ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ, ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՄԷՋ»

Այսօր այս սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսին Փրկիչին ծնունդին առիթով 1960-ին ուղղած Հայրապետական պատգամը, որ այնքան այժմէական եւ խօսուն է մեր ապրած այս ծանր ու դժուարին օրերուն համար:

Հայրապետական պատգամը վերցուցած ենք Կաթողիկոսութեան պաշտօանական ամսաթերթէն. «Հասկ», ԻԹ. տարի, թիւ 1, յունուար, 1960, էջ 3-5։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, սիրոյ եւ օրհնութեան ողջոյններ՝ Մեր սիրելիներուն, բոլոր զաւակներուն Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ:

Փա՜ռք եւ շնորհակալութիւն Աստուծոյ, որ Մեզի պարգեւեց մարմնոյ առողջութիւն, եւ առիթ տուաւ, որ Մեր տկար ձայնը, անգամ մը եւս Ձեզի լսելի դարձնենք եւ Ձեր բոլորին բերենք սրտագին շնորհաւորութիւններ հրաշափառ տօնի մը առթիւ, զոր համայն քրիստոնէութիւնը կը փառաւորէ, ամէն տարի, յարաճուն խանդավառութեամբ եւ ապագայի մասին վառ յոյսերով:

Մեր շատ ջերմ եւ սրտագին շնորհաւորութիւնները Ձեր բոլորին յայտնելով հանդերձ, ի սրտէ կը փափաքինք, որ Ս. Ծննդեան այս տօնը, գո՛նէ անգամի մը համար, ելլէ պարզ ծիսակատարութեան մը ընթացիկ սահմաններէն, մեր երկրային ուրախութիւնը արձագանգը ըլլայ հրեշտակներու կողմէ մարդերու տրուած մեծագոյն աւետիսին, թէ «ծնաւ ձեզ այսօր փրկիչ, որ է օծեալ Տէր»:

Արդարեւ, ծնունդ մը, ինքնին, ուրախութեան առիթ է, ցաւերէ, տրտմութենէ եւ անստուգութեան խռովայոյզ շրջանէ մը յետոյ. որովհետեւ նորածին երեխային կը կապուին յոյսեր, ընտանիքի մը, կամ ազգին տեւականացումին ապահովութեան խոր գիտակցութեամբ: Գովելի սովորութիւն պէտք է նկատել, ուրեմն, ծնունդի մը տարեդարձը տօնել կարելի շուքով, ու այդ տարեդարձը իմաստաւորել ազնիւ խորհուրդով կամ վսեմ գաղափարով մը:

Մեր Փրկչի հրաշափառ Ծնունդէն առաջ, մարդկութիւնը հոգեկան մշտատեւ տառապանքի մէջ էր: Խարխափումներ, կամ ճշմարտութեան հեւքոտ փնտռտուք մը խռովայոյզ վիճակի մէջ կը պահէին որոնող միտքերն խաղաղութեան ձգտող հոգիները։ Մարդերու երկրային վաղանցուկ երջանկութիւնը պայմանաւորուած էր բիրտ ինքնակալի մը յաղթանակներով, նիւթական հաճոյքներու նրբին ձեւերով, կամ իրենց իսկ ձեռակերտ չաստուածներու հանդէպ տածուած յարգանքով, սեթեւեթեալ ու այլանդակ ծէսերով: Չունէին իմացումը հոգիին, անոր անմահութեան, որպէսզի անձկագին սպասէին ծնունդին Անոր, որ պիտի գար որպէս «Փրկիչ», «Օծեալ Տէր», ու լեցուէին խորհուրդովը հրաշալի այդ դէպքին: Խաւարակուռ իրենց հոգին փակ էր, տակաւին, աստուածային լոյսի ճառագայթներուն դիմաց, ու անըմբռնելի՝ նիւթով կլանուած իրենց մտքին համար՝ Աստուածայայտնութիւն մը, կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ մարդեղութիւնը:

