ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ՝ ԲԱՐՁՐ ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ
Կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՞ւ աղքատ ընտանիքները կ՚ընտրեն շատ երեխայ ունենալ եւ ինչո՞ւ աղքատ երկիրներու մէջ ծնելիութիւնը բարձր է։ Կան մշակութային արժէքներէն սկսեալ, մինչեւ ընկերային արդարութեան խնդիրներու նման պատճառներ: Դիտարկենք անոնցմէ մի քանին, որոնց շատ անգամ զոհը կը դառնայ մատաղ սերունդը, որովհետեւ ճնշումներու, հաւատալիքներու, յետամնացութեան ազդեցութեամբ՝ բախտը չ՚ունենար ընտրելու, իր կեանքին որոշումները առնելու, իր նախընտրած ասպարէզը ընդգրկելու, իր նախընտրածին հետ կեանքը միացնելու, իր կեանքի ուղին գծելու…
1. Մանկական մահացութեան բարձր ցուցանիշներ
Պատկերացուցէք, որ կ՚ապրիք տեղ մը, ուր ձեր երեխաներու կեանքին մշտապէս վտանգ կը սպառնայ։ Անբաւարար սնունդ, կացարան եւ առողջապահութիւն, մաքուր ջուրի սահմանափակ հասանելիութիւն եւ պետական նուազ աջակցութիւն։ Այս բոլոր գործօնները կ՚աճեցնեն երեխաներու մահացութեան մակարդակը եւ սա շատ լաւ գիտեն աղքատ ծնողները։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով, տարուան մը մէջ հինգ տարեկանէ վար 5.4 միլիոն երեխայ կը մահանայ՝ մանաւանդ զարգացող երկիրներու մէջ։ Հաղորդ դառնալով այս իրականութեան՝ ծնողներ կը գիտակցին սրտաճմլիկ ճշմարտութեան, որ թերեւս իրենց երեխաներէն մի քանին կրնան մահանալ եւ աւելի շատ զաւակ կ՚ունենան։
2. Ընտանիքի ծրագրաւորման մասին սխալ պատկերացումներ
Բազմաթիւ հաւաքականութիւններու մէջ տակաւին առարկութիւններ կան բեղմնականխումի (birth control) դէմ: Բազմաթիւ պատճառներ շփոթութիւն եւ վախ յառաջ կը բերեն ընտանիքի ծրագրաւորման մեթոտներու կիրառման վերաբերեալ՝ ներառեալ ծնելիութեան վերահսկման հակադրող համոզումները, հանրային առողջապահութեան կրթութեան անարդիւնաւէտութիւնը, մշակութային նախապաշարումները։
3. Առողջապահութեան սահմանափակ հասանելիութիւն
Առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութեան բացակայութիւնը կրնայ նաեւ յանգեցնել ծնելիութեան անվերահսկելիութեան։ Ծնելիութեան հսկողութիւնը դժուար թէ իրականացուի յատկապէս գիւղական վայրերու մէջ, ուր առողջապահական խնամքի հասանելիութիւնը աւելի դժուար է։
4. Նահապետական արժէքներ
Նահապետական արժէքներն ու ճնշումները դեռ կը գերակշռեն բազում երկիրներու մէջ։ Այս հանգամանքներով տղամարդիկ որոշումներ կը կայացնեն իրենց կիներու եւ ընտանիքներու անունով շատ մը հարցերու շուրջ։ Հետեւաբար կիներ իրաւունք չեն ունենար ըսելու, թէ քանի երեխայ կ՚ուզեն ունենալ։
5. Վաղ ամուսնութեան հարկադրուած ըլլալը
Ստիպողական ամուսնութիւնը այն է, որու պարագային կողմերէն առնուազն մէկը 18 տարեկանէն փոքր է եւ համաձայնութիւն չի տար ամուսնութեան: Սա կրնայ տեղի ունենալ բազմաթիւ պատճառներով եւ աղջիկները ակնյայտօրէն աւելի խոցելի են այս իրավիճակին մէջ: Երբ աղջիկը կ՚ամուսնանայ երիտասարդ տարիքին, անոր ծննդաբերութեան շրջանը կը սկսի շատ աւելի վաղ եւ, ի թիւս այլ բարդութիւններու, հաւանաբար աւելի շատ երեխաներ ունենան:
6. Կրթութեան բացակայութիւն
