ՀԵՌԱԽՕՍԱԶԱՆԳ ՄԸ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԷՆ…
Ստեփանակերտէն բարեկամուհիս է հեռաձայնողը: Լացակումած կը պատմէ իր ընտանիքի որոշումին մասին. «Երբ ճանապարհը բացուի, դուրս պիտի ելնենք Արցախէն, որոշած ենք»:
Իմ առաջին արձագանգս քիչ մը անհեթեթ էր. «Հապա տո՞ւնը»:
«Տունը պիտի ձգենք, կղպենք եւ ելլենք, այլեւս դիմանալու բան չէ այս ճնշումը»,- կ՚ըսէ վաղեմի բարեկամուհիս, որուն խօսած հայերէնը այնքան կը սիրեմ՝ համեմուած արցախեան բարբառով եւ գրեթէ զերծ ռուսական բառերէ, որ շատ առատ եւ յաճախ կը գործածեն արցախցիները: Ինծի համար անսովոր է լսել անոր լացակումած ձայնը. վաթսունն անց կին մըն է, զոր տեսած եմ միշտ լուրջ, ուժեղ եւ կեանքով լեցուն:
Ես անմիջապէս կը պատկերացնեմ անոր գեղեցիկ տունը, ուր հիւրընկալուած եմ տասը տարի առաջ: Մօտ տասը տարի առաջ Ստեփանակերտի մէջ աւարտին հասցուած էին առաջին նորակառոյց շէնքերը՝ ժամանակակից չափանիշներով, եւ մեր բարեկամները տուն գնած էին այդ շէնքերէն մէկուն մէջ: Երրորդ տունն էր, ուր անոնք փոխադրուած էին: Ամուսնացած էին, պզտիկ տան մը մէջ ապրած էին, զաւակները ծնած էին, փոխած էին, աւելի մեծ տուն մը գնած էին, իսկ երբ նորակառոյց շէնքերը ի յայտ եկան, իբրեւ զինուորականի ընտանիք, հնարաւորութիւն ստացան մաս-մաս եւ յարմար վճարումով մը ունենալ նոր, լուսաւոր եւ ընդարձակ բնակարան: Բնակարանը կահաւորած էին նորաոճ կահոյքով, ժամանակակից կենցաղային սարքերով, պատշգամէն կը բացուէր գեղեցիկ տեսարան դէպի Ստեփանակերտի մօտակայ անմշակ բարձունքները… Ես, անոր որոշումը լսելով, անակնկալի եկայ եւ շուարումէս չգիտնալով ի՛նչ ըսել, անմիջապէս հարցուցի բնակարանին մասին, ուր հաճելի քանի մը օր անցուցած եմ նաեւ ես: Այսօրուան պէս կը յիշեմ՝ երբ ներս մտայ անոնց հիւրասենեակը, համարձակութիւն չունեցայ ոտքս դնելու գետնին փռուած արցախեան հնամենի եւ շատ լաւ պահպանուած խոշոր գորգին վրայ: Բարեկամուհիս զգալով իմ վարանումը, թեւէս ուղղակի քաշեց եւ կօշիկներով յայտնուեցայ շքեղ գորգին վրայ: Ան ըսաւ. «Կոխէ, քեզմէ լաւ մէ՞կը պիտի քալէ ասոր վրայէն»: Գորգը ժառանգութիւն ստացած էին ամուսինին ընտանիքէն, սերունդէ սերունդ պահպանուած էր այդ գանձը: Արժէքներ գնահատող այս ընտանիքը հիւրասենեակը պատած էր ճաշակաւոր իրերով, ձեռքի աշխատանքներով, գեղանկարներով եւ ժամանակակից, մեղմ կաթնագոյն կահաւորանքը արցախեան հարուստ գոյներով գորգին հետ այնքա՜ն ներդաշնակ էր… Անոնց շէնքին քովէն գետի մը վտակ կը հոսէր, եւ այդ խաղաղութիւնը, արցախեան կանաչիներով ճաշին բուրմունքը, հատապտուղներով թարմ հիւթին գոյնը անմոռանալի զգացողութիւն դրոշմած էր յիշողութեանս մէջ: Բայց բարեկամուհիիս ընտանիքը բնակարանի եւ տարիներու ընթացքին ստեղծած յարմարաւէտութեան մասին չէր մտածեր: Բարեկամուհիս ըսաւ, որ խրճիթի մէջ ալ կը բնակի, միայն թէ գիտնայ, որ ապահով է եւ խաղաղ… Ըսաւ՝ մարդիկ կ՚երթան Երեւան գետինները կը նստին, բայց ազէրիին հետ չեն ապրիր…
Ես անմիջապէս պատկերացուցի, որ անոնք, շալկած իրենց իրերէն ամենակարեւորները, կը բռնեն գաղթի ճանապարհը, եւ սիրտս սեղմուեցաւ մռայլ այլ պատկերէն, որ գուցէ իրականութիւն ալ չդառնայ...
