարսումեանին եւ երրորդ բարձրագոյն նիշը ապահովող Գրիգոր Թէնէքէճեանին:

Ընթերցուեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին կենսագրական տուեալները, որուն ընդմէջէն ի յայտ եկաւ հայ գիրի եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած աչալուրջ մօտեցումը: Ապա արտասանուեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին սրտի խօսքը, ուր բարերարը շնորհակալական խօսք կ՚ուղղէ առաջնորդ սրբազան հօր, որուն խիզախ քայլերուն շնորհիւ գաղութը կը դարմանէ տագնապներուն պատճառած վէրքերը: Ապա նաեւ շնորհաւորական խօսք կ՚ուղղէ մրցանակակիր ուսանողներուն, վարժարանի տնօրէնին, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն, մաղթելով բարեյաջող ուսումնական երթ:

Պարգեւատրուող աշակերտները բեմ բարձրացան եւ իրենց սրտի խօսքը փոխանցելով շնորհակալութիւն յայտնեցին Կիրակոս Գույումճեանին, առաջնորդ սրբազան հօր եւ վարժարանի տնօրէնութեան՝ խոստանալով ուսումնատենչ ընթացքով բարձր պահել հայուն անունը:

Իր կարգին, վարժարանի տնօրէնուհի Գայիանէ Թումպալեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ իր հայրական հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանին իր աստուածահաճոյ եւ մարդասիրական քաջալեր ներդրումին համար:

Այցելութեան աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմը եւ մրցանակակիր աշակերտները, «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի տուչութեան բերկրալի առիթով:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին, սրբազան հայրը յայտնեց, թէ սուրիահայ մեր աշակերտները Արցախի եւ Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարող զինուորներ են, որոնք ուսմամբ, հայրենասիրութեամբ եւ հայերէն լեզուն անաղարտ պահելով պիտի պաշտպանեն մեր արդար իրաւունքները:

«“Արցախը մերն է եւ մերը պիտի մնայ” այս է պատասխանը Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդին, որպէս իրաւատէր մեր պապենական հողերուն», աւելցուց սրբազան հայրը:

Մասիս Եպիսկոպոս ուրախութեամբ յիշեց, թէ անցնող ամիսներուն հայ երեսփոխաններուն ջանքերով Սուրիոյ Խորհրդարանը ճանչցաւ եւ դատապարտեց հայոց ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս նաեւ նշեց, թէ ի պատիւ երեք հայ երեսփոխաններուն, անցնող օրերուն Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին:

Մասիս Սրբազան երախտագիտական խօսք ուղղեց սուրիական հայրենիքին եւ անոր նախագահ եշար Էսատին շեշտելով, որ Սուրիան մեր հայրենիքն է, որուն ամբողջականութեան համար քրտինք եւ արիւն թափեցինք եւ որպէս սուրիահայեր կը շարունակենք մեր ներդրումը բերել:

Խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց քուէյթահայ բարերար, մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանին, իր տիկնոջ՝ Սիլվային եւ ընտանեկան պարագաներուն, որոնք հակառակ տնտեսական ծանր պայմաններուն, կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ հայ ջանասէր ուսանողներուն:

Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, առաջնորդ սրբազան հայրը այցելութիւն մը տուաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարան եւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան խնամակալութեան, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ծնողաց յանձնախումբին եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Առաջնորդ սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան եւ Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան:

Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզէն ներս փոքրիկները առաջնորդ սրբազան հայրը դիմաւորեցին ծաղկեփունջով՝ մանկապարտիզպանուհի Ուաատ Զգուշեանի գլխաւորութեամբ: Այնուհետեւ սրբազան հայրը շրջելով Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի բարձր կարգերու դասարանները՝ աշակերտներուն հետ տեսակցելով թելադրեց, որ առաջին հերթին լաւապէս տիրապետեն մայրենի լեզուին, ապա նաեւ կարեւորութեամբ սորվին արաբերէն լեզուն եւ օտար լեզուները, որպէսզի ուր որ ալ գտնուին, հայ ժողովուրդը ծանօթացնողն ու զայն պաշտպանը հանդիսանան:

Սրբազան հայրը տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանին հետ՝ ներկայութեամբ Կրթասիրաց մշակուաթային միութեան ատենապետ Կարպիս Պարտաքճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան եւ ծնողաց յանձնախումբին: Այցելութեան առիթով, վարժարանի տնօրէնը Կրթասիրացի մեծ ընտանիքին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց առաջնորդ սրբազան հօր:

Ապա, Կրթասիրացի «Փիւնիկ» սրահէն ներս սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Արցախի զօրակցութեան նուիրուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի: Աշակերտները փունջ մը հայրենասիրական երգերով եւ ասմունքներով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Արցախի մեր հայորդիներուն, որոնք իրենց կեանքերը նուիրաբերելով դէմ կը դնեն հակառակորդին:

Ապա, ընթերցուեցաւ հալէպահայ քուէյթաբնակ բարերար, մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանին կենսագրութիւնը, ինչպէս նաեւ բարերարին կողմէ վարժարանին ուղղուած շնորհաւորական նամակը:

Առաջնորդ սրբազան հայրը քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը յանձնեց 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն հայկական վարժարաններուն մէջ երկրորդ բարձրագոյն նիշը ապահովող Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ Յակոբ Գասարեանին:

Այս առիթով, Յակոբ Գասարեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց սրբազան հօր եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, խոստանալով ուսման ոլորտէն ներս յարատեւ աշխատանքով նոր նուաճումներ արձանագրել:

Վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան յայտնեց, թէ Հալէպի մայր գաղութը պիտի շարունակէ տրոփել եւ բարգաւաճիլ շնորհիւ իր ուսումնատենչ աշակերտներուն, որոնք այսօր կը զօրակցին Արցախին՝ ուսմամբ եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն տէր կանգնելով: Ան շնորհակալութեան եւ հպարտութեան խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ հայրական հոգատարութեամբ քաջալեր կը հանդիսանայ հայկական վարժարաններուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց քուէյթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանին՝ իր ազգային կեցուածքին եւ հայ աշակերտին նկատմամբ ցուցաբերած քաջալերանքին համար: Այս առիթով յատուկ գնահատագիրով շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտը:

Աւարտին սրբազան հայրը խօսք առնելով նշեց, թէ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի այս մտայղացումը կու գայ ո՛չ միայն մրցակցութեան ոգին զօրացնելու մեր աշակերտութեան մօտ, այլ պատմութեան այս հանգրուանին մեր յաղթանակներուն եւ ազգային ձգտումներուն աւելցնելու նոր մրցանակ մը: Ան աւելցնելով ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մահու եւ կենաց պայքար կը մղէ, պահպանելու իր ինքնութիւնը: Հետեւաբար, հրաւիրեց աշակերտները, որպէսզի պայքարի ոգին վառ պահեն իրենց մէջ՝ մայրենի լեզուին լաւապէս տիրապետելով եւ ուսմամբ, հաւատարմութեամբ եւ ծառայութեամբ Արցախին զօրակցելով: Անդրադառնալով հայ գիրերու գիւտին եւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մասիս Սրբազան կարեւորութեամբ նշեց, թէ հայ լեզուն է երաշխաւորը հայ ժողովուրդին, սակայն պէտք է անշուշտ օտար լեզուներ ալ սորվինք։

Խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց մրցանակակիր Յակոբ Գասարեանը, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու աշակերտին ծնողքը եւ մրցանակակիր աշակերտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քուէյթահայ բարերար, մտաւորական Կիրակոս Գույումճեանին, որ հակառակ տնտեսական անբարենպաստ պայմաններուն, երրորդ տարին ըլլալով «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ իր ներդրումը բերել՝ հալէպահայ ուսումնատենչ աշակերտներուն քաջալեր հանդիսանալով:

Այցելութիւնները իրենց աւարտին հասան «Պահպանիչ» աղօթքով:

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Հալէպ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2020