Քրիստոս Հաշիւի Եւ Թուականի Աստուած Չէ

Անց­նող օ­րե­րուն հա­մա­ցան­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի օգ­տա­տէ­րեր գրե­ցին Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ծննդեան օ­րուան ճիշդ թուա­կա­նի նշման մա­սին: Իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով կը փոր­ձէր հա­մո­զում ձե­ւա­ւո­րել, որ «ի­ր» հա­մայն­քին կող­մէ ըն­դու­նուած օրն է ճիշ­դը՝ տօ­նե­լու Սուրբ Ծննդեան օ­րը: Իւ­րա­քան­չիւ­րը կը մեկ­նէր, թէ ին­չո՞ւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծննդեան օ­րը ճիշդ է տօ­նել 6 Յու­նուա­րին: Կամ ին­չո՞ւ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին Յի­սուս Քրիս­տո­սի Սուրբ Ծննդեան օ­րը կը նշէ 6 Յու­նուա­րին: Ու այս­պէս տա­րաբ­նոյթ, տար­բեր աղ­բիւր­նե­րու վրայ հիմնուած տե­ղե­կու­թիւն­ներ լե­ցուե­ցան հա­մա­ցան­ցին վրայ` միշտ մոռ­նա­լով կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը: Մոռ­նա­լով, որ Քրիս­տոս թիւ չէ, թուա­կան չէ, ա­նոր ծննդեան օ­րը երբ նշել-չնշե­լը եւս ա­ռաջ­նա­յին խնդիր մը չէ:

Բայց մօ­տե­ցում­նե­րը այդ ա­լի­քին վրայ չեն: Իւ­րա­քան­չիւ­րը «Իր Քրիս­տո­ս­»ը կը ներ­կա­յաց­նէ, իւ­րա­քան­չիւ­րը «Իր Քրիս­տո­ս­»ի ճիշդ ըլ­լա­լը կը ծա­նու­ցէ եւ իւ­րա­քան­չիւ­րը «Իր Քրիս­տո­ս­»ին ա­նու­նով կը պատ­գա­մէ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ բո­լո­րը ի­րենց քա­րոզ­նե­րուն եւ պատ­գամ­նե­րուն մէջ կը խօ­սին Քրիս­տո­սի մէ­կու­թեան մա­սին:

Քրիս­տոս 6 Յու­նուա­րին կամ 25 Դեկ­տեմ­բե­րին աշ­խարհ գա­լու հա­մար չե­ղաւ: Ան չե­ղաւ ոս­կեայ խա­չե­րու ար­քա­յու­թեան ա­րա­րի­չը ըլ­լա­լու հա­մար: Ան չե­ղաւ բարձ­րա­շէն եւ հա­ւա­տա­զուրկ տա­ճար­նե­րուն մէջ բնա­կե­լու հա­մար: Ան չե­ղաւ հե­թա­նո­սա­կան հո­գե­հա­ցե­րու եւ օ­ղիի եւ իւ­ղոտ մի­սի պա­տառ­նե­րուն փրկի­չը ըլ­լա­լու հա­մար:

Ան չե­ղաւ մէկ ազ­գի հա­մար:

Քրիս­տոս իր էու­թեան ա­մե­նէն անն­կատ թե­լե­րուն եւ հա­ւատ­քի ձայ­նին մէջ մեր­ժեց ար­քա­յա­կան սե­ղան­նե­րը եւ գնաց աղ­քատ­նե­րուն քով: Ան նուի­րեց հա­ւատ­քի կա­թի­լը բո­լոր ան­հա­ւատ­նե­րուն եւ խօս­քը գոր­ծի վե­րա­ծե­լով կոյ­րին աչ­քը բա­ցաւ, հի­ւան­դը ան­կեալ վի­ճա­կէն հա­նեց եւ կա­ղին օգ­նեց, որ­պէս­զի քա­լէ:

Ա­նոր ա­րիւ­նը հե­ղե­ցաւ, որ­պէս սպա­սուած ուխ­տի ա­ռա­ջին վկա­յու­թիւն: Ու ա­նոր վկա­յու­թիւ­նը սփռուե­ցաւ աշ­խար­հով մէկ` զան­ցե­լով ազ­գե­րու նեղ, քա­րա­ցած, հնա­մե­նի, ե­սա­կեդ­րոտ, փքուած եւ կղզիա­ցած բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը:

Քրիս­տոս ըն­դու­նեց միւ­սը, երկ­րոր­դը, մե­ղա­ւո­րը, մեղք գոր­ծո­ղը, մեղ­քի բա­ժին ե­ղած մար­դը:

Ան խօ­սե­ցաւ յա­նուն բա­նին:

Ան մօ­տե­ցաւ մեղ­քին: Քա­լեց, կա­րեկ­ցե­ցաւ, լսեց, տե­սաւ եւ ա­ղօ­թեց:

Ա­նոր ա­ղօթ­քին մէջ թատ­րոն չկար:

Ոս­կեայ ա­դա­ման­դա­կուռ մա­տա­նի­ներ չդրաւ: Ա­նոր մա­հուան խոր­հուր­դը ճա­նա­պարհն էր իր յա­րու­թեան փաս­տին:

Ու վեր­ջը ա­նոր գե­րեզ­մա­նը չե­ղաւ մար­մա­րեո­նէ պա­լատ:

Ո­րով­հե­տեւ հոն չէր:

Ան զան­ցեց մա­հը եւ ճա­նա­պարհ ե­ղաւ ան­բա­ցատ­րե­լի յա­րու­թեան ի­րա­կան խոր­հուր­դին, ուր մար­մի­նը չի պար­տուիր եւ ուր կեան­քը խոս­տա­ցուած յա­ւի­տե­նու­թիւն է:

Այս բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տոս թի­ւի ու թուա­կա­նի Աս­տուած մը չէր, այլ այդ ըմբռնում­նե­րէն շատ ա­ւե­լի տար­բեր Աս­տու­ծոյ որ­դին:

 

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2016