Ծաթեցաւ սակայն լոյսը, Բեթղեհէմի վրայ, մեր Փրկչին ծնունդով, ու այնուհետեւ աշխարհ ողողուեցաւ իմանալի այդ լոյսով: Արդարութեան անմար արեգակը լուսաւորեց մարդերու հոգիին ամենէն ծածուկ ծալքերը եւ անոր առաջնորդը դարձաւ դէպի երկինք, դէպի յաւիտենական փրկութիւն: Փշրուեցան չարին կապանքները եւ խաւարը տեղի տուաւ մեր Փրկչի ծննդեան առթիւ յայտնուող եւ մոգերուն առաջնորդող պայծառ աստղի լոյսին առջեւ. ու կարելիութիւն տրուեցաւ մեր հոգիին մաքրուելու, կրկին բարձրանալու, Աստուծոյ նմանելու:

Բեթղեհէմի վրայ ծագած աստուածային այդ լոյսը, շատ կանուխ ողողեց նաեւ մե՛ր աշխարհը, ու առաջիններէն ու ընտրելագոյններէն եղանք այդ լոյսը մեզի փարոս ու առաջնորդ դարձնող: Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, ամէն անգամ մեզի համար դարձաւ, կարծէք, Ազգային Ուխտի վերյիշում մը, եւ առաւել ուժեղացումը անոր: Եւ արհաւիրքի եւ յուսահատութեան մռայլ պահերուն, աւետաբեր հրեշտակներու քաղցր պատգամը աւելի ուժեղ հնչեց մեր ժողովուրդի ականջին. «Մի երկնչիք, զի ահաւասիկ աւետարանեմ ձեզ ուրախութիւն մեծ, որ եղիցի ամենայն ժողովրդեանն: Զի ծնաւ ձեզ այսօր փրկիչ, որ է օծեալ Տէր...» (Ղուկ. Բ. 10-11): Ու միշտ լսեցինք այդ ձայնին, քաջալերուեցանք ու գօտեպնդուեցանք, որովհետեւ հաւատացինք ու կը հաւատանք խորապէս, թէ մեր ժողովուրդի հոգիին Փրկիչը տարուէ տարի կը յայտնուի իր հրաշափառ եւ յուսատու ծնունդով:

Ու այսպէս, 1960-ին եւս, Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը մեզի համար կը ներկայացնէ բացառիկ հանգամանք, ու մեծ առիթ, սրտագին եւ անձկագին ակնկալութեան մը - խաղաղութեան: Անցնող տարիներուն, հակառակ հրեշտակներու պատգամին, - «եւ յերկիր խաղաղութիւն» - մեր օրերը եղան խռովայոյզ: Աշխարհ ու աշխարհի ղեկավարները ձգտեցան իսկական եւ մնայուն խաղաղութեան: Առ այդ ժողովներ ու անձնական հանդիպումներ սարքեցին: Սակայն չկրցան երկրի վրայ հաստատել յաւիտենական խաղաղութիւնը, որովհետեւ մարդերու հոգւոյ ականջները խցուած են աստուածային պատգամին դէմ: Նիւթը, զանազան ձեւերու ներքեւ կամ անուններով, տիրապետող դարձած է շատ մարդերու ամբողջ էութեան, հոգիի գոյութի՛ւնն իսկ մոռցնել տալու չափ: Հրեշտակներու պատգամին տեղ - «եւ յերկիր խաղաղութիւն», ամէնուրեք լսելի ու գործադրելի է, կարծէք, սատանայի ձայնը: Խռովութիւն եղաւ, նաեւ, դժբախտաբար մեր ազգին մէջ: Ալեկոծուեցաւ մեր կեանքը փոթորկայոյղ ծովու մը չափ: Չարին ամեհի ալիքները անընդհատ կը բախին մեր Եկեղեցիի աստուածահաստատ հիմերուն եւ մեր ժողովուրդի հոգեկան արժէքներուն, անոր միութեան հիմերուն: Չենք երկնչիր սակայն, որովհետեւ լսած ենք, ու ազգովին մի՛շտ պիտի լսենք Ս. Ծննդեան առթիւ Աստուծոյ պատգամը՝ «մի երկնչիք», «զի ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ»։ Իսկական խաղաղութեան համար սակայն, անհրաժեշտ է անձնազոհութիւնը. զիջում մը մեր կարծեցեալ իրաւունքներէն: Վերջապէս իրական խաղաղութիւնը սիրոյ ընդմէջէն կու գայ մարդերու: Մեր Փրկչին ծնունդը եւ արդարութեան Արեգակին ծագիլը աշխարհի վրայ, ցոյց չե՞ն տար միթէ Աստուծոյ անսահման սէրը առ մարդիկ:

Ու այսօր, կեցած Կաթողիկոսարանիս Մայր Տաճարին մէջ, Մեր սրտեռանդն աղօթքը առ Աստուած կը մատուցանենք եւ կը պաղատինք, որ ըլլայ
Խաղաղութի՜ւն, աշխարհի վրայ.
Խաղաղութի՜ւն, ազգերու միջեւ.
Խաղաղութի՜ւն, մեր ազգին մէջ.
Խաղաղութի՜ւն, մեր ընտանիքներէն ներս. ու
Խաղաղութի՜ւն, մա՛նաւանդ, մեր հոգիներուն խորքը:

Եւ Աստուած խաղաղութեան եղիցի ընդ ձեզ, ընդ ամենեսեանսդ, «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»: Ամէն:

*

- Հեթանոսներ ստեղծուած լոյսին երկրպագութիւն ըրին. չկրցին տեսնել Ստեղծիչը լոյսին, Անեղանելի Լոյսը: Բայց եկաւ ժամանակ եւ Միհրը տեղի տուաւ ճշմարիտ Լոյսին՝ Քրիստոսի, որ է փրկութիւն «ամենայն ժողովրդոց»: Մեհեաններ գոցուեցան, կործանեցան. տաճարներ կանգնեցան: Ազգովին ինչ որ մեծութեան նշխար եւ յաւերժական արժէքով ստեծագործութիւն ունինք, որոնցմով կրնանք հպարտանալ, կը պարտինք այդ Լոյսին, որ դարեր առաջ օր մը իջաւ Այրարատեան Դաշտի վրայ ու ահա կոթողացաւ Ս. Էջմիածինը՝ Հայութեան հոգեղէն էութիւն պարծանքը: Ո՜հ, երանի՜ թէ հիմա ալ մեր հոգիներուն մէջ կործանէր Միհրի բագինը ու անոր տեղ կանգնէր Լոյսի Խորանը:

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնի սա սեմին, հարցո՛ւր դուն քեզի, գտա՞ծ ես ճանապարհը, որ կ՚առաջնորդէ դէպի գաղափարական եւ հոգեւոր կեանքը, դէպի իսկական լոյսն ու փրկութիւնը: Սիմէոն գտաւ ու գրկեց զայն:

Իսկ դո՞ւն… (Դերենիկ Եպս. Փօլատեան, «Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԺԷ. տարի, թիւ 1, յունուար, 1948, էջ 8):

- Եւ այժմ, ո՜վ մարդացեալ Աստուած, Դուն որ խանձարուրք հազիւ ունեցար, խանձարուրէ՛ սուրբ հաւատքովդ ժողովուրդն հայոց եւ իր աշխարհն Հայաստան: Թող ո՛չ մէկ ձեռք ո՛չ մէկ քար անոր երկրէն կարենայ այլեւս քանդել: Թող ո՛չ մէկ ձեռք ո՛չ մէկ ափ հող անոր արիւնով շաղախուած հողերէն կարենայ այլեւս կողոպտել: Թող ո՛չ մէկ ուժ անոր ազատութեան եւ անկախութեան մարդկային ու ազգային ամենէն արդար եւ սուրբ իրաւունքներէն ստորակէտ մ՚իսկ կարենայ խախտել:

Ո՜վ Տէր երկնի եւ երկրի, մենք լսեցինք, ազգերու մէջ առաջի՛ն անգամ ըլլալով ազգովին լսեցինք, մի՛շտ լսեցինք ու պիտի շարունակենք լսել երկինքներէն հոսող Քու աստուածային անբարբառ ձայնը՝ հրեշտակային նուագումով Բեթղեհէմի մսուրէն մեզի հասնող:

Լսէ՛ այժմ, ո՜վ մարդացեալ Աստուած, մեր երկրագունդի չորս ծագերուն վրայ տարաղնուած քու հայկական մսուրներէն՝ հայ մարդերու հոգիներէն, մեր հայ մարտիրոսներու սանդուխտներով դէպի երկինք բարձրացող մե՛ր ձայնը Կոմիտասեան աստուածամերձ մեղեդիով քեզի հասնող.

Տէ՜ր ողորմեա՛, Տէ՜ր ողորմեա՛, Տէ՜ր ողորմեա՛…
………………………………………………………
Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն,
Եկեղեցւոյս պայծառութիւն,
Եւ հիւանդաց բժշկութիւն,
Ազգիս հայոց սէր, միութիւն,
Ազգիս հայոց ազատութիւն,
Ազգիս հայոց արդարութիւն:
……………………………………………………...
Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա,
Ծնեալ Փրկիչ մեզ ողորմեա:

Եւ Քեզ փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն (Գարեգին Եպսկ. Սարգիսեան [ապա՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս] «Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԼԹ. տարի, յունուար-փետրուար, 1970, էջ 8-9):

- Եկո՜ւր Դուն, Տէ՛ր, վերստի՛ն ծնէ այսօր Քու հայ ժողովուրդիդ ջերմ ծոցին մէջ: Մենք, որպէս Քեզ պաշտող անդրանիկ քրիստոնեայ ժողովուրդ, կ՚աղերսենք Քեզմէ աւելի քան երբեք աշխարհով մէկ ցանուցիր մեր ազգի բեկորներով եւ հայրենիքի մէջ գտնուող բոլոր զաւակներովդ, որ աշխարհի հզօրներուն սրտերուն մէջ վառես ճշմարտութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան լոյսերը, որպէսզի տեսնեն, թէ հայ ժողովուրդ մըն ալ կայ աշխարհի վրայ, որ աւելի քան երբեք այս օրերուն սրբազան արդարութիւն կ՚ուզէ իրեն համար, որ աւելի քան որեւէ ազգ խաղաղութիւն կ՚ուզէ աշխարհի վրայ, հաճութիւն եւ օրհնութիւն ազգերու եւ ընտանիքներու միջեւ:

Ահա ծունկի եկած Քու մսուրիդ առջեւ, ո՜վ լոյսի ճառագայթ, նորածին Յիսուս Մանուկ, ահա կ՚աղօթենք Քեզի, որպէսզի ընես սէրդ եւ օրհնութիւնդ աստուածային մեր յարկերէն ներս անպակաս ու Բեթղեհէմի լուսաւոր աստղովդ օր մըն ալ առաջնորդես այս ժողովուրդն ալ խաղաղութեան եւ ազատութեան ճամբաներէն իր դարերով երազած պապենական օճախներուն, հայրենական երդիքներուն ու ամբողջական հայրենիքին գիրկը:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ բոլորիդ:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի մեզի մեծ աւետիս (Կորիւն Վրդ. Պապեան [ապա՝ եպիսկոպոս-արքեպիսկոպոս], «Հասկ», պաշտօնական ամսագիր Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԽԲ. տարի, թիւ 1-2, յունուար-փետրուար, 1973, էջ 17):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023