ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱԿԱՆ ԾԱՌԵՐԸ

Կաղանդէն առաջ փշատերեւ ու մշտադալար ծառերը ի՜նչ երազային կը թուին: Անոնց անտառային բոյրը կը լեցնէ մարդուն հոգին, կը տրամադրէ զայն հրաշքներու: Շուկաները վաճառուող այդ ծառերը, տուներ ու գրասենեակներ տարուելով, գոյնզգոյն գնդիկներով ու շղթաներով կը զարդարուին եւ կը դառնան հեքիաթային ծառեր:

Կաղանդէն ետք տեսակ մը անտարբերութիւն կը տիրէ բնական եղեւիններուն շուրջ: Եթէ արհեստական տօնածառը կը հաւաքուի եւ խնամքով կը շարուի տուփին մէջ, կը դրուի պահարանը կամ նկուղը, ապա թարմ ծառերը պարզապէս աղբամանի բաժին կը դառնան:

Տօնական օրերէն ետք կարելի է տեսնել աղբամաններուն քով անոնց թորշոմած կոյտերը, որոնք, ընդամէնը օրեր առաջ, տուներուն շքեղ զարդն էին: Մշտադալար եղեւիններու սիրահարները շատ են, բայց քիչ չէ նաեւ այն մարդոց թիւը, որոնք դէմ են անտառէն եղեւին կտրելուն եւ անոնց վաճառքին: Բնապահպաններուն համար այս մէկը պարզապէս ոճրագործութիւն է: Եղեւինը անտառին զարդն է, եւ զանազան ժողովուրդներու հաւատալիքներուն ու պատկերացումներուն մէջ կը նկատուի խիզախութեան, բարձր տրամադրութեան, հաւատարմութեան, երկարակեցութեան եւ անմահութեան խորհրդանիշ։ Անտառէն հատելով եւ հեռացնելով մշտադալար զարդը, շատեր այնպիսի պատկերացում կ՚ունենան, որ անտառը կը մերկանայ եւ կը տկարանայ: Բնապահպանները տարիներ շարունակ ահազանգած են նաեւ, որ տօներէն ետք հատուած եղեւինները թափօններու գործածման հետ կապուած խնդիրներու պատճառ կը դառնան, միշտ չէ, որ անոնք վերամշակման ենթակայ են: Բնական եղեւիններու սիրահարները կը հակադարձեն, որ արհեստական, կերպընկալէ ծառերը նոյնպէս օր մը թափօն դառնալու բախտին պիտի արժանանան եւ եթէ բնական եղեւինը թափօն դառնալէ ետք կը փտի հողին մէջ, ապա արհեստական ծառի մը փտելուն համար տասնեակ տարիներ անհրաժեշտ են, կերպընկալը հողին մէջ կ՚անէանայ հարիւր տարի ետք:

Տօներէն ետք թափօն դառնալու ճակատագրին կ՚արժանանան նաեւ նուէրներու տուփերը, ծրարաւորման թուղթերը, ժապաւէնները, տօնական զարդարանքները: Բոլոր երկիրները չէ, որ ունին զանոնք վերամշակելու հնարաւորութիւններ, եւ տօներէն ետք շատ մը քաղաքներու աղբամաններուն քով գոյնզգոյն կոյտեր հաւաքուած կ՚ըլլան: Ատոր ալ կը գումարուի սպառած հիւթերու կերպընկալէ շիշերը, ալքոլային խմիչքներու ապակեայ տարաները, ուտելիքներու մնացորդները, եւ Կաղանդը ակամաօրէն տխուր ու վնասակար սպառումի եւ միջավայրի աղտոտումի պատճառ կ՚ըլլայ: Սպառումը քիչցնելու, ուտելիքն ու ծրարաւորումը չափաւորելու եւ ծախսերը նպատակին ուղղելու քարոզները կ՚աշխուժանան տօներէն առաջ…

Այսօր բազմաթիւ պետութիւններ, տօներէն առաջ, կը ջանան կարելի եղածին չափ վերահսկել ծառահատումն ու խստացնել անտառներու պահպանութիւնը: Կան երկիրներ, որոնք ունին յատուկ պահակախումբեր, որոնք մանրազննին կը ստուգեն անտառէն քաղաք ներկրուող եղեւինները ու անոնց հատման արտօնութեան առկայութիւնը: Օրինախախտումներու պարագային տուգանքները յաճախ բարձր կ՚ըլլան: Բայց Կաղանդէն առաջ անտառային եղեւինի պահանջարկը այնքան բարձր կ՚ըլլայ, որ վաճառականները ձեւեր եւ միջոցներ կը գտնեն օրէնքը շրջանցելու:

