ՃԱՇ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌԱՄԲ… ԵՒ ԱՅԼ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Հայ Առաքելական Եկեղեցու 130-րդ Կաթողիկոս, հայագէտ, Հայաստանի Ազգային հերոս Վազգէն Ա.-ի 115-ամեակը կը լրանայ այս տարի: Ան ծնած է 1908 թուականին՝ Ռումանիա եւ իր հոգեւոր ծառայութեան սկսած այդ երկրին մէջ, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուած 1955 թուականին:

Անոր մասին յուշերը առանձնակի մտերմութեամբ շարադրած են զինք ճանչցողները եւ մենք առիթն ունեցած ենք այդ շարքէն անդրադառնալու Հայաստանի վաստակաւոր բժիշկի կոչում ունեցող տոքթոր Յովսէփ Յովասափեանի յուշերուն:

Այս անգամ կ՚անդրադառնանք հայ նշանաւոր գիտնական, կենսաբնագէտ, Կենսաբնագիտութան համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Ծովակ Աւագեանի (1926-2011թթ.) յուշագրութեան:

Գիտնականը մտերիմ եղած է իր ժամանակի բազմաթիւ մտաւորականներու, պետական, քաղաքական եւ հոգեւոր առաջնորդներու հետ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ Ծովակ Աւագեանի բարեկամութիւնը սկիզբ առած է 1962 թուականին, երբ գիտնականը բախտն ունեցած է Վեհափառին խնդրանքով Սուրբ Էջմիածնի մէջ գործող իր հիմնած գիտական կեդրոններէն մէկուն մէջ հիւրընկալելու այդ տարուան կաթողիկոսական ժողովի մասնակից թիւով քսան հոգեւորականները: Հոգեւոր հայրերը գոհ մնացած են այդ այցէն, եւ նոյն երեկոյեան գիտնականը հրաւիրուած է Երեւանի ֆիլհարմոնիք համերագասրահ, ուր Վեհափառի օթեակին մէջ Վեհափառին եւ հիւրերուն հետ ներկայ գտնուած է համերգի մը: Իր յուշերուն մէջ Ծովակ Աւագեան կը գրէ, որ այդ օրուընէ վերջ Վազգէն Պուխարեսթցի Կաթողիկոսը իրեն համար դարձած է պաշտելի հոգեւոր հայր, մեծ խորհրդատու, ամենաբաղձալի բարեկամ եւ մտերիմ անձ, որուն հովանաւորութեամբ միասին բազում ծրագիրներ իրականացուցած են ինչպէս Հայաստանի, Արցախի, այնպէս ալ՝ սփիւռքի մէջ: Իր յուշագրութեան սկսած է Ծովակ Աւագեան այն պատմութիւնով, երբ 1940-ականներուն, ինք, տակաւին շատ երիտասարդ, գարնանային օր մը իր ընկերոջ հետ կ՚այցելէ Սուրբ Էջմիածին, եւ երկուքը, տարուած Եւրոպա ճամբորդելու երազով, յանկարծ վանքին մէջ խաչ մը կը տեսնեն, զիրար խրախուսելով կ՚որոշեն զայն տանիլ, վաճառել եւ իրականացնել իրենց պատանեկան երազանքը: Վանքին մէջ այդ պահուն մարդ չկար եւ տղաքը կը յանդգնին դուրս հանել խաչը: Սակայն ճամբու կէսին կը հասկնան իրենց արարքին սարսափելի ըլլալը եւ խաչը ետ կը տանին իր տեղը՝ եկեղեցի: Երբ արդէն նշանաւոր գիտնական էր եւ Վեհափառին կողմէ հրաւիրուած էր համերգի, Ծովակ Աւագեան իր մտորումները կը շարադրէ հետեւեալ ձեւով.

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հիմա, ճիշդ այս երեկոյ, հանդիպում մը պիտի ունենամ Ամենայն Հայոց Վեհափառին եւ անոր հիւրերուն հետ: Ինչո՞ւ պիտի հանդիպիմ, ինչի՞ մասին պիտի խօսիմ Վեհափառին հետ, ինչո՞ւ ան հրաւիրեց երիտասարդ գիտնականը, որ խաչակնքել նոյնիսկ չի գիտեր, եւ քիչ մնացած էր, որ խաչագող ալ դառնար: Ինչո՞ւ անպայման ֆիլհարմոնիքի դահլիճին մէջ, ուր հարիւրաւոր աչքեր կը նայէին իմաստուն, ամենազօրեղ, հմայիչ ու սքանչելի Վեհափառին: Տասնեակ «ինչու»ներ, խորհրդաւորութիւնը պատած էր զիս, բայց հպարտութեան եւ ներքին մեծ ուժի մղումով, ոտքերս ուղղեցի դէպի ներկայիս Արամ Խաչատրեանի անունը կրող ֆիլհարմոնիք սրահը:

Որքա՜ն հմայիչ էր մեր զրոյցը համերգի ընդմիջման ժամանակ: Հանդարտ էին Վեհափառին հարցերը: Որոշ ժամանակ անց սթափեցայ, զգացի, որ կ՚ունկնդրեմ եւ կը խօսիմ մեր ժողովուրդի պաշտամունքին, Ամենայն Հայոց հովուապետին հետ: Նուաստիս դիմելով Վեհափառը ըսաւ. «Ձեզի այցելողներէն սրբազան մը տեղեկացուց, որ անոր ցոյց տուած էք, թէ ինչպէ՛ս ոլոռնի եւ լուբիայի արմատները բնական լոյս կ՚առաքեն: Պատմեցէք, խնդրեմ, թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս տեղի կ՚ունենայ, ի՞նչ նպատակի համար կը գործածէք ձայնասփիւռային զուգատարրերը (իզոթոփ), հնչիւնային թնդանօթը եւ շատ հարցումներ: Օգտուելով առիթէն՝ ըսի, որ մեր տարրալուծարանին մէջ կ՚աշխատի երիտասարդ գիտնական Նիկողայոս Հաճեան, որ ելեկտրոնաբանութեան հիանալի մասնագէտ է եւ ռումանահայ: «Է, իրա՞ւ», ժպտալով ըսաւ Վեհափառը: Յետագային Հաճեանը, Վեհափառին հրաւէրով երկար տարիներ բեղմնաւոր աշխատանք կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, մինչեւ նոր կաթողիկոսին գահակալութիւնը: Համերգէն յետոյ Հայոց Հայրապետը ըսաւ. «Եթէ երեկոները ազատ կ՚ըլլաք, համեցէք Վեհարան»: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին այսպիսի յարգալից հրաւէր չէի ստացած: Այդ օրուընէ վերջ անմոռանալի շատ հանդիպումներ եղած են, սակայն դառնանք դարձեալ գէթ մի քանիին: Հայոց Հայրապետի գահակալութեան շրջանին նոր էջ մը բացուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռի մեր օրերու տարեգրութեան, գիտութեան, մշակոյթի ասպարէզներուն մէջ: Խորտակուեցաւ այն պատուարը, որ կը բաժնէր ժողովուրդը՝ եկեղեցիէն:

ՀԻԻՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՌՈՒՄԱՆԱԿԱՆ ՁԵՒՈՎ

Սրտաբան Զաւէն Տոլապճեան օր մը ինծի յայտնեց, որ Վեհափառը ընտանիքներով հանդերձ մեզ կը հրաւիրէ Վեհարան՝ յատուկ ճաշկերոյթի: Յատուկ, քանի որ ճաշը ըլլալու է ռումանական եւ ինքը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափա՛ռը պիտի պատրաստէ այդ ճաշը: Ի՞նչ կ՚ըլլաս, ասանկ բան մը լսես… Հեռաձայնը ձեռքիս՝ պապանձած էի, իսկ Զաւէնը միւս կողմէն կը հարցնէր. «Համաձայն չե՞ս, պիտի չգա՞ս»:

«Ին՞չ կ՚ըսես», զարմացած ըսի ես: Գաւազանակիրը կը բանայ վեհարանին դուռը եւ մենք ընտանիքներով կը յայտնուինք Վեհարանին ձախ ծայրամասը, ուր տեղաւորուած են Վեհափառին առանձնասենեակը եւ ննջարանը: Առանձնասենեակին միջնամասը դրուած է հիւրասիրութեան համար սեղանը՝ իր քանի մը աթոռներով: Մեր տիկնանց հետ ծանօթանալէ յետոյ, զրոյց կը սկսի բժշկութեան, գրականութեան, արուեստի շուրջ, կը յիշուին իրական կեանքի ամենատարբեր պատմութիւններ: Զիս կը հետաքրքրէր հոգեւորականներու կեանքը, ապրուստի, եկեղեցւոյ ունեցուածքի, նուիրատուութիւններու մասին մանրամասներ: Վեհափառը դառն ժպիտով մեզի կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս օր մը ցնցոտիներով կին մը կու գայ իր քովը եւ կը խնդրէ, որ ընդունիմ զինքը: «Ես արդէն քիչ մնացած էր մոռնայի անոր մասին, երբ գաւազանակիրը նորէն յիշեցուց, որ ծեր կինը տակաւին կը սպասէ: Մտածելով որ օգնութեան կարիքով եկած է, ընդունեցի: Այդ զառամեալ կինը չոքեց գետնին եւ ձեռքս համբուրելէ յետոյ, ըսաւ, որ այդ օրուան սպասած է քառասուն տարի եւ փառք Աստծոյ, որ գաղթէն յետոյ, չնայած ահաւոր տանջանքներուն, ողջ մնացած է եւ Աստուծոյ հրամանով ան Հայոց Հայրապետին պիտի յանձնէ 25 հատ «Նափոլէոն» տեսակի ֆրանսական ոսկեդրամ, զորս կրած է իր մարմինին վրայ այդ տարիներուն: Ես քարացած էի: Ուժ գտնելով, ըսի՝ «բայց դուք՝ տիկի՛ն, ինքներդ ալ երեւի մեծ կարիքի մէջ էք, գուցէ մէկ մասը պահէ՞ք Ձեր կարիքներուն համար…»:

«Վեհափառ, ի՞նչ կ՚ըսէք, ասիկա ուխտ է, այս բոլորը կը պատկանի մեր եկեղեցիին», ըսաւ ան:

«Ես պատուհանէս կը նայէի այդ տիկնոջ, որ կռացած եւ ծանր քայլերով կ՚անցնէր Վեհարանին մօտով ու ինկայ միտքերու մէջ, աչքերուս առջեւ նշմարուեցան պատերազմի տեսարաններ… Հիմա հասկցա՞ք, թէ ուրկէ՞ է Հայոց Եկեղեցիի այսպէս կոչուած հարստութիւնը»:

Տիրեց քար լռութիւն. «Մենք պիտի ճաշակենք իմ եփած ռումանական ճաշը», ըսաւ Վեհափառը եւ անձամբ պնակներուն մէջ լեցուց համեղ ապուրը, եւ սկսանք ուտել: Երբ արդէն կը վերջացնէինք, յանկարծ ոտքի ելաւ եւ զայրոյթով ըսաւ. «Այս ի՞նչ ըրի, ես այս ճաշին համար յատուկ սպասք պատուիրած էի Ռումանիայէն, ու մոռցայ զայն գործածել»: Ես ինքզինքս յանցաւոր կը զգայի, քանի որ իմ հարցումներս երեւի յուզեցին անոր եւ ան մոռցաւ սպասքին մասին: Յետոյ մենք որպէս յիշատակ լուսանկարուեցանք եւ ուշ երեկոյեան հիանալի յուշերով հեռացանք Վեհարանէն:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

1970-ականներուն Լիբանանի մէջ ծայր առաւ քաղաքացիական պատերազմ, որուն մէջ ներքաշուեցաւ նաեւ Պուրճ Համուտի հայ բնակչութիւնը: Ռմբակոծութիւններու տարափին տակ տեղահանուեցաւ եւ մեծ վնասներ կրեց լիբանանահայութիւնը: Ստեղծուեցան հայապաշտպան ռազմական կամաւորական ջոկատներ: Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հասկնալի պատճառներով չկարողացաւ ուղղակի օգնութիւն ցոյց տալ լիբանանահայութեան: Հայոց Հայրապետը գործի դնելով իր կարելիութիւնները, կարողացաւ օգնութեան ձեռք մեկնել, կազմակերպել եւ ղրկել նաւ մը, որ բարձուած էր զանազան տեսակի մթերքներով, տաք ծածկոցներով եւ շինարարութեան պիտանի մետաղական նիւթերով: Այս օգնութիւնը, անշուշտ, շատ աւելի խորհրդանշանական էր, լիբանանահայ ժողովուրդը ուրախութեան եւ հիացմունքի մէջ էր: Ազդեցիկ էր Վազգէն Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնի խօսքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի ներկայացուցիչներու նիստին, ուր ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Պահեր կան ժողովուրդի մը կեանքին մէջ, եկեղեցիի մը պատմութեան մէջ, երբ պէտք է անտեսել կողմնակի հարցերը եւ պարագաները. պէտք է վեր կանգնիլ բոլոր անցողական հարցերէն, եւ միասնաբար գործել մեր ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, անգամ մը եւս ցոյց տալու, որ մենք մէկ եկեղեցի ենք, մէկ ազգ եւ նոյն հիմնական երազները կը հետապնդենք»:

1978 թուականի 27 նոյեմբերին հեռաձայնեցի Վեհարան, Վեհափառին ըսի, որ քանի մը մտաւորականներ կը փափաքին այցելել իրեն: Գիշերուան կէսն էր, երբ երաժշտահաններ Խաչատուր Աւետիսեանին, Եդուարդ Միրզոյեանին, սրտաբան Զաւէն Տոլապճեանին հետ հիւրընկալուեցանք Վեհափառին աշխատասենեակը: Այդ գիշեր անոր աշխատասրահը աւելի կայանի նման էր, քան՝ ընդունարանի: Առաջարկեցինք նաեւ մեր օգնութիւնը: «Կը կարծեմ՝ լաւ մտածած էք, թող գիտնան, որ Էջմիածինէն զատ Հայաստանի մտաւորականներն ալ կը մասնակցին օգնութեան», ըսաւ յոգնած աչքերով Հայոց Հայրապետը: Այսօրն ալ կը պահեմ Մայր Աթոռի այդ պատմական ստացագիրը, ուր գրուած են շնորհակալական բառեր՝ Լիբանանի օգնութեան հիմնադրամին ձեռք մեկնելու համար: Ցանկին մէջ էին նաեւ Գրիգոր Խանճեանին, Ալեքսանտր Աճէմեանին, Մելիք Մավիսագալեանին, Անտրէյ Ամատունիին եւ ուրիշներուն անունները: Մեր այցելութեան լուրը շուտով տարածուեցաւ Երեւան քաղաքին մէջ եւ բաւական թիւով մտաւորականներ մասնակցեցան այդ հիմնադրամին օգնութեան: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պարտքն էր օգնել իր ժողովուրդին, նպաստել անոր միասնականութեան:

Շաբաթներ անց Պէյրութէն յատուկ պահարանով նամակ եւ նկարներ ստացայ, ուր պատկերուած էին հայ ինքնապաշտպանական ջոկատներն ու քանդուած շինութիւնները: Յետադարձ հայեացք նետելով անցեալի քաղաքական վիճակին վրայ, մեզ բոլորս հիացուցած էր Վեհափառի վճռական դիրքորոշումը այդ օգնութեան հարցին մէջ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՕՐԻՈՐԴԱՅ ԴՊՐՈՑԸ

Հակառակ սուղ ժամանակին, Վեհափառը առիթ կը գտնէր ինծի հրաւիրելու ինչպէս Վեհարան, այնպէս ալ՝ Բիւրականի իր ամառնային հանգստարանը զրուցելու համար: Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ կար շինութիւն մը, որ կը գտնուէր անասելի խարխուլ վիճակի մը մէջ, դարձած էր աղբանոց: Հին երեւանցիները կ՚ըսէին, որ ատիկա ժամանակին եղած է օրիորդաց դպրոցը: Կառուցուած էր հում աղիւսով: Արարատեան հայրապետական թեմի արքեպիսկոպոս Արսէն Պէրպէրեան օր մը հրաւիրեց զիս իր մօտ եւ խնդրեց օգնել՝ արտօնութիւն ստանալու Հայաստանի կառավարութենէն, քանդելու այդ խարխուլ կառոյցը եւ տեղը կառուցելու եկեղեցուն յարակից շինութիւն՝ որպէս Արարատեան թեմի նստավայր: Ինչո՞ւ. կը հարցնէ ընթերցողը, ի՞նչ աղերս կայ գիտնականին եւ այդ շինութեան միջեւ: Երկար տարիներ Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան քարտուղար Ռոպերթ Խաչատրեանին հետ մտերիմ ընկերներ էինք: Այս դժուարին խնդրի լուծման արտօնութիւնը պիտի ստանայի իրմէ: Նախ Արսէն Եպիսկոպոսին հետ գացինք Վեհափառին քով, որպէսզի անձամբ լսեմ Վեհափառին խօսքը, ապա գործի անցնիմ: Վեհափառը ուշադիր լսելէ յետոյ ինծի եւ Արսէն եպիսկոպոսին, ըսաւ. «Ես պիտի չդիմեմ կառավարութեան, դուք, եթէ համոզուած էք, ինքներդ ձեւը գտէք, ի հարկէ, եթէ արտօնութիւն տրուի, հիանալի կ՚ըլլայ: Իսկ շէնքը կառուցելու միջոցներ մենք կը գտնենք», աւելցուց Վեհափառը: Ես մեկնեցայ Երեւան՝ Կեդրոնական կոմիտէ, Ռոպերթ Խաչատրեանը համոզելու: Երկար զրուցելէ յետոյ ան ըսաւ. «Ես շատ կը յարգեմ Ամենայն Հայոց Վեհափառը, դուն գնայ կառավարութիւն շինարարութեան բաժին, կը կարծեմ՝ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ»: Այդ ժամանակ բաժինը կը ղեկավարէր իմ ուսանողական շրջանի ընկերուհիս Սուսաննա Պետրոսեանը (վաղամեռիկ եղած է): «Ասիկա առաջին չլսուած դէպքն է, որ Էջմիածնի խնդրանքը պիտի կատարենք Երեւանի մէջ: Ես մեծ սիրով կ՚ընեմ այդ մէկը, քանի որ հաւատս հանդէպ մեր Մեծ Վեհափառին, շատ մեծ է եւ որո՞ւ ծանօթ չէ, թէ ինչքան կ՚օգնէ Վեհափառը նոյն մեր կառավարութեան, երբ անհրաժեշտ կ՚ըլլայ»: Արտօնութիւնը կար, Արսէն Սրբազանին հետ մէկտեղ գրութիւնը յանձնեցինք Վեհափառին: Գտնուեցան նաեւ նախագծողները եւ գումար յատկացնողները: Երկու տարիէն շինութիւնը պատրաստ էր: Արարատեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Արսէն Արքեպիսկոպոս Պէրպէրեանին փոխարէն արդէն նշանակուած էր Գարեգին Եպիսկոպոսը, որ առաջինը բացաւ շինութեան դուռները: Ան չմոռցաւ նաեւ զիս հրաւիրել բացման արարողութեան: Կարեւորը, որ կառուցուեցաւ այդ գեղեցիկ շինութիւնը, որ կը ծառայէ հայ հաւատացեալներուն:

Արսէն Արքեպիսկոպոս Պէրպէրեան բաւականին օգտակար գործունէութիւն կը ծաւալէր՝ հայ մտաւորականները մօտեցնելու Հայրապետական Աթոռին, ուր հայ մտաւորականները ջերմ մասնակցութիւն կ՚ունենային զանազան հիմնահարցերու բացայայտման, կը լսէին Հայոց Հայրապետին իմաստուն խօսքը: Այդ հաւաքները, որոնք տեղի կ՚ունենային յատկապէս ձմրան, տեւական չեղան: Գտնուեցան տխրահռչակ «առաքեալներ», որոնք զանազան հաստատութիւններու միջոցով «խորհուրդ» տուին չշարունակել այդ հանդիպում-երեկոները…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023