Շատ տխուր խօսակցութիւն էր, որուն միացաւ նաեւ բարեկամուհիիս զինուորական ամուսինը, որ արդէն պաշտօնաթող զինուորական է: Վերջինս մտահոգ էր իր անցեալով: Արցախեան պայքարի առաջին տարիներուն ան մարտնչած էր իբրեւ ազատամարտիկ, իսկ յետոյ, երբ ստեղծուած էր Պաշտպանութեան բանակը (Արցախի զինեալ ուժերը), մտած էր բանակին մէջ եւ ծառայած: Ստացած էր շքանշաններ, զինուորական կոչումներ, պարգեւներ: Ամէն տարի տօնական օրերուն համազգեստին վրայ կը կախէր մանաւանդ շքանշանները եւ կը մասնակցէր Արցախի անկախութեան, Շուշիի ազատագրման օրուան եւ ուրիշ տօնակատարութիւններու: Իսկ հիմա մտատանջութեան մէջ է, կ՚ըսէ. «Վաղը ազէրիները կրնան ինծի այս փողոցներուն մէջ կեցնել եւ ըսել՝ դուն որո՞ւն դէմ կը կռուէիր, մեզի՞ դէմ, եկուր նայինք: Մեր բոլոր տուեալները իրենց քովն են, ամէն տեղեկութիւն ունին»: Ու շարունակութիւնը չի գիտեր, ի՛նչ պիտի ըլլար: Միտքը կասկածանքներու եւ տանջանքներու մէջ էր: Վաթսունն անց մարդը իր ամբողջ կեանքը, հաւատամքը, նուիրումը եւ ներդրումը իր հայրենիքի խաղաղութեան համար դրած էր եւ այսօր անիմաստ եւ քիչ մըն ալ վտանգաւոր կը նկատէ իր կենսագրութիւնը: Կը բացատրէ, որ քաղաքականութիւնը այսօր այնպէս մը դարձուցած են, որ Արցախի մէջ զինուորական գործը ոճրագործութիւն կը սեպուի, բռնութիւն՝ Ատրպէյճանի դէմ, ոչ թէ ինքնապաշտպանութիւն, պայքար կամ նուիրում: Ուստի կը ջանայ նոյնիսկ թաքցնել, որ զէնք վերցուցած է. բան մը, որով կը հպարտանային թէ՛ իրենք, թէ՛ պատերազմած բազմաթիւ մարդոց ընտանիքներ:
Բարեկամուհիս կը պատմէ, որ նոյն մտախռովութեան մէջ են նաեւ բազմաթիւ ընտանիքներ, բարեկամներ, որոնք այս օրերուն կը հաւաքուին իրարու տուներու մէջ եւ կը փորձեն ելքեր գտնել ստեղծուած իրավիճակէն: Բոլորը այն կարծիքին են, որ ուշ թէ կանուխ, ճանապարհը պիտի բանան, անկարելի է անվերջ գոցուած պահել ճանապարհ մը, այն ալ այդ մէկը ընեն քիչ թիւով մարդիկ, որոնք ոչ մէկ կառոյց կը ներկայացնեն, այլ կը կոչուին անկախ բնապահպաններ: Անոնք նոյնիսկ ձանձրացած են, եւ աւելի շատ ինքնաշարժներ կեցած են այդ ճամբուն վրայ, քան՝ մարդիկ:
«Ճանապարհը անպայման պիտի բանան, անկարելի է որ չբանան, բայց երբ բանան, շատեր դուրս պիտի ելլեն Արցախէն, ես այսպէս կը տեսնեմ»,- կ՚ըսէ բարեկամուհիս: Ան կը յայտնէ, որ իր երիտասարդ զաւակները հեռանկար չեն տեսներ Արցախի մէջ: Դուստրը կ՚աշխատէր ճամբորդական հարցերով գրասենեակի մը մէջ եւ երկու ամիս է՝ անգործ նստած է, իսկ որդին կ՚ուսանի, սակայն համալսարանին մէջ խոժոռ միջավայր է, դասասենեակները ցուրտ են, արագ կը լքեն համալսարանը եւ ուղղակի տուն կ՚երթան, երթալու ուրիշ տեղ ալ չկայ:
Ընտանիքը որոշած է կեանքը շարունակել Երեւանի մէջ, իսկ որդին գուցէ նաեւ մտածէ Ռուսաստան՝ ազգականներուն քով երթալու մասին: Սակայն Ռուսաստանի մէջ պատերազմական տրամադրութիւնը առայժմ երկմտանքի առջեւ դրած է անոր: Դժուար է տեղեկանալ այս մարդոց որոշումին մասին, որ տառապանքի գինով ձեռք բերուած որոշում մըն է: Ժամանակ առ ժամանակ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը փակուելու վտանգը, կազի, ելեկտրականութեան ընդհատումները, սնունդի, կենցաղային իրերու, առողջապահական խնամքին պակասը, կրթութեան դժուարութիւնները եւ ամենակարեւորը՝ անորոշութիւնը մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր՝ կը խեղդեն Արցախի ժողովուրդը: Քիչեր կը հաւատան, որ ասիկա իրենց վերջին դժուարութիւնն է: Անոնք կ՚ըսեն, թէ ասիկա տակաւին նոր եկող դժուարութիւններուն սկիզբն է, «քաղաքակիրթ», առանց յարձակումի ճնշում մը՝ փորձելու իրենց կամքը, համբերութիւնը, տոկունութիւնը եւ շօշափելու արցախցիներուն, աշխարհին եւ այս խաղին մէջ խաղացողներուն տրամադրութիւնները:
Արցախցին լաւ հասկցած է իր վիճակը: Այլեւս դիմանալու, տոկալու, համբերելու կոչերը, յորդորները անիմաստ կը թուին: Որքա՞ն կարելի է հեռաձայնել ամէն ինչէ կտրուած մարդուն եւ ըսել՝ դիմացէ՛ք, տոկացէ՛ք… Հեռուէն շատ դիւրին է ըսել այս խօսքերը, անկարելի է նոյնիսկ սեփական մորթին վրայ զգալ այն, ինչ կը զգայ արցախցին:
Մեզմէ քանի՞ն ունակ է երկու ամիս ապրիլ առանց լիարժէք ելեկտրականութեան, պակաս սնունդով, առանց երթեւեկութեան վայել միջոցներու, պաղ տունին մէջ, երբ այդ հանգստաւէտութեան արդէն վարժուած է: Շատեր արցախցիներուն կը սատարեն եւ տոկալու ուժ կը մաղթեն եւ այդ մէկը կ՚ընեն՝ նստած իրենց փափուկ բազմոցներուն վրայ, տեսակ-տեսակ պտուղները սեղանին դրած, իրենց սառնարաններուն մէջ առատ պանիր, հաւկիթ, միս, բանջարեղէն կայ, խոհանոցի կրակին վրայ՝ կաթսան լիքը ճաշ, հացամանին մէջ՝ կոկիկ մանրուած հացերու տեսակներ, տաքուկ անկողինը՝ միւս սենեակին մէջ բացուած, վառելիքով լիքը ինքնաշարժը՝ դուրսը կեցած…
Արցախցին ուտելիքի մասին այնքան չի մտածեր այս պահուն, որքան իր վաղուան օրը կ՚ուզէ պատկերացնել: Երբեմն նոյնիսկ կը վիրաւորուին, երբ ուտելիքի մասին կը հարցնենք, կ՚ըսեն՝ ատիկա խնդիր չէ, ուտելիք կը ճարուի, իրարու օգնելով բան կը կ՚ուտենք, չենք մտածեր ինչ կերած ենք: Ուտելիքի զրկանքը այնքան չի նեղացներ, որքան վիրաւորանքը, լքուած ըլլալու զգացումը: Արցախցին համոզուած է, որ ինք արժանի չէ այս օրերուն: Դիմացած է վայրագ եւ սոսկալի պատերազմներու, ամիսներով ապրած է մութ, խոնաւ նկուղներու, ապաստարաններու մէջ, առանց կապի միջոցներու, հագուստներով քնացած է պաղ, հողոտ գետնին վրայ եւ ի վերջոյ իր լաւագոյն զաւակները տուած է՝ այն ժամանակ վստահ ըլլալով, որ լաւ օրերու համար են իր զրկանքները, տանջանքները, ցաւը… Ամենադժնդակ թուացող այն տարիներուն՝ 1990-ականներուն, երբ պատերազմի դաշտէն միայն սարսափելի լուրեր կ՚առնէինք, երբ Արցախի հիւանդանոցները լեցուն էին վիրաւորներով, նորէն լոյս, կազ չկար, արցախցին այսքան յուսայատ չէ եղած… Այն ժամանակ միջազգային կազմակերպութիւններ ալ կ՚այցելէին Արցախ, կը փորձէին սատարել, հասկնալ արցախցիին ցաւը, օժանդակութիւն կը հասցնէին… Այժմ ոչ ոք կ՚այցելէ Արցախ…
