ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԸՍՈՒԱԾԸ
Պատերազմը մարդկութեան պատմութեան նման հին երեւոյթ մըն է։ Ըստ ուսումնասիրութիւններու, մօտաւորապէս 6 հազար տարիէ ի վեր մարդիկ «կազմակերպուած» ձեւով կը կռուին իրարու հետ։ Թագաւորներ, ազգեր, դաշինքներ, պետութիւններ, իրարու հետ տեւական բախման մէջ եղած են։ Հետազօտութիւնները կը փաստեն, թէ մինչ այժմ տեղի ունեցած պատերազմներու թիւը կը կազմէ աւելի քան 14 հազար։ Սա կը նշանակէ, թէ մարդկութիւնը շատ կարճ ժամանակահատուածի մը համար ապրած է առանց պատերազմի։ Այստեղ հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ մարդիկ, ազգերը, պետութիւնները կը պատերազմին իրարու դէմ։ Անոնց միջեւ հակամարտութիւնները ինչո՞ւ խաղաղ ճանապարհով չեն լուծուիր։
Ըստ քաղաքագիտութեան հիմնադիրը համարուող Արիստոտելեսի, հաւաքականութիւններու միջեւ հակամարտութիւններու լուծման համար կայ երկու հիմնական ճանապարհ։ Առաջինը՝ քաղաքականութիւնն է, իսկ միւսը՝ պատերազմը։ Ի հարկէ, ամենաբնականը, ամենալաւ այլընտրանքը խնդիրը լուծելն է խաղաղ ճանապարհով, այսինքն՝ քաղաքական ու դիւանագիտական խողովակներով։ Փաստօրէն, քաղաքական որոշումներու «հիմքին» գտնուած իրաւունքի կանոնները կը նախատեսեն վէճերու խաղաղ ճանապարհով լուծումը՝ առանց բռնութիւն կիրառելու, իրաւունքներու եւ արդարութեան սահմաններու ներքեւ։ Սակայն, երբ մարդիկ եւ պետութիւններ չեն կրնար համաձայնութիւն հաստատել եւ ազգերն ու առաջնորդները կը հակասեն իրարու, պատերազմի երեւոյթը ի յայտ կու գայ եւ... Պատերազմը արիւն ու արցունք է բոլորի համար, ինչ պատճառով ալ ըլլայ, այդ մարդկային ողբերգութիւն է։
Ըստ փրուսիացի յայտնի զօրավար եւ պատերազմական գրող Քարլ ֆոն Քլաուսվիցի, պատերազմը քաղաքականութեան ընդլայնումը, «յաւելւածն» է։ Այսինքն՝ պատերազմը եւ քաղաքականութիւնը սերտօրէն կապուած են իրարու։ Քաղաքականութիւնը հիմնուած է բանակցութիւններու, երկխօսութեան, հաշտեցման եւ կամ փոխադարձ զիջումներու վրայ, իսկ պատերազմը՝ ուժ կիրառելու, ստանալու այն ինչ որ կ՚ուզեն։ Մեր դարաշրջանին այս «ուժ»ը զինուած է բազմատեսակ սարսափելի զէնքերով։ Միջուկային, քիմիական, կենսաբանական զէնքերը, հրթիռները, անօդաչու թռչող սարքերը եւ այլ տեսակի մահաբեր կործանիչներ կ՚օգտագործուին այս «ուժ»ը կիրառելու համար։
Հին ժամանակներէն ի վեր շատ մտաւորականներ, նկարիչներ, քանդակագործներ, բանաստեղծներ եւ գրողներ փորձած են պատկերացնել պատերազմի պատճառած ցաւը, տառապանքը, սարսափը եւ անոր աղիտալի ու աւերիչ հետեւանքները։ Այդ բոլոր օրինակները մեզի ցոյց կու տան, թէ մարդկային խիղճը ընդհանրապէս կը մերժէ պատերազմը։
Մանաւանդ այս ծանր շրջաններուն, երբ բոլոր լրատուամիջոցները, թերթերը ողողուած են պատերազմներու, մարդկային կորուստներու մասին լուրերով, անխուսափելի է յուսահատութեան չմատնուիլ եւ անկարելի կը թուի նոյնիսկ հայեացք մը նետել ապագային վրայ։ Ամէնուրեք բռնութիւն, արիւնահեղութիւն… Քաղաքներ՝ աւերակ, երեխաներ՝ ծնողազուրկ, ծնողներ՝ սգաւոր, տուներ՝ դատարկ, ընտանիքներ՝ գաղթական, «մարդասիրութիւն»ը՝ ոչնչացած…
Պատերազմի արհաւիրքէն փրկուելու համար ամբողջ մարդկութիւնը, կառավարութիւնները, ղեկավարները պէտք է միասին աշխատին՝ չորցնելու համար պատերազմի սերմերը եւ ջրելու համար խաղաղութեան ծիլերը։ Ներքին եւ արտաքին խնդիրները լուծենք սիրով, փոխըմբռնմամբ, հանդուրժողութեամբ եւ համագործակցութեամբ, այլ ոչ թէ մարտերով, ահաբեկումներով կամ զէնքերով։ Սա պէտք է ըլլայ բոլորի հիմնական կարգախօսը։
Լոյսը թող յաղթէ խաւարին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024