ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՌԱՔԻՆԻ ԿԵԱՆՔՈՎ ԱՊՐԻԼ

Սուրբ Պօղոս Առաքեալ անցեալին հետեւեալ խրատական թելադրութիւնը տուած է Եփեսացիներուն, զանոնք մղելով առաքինի կեանք մը ապրելու. «Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։ Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են։ Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ  Տէրը ձեզմէ։ Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (Եփ 5.15-20)։ Մեր օրերուն առաւել քան այժմէական են Պօղոս Առաքեալին վերոնշեալ խօսքերը, որովհետեւ օր օրի մենք կը հեռանանք Աստուծմէ եւ Աստուծմէ հեռանալով կ՚օտարանանք մեր ինքնութեան, մեր էութեան, մեր մարդկայնութեան, որով կը վերածուինք անբան անասուններու, որոնք աննպատակ իրենց գոյութիւնը կը պահպանեն միայն։

Հատուածը, որու մասին պիտի խորհրդածենք, ամփոփումն է Առաքեալին տուած թելադրութիւններուն, թէ մարդ արարածը ինչպէս պէտք է Աստուծոյ նմանի, որդեգրելով առաքինի կեանք մը, զգուշանալով անառակութենէ եւ ամէն տեսակի պղծութենէ, հեռու մնալով մոլորեցնողներէն, փորձել լոյսի որդիներուն վայել կերպով ապրիլ՝ մէկդի վանելով խաւարի գործերը։

Ընդհանուր այս թելադրութիւններուն եւ բացատրութիւններուն որպէս ափոփում Սրբազան Առաքեալը տուած է վերոնշեալ խրատական թելադրութիւնը։ Այդ թելադրութեան սկիզբը այսպէս կ՚ըսէ Առաքեալը.

«Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս» (5.15)։

Իւրաքանչիւր մարդու ուղղուած պատգամ մըն է այս թելադրութիւնը, որով Առաքեալը կը թելադրէ ուշադրութեամբ ապրիլ, անմիտներու նման չապրիլ, այլ՝ իմաստուններու նման։ Արդարեւ ի՞նչ կը նշանակէ ուշադրութեամբ ապրիլ։ Ուշադրութեամբ ապրիլ կը նշանակէ առաքինի կեանքով, Աստուծոյ տուած պատուիրաններուն եւ կանոններուն համաձայն ապրիլ, սիրել նմանը՝ մարդը, եւ անոր ընդմէջէն՝ զԱստուած, այլ խօսքով՝ մարդասիրութեամբ եւ Աստուածասիրութեամբ ապրիլ, ողորմած ըլլալ, կարեկից ըլլալ կարօտեալներուն եւ սգաւորներուն, հիւրասէր ըլլալ, աշխատասէր եւ ժրաջան ըլլալ, հեռու մնալ ծուլութենէն եւ շատակերութենէն՝ որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն, զգուշանալ պոռնկութենէ եւ անբարոյականութենէ, կառչած մնալ բարոյական արժէքներու եւ կեանքը Աստուծմով ապրելու ընթացքին, միշտ մտածել՝ որ մենք ժամանակաւոր ենք այս աշխարհին մէջ, եւ մեր չգիտցած եւ չակնկալած օրը կրնանք յանկարծ հեռանալ այս կեանքէն, եւ առ այդ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք դիմագրաւելու համար մահը, յաղթելու համար մահին՝ հանդիպելու համար մեր Արարիչին ու Աստուծոյ։ Վերոնշեալ բոլոր երեւոյթները արդարեւ, յատուկ են իմաստուն մարդուն, այսինքն՝ իմաստուն մարդիկն են, որոնք վերոնշեալ կերպով կը փորձեն դասաւորել իրենց կեանքը եւ ըստ այնմ ապրիլ զայն, որով ո՛չ թէ անմտօրէն, այլ՝ իմաստութեամբ կ՚անցընեն իրենց կեանքը, միշտ պատրաստ ըլլալով հանդիպելու, ներկայանալու իրենց Տիրոջ։

Առաքեալը շարունակելով կ՚ըսէ. «Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են» (5.16)։

Կարծէք ճիշդ այս օրերուն համար ըսուած ըլլայ այս տողը. մարդու կեանքին յատկապէս վերջին այս երկու տարիները շատերու համար դժոխքի վերածուած են թագաժահրի պատճառած դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն եւ կորուստներուն պատճառով։ Պահ մը եթէ ուշադրութեամբ մեր չորս կողմը նայինք, կը նկատենք, որ ամէն տեղ տառապանք ու սուգ, նեղութիւն եւ դժուարութիւն, վախ եւ սարսափ կայ։ Մարդիկ անել վիճակի մէջ են, չեն գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ընեն, ինչպէ՞ս պէտք է վարուին, մոլորած վիճակի մէջ յայտնուած են։ Միւս կողմէ սակայն, քիչ չէ անտարբերներուն թիւը, որոնք իրենց անտարբերութեան պատճառով ո՛չ միայն իրենք զիրենք, այլեւ իրենց շրջապատը կը վնասեն, կեանքեր կը խլեն իրենց անտարբերութեամբ եւ անպատասխանատուութեամբ։ Եւ եթէ պահ մը հարցնենք մենք մեզի՝ ինչո՞ւ համար նման իրավիճակի մը մէջ յայտնուած է մարդ արարածը, ապա թերեւս մեզմէ շատեր հետեւեալ պատասխանը գտնեն կամ լսեն.

- Որովհետեւ մարդ Աստուծմէ հեռացած է։

- Որովհետեւ եսակեդրոն եւ անձնապաշտ դարձած է։

- Որովհետեւ բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներէ դատարկուած է եւ անոնց փոխարէն ամէն տեսակի կեղտով լեցուած է իր ներաշխարհը։

- Ի վերջոյ, որովհետեւ մարդ կորսնցուցած է ժամանակի գիտակցութիւնն ու ընկալումը, իր ժամանակը փոխանակ դրական կերպով լեցնելու, կը դիմէ յոռի եւ անվայել միջոցներու, որոնք օր օրի իր մէջէն կը դատարկեն զինք մարդ ընող եւ մարդ պահող բոլոր յատկութիւնները։

Սակայն, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ օգտագործել ժամանակը, մանաւանդ, ինչպէ՞ս կրնայ ճիշդ եւ դրական կերպով օգտագործել ժամանակը։ Պատասխանը Առաքեալին յաջորդ ըսածին մէջ է. «Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ  Տէրը ձեզմէ» (5.17)։ Պարզ եւ յստակ է ուրեմն պատասխանը, մարդ պէտք է ջանք թափէ հասկնալու համար, թէ Տէրը ի՞նչ կ՚ուզէ մարդէն, եւ թէ ի՞նչ պէտք է ընէ ան, որպէսզի անմտութեամբ չապրի, իրեն տրուած ժամանակը չվատնէ։ Վերը անդրադարձանք մարդուն վարք ու բարքին հետ կապուած հոգեւոր եւ բարոյական երեւոյթներու մասին, որոնց գործադրութեամբ մարդ կրնայ իմաստուններու նման ապրիլ եւ ինքզինք զերծ պահել սխալ ապրելակերպէ, այլ խօսքով մեղքերէ։ Իսկ մեղքերէ մարդ կրնայ զերծ մնալ, երբ կը յաջողի իր հին ինքնութենէն, այսինքն՝ հին մարդը մէկդի դնել եւ նոր մարդը հագած ապրիլ իր կեանքը։ Իսկ որպէսզի մարդ կարենայ նոր մարդը հագած ապրի իր կեանքը, ապա պէտք է իր ժամանակը լաւագոյնս օգտագործէ, ականջ տալով Առաքեալին ազդարարութեան, թէ՝ «չըլլայ որ կրկին դառնաք այն կենցաղին, որով հեթանոսները կ՚ապրին անմտօրէն։ Անոնց միտքը խաւարած է. իրենց տգիտութեան եւ յամառ անտարբերութեան պատճառով՝ օտարացած են Աստուծոյ կեանքին, եւ քանի այդ կեանքին յոյսը չունին, իրենք զիրենք անառակութեան տուած՝ ամէն պղծութիւն կը գործեն անյագօրէն։ Բայց ես ձեզի սորվեցուցի, թէ այդ չէ՛ Քրիստոսի ճամբան։ Դուք լսեցիք Իր պատգամները եւ Իրեն միանալով սորվեցաք՝ թէ Յիսուսի մէջ է ճշմարտութիւնը։ Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ եւ սրբութեամբ» (Եփ 4.17-24)։ Ահա այս ձեւով է, որ մարդ կրնայ յաղթահարել չար օրերը՝ իր ժամանակը լաւագոյնս օգտագործելով։