Բարեկամուհիս արցախցիի այսօրուան դրութիւնը նմանցուց փրփրուն գինիի՝ շամփայնի շիշին. «Երբ սեղմուած խցանը հանեն, պիտի պայթի, մարդիկ դուրս պիտի յորդին»:
Ի՜նչ խօսք, պատկերաւոր նկարագրութիւն է: Վառ պատկերացումներու պակաս չկայ: Արցախցին նոյնիսկ հատու հիւմորներ, կատակներ կ՚ընէ իր վիճակին շուրջ, բայց այդ սրամտութիւններէն ոչ մէկը կը փրկէ այս վիճակը: Արդէն ոչ մէկ խօսք այսօր բուժիչ է: Ուշացած իրավիճակ մը կայ, եւ դժուար է հասկնալ, թէ ո՞ր կէտին վրայ եղած է ուշացումը, թերացումը, ո՞վ եղած է յանցաւորը այս վիճակին… Քաղաքագէտներ գուցէ բացատրեն ատիկա, բայց այդ ալ արցախցիին ապրածը ոչ մէկ ձեւով կը թեթեւցնէ: Արցախին մէջ բնակող 120 հազար հոգին այսօր գործնական քայլերու կարիք ունի: Ճշմարիտ եւ արդար խօսքի կը սպասէ արցախին եւ կ՚ուզէ հաւատալ, որ այլեւս պիտի չխաբուի…
Ամէն անգամ որ մենք կը հաւաքենք 096 քոտով սկսող արցախեան ծանօթ թիւերը, եւ ամէն անգամ, որ պատասխանը կ՚ուշանայ, ես ոչ թէ կը մտահոգուիմ, այլ կ՚ուրախանամ, քանի որ պատասխանելու պարագային ես այլեւս չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի ըսեմ իմ բարեկամներուս: Ամէն անգամ կ՚ուզեմ, որ ուշ պատասխանեն կամ այդ անգամը չպատասխանեն, մինչեւ ես որոշեմ, թէ ի՛նչ նոր խօսքեր պիտի մոգոնեմ՝ իբր թէ յոյս, ուժ պարգեւելու մարդոց, որոնք ատոր կարիքը այլեւս չունին…
Մէկ այլ ծանր տպաւորութիւն կը ձգէ համացանցային կապի միջոցով Ստեփանակերտ կապուիլը, երբ Ստեփանակերտ բառին փոխարէն «Google»ը կը գրէ «Խանքենտի»: Ասիկա Ստեփանակերտի ատրպէյճանական անուանումն է, որ արդէն արձանագրուած է միջազգային թուային ընկերութիւններու համակարգերուն վրայ…
ԱՐՑԱԽԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՇՏԱՊԷՆ ԵՒ ԼՐԱՀՈՍԷՆ
Շրջափակման պատճառով Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը (ներառեալ՝ շուրջ 30 հազար երեխայ, 20 հազար տարեց, 9 հազար անդամալոյծ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ կանգնած է նաեւ թերսնումի եւ պաղառութեան վտանգին առջեւ:
Սնունդի սակաւութեան պատճառով՝ յունուար 9-էն ամբողջութեամբ կամ մասամբ փակուած է 41 մանկապարտէզ, 56 նախադպրոցական խումբ։
6828 երեխայ այսօր չի կրնար մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկարօրեայ դպրոց յաճախել՝ զրկուելով համապատասխան խնամք, սնունդ եւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն:
Յունուար 18-էն ջեռուցման ու ելեկտրամատակարարման խնդիրներուն պատճառով խախտուած է Արցախի բոլոր 118 դպրոցներուն աշխատանքը, աւելի քան 20 հազար երեխայ կրթութիւն ստանալու իր իրաւունքը չի կրնար իրականացնել պատշաճ պայմանններու մէջ: Հակառակ որ ջեռուցում կայ, բայց լոյսի անջատումներով պայմանաւորուած՝ դասասենեակներուն մէջ ջերմաստիճանը պէտք եղածէն ցած կը մնայ, այդ պատճառով երեխաները դասի կը նստին վերարկուներով։ Այս բոլորին հետ ուտելիքի սղութեան եւ քիչութեան պատճառով երեխաները հնարաւորութիւն չունին սնուիլ դպրոցական ճաշարաններուն մէջ։