Պարմանուհիներ երբ կ՚ամուսնանան, մեծ հաւանականութեամբ չեն կրնար աւարտին հասցնել իրենց կրթական կեանքը, արդիւնքին կատարեալ ձեւով չեն կրնար դաստիարակել իրենց երեխաները։ Անոնք նաեւ աւելի շատ երեխայ ունենալու հաւանականութիւնը ունին։ Սա կը դժուարացնէ երեխաներու կրթութեան ծախսերը հոգալը։ Միւս կողմէ, աւելի երկար կրթական կեանք ունեցող կիներ հակուած են աւելի քիչ թիւով երեխայ ունենալու։ Անոնք յաճախ կ՚ամուսնանան աւելի ուշ եւ աելի հաւանական է, որ առաջնահերթութիւն տան կրթութեան եւ ունենան այն նիւթական ներդրումը, որ կը պահանջուի իրենց երեխաներու դաստիարակութեան համար։
7. Կրօնական համոզումներ
Կան հաւատքներ, որոնց հետեւորդներուն մօտ երեխաները կ՚ընդունուին ընտանիքին օրհնութիւնը։ Կրօնական գիրքեր կրնան ամրապնդել այս գաղափարը եւ յաճախ հանդէս գալ՝ որպէս հզօր ազդեցութիւն մարդոց կեանքին մէջ։ «Երեխաները աշխարհ կու գան իրենց բարիքներով»ի նման համոզումները եւ այն գաղափարը, որ երեխաները անոնց տրուած «նուէրներ» են՝ պատճառ կը դառնայ, որ որդեգրուի «մեծ» ընտանիքի գաղափարը։
8. Ընկերային համբաւ
Այն մշակոյթի կամ հասարակութեան մէջ, ուր երեխաները կը տեսնուին որպէս օրհնութիւն, որքան մեծ է ընտանիքը, այնքան աւելի օրհնուած կ՚ըլլայ անձը։ Համաշխարհային հարաւի (global south) շատ մը հատուածներէն ներս երեխայ չունեցող զոյգերը խարանուած կամ արհամարհուած են։ Բազմազաւակ ընտանիքները կը համարուին ամուր եւ եթէ կինը չի կրնար երեխայ ունենալ, հազուադէպ չէ, թէ ամուսինը լքէ զայն կամ ընտանիք կազմէ ուրիշի մը հետ։
9. Ընտանեկան ժառանգութիւն
Բազմաթիւներու համար ծագումը, պատմութիւնը եւ ազգանունը շարունակելու ցանկութիւնը կրնայ բնական, մարդկային բնազդի նման ըլլալ: Հազուադէպ չէ, երբ ծնողները հակուած են փոխանցել իրենց «ծինը»՝ շարունակելու համար իրենց ընտանեկան ժառանգութիւնը:
10. Սահմանափակ նիւթական միջոցներ
Անձուկ ընտանիքներ, յատկապէս անոնք, որոնք իրենց ապրուստը կը վաստակեն հողէն, կը նախընտրեն աւելի շատ երեխայ ունենալ՝ որպէս ընտանիքի կարիքներու ապահովման միջոց։ Երեխաները յաճախ շատ փոքր տարիքէն կը վարժեցնեն այգեգործութեան, կենդանաբուծութեան, հողագործութեան եւ այլն։ Աւելի վատը՝ երեխաները ապօրինի աշխատանքի կը նետուին՝ որպէս երեխայ բանուորներ եւ այսպէսով եկամուտ կ՚ապահովեն ընտանիքին։
11. Ներդրում կատարել ծերութեան
Երբ երեխաներ հասակ կ՚առնեն աղքատ հասարակութիւններու մէջ, անոնք ո՛չ միայն կոչուած են ընտանեկան շառաւիղի շարունակականութեան, այլեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն իրենց ծնողներու, քոյրերու, եղբայրներու ապրուստը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու։ Սա յատկապէս կարեւոր է այն երկիրներու մէջ, ուր պետութիւնը ուժեղ չէ։ Աւելի շատ երեխաներ ունենալով՝ ծնողներ կը մտածեն այն հաւանականութիւնը, թէ իրենց երեխաներէն մէկը օր մը բաւական յաջող կ՚ըլլայ եւ այսպէսով դուրս կու գան աղքատութենէ կամ յառաջիկային կը խնամէ զիրենք։
Այս օրուան մեր գրութիւնը վերջացնենք առածով մը. «Շատ երեխան աղքատութեան նշան է»։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