ՈԳԵՂԷՆ ԱՊԱՐԱՆՔԸ
Հոկտեմբեր 2010-ին կը գտնուէի Պէյրութ։ Այցելութիւն մը տուած էի բարեկամիս, որ նոր վերադարձած էր Սիս-Քոզան կատարած աշխատանքային ճամբորդութենէ մը։ Խանդավառ ցոյց կու տար իր քաշած լուսանկարները, որոնց շարքին կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր Եաւէրին Քոնաքը, Սիս-Քոզանի հրաշագեղ տուներէն մէկը։ Բարեկամս կը պատմէր, որ սոյն տունը նախապէս պատկանած է հայու մը, տարիներ շարունակ լքուած ու կիսափլատակ մնացած է։ Իսկ վերջերս տեղւոյն քաղաքապետարանը, որ կը գտնուի ԱՔ կուսակցութեան ձեռքը, ինք յանձն առած է ապարանքին նորոգութիւնը, վերածած է զայն պանդոկ-ճաշարանի մը, որ Սիս-Քոզանի զբօսաշրջիկական ամենէն աչքառու ու տպաւորիչ վայրերէն մէկն է։ Ապարանքին մասին մինչեւ իսկ գոյութիւն ունի համացանցային կայքէջ մը, որուն միջոցաւ կարելի է տեսնել շէնքին թէ՛ արտաքին դիմագիծը եւ թէ ներքին կառուցուածքն ու զանազան սենեակներուն կահաւորումները։
Այս բոլորին մէջ արտասովոր բան մը պէտք չէ անպայման փնտռել։ Նոյնիսկ կարելի է գովել այսպիսի նախաձեռնութիւն մը, որ անցեալէն մնացած կառոյց մը կը վերականգնէ իր հարազատ ձեւով եւ երբեմն ալ յանդգնութիւնը կ՚ունենայ ապարանքին իսկական սեփականատէրին անունը նշելու։ Ի վերջոյ այսպիսի քայլեր մեծապէս նախընտրելի են անցեալի քաղաքականութենէն, որ կը միտէր հայերու հետքը վերջնականապէս ջնջել երբեմնի հայաբնակ այս վայրերէն՝ քանդելով հայերու պատկանած համայնքային կամ անհատական շէնքերն ու կառոյցները ու սրբելով այս տեղերէն անոնց երեւելի հետքերը։
Բայց ո՛չ։ Բարեկամիս ցոյց տուած Եաւէրին Քոնաքին պատկերը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մեծ-մեծ հօրս՝ Գրիգոր Մճրգեանին (կոչեցեալ Եաւէր էֆենտի) սեփական տունը…
Այս պատճառով ալ ապրած անձնական ցնցումս մեծ էր։ Մինչեւ այդ այս տունը մաս կը կազմէր մեր ընտանեկան հաւաքական յիշողութեան։ Տարիներու ընթացքին մեծերը մահացած էին, իսկ իրերայաջորդ նոր սերունդները նոյնիսկ այլեւս չէին կրնար սոյն ապարանքը տեղադրել Սիս-Քոզան քաղաքի հին կան նոր համայնապատկերներուն վրայ։ Բայց տունը միայն աշխարհագրական կէտ մը չէր, անիկա նաեւ ամբողջ ժառանգութիւն մըն է անձնական յուշերու, որոնք առայսօր վառ կը մնան մեր ընտանեկան-գերդաստանային միջավայրին մէջ։
Առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ լուրը հաղորդել մօրս՝ Եաւէր էֆենտիին թոռնուհիին, եւ ցոյց տալ անոր ապարանքին արդի պատկերները։ Լուրը շատ արագ տարածուեցաւ մօրս մօտ 15 զարմիկ ու զարմուհիներու շրջանակին մէջ՝ բոլորն ալ Գրիգոր Մճրգեանին թոռներն ու թոռնուհիները։ Պատմագէտի փորձառութիւնս գործի դնելով՝ սկսայ համակարգել աշխատանք մը, որ կը միտէր այս ազգականներէս քաղել տան մասին անձնական յիշողութիւններ՝ իրենց հայրերէն ու մայրերէն փոխանցուած։ Պատմուածները յուշերու պատառիկներ էին. փաստօրէն անոնցմէ ոչ մէկը այս ապարանքին մէջ ապրած էր. Գրիգորին դուստրը Զարուհին այս տան մէջ դաշնամուր նուագել սորված է. նոյն դաշնամուրին վրայ Գրիգորին կինը՝ Հռիփսիմէն, կը նուագէր «Հայր Մեր»ը, որ սորված էր նոյն քաղաքին մէջ գտնուող Կաթողիկոսարանի միաբաններէն մէկէն. այլ դուստր մը՝ Երանուհին, մեծ տպաւորութեամբ կը յիշէր տան մեծութիւնը, անոր ընդարձակ բակը, այնտեղ գտնուող նարնջենիները. ան յաճախ կը կրկնէր նաեւ որ իրենց տան մէջ տուշ ու ելեկտրական զանգ կային։ Մայրս պահած է տակաւին սուրճի գաւաթներու ամբողջ սեթ մը, որ ժամանակին Եաւէր էֆենտին բերած է Երուսաղէմէն ու նուիրած՝ իր կնոջը, որ ընտանեկան յիշողութեան մէջ կը նշուի «Անա» անունով։ Կը պատմուի նաեւ Եաւէր էֆենտիին հարստութեան «գաղտնիք»ը. անոր մայրը՝ Գալինճի Անան, Սիս-Քոզանի բարեկեցիկ ընտանիքներէն՝ Փաշապէզեաններուն մօտ լուացարարուհի էր։ Փաշապէզեաններուն դուստրը՝ Հռիփսիմէն, 21 տարեկան էր, եւ այն ժամանակներուն կը համարուէր այլեւս «տունը մնացած»։ Այստեղ է որ կ՚որոշուի զայն կնութեան տալ լուացարարուհիին որդիին՝ գեղադէմ ու պարթեւակազմ Գրիգորին։ Ամուսնութիւնը կը կնքուի, Գրիգոր անմիջապէս որոշ հարստութեան տէր կ՚ըլլայ եւ շնորհիւ իր ձեռներէցութեան՝ շատ արագ կը բարելաւէ նիւթական իր դրութիւնը ու կը դառնայ Սիս-Քոզանի ամենէն երեւելի առեւտրականներէն մէկը։
Տարօրինակը հոն է, որ որքան կը խորանայի այս պրպտումներուս մէջ՝ մտքիս մէջ այնքան աւելի կը վերականգնէր ու կը վերաթարմանար այլ տան մը յիշողութիւնը, որ միայն անուղղակիօրէն առընչուած է Սիս-Քոզանի Եաւէր էֆենտիի ապարանքին։ Այս մէկը մեծ հօրս՝ Խաչիկ Մճրգեան-Եաւէրեանին Պէյրութի տունն է՝ երկաթէ կամուրջին ճիշդ դիմացը։ Այստեղ է որ յաճախ կը հաւաքուէին Եաւէր էֆենտիի վեց զաւակները՝ Երանուհին, Զարուհին, Հայկուհին, Խաչիկը, Միսաքը եւ Նուպարը։ Անոնց մեծամասնութիւնը այն ժամանակ կ՚ապրէր Պէյրութ, յաճախ միասին կը տօնէին Զատիկն ու Կաղանդը ու շրջապատուած կ՚ըլլային իրենց զաւակներով ու թոռներով։ Իսկ տան պատէն կախուած էր մեծածաւալ ու գունաւոր պատկերը Եաւէր էֆենտիին, որ կարծէք դարձած ըլլար ընտանեկան իքոն մը։ Պէյրութը ձեւով մը Սիս-Քոզանին տեղը առած էր, ընտանեկան բոյնը վառ կը մնար, բոլորը միատեղ էին ու կեանքը հեզասահ կը շարունակուէր։
1970-ական թուականներուն ծայր առած Լիբանանի պատերազմը աղէտ մը պիտի ըլլար մեր եւ ինչպէս շատ-շատերու ընտանեկան-գերդաստանային այս ապրելաձեւին։ Զինեալ բախումները կացինի հարուած մը պիտի տային գերդաստանային այս գոյնզգոյն մթնոլորտին. Եաւէր էֆենտիի զաւակները, թոռներն ու ծոռերը պիտի տարանջատուէին, ամէն մէկը պիտի երթար տարբեր ուղղութեամբ. Մարսէյլ, Լոս Անճելըս, Նիս, Սան Ֆրանսիսքօ, Փարիզ, Մոնթրէալ, Պերլին եւ շատ քիչեր ալ պիտի մնային Պէյրութ։ Իսկ ձեւով մը աղէտին գագաթնակէտը պիտի ըլլար այն ռումբը, որ պատերազմի թէժ օրերուն պիտի հար-ւածէր մեծ հօրս բնակարանը, տունը անմիջապէս պիտի հրկիզուէր, իր հետ առյաւէտ տանելով նաեւ Սիս-Քոզանէն մնացած լուսապատկերներ, անձնական իրեր, ինչպէս նաեւ պատէն կախուած Եաւէր էֆենտիին մեծադիր պատկերը…
Մեծ հօրս հրկիզուած ու կիսաքանդ տունը տակաւին նոյն տեղն է։ Ամէն անգամ որ Պէյրութ երթամ ու անցնիմ անոր առջեւէն սրտցաւութիւն մը կը պատէ զիս։ Հաւանաբար ան ալ Պէյրութի շատ մը հին տուներուն նման օր մը պիտի քանդուի ու փոխարէնը պիտի կառուցուի արդիական շէնք մը։ Ինձ համար այս տունը վկան է աղէտի մը, որուն ամենէն դժուար ու ծանր պահերը ես ինքս ապրեցայ լիբանանեան պատերազմին ողջ տեւողութեան։
Տարբեր չէ պարագան նաեւ Եաւէրին Քոնաքին՝ Սիս-Քոզանի մէջ… Աւելի՛ն, կը կարծեմ որ ան աղէտին սկզբնաղբիւրն է։
Այստեղ էր որ 1918-ի սկիզբը պիտի բերուէր Եաւէր էֆենտիի դիակը։ Հռիփսիմէն անմիջապէս իր վեց զաւակները վերի յարկը պիտի բարձրացնէր, որպէսզի փոքրիկները չտեսնէին իրենց հօր անշնչացած մարմինը։ Շնորհիւ իր ազդեցիկ կապերուն, Գրիգոր էֆենտին Մեծ Եղեռնի այս տարիներուն փաստօրէն յաջողած էր ինքն ու իր ընտանիքը զերծ պահել տեղահանութեան հրամանագիրէն։ Բայց պատերազմի վերջին տարին իթթիհատական կուսակցութեան անդամ իր ընկերները ի վերջոյ կը սպաննեն զինք։ Քանի մը տարի առաջ երբ Նանթ քաղաքին մէջ հետազօտութիւններ կը կատարէի Կիլիկիոյ ֆրանսական իշխանութիւններուն արխիւներուն մէջ, պատահաբար գտայ իրաւական թղթածրար մը, որ կը վերաբերէր Գրիգոր էֆենտիին սպանութեամբ ամբաստանուած հինգ անձերուն։ Անոնցմէ մէկը Սիս-Քոզանի դատական խորհուրդին նախագահն էր, իսկ միւսն ալ՝ քաղաքապետութեան դիւանակալը։ Ամբաստանեալնեը փախուստի մէջ էին, իսկ ֆրանսական իշխանութիւնները կը սպառնային անոնց ընտանիքները Քոզանի շրջանէն վտարել, եթէ տուեալ անձերը արդարութեան չյանձնուէին։ Հետագային, քաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ, հետաքքնութիւնը կանգ կ՚առնէ ու Եաւէր էֆենտիի դատական թղթածրարն ալ ուրիշ շատերու նման կը փակուի ու կը մոռցուի։
Ընտանիքին միւս անդամները պիտի շարունակէին այս ապարանքին մէջ բնակիլ տակաւին քանի մը տարի եւս։ Զինադադարէն ետք, ֆրանսական բանակը կը գրաւէ նաեւ Սիս քաղաքը։ Տեղահանուած ու վերապրած հայերը կը վերադառնան այստեղ ու նոր կեանք մը ծայր կ՚առնէ։ Մեր ընտանիքին մէջ տան անդրանիկ տղան՝ մեծ հայրս՝ Խաչիկը, կարծէք թէ այսուհետեւ ինք կը ստանձնէ տան երէցի պաշտօնը։ Ինքն է որ այդ տարիներուն սպաննուած հօր փոխարէն կը վարէ Սիս-Քոզանի երեւելիի դերը՝ ստանձնելով պետական ու համայնքային պաշտօններ։ Բայց ժամանակները թաւագլոր կը փոխուին։ Թրքական զօրքերը մօտեցած էին քաղաքին եւ ֆրանսական իշխանութիւնները հրաման կու տան իրենց զօրամասը քաշել այստեղէն։ Մայիս 1920-ին, ֆրանսական այս նահանջին կ՚ընկերանայ քաղաքին ամբողջ հայութիւնը։
Բայց մեր ընտանիքին մէջ, Եաւէրին Քոնաքին կապուած այս պատմութիւնը այստեղ ալ վերջ չի գտներ։ Կար տակաւին այլ ժամադրութիւն մը, թէեւ շատ աւելի ուշ։ Մեծ հայրս աքսորի իր տարիներուն ընթացքին կապը շարունակած էր պահել Սիսի իր թուրք դրացիներուն հետ։ 1960-ական թուականներուն անոնք նոյնիսկ կը հրաւիրուին Լիբանան ու կը հիւրընկալուին մեծ հօրս կողմէ։ Ինչպէս ալ կարելի է ենթադրել, կը պատմուի որ այսպիսի այցելութիւն մը լաւ չ՚ընկալուիր հայկական համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ։ Բայց կարծեմ մեծ հայրս անշեղօրէն կը հետապնդէր այլ ծրագիր մը։ Ան ենթահողը կը պատրաստէր վերջին աքթի մը, զոր տարիներ շարունակ երազած էր իրագործել. այցելել իր հայրենի տունը։ Իսկապէս ալ, թուրք բարեկամները պէյրութեան հիւրընկալութեան կը փոխադարձեն եւ մեծ հայրս կը հրաւիրեն Սիս-Քոզան։ Ան իր հայրենի քաղաքը կը հասնի 1960-ականներու վերջաւորութեան ու կ՚այցելէ Եաւէրին Քոնաքը, իրենց սեփական տունը…
Վերադարձին ան սրտի կաթուած կ՚անցնէ եւ քանի մը տարի ետք ալ կը մահանայ…
Մօտ հարիւր տարի անցած է այն օրէն ի վեր, երբ Եաւէրին Քոնաքին իսկական սեփականատէրերը ձգեցին իրենց հայրենի քաղաքը ու վերջնականապէս բնակութիւն հաստատեցին այլ վայրերու մէջ։ Տարօրինակը այն է, որ մեծ-մեծ հօրս պատկանած ապարանքին յիշատակը, անոր կապուած այսօրուան իրադարձութիւնները կը շարունակեն յուզել ինձ ու ազգականներս։ Խորքին մէջ կը դժուարանամ գտնել այս երեւոյթին յստակ ու բաւարարող պատասխանները։ Ամբողջ հարցը իր մէջ կը պարփակէ զանազան հակասութիւններ։ Փաստօրէն ուրախ եմ որ անձնական աղօտ ու հինաւուրց յիշողութիւններու մառանէն նոր ու իրական դիմագիծով մը առջեւս կը պարզուի մեր ընտանեկան ապարանքը։ Այլեւս կենդանի իրականութիւն մըն է անիկա. հպարտ եմ անոր շքեղ կերպարով, նոյն հպարտութեամբ ալ զայն ցոյց կու տամ բարեկամներուս, քանի մը տարի վերջ ալ վստահաբար ցոյց պիտի տամ երկու զաւակներուս։ Վստահ եմ քանի-քանի հայեր պիտի փափաքէին ու պիտի երազէին նոյն այս վերականգնած վիճակին մէջ տեսնել իրենց նախահայրերուն երբեմնի տունը։
Կայ, սակայն, հարցին դժուարամարս կողմը։ Աչքէ կ՚անցընեմ Սիս այցելած բարեկամիս իր հետ բերած գրքոյկները, ուր գրութիւններ կան Եաւէրին Քոնաքին պատմութեան ու վերակառուցման գործին մասին։ Առաջին հերթին հետաքրքրական ու գովելի է որ ամէն տեղ ալ նշուած է ապարանքին տիրոջ՝ մեծ-մեծ հօրս անունը, անոր ազգային ինքնութիւնը։ Բայց կայ նաեւ մետայլին միւս երեսը. անընդմէջ կը շեշտուի անոր օսմանցի հաւատարիմ քաղաքացի մը ըլլալը, «եաւէր»ի տիտղոսին տիրանալը։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը։ Ո՞վ է հաւատարիմ քաղաքացիի գաղափարը սահմանողը։ Արդեօք այսօրուան Թուրքիոյ մէջ հայու մը տունը պետական միջոցներով վերանորոգելու համար նախ պէտք է արդարացնել անոր հաւարատմութի՞ւնը պետութեան առջեւ։ Իսկ աւելի անընդունելին այն փաստն է, որ Գրիգոր-Եաւէր էֆենտի Մճրգեանին շառաւիղները ամբողջովին անտեսուած են վերակառուցման այս ամբողջ գործընթացէն։ Ի վերջոյ մեծ-մեծ հայրս միայն անուն մը չէ, ունեցած է վեց զաւակներ, ունեցած է բազմաթիւ թոռներ ու ծոռեր, որոնցմէ մէկն ալ ես ինքս եմ։ Բայց վերակառուցման ձեռնարկողներուն համար կարծէք մենք բացականեր ենք, մեծ բացականեր։ Այո՛, իրականութիւն է որ տեղւոյն համայնապատկերէն բացականեր են Սիս-Քոզանի երբեմնի հայերը, բայց կարծէք նաեւ բացականեր կը համարուինք ընդհանրապէս, առյաւէտ։
Խորքին մէջ ամբողջ ոգեղէն անցեալ մը մեզ կը կապէ Եաւէրի ապարանքին հետ։ Կարծեմ ճիշդ այս ոգեղինացման գործօնին մէջ ալ կը կայանայ բուն հարցը։ Ապարանքը իմ ու ազգականներուս համար այսքան տարի գոյատեւած է իբրեւ ոգեղէն կառոյց մը, լի զանազան յիշատակներով, այնպէս ինչպէս ոգեղէն կառոյց մըն է նաեւ մեծ հօրս այսօրուայ կիսափլատակ պէյրութեան տունը՝ երկաթէ կամուրջին դիմացը։ Բայց երկու տուներուն միջեւ բաղդատականը թերեւս միայն այս կէտին մէջ ալ կը սահմանափակուի։ Մեծ հայրս Պէյրութի մէջ վարձակալ էր տան մը, որ սկիզբէն իսկ իրը չէր. բնակարանը կը քանդուի ու կը հրկիզուի դառնաղէտ ու խելակորոյս պատերազմի մը ընթացքին, երբ մեծ հօրս պատկանած համայնքը ուղղակի թիրախ մը չէր։ Մէկ խօսքով այստեղ բացակայ է իրաւազրկումի պահը։
Եաւէր էֆենտիին Քոնաքին պարագային առաջին հերթին գոյութիւն ունի չլուսաբանուած ու անպատիժ մնացած ոճիրը, որ մեր ընտանիքին հաւաքական յիշողութիւնը կը կապէ այս տան հետ։ Կայ նաեւ ընդհանուր տեղահանութիւն մը, որ վերջնականապէս կը խզէ նիւթական կապը մեր ընտանիքին ու այս ապարանքին միջեւ։ Ոճիրն ու խզումը կը կարծեմ այլ հանգամանք մը կու տան ամբողջ հարցին. այնքան որ խլուած հայրենի տունը, հակառակ տասնամեակներու թաւալումին, կը դառնայ անարդարութեան մը խորհրդանիշը։
Հետեւաբար, ինձ եւ վստահաբար նաեւ շատ մը ազգականներուս համար Եաւէրին Քոնաքին վերակառուցումը, զայն շքեղ պանդոկ-ճաշարանի վերածելը մասնակի եւ ինչու չէ նաեւ գայթակղալի աքթ մը կը համարուի, այնքան ատեն որ մեզ բաւարարող պետական պատասխան մը չունինք Գրիգոր Եաւէր էֆենտի Մճրգեանին դէմ գործուած ոճիրին մասին, այնքան ատեն որ պետական մակարդակով յստակօրէն ու առարկայականօրէն չէ ըսուած թէ ինչու օրին մէկը Եաւէրին զաւակները՝ Խաչիկը, Միսաքը, Նուպարը, Երանուհին, Զարուհին եւ Հայկուհին, իրենց մօր՝ Հռիփսիմէին հետ, փութով թողեցին Սիս-Քոզանը ու այնտեղի իրենց շքեղ ապարանքը ու բնակութիւն հաստատեցին օտար ափերու վրայ։
Համոզուած եմ որ այս հարցերուն պատասխաններ գտնելէ ետք միայն Եաւէրին Քոնաքն ու անոր հետ կապուած պատմական ժառանգութիւնը վերականգնելը նոր իմաստ կրնայ առնել։ Այն ժամանակ թերեւս նաեւ կարելի ըլլայ վերականգնել շատ մը այլ տուներ, նոյնպէս ժամանակին հայերու սեփականութիւններ, հայկական համայնքային հաստատութիւններ, որոնց շարքին եկեղեցի, դպրոց, խաչքար։ Այն ժամանակ ի վերջոյ կարելի ալ պիտի ըլլայ ստեղծել Սիս-Քոզանի հայերուն մասին նոյն քաղաքապետութեան ծախսերով թանգարան մը, ուր պիտի պատմուի նախահայրերուս պատմութիւնը այս քաղաքէն ներս՝ սկզբնական ժամանակներէն մինչեւ այն դժբախտ օրը, երբ ստիպուեցան լքել իրենց հայրենի տունը։ Այսպիսի ձեռնարկի մը ես ինքս ալ պիտի փափաքէի իմ սիրայօժար մասնակցութիւնս բերել։
ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