Մինչեւ փետրուարի 5-ը Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 70 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։
Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող առողջապահական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ յետաձգելի նկատուող վիրահատութիւնները։ 568 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն եւ վիրահատութիւնները ձգուած են աւելի ուշ ժամանակի:
Ստեփանակերտի «Արեւիկ» մանկական հիւանդանոցին մէջ 7 երեխայ կը գտնուի նորածինային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ:
Արցախի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ 12 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։
Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5100 մարդ կորսնցուցած է իր աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը։
Հայաստանի մէջ գտնուող արցախցի երեխաները, Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութամբ միացած են իրենց ընտանիքներուն: Ցուցակագրուելով եւ սպասելով իրենց կարգին՝ Արցախէն խումբ-խումբ դուրս գալու հնարաւորութիւն ստացած են նաեւ հոն մնացած հայաստանցիները եւ օտարերկրացիները:
Աւելի քան 21 հազար 200 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մատակարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուած է անոր միայն չնչին մասը:
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալը պատմած է, որ ճգնաժամային վիճակ մը կայ խոզաբուծութեան եւ հաւաբուծութեան ոլորտներուն մէջ՝ պայմանաւորուած այն հանգամանքով, որ այդ կենդանատեսակները կը սնուին բացառապէս հատիկային կերով, որ կը ներմուծուէր Հայաստանէն։ Շրջափակման շարունակման պարագային խիտ եւ հատիկաւոր կերերու սակաւութեան առումով վտանգի առջեւ է Արցախի անասնաբուծութիւնը: Այս օրերուն արդէն Արցախի շուկային մէջ տաւարի եւ ոչխարի միսի պակաս կը նկատուի։
Շրջափակման օրէն ի վեր աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտած են Ատրճէյճանի գործողութիւնները եւ կոչ ըրած՝ վերացնել շրջափակումը:
Հարցը քննարկուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը պարտաւորեցուցած է Ատրպէյճանին՝ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները վերացնելու շրջափակումը, հարցը քննարկուած է նաեւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ՝ Ցեղային խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրէն ներս:
Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի շրջափակման աղէտալի հետեւանքներուն մասին բանաձեւ մը ընդունուած է։
Շրջափակումը, սակայն, կը շարունակուի: 12 փետրուարին կը լրանայ երկու ամիսը՝ ատրպէյճանցի խումբ մը մարդիկ գոցած են Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան