ՋԱՄԲԵԼ ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ

Շատ քիչ է թիւը այն մարդոց, որոնք կը գնահատեն ուսանողներու մտածողութեան հմտութիւններու զարգացման արժէքը։ 2013 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գործատէրերու 93 տոկոսը կը կարծեն, թէ գործաւորի թեկնածուի մը յստակ հաղորդակցիլը, բարդ խնդիրները լուծելու կարողութիւնները, նաեւ քննադատական մտածողութիւնը աւելի կարեւոր են, քան մասնագիտութիւնը։ 

Թէ ի՞նչ է քննադատական մտածողութիւնը։ Բազմաթիւ սահմանումեր կան այս մասին, ինչ որ կը յանգեցնէ տարաձայնութիւններու կամ իմաստի աղաւաղման։ Այս պատճառով եկէք խօսինք այն մասին, թէ ինչ չէ քննադատական մտածողութիւնը։ 

Նախ՝ քննադատական ​​մտածողութիւնը միայն խելացի ըլլալ չէ:  Սա այն յատկութիւնն է, որ մենք կը կապենք բանականութեան հետ, որպէսզի կարողանանք սահմանել խնդիրը եւ գտնել անոր լուծումը:  Այնուամենայնիւ, սա ինքնին քննադատական ​​մտածողութիւն չ՚ըլլար: Երկրորդ՝ քննադատական ​​մտածողութիւնը կը հետապնդէ մտածողութեան որակը, քան խնդրի դժուարութիւնը: Այսինքն՝ քննադատական մտածողութիւնը կը նշանակէ նաեւ մանրամասնօրէն դիտարկել տեղեկութիւնները եւ գաղափարները, հեշտութեամբ հասկնալ այդ մարդոց տեսակէտները եւ պատճառները, թէ անոնք ինչո՞ւ այդպէս կը մտածեն, կարողանալ պարզ արտայայտել սեփական տեսակէտը եւ ամփոփ ձեւով ներկայանել սորվածը։

Քննադատական մտածողութեան գործընթացը բաղկացած է հինգ փուլէ, որ կը սկսի քննարկուելիք առարկայի որոշումէն։ Երկրորդ՝ կը հաւաքուին տուեալ նիւթի վերաբերեալ տուեալներ, տեղեկութիւններ եւ ապացոյցներ, կ՚ուսումնասիրուին զանազան փաստարկներ եւ տեսակէտներ։ Վերատեսութեան կ՚ենթարկուին այն ենթադրութիւնները, տուեալները, տեղեկութիւններն ու ապացոյցները, որոնց վրայ հիմնուած են հետազօտուած փաստարկները։ Երրորդ՝ բացայայտուած փաստարկները կը գնահատուին եւ մէկդի կը դրուին անհարկի տեղեկութիւնները։ Չորրորդ՝ կը համեմատուին մնացեալ փաստարկներու տարբերութիւնները եւ կը համադրուին կապերն ու նմանութիւնները։ Հինգերորդ՝ կը ներկայացուին վաւերական եւ յստակ եզրակացութիւնները, որոնց ամփոփուած են տարամաբանութեան շրջանակներէն ներս։

Ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ, թէ ի՞նչ է լաւ որակի մտածողութիւնը։ 

Քննադատական մտածողներ ունին իրենց մտածողութեան համակարգերը գնահատելու ունակութիւն՝ օգտագործելով տրամաբանութեան լաւ չափանիշ, որ կը ներառէ հետազօտական արժէքներ. ինչպէս՝ ճշգրտութիւն, պարզութիւն, մտքի խորութիւն, յարմարութիւն, համապատասխանութիւն եւ կարեւորութիւն։ 

Քննադատական մտածողները նաեւ կ՚ուսումնասիրեն փաստարկներու կառուցուածքը՝ պնդումներու ուժը գնահատելու համար։ Խօսքը ո՛չ միայն պնդումներու ճշգրտութեան մասին է, այլ տուեալ տեղեկատուութեան միջոցաւ՝ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ հասնիլ եզրակացութեան։ 

Քննադատական մտածողութիւնը կը նշանակէ ո՛չ միայն տրամաբանական մտածողութիւն, այլեւ՝ հարց տալու եւ որեւէ յայտարարութեան համար ապացոյցներ որոնելու հմտութիւն։ 

Մարդկային միտքը տարբեր գործառոյթներու «արդիւնք» է։ Թէեւ այդ բոլոր գործառոյթները դերակատարութիւն ունին մտքի որակի որոշման մէջ, սակայն հիմնական որոշիչը մտածողութիւնն է։ Այս գործառոյթը, որ կարելի է զարգացնել կրթութեան միջոցաւ, կարեւոր է ո՛չ միայն մտածողութեան հմտութիւններ ձեռք բերելու, այլեւ՝ անհատի կեանքի ձեւաւորման համար։ Մտածողութեան գործառոյթին սկսելու առումով կարեւոր է հարցեր տալու կարողութիւնը՝ առաջին հերթին այս հարցումներով ստացուած արդիւնքի որոշման համար։ Որովհետեւ մտածելու պատճառը կ՚որոշէ հարց տալու ձեւը, հարց տալու ձեւը կ՚որոշէ մեկնաբանելու ձեւերը, մեկնաբանելու ձեւը կ՚որոշէ հաւաքուած տեղեկութիւնը, իսկ հաւաքուած տեղեկութիւնը կ՚որոշէ ենթադրութիւններու եւ բացայայտումներու ձեւաւորումը։ Թէեւ քննադատական մտածողութիւնը դասական կրթական համակարգէ ներս տեղ չէ գտած, սակայն ժամանակակից աշակերտակեդրոն կրթական համակարգի հիմքը կը կազմէ։

Իր բարդ կառուցուածքի պատճառով քննադատական մտածողութիւնը միայն մէկ դասընթացքով կամ կախարդական մեթոտով մը ձեռք բերել կարելի չէ։ Երբ քննադատական մտածողութեան հետ կապուած հմտութիւնները չեն օգտագործուիր մանկութեան եւ կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ, անոնք կ՚անհետանան։ Այս պատճառով ուսուցիչները պէտք է կազմակերպեն փորձեր, որոնք ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տան օգտագործելու այդ հմտութիւնները կեանքի զանազան ոլորտներէ ներս։ Հասկնալի է, որ այս նպատակին կարելի է հասնիլ, երբ նշեալ ուսուցիչները ունին համապատասխան հմտութիւնները։ Այս տեսակէտէ կարելի է ըսել, որ յետագայ ուսումնասիրութիւններու մէջ ուսուցիչներու, նաեւ ուսանողներու քննադատական մտածողութեան կարողութիւնները գնահատող եւ զարգացնող մեթոտներու դիտարկումը կենսական նշանակութիւն ունի տեղեկատուական դարաշրջանին հասարակութիւններու առողջ ձեւաւորման համար։ Աւելին՝ նման հասարակութիւնը կը կազմէ ժողովրդավարական եւ խաղաղ կեանքի հիմքը։ Ըստ Պերթոլտ Պրեխտի, անկարելի կը դառնայ ժողովրդավարութիւնը, եթէ քննադատական մտածողութիւնը արմատացած չէ մեր կեանքի բոլոր հատուածներուն մէջ եւ այդ նպատակին հասնելու համար մեզի միայն անհրաժեշտ է հասարակութիւն մը, ուր սիրոյ հաճոյքին համազօր է մտածելը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021