«ԱՐԱՍ» ԳՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ԴՐԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է երկու յատկանշական գիրքերու վերահրատարակութիւնը։ Անոնցմէ մին է Զաւէն Պիպէռեանի նշանաւոր «Մրջիւններու վերջալոյսը», իսկ միւսը՝ «Հայ սպայի մը Տարտանէլի եւ Արեւելեան ճակատի օրագրութիւնը (1914-1918)», որու հեղինակն է Աւետիս Ճէպէճեան։
Զաւէն Պիպէռեանի վէպը, որ առաջին անգամ 1970 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ որպէս թերթօն լոյս տեսած է, թրքերէնի թարգմանուած է Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ «Արաս» նախապէս ալ Զաւէն Պիպէռեանի այս գործին թարգմանութիւնը հրապարակած էր, սակայն այս անգամ աւելի կատարելագործուած տարբերակ մը դրուած է ընթերցողներու տրամադրութեան տակ։ Աւելին, ներկայ թարգմանութիւնը կը կրէ գործին բուն անունը, որովհետեւ 1998 թուականին կատարուած նախորդ թարգմանութիւնը ընթերցողին ներկայացուած էր այլ շեշտադրումով անունով մը։
Իսկ Աւետիս Ճէպէճեանի գործը, որ ականատեսի վկայութիւններով ունի փաստավաւերագրական կարեւոր նշանակութիւն, թրքերէնի թարգմանուած է Թագուհի Թովմասեանի կողմէ։ Աւետիս Ճէպէճեան եղած է Այնթապի մէջ ծնած բժիշկ մը։ Տարտանէլի եւ Արեւելեան ճակատի մէջ գտնուած է՝ որպէս Օսմանեան բանակի սպայ եւ իր ապրումները արձանագրած՝ օրագրութեան մէջ։ Առաջին աշխարհամարտի շրջանին Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր եւ սպաները միեւնոյն ժամանակ բուռն վէճերու առարկայ դարձած են։ Աւետիս Ճէպէճեանի օրագրութիւնն ալ կարեւոր նպաստ մը կը համարուի այդ վէճերուն տեսակէտէ։ Հրատարակչութիւնը կը մատնանշէ, որ այս գործը ուղղուած է մանաւանդ անոնց, որոնք մարդասիրական տեսանկիւնէ մը դիտարկել կը ձգտին պատմութիւնը։
Գրասէրները վստահաբար անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնեն «Արաս»ի այս երկու գործերը։