ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԸ…

Հա­յաս­տա­նի մէջ նշուող տօ­նե­րուն մէջ կան այն­պի­սիներ, ո­րոնք հա­յոց տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ ի­րենց տե­ղը վե­րագ­րա­ւած են Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք՝ թօթա­փե­լով խորհր­դա­յին շրջա­նի ար­հես­տա­կան մո­ռա­ցու­թեան փո­շին: Այդ տօ­նե­րէն է Ա­ւետ­ման տօնը՝ Սուրբ Աս­տուա­ծած­նայ Ա­ւե­տու­մը, որ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր տօ­նե­րէն մէկն է: 1995 թուականին Ա­ւետ­ման տօ­նի խոր­հուր­դի հի­ման վրայ Հա­յաս­տա­նի մէջ սահ­մա­նուե­ցաւ տօն մը եւս եւ Ազ­գա­յին տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ ա­ւել­ցաւ Մայ­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան տօ­նը։ Ուս­տի 7 Ապ­րի­լը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը նշուի թէ՛ հո­գե­ւոր եւ թէ աշ­խար­հիկ ի­մաստ­նե­րով՝ եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ փա­ռա­բա­նե­լով կի­նը եւ մայ­րը, իբ­րեւ նոր կեան­քի սկիզբ: 7 Ապ­րի­լին Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­դու­նուած է նուէր­ներ տալ կի­նե­րուն, կա­տա­րել այ­ցե­լու­թիւն­ներ մայ­րե­րուն, մեծմայ­րե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պել խրախ­ճանք­ներ՝ ի պա­տիւ կի­նե­րու: Ձե­ւով մը օ­րը ա­ւարտն է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ 8 Մար­տ-7 Ապ­րիլ թուականներու միջեւ նշուող Կի­նե­րու միամ­սեա­կին, ո­րու ըն­թաց­քին կին ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ձեռ­նարկ­ներ, կի­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղուած ար­շաւ­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ եւ կի­նե­րու նուի­րուած այլ մի­ջո­ցա­ռում­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան:

Տօ­նին ա­ռա­ւել մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն հա­ղոր­դող ազ­դակ դար­ձած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թիւ­նը, որու հա­մա­ձայն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ա­ւետ­ման տօ­նին օ­րը բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս կը կա­տա­րուի մայ­րու­թեան բերկ­րան­քին սպա­սող կի­նե­րու օրհ­նու­թեան յա­տուկ կարգ, որ­պէս­զի կի­նե­րու մէջ ա­մե­նաօրհ­նեա­լի՝ Աս­տուա­ծա­մօր բա­րե­խօ­սու­թեամբ օրհ­նուին հա­յոց ըն­տա­նիք­նե­րը, հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ ա­ւան­դու­թեանն ու դա­ւա­նան­քին: Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը, օ­րուան խոր­հուր­դը փո­խան­ցե­լով կ՚ը­սեն, որ ինչ­պէս Աս­տուա­ծա­ծին ա­ւե­լի մօտ դար­ձած է Աստու­ծոյ, այն­պէս ալ բո­լոր կի­նե­րը ի­րենց յղու­թեամբ կը մօ­տե­նան Ա­րար­չին՝ նման­ե­լով Ա­նոր՝ իբ­րեւ նոր կեանք պար­գե­ւող էակ­ներ:

Օ­րը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տօ­նա­կան է մա­նա­ւանդ Աս­տուա­ծած­նայ ա­նու­նը կրող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ, ո­րոնք բազ­մա­թիւ են Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին:

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին հի­նէն ի վեր տօ­նած է Սուրբ Ա­ւետ­ման տօ­նը. Սուրբ Աս­տուա­ծած­նին նուի­րուած եօ­թ տօ­նե­րէն չոր­սը ան­շարժ են. Ա­ւե­տու­մը միշտ կը տօ­նուի նոյն օ­րը:

 Քրիս­տո­նեա­նե­րուն հա­մար ա­մե­նէն կա­րե­ւոր տե­ղե­կա­տուա­կան ե­ղե­լու­թիւ­նը կը նկա­տուի Ա­ւե­տու­մը: Ա­ւե­տա­րան­նե­րու հա­մա­ձայն՝ այս օ­րը Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կա­պետ Աստու­ծոյ կող­մէ ու­ղար­կուած է Գա­լի­լիոյ Նա­զա­րէթ քա­ղա­քը, Մա­րիամ ա­նու­նով աղջ­կան մը քով, եւ հա­ղոր­դած, որ ինք պի­տի ըլ­լայ մայրը այն Փրկչին, ո­րուն կը սպա­սէր ողջ ժո­ղո­վուր­դը։ «Ան մեծ կ՚ըլ­լայ եւ Բարձ­րեա­լի որ­դի կը կոչուի: Ու Ա­նոր թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը վախ­ճան չ՚ու­նե­նար», Մա­նու­կի մա­սին ը­սած է հրեշ­տա­կա­պե­տը: Այս ա­ւե­տիսը ա­նակն­կալ էր Մա­րիա­մին հա­մար, սա­կայն ան լուրը ըն­դու­նած է խո­նար­հու­թեամբ. «Ա­հա­ւա­սիկ ես կը մնամ Տէ­րոջ ա­ղա­խի­նը…», ը­սած է ան: Իր այդ ինք­նաբ­նու­թագ­րու­մով ալ Մա­րիամ հաս­տա­տած է իր ան­սահ­ման խո­նար­հու­թիւ­նը: Ա­ւետ­ման այս գե­ղե­ցիկ պատ­մու­թիւ­նը, որ փո­խանցած է մե­զի Սուրբ Գիր­քը, պահ­պա-

նե­լով իր ի­մաս­տը, նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, նո­րա­նոր ի­մաստ­ներ ալ ստա­ցած է՝ միշտ փա­ռա­բա­նե­լով մայ­րը, ո­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը գլխա­ւոր է մեր կեան­քին մէջ: Մա­րիա­մի մայ­րա­նա­լով՝ մար­դոց հա­մար մայ­րու­թեան խոր­հուր­դը նո­րո­վի բացա­յայ­տուած է, եւ այ­սօր ալ ան կը դիտուի որ­պէս աս­տուա­ծա­յին հրաշք:

Մարդ­կու­թեան հա­մար «մայր» հաս­կա­ցու­թիւ­նը մշտա­պէս նուի­րա­կան ե­ղած է: Հա­յու­թիւ­նը նոյն­պէս ա­մե­նա­բարձր կար­գով միշտ մե­ծա­րած է «մայր» ե­րե­ւոյ­թը՝ հսկա­յա­կան հո­գե­ւոր, գե­ղա­րուես­տա­կան եւ պատ­մա­կան գրա­կա­նու­թիւն նուի­րե­լով մօր կեր­պա­րի փա­ռա­բան­մա­ն եւ հայ կնոջ բա­ժին հա­սած դժուա­րին կեան­քի լու­սա­բան­մա­ն: Պատ­մու­թեան մէջ հայ կի­նը ե­ղած է ա­րա­րող, ստեղ­ծող, պայ­քա­րող, իր զա­ւակ­նե­րը քա­ջա­լե­րող եւ զա­ւակ­նե­րուն թեւ ու թի­կունք կե­ցող մէ­կը, եւ այ­սօր ալ իբ­րեւ այդ­պի­սին կը դի­տուի հա­ւա­քա­կան հայ մօր կեր­պա­րը:

ԱՍ­ՏՈՒԱ­ԾԱԾ­ՆԻ ԿԵՐ­ՊԱՐՆ ՈՒ Ա­ՆՈՐ ՆՈՒԻ­ՐՈՒԱԾ ԲՈ­ԼՈՐ ՏՕ­ՆԵ­ՐԸ

Ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տա­մուն­քի մէջ Աս­տուա­ծա­մայ­րը ո՛չ միայն բո­լոր սուր­բե­րէն, այ­լեւ հրեշ­տակ­նե­րէն ալ բարձր կը դա­սուի: Քրիս­տո­սէն եւ խա­չէն յե­տոյ ան ա­մե­նա­բարձր պա­տի­ւն ու տեղը ու­նի: Ա­նոր նուի­րուած կան բազ­մա­թիւ ներ­բող­ներ ու շա­րա­կան­ներ, ա­նոր բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը հայ­ցե­լով կը սկսի Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, եւ բա­զում ա­ղօթք­ներ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն ուղ­ղուած են ա­նոր՝ որ­պէս Աս­տուա­ծոր­դիին ա­մե­նա­մերձ եւ իր գթա­ռա­տու­թեամբ մեզ ա­մե­նէն ա­րագ ան­սա­ցող սուրբ անձ­նա­ւո­րու­թիւն: Աս­տուա­ծա­մայ­րը, ինչ­պէս ծա­նօթ է, զերծ էր թէ՛ երկրորդ մա­հա­ցու, թէ երկրորդ նե­րե­լի մեղ­քե­րէն, իսկ ա­դա­մա­կան մեղ­քէն մաք­րուե­ցաւ ա­ւետ­ման պա­հուն: Մա­րիա­մի հայ­րը՝ Դա­ւիթ մար­գա­րէ թա­գա­ւո­րա­կան տոհ­մէն էր, իսկ մայ­րը՝ քա­հա­նա­յա­կան տու­նէ կը սե­րէր: Մա­նուկ հա­սա­կէն իր բա­րե­պաշտ ծնող­քի՝ Յո­վա­կի­մի եւ Ան­նա­յի կող­մէ ան ըն­ծա­յուած է Աստ­ուծոյ եւ յանձ­նուած է Ե­րու­սա­ղէ­մի տա­ճար՝ հո­գե­ւոր կրթու­թիւն ստա­նա­լու եւ տա­ճա­րին մէջ ծա­ռա­յե­լու հա­մար: Ծա­նօթ է, որ Մա­րիամ այս­տեղ կը զբա­ղէր ձե­ռա­գոր­ծով, Սուրբ Գրքի ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ եւ ա­ղօթ­քով, օ­րի­նակ էր բա­րե­պաշ­տու­թեան, խո­նար­հու­թեան եւ հե­զու­թեան:

Մա­րիամ ինք­զինք ամ­բող­ջու­թեամբ յանձ­նած էր Տի­րոջ կամ­քին: Տասնչորս տա­րե­կա­նին, երբ իր ծնողքը այ­լեւս չկա­յին, ան վճռեց ըլ­լալ կու­սակ­րօն: Յայնժամ զինք նշա­նե­ցին Յով­սէ­փի՝ ծեր եւ բա­րե­պաշտ մար­դու մը հետ, ո­ր փաս­տօ­րէն դար­ձաւ Մա­րիա­մի խնա­մա­կա­լը: Յով­սէ­փը նոյն­պէս կը սե­րէր Դաւ­իթի ցե­ղէն: Ա­նոնք կը բնա­կէին փոք­րիկ Նա­զա­րէթ քա­ղա­քը, ուր ալ այ­ցե­լեց հրեշ­տա­կա­պե­տը՝ բե­րե­լով մե­ծա­գոյն ա­ւե­տի­սը: Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին յի­շա­տա­կու­թեան օր ու­նի նաեւ Ս. Յո­վա­կի­մի, Ս. Ան­նա­յի եւ Յի­սու­սի չար­չա­րանք­նե­րուն, թաղ­ման եւ խա­չե­լու­թեան ա­կա­նա­տես իւ­ղա­բեր կի­նե­րու պա­տուին, որ կը նշուի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նի ին­նօ­րեա­կին յա­ջոր­դող Երեք­շաբ­թի օ­րը:

Մա­րիա­մի կեր­պա­րը վառ ար­տա­յայ­տուած է մեր ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ: Ըստ այդ տօ­նա­ցոյ­ցի, կը նշուին Աս­տուա­ծած­նին ըն­ծա­յուած հե­տե­ւեալ եօ­թ տօ­նե­րը.

Որ­պէս Ուխ­տի զա­ւակ, ա­նոր ծնուն­դը՝ Յո­վա­կի­մէն եւ Ան­նա­յէն։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, օր մը տա­ճա­րին մէջ երբ ըն­ծայ կը մա­տու­ցանէր, քա­հա­նան Յո­վա­կի­մին կը պա­տուի­րէ կե­նալ վեր­ջաւորութեան, քա­նի որ ան ան­զա­ւակ էր: Աս­կէ վշտա­ցած՝ Յո­վա­կի­մը դուրս կու ­գայ եւ ան­մի­ջա­պէս լե­ռ կը բարձ­րա­նայ՝ եր­դուե­լով չիջ­նել այն­տե­ղէն մին­չեւ Աստու­ծոյ այ­ցե­լու­թիւ­նը: Ա­նոր օ­րի­նա­կով կի­նը՝ Ան­նան ալ տու­նին մէջ կ՚ա­ղօ­թէ եւ ա­պաշ­խա­րու­թեան կը նուի­րուի: Եւ օր մը, երբ Ան­նան պար­տէ­զին մէջ կը տես­նէ ի­րենց ձա­գե­րուն հետ խաղ­ացող թռչուն­նե­րը, կը տխրի եւ կու ­լայ, քան­զի ինք զրկուած էր մայ­րա­նա­լու շնոր­հէն: Այդ պա­հուն կը յայտ­նուի Աստու­ծոյ հրեշ­տա­կը եւ կ՚ա­ւե­տէ, որ ան զա­ւակ պի­տի ու­նե­նայ, եւ իրեն ե­րա­նի պի­տի տան բո­լոր ազ­գե­րը: Նոյն տե­սիլ­քը կ՚ե­րե­ւի նաեւ Յո­վա­կի­մին, որ ու­րա­խու­թենէն կը սկսի ո­ղոր­մու­թիւն բաժ­նել աղ­քատ­նե­րուն: Ան­նան կը յղիա­նայ, եւ ծնած հրեշ­տա­կան­ման մա­նու­կը կը կո­չեն Մա­րիամ, որ կը նշա­նա­կէ լու­սա­ւո­րեալ: Ա­հա­ւա­սիկ, իր ծնուն­դը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ 8 Սեպ­տեմ­բե­րին:

Մա­րիամ Աս­տուա­ծած­նի այլ տօն մըն է (21 Նո­յեմ­բեր) մա­տաղ հա­սա­կին՝ ըն­ծա­յումը ի տա­ճար, ուր ապ­րե­ցաւ եւ ստա­ցաւ իր հոգ­եւոր սնուն­դը մին­չեւ տասներկու տա­րե­կան։

Աս­տուա­ծած­նայ տօ­նե­րու մէջ հրա­շա­լի ու ան­փո­խա­րի­նե­լի խորհուր­դով կը դի­տուի Ա­ւե­տու­մը, Գաբ­րիէլ հրեշ­տա­կի կող­մէ ա­նոր փո­խան­ցուած՝ Ս. Հո­գիով յղիա­նա­լու ու­րախ լու­րը:

Ա­նոր գոր­ծա­ծած տու­փին եւ գօ­տիին գտնուե­լու ու­րախ ա­ռի­թը եւ ա­նոնց նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած յար­գանքն ու մե­ծա­րան­քը, նոյն­պէս ունին յի­շա­տա­կի օ­րեր, որոնք կը նշուին իբ­րեւ Գիւտ Տփոյ եւ Գիւտ Գօտ­ւոյ։ Վեր­ջա­պէս, յետ մա­հու ա­նոր մարմ­նով եր­կինք փո­խադ­րուած ըլ­լա­լը, ո­ր ծա­նօթ է որ­պէս Վե­րա­փո­խումն Սուրբ Աս­տուա­ծած­նի, կը նշուի Օ­գոս­տոս ամ­սուան ընթացքին:

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ, Կա­թո­լիկ եւ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ ան կը պա­տուուի որ­պէս Աս­տուա­ծա­ծին կամ Աստուա­ծա­մայր։ Քրիս­տո­նէա­կան աս­տ-ւա­ծա­բան­նե­րը Դ. դա­րուն Մա­րիա­մը հռչա­կե­ցին «ա­նա­րատ կոյս»։ Ե­փե­սո­սի Ընդ­հան­րա­կան եր­րորդ ժո­ղո­վը (431 թ.) Մա­րիա­մը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած է աս­տուա­ծա­մայր, ո­րու երկր­պա­գու­թիւնը այ­նու­հե­տեւ տա­րա­ծուած է քրիս­տո­նէա­կան աշ­խար­հին, մա­նա­ւանդ՝ կա­թո­ղի­կէ­նե­րուն մէջ։ Մա­րիա­մին նուի­րուած են բազ­մա­թիւ տա­ճար­ներ, սրբա­պատ­կեր­ներ: 1854 թուա­կա­նին Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին ըն­դու­նած է Մա­րիա­մի «ա­նա­րատ յղու­թիւ­նը», 1950 թուա­կա­նին՝ «եր­կինք համ­բառնալու» մա­սին վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րը, իսկ 1964 թուա­կա­նին Պօ­ղոս Դ. Պա­պը զայն հռչա­կած է «ե­կե­ղեց­ւոյ մայր»։­

Որ­պէս հա­մայն մարդ­կու­թեան փրկու­թեան մայր, ան ե­ղած է ներշն­չու