Եւ Առաքեալը իր խրատականը կ՚եզրակացնէ հետեւեալ թելադրութեամբ. «Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (5.18-20)։ Այսօր մեզմէ քանի՜ քանիներ իրենց հարցերուն լուծումը գինիին, կամ ընդհանրապէս՝ ոգելից խմիչքներուն մէջ կը փնտռեն, քանի՜ քանիները մեզմէ այսօր իրենց հանգստութիւնը արբեցութեան մէջ է, որ կը տեսնեն, եւ այդ պատճառով կարծէք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած ըլլան արբեցողութեան՝ անոր մէջ տեսնելով ու գտնելով իրենց կեանքին իմաստը։ Բայց միթէ՞ խմիչքն է մարդուն կեանքին իմաստ տուողը, միթէ՞ խմիչքն է, որ մարդուն երջանկութիւն եւ հանգստութիւն կը պարգեւէ, չէ՞ որ խմիչքը չարիքներուն չարիքն է, չէ՞ որ խմիչքը տուներ քանդող ու աւերող է, չէ՞ որ խմիչքը մարդկային փոխյարաբերութիւններ կազմալուծող է, չէ՞ որ խմիչքը մարդուն միտքը մթնցնող ու վնասող է, որով՝ «ուղեղը մեր մարմինին ամենէն քնքոյշ մասն է, այս պատճառով ալ ալքոհոլը ամանէն առաջ անոր վրայ կ՚ազդէ» (Բժ. Վահան Արծրունի, 1902). եւ ի վերջոյ չէ՞ որ խմիչքը Աստուծմէ հեռացնող գլխաւոր միջոցներէն է, որ մարդը կ՚օտարացնէ Աստուծոյ։ Արդարեւ, այս բոլորը նկատի ունենալով կ՚արժէ՞, որ մարդ ինքզինք գերին դարձնէ խմիչքին, այդպիսով ինքզինք զրկելով աստուածային երանութիւններէն ու պարգեւներէն։

Գինիին՝ խմիչքին գերին չդառնալու համար ի՞նչ պէտք է ընէ մարդ. Առաքեալն է պատասխանողը. «Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով»։ Դժբախտաբար մեր այսօրուան խօսակցականը օրհնաբանութիւն եւ հոգեւոր երգեր չըլլալէ բացի, վերածուած է բամբասանքի, շաղակրատութեան, հայհոյանքի, դատապարտութեան, անիրաւ եւ անվայել խօսակցութեան, անբարոյ երգերու եւ ասմունքներու՝ փոխան սաղմոսներու, մէկ խօսքով մենք մեր բերանները գարշահոտ դարձուցած ենք. այն բերանները՝ որոնք պէտք էր անուշաբոյր խունկի վերածած ըլլայինք, օրհնելու համար մեր Արարիչը, աղօթելու համար մեր եւ մեր նմաններուն համար, եւ մանաւանդ երախտագիտութիւն յայտնելու Մարդասէր Աստուծոյ Իր պարգեւած բոլոր ձրի բարիքներուն ու պարգեւներուն համար, ինչ որ շնորհած է մեզի, մեր բարօրութեան, մեր բարիքին, մեր լաւութեան համար։

Հետեւաբար, «ամէն բանի համար շնորհակալութիւն յայտնեցէք, որովհետեւ այն բերանը որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, օրհնութիւն կը ստանայ» (Կիւրեղ Զ. Հայրապետ), գիտակցելով, թէ «շնորհակալութիւն յայտնելը մեր պարտականութիւններուն առաջինն է» (Սուրբ Օգոստինոս):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021