Երկիրներ կան, ուր անհատական եւ կառավարական մակարդակներով հիմնած են յատուկ տնկարաններ, որոնց մէջ եղեւիններ կ՚աճեցուին՝ Ամանորին կամ Սուրբ Ծնունդին վաճառելու համար: Տարածուած է նաեւ թաղարներու մէջ եղեւիններու եւ սոճիներու վաճառքը, տօներէն ետք անոնք յաճախ կը վերադարձուին տնկարաններ: Չափաւորութեան քարոզները կը տարածուին նաեւ տօնական ծառերու պարագային:

ԾԱՌԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Տօներուն սիրահարները եւ աւանդոյթներուն կառչողները կը յիշեցնեն, որ ծառերուն պաշտամունքը նոր չէ: Հին քարէ դարէն մարդիկ պաշտամունք ունեցած են ծառերուն հանդէպ եւ նոյն ժամանակներէն ալ գոյութիւն ունեցած է աշխարհը ծառի տեսքով պատկերացնելու նախաձեւը:

Աշխարհագրական ու կլիմայական պայմաններէն եւ տեղական ժողովուրդներու աւանդոյթներէն ելլելով, պաշտամունքի առարկայ դարձած են զանազան ծառեր՝ կաղնի, սոճի, կիպարիս, հացենի, եւկալիպտոս եւ այլն: Յունաստանի մէջ գլխաւոր սուրբ ծառը նկատուած է նոճին, Հռոմի մէջ՝ թզենին, ինչպէս նաեւ հոնենին, որ կ՚աճէր Հռոմի եօթը բլուրներէն կեդրոնականին՝ Պալատի բլուրի լանջին:

Հնագոյն պաշտամունքներուն մնացորդները այսօր կը պահպանուին զանազան վայրերու մէջ: Եւրոպայի մէջ լայն տարածում ունի մայիս 1-ը «մայիսեան ծառով» նշելու հնագոյն աւանդոյթը: Մեր դրացի վրացիները ունին Կաղանդի տօնական ծառի մը աւանդոյթը, այդ ծառը կը կոչեն չիչիլակի: Նոր տարուայ աւանդական խորհրդանիշն ու զարդարանքն է Վրաստանի մէջ չիչիլակին, որ պնդուկենիի ուղիղ ճիւղ մըն է, որուն մէկ ծայրէն յաջորդաբար կը տաշեն բարակ շերտեր, որոնք կը ձգեն միւս կողմէն կառչած մնայ: Վրացիները զայն կը դնեն տօնական սեղանին վրայ՝ շարոցներուն քով, երբեմն ալ չիչիլակիին վրայ կը կախեն շարոնցներն ու չիրերը: Տօնական օրերու աւարտին սեղանէն կ՚առնեն փոքրիկ ծառը եւ աւանդոյթին համաձայն, կ՚այրեն, իսկ մոխիրը քամիին կու տան: Կը հաւատան, որ այդպիսով տուներէն կը հեռանան անցնող տարուան անյաջողութիւններն ու վիշտերը: Վրաստանի պատմական Սուանէթ տարածքաշրջանին մէջ Կաղանդին սովորաբար տուներուն մէջ կեչի կը դնեն:

Տօնական ծառի պաշտամունք ունեցած են նաեւ հին հայերը, որոնք Կաղանդին զարդարած են ձիթապտուղի կամ խունկի ծառը, իսկ անոր վրայ կախուած զարդերը եղած են բնութեան պարգեւներ եւ բացարձակապէս՝ բնական:

Նոր տարուան երեկոյեան հայերը ձիթենիի համեմատաբար հաստ ճիւղը խրած են նախապէս թխուած մեծ հացին կամ բաղարջին մէջ:

Մեծ կամ փոքր ծառահատումները եղած են միշտ… Եւրոպական կարգ մը ժողովուրդներու քով ընդունուած էր Սուրբ Ծնունդէն առաջ՝ Ճրագալոյցի երեկոյեան, օճախին մէջ դնել մեծ գերան կամ կոճղ, որ քիչ-քիչ այրի՝ տօնի տասներկու օրերուն ընթացքին: Կը հաւատային, որ այդպիսի գերանի մէկ կտորը, որ կը պահպանուէր ողջ տարուան ընթացքին, տունը կրակէն ու կայծակէն կը պաշտպանէր եւ յաջողութիւն կը բերէր:

Սլաւոնական ժողովուրդներու աւանդոյթներուն մէջ նշանակալի տեղ կը զբաղեցնէին կաղնին, կեչին, ուռին: Եղեւինը, որ բազմաթիւ ազգերու տօնական ծառն է, սլաւոններու ազգային ծառաբանութեան մէջ տօնական ծիսական ծառ նկատուելէն զատ նաեւ կը նկատուի թաղման ու յիշատակի արարողութիւններու հետ կապուած ծառ:

ՄՈԳԱԿԱՆ ՃԱԳՈՄԸ

Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի տարածքներուն վրայ բնակող հնդեւրոպական ծագում ունեցող ցեղերը՝ կելտերը ունին հետաքրքրական տօնական սովորոյթ մը, որ կապուած է ճագոմ ծառին հետ: Մինչ բուսաբաններուն համար ճագոմը մակաբոյծ բոյս մըն է, որ կլոր ձեւով կը փաթթուի խնձորենիի, տանձենիի եւ այլ ծառերու վրայ, հիւսիսային բազմաթիւ ժողովուրդներ պարզապէս կը պաշտեն զայն:

Ճագոմ ծառին պաշտամունքը, կելտերուն միջոցով, անցած է անկլօ-սաքսոններու մշակոյթ եւ այսօր եւրոպական բազմաթիւ ժողովուրդներ, Սուրբ Ծնունդն ու Կաղանդը չեն պատկերացներ առանց պզտիկ, նուրբ ճագոմի ծաղիկներուն: Ճագոմը ունի նաեւ մղամուճ, մզամուճ, ճուշ, սոսնձուկ անունները: Զայն կը գործածեն նաեւ աստղագուշակները. ըստ անոնց, ճերմակ ճագոմի գնդիկը ունի Երկիր մոլորակին տեսքը:

Դրուիդներու մշակոյթին մէջ ճերմակ ճագոմը նկատուած է մոգական բոյս, որուն ճիւղերը կտրած են ոսկեայ մանգաղով եւ գործածած՝ գուշակութիւններ կատարելու նպատակով։

Այս բոյսով պատրաստուած յուռութը օգնած է ճանապարհորդներուն՝ յաղթահարելու դժուարութիւնները, հիւանդութիւններէն զերծ պահած է։ Ճագոմի տարածումը Եւրոպայէն դէպի Ամերիկեան մայրցամաք կ՚առընչուի այդ սովորութեան հետ, մանաւանդ կը գնահատուի կաղնիի վրայ աճող ճագոմը։ Հաւատքը ճագոմի մոգական յատկութիւններուն հանդէպ այնքան խոր է, որ բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց տան մուտքերուն վրայ ճագոմով կամարներ կը կապեն ու Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր տարուայ գիշերը ընտանիքին անդամները կ՚անցնին այդ կամարին տակէն: Եւրոպական աւանդական գիւղերուն մէջ մինչեւ հիմա յղի կիները իրենց գրպանին մէջ ճագոմի ճիւղ կը պահեն՝ հաւատալով, որ կախարդական բոյսը կ՚օգնէ յղութիւնը դիւրին յաղթահարելու եւ բարիով ծննադաբերելու:

Սկանտինաւիոյ մէջ ճագոմը խաղաղութիւն կը խորհրդանշէր: Եթէ թշնամիները պատահականօրէն իրարու հանդիպէին ճագոմի ճիւղերով ծածկուած ծառին տակ, ապա անոնք պարտաւոր էին վար դնել զէնքերն ու չմարտնչիլ այդ օրը: Աւելի ուշ, այս հնագոյն սովորութիւնը իր արտացոլումը գտաւ արեւմտեան Սուրբ Ծննդեան աւանդոյթներուն մէջ, երբ երկու հոգի անցնելով ծառին տակէն, որուն վրայ աճած էր ճագոմը, պէտք է ծառին տակ համբուրուէին: Մինչեւ այսօր Կաղանդի գիշերը, եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ, տուներուն մէջ ընտանիքի անդամները զիրար կը համբուրեն տունին մէջ կախուած տօնական ճագոմի ճիւղին տակ:

Այս հետաքրքրական պատմութիւն ունեցող բոյսը եղած է նաեւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ: Լայն կիրարկում ունեցած է նաեւ ժողովրդական բժշկութեան մէջ: Ճերմակ ճագոմի բուժիչ յատկութիւններուն մասին գիտցած են Հին Յունաստանի եւ Հռոմի բժիշկները։ Միջնադարու հայ բժշկապետ Ամիրտովլաթ Ամասիացին իր աշխատութիւններուն մէջ առաջարկած է ճերմակ ճագոմի հիւթը գործածել կտրուածքներու եւ արիւնաթքութեան դէմ, իսկ անոր տերեւները՝ մորթային հիւանդութիւններու պարագային, թուզի հետ համատեղ ալ՝ հազի բուժման ժամանակ: Բժիշկ Ասար Սեբաստիացին, ուռենիի մղամուճը խառնելով մեղրին հետ, տուած է զանազան բնոյթի ցաւերու համար, իսկ հայ բառարանագիր, ազգագրագէտ Կարապետ Գաբիկեանը նկարագրած է հազուագիւտ հանդիպող մասրենիի մղամուճը, իբրեւ ներքին հիւանդութիւններու բուժման միջոց:

Ժամանակակից գիտութեան կողմէ ճերմակ ճագոմին կենսաբանօրէն աշխոյժ նիւթերը մանրակրիտ ուսումնասիրուած են եւ կը գործածուին դեղամիջոցներ պատրաստելու մէջ, բայց գիտնականները կը զգուշացնեն, որ ճագոմը թունաւոր բոյս մըն է եւ ոչ մէկ պարագայի կարելի է զայն առանձին օգտագործել:

Հեռուէն նայելով անտառին մէջ աճած ճերմակ ճագոմի թուփին, կարելի է տեսնել երկտուն, խիտ ճիւղաւորուած, մշտադալար թուփ, որ հեռուէն դիտողին կը թուի, թէ տերեւաթափ եղած ծառին վրայ արագիլի հիւսած կլորաւուն բոյն մը կայ։ Սակայն մօտէն կ՚երեւի, որ ծառին վրայ տեղաւորուած է ճագոմի թուփը:

Հետաքրքրական է, որ ճերմակ ճագոմին տերեւները, իւրաքանչիւր ճիւղի վրայ, ամէն տարի կ՚աւելանան մէկ զոյգով։ Թուփը կը ծաղկի ձմրան աւարտին, օգոստոսի վերջերէն կը սկսի պտղաբերիլ։ Կլոր ու հասունցած պտուղները կը պարունակեն մէկ սերմ եւ սոսնձանման պտղանիւթ, այդ է պատճառը, որ բոյսը յաճախ կը կոչուի սոսնձուկ, իսկ անոր լատիներէն անունը կը թարգմանուի «թռչնի սոսինձ»։ Ատիկա պատահական անուն մը չէ, քանի որ ճագոմի տարածման մէջ ուրոյն տեղ ունին թռչունները, յատկապէս՝ կեռնեխները: Ճագոմի սերմերը կը փակին թռչուններուն կտուցին, յետոյ անոնք կը մաքրեն իրենց կտուցները ծառին վրայ, ճագոմի սերմը ձգելով կեղեւի ճեղքին մէջ։ Սերմը ծիլ կու տայ, ծիլը կը մտնէ կեղեւին տակ, կը սնուի ծառի փայտանիւթին մէջ գտնուող ոչ-օրկանական նիւթերով, կը կլանէ ածխաթթու կազը եւ կ՚արտադրէ թթուածին։

Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ հրատարակուած բացիկներուն վրայ տիրական տեղ ունին ճերմակ եւ կարմիր ճագոմ բոյսի գնդիկ-պտուղները: Ճագոմի նկարը Կաղանդի սփռոցներուն, անձեռոցիկներուն, իրերուն վրայ նոյնպէս իբրեւ գեղեցիկ զարդարանք կը գործածուի: Շատեր կը հիանան այդ նուրբ բոյսին նկարներով, իսկ անոր պատմութիւնը ահաւասիկ այսքան հին է ու խորհրդաւոր:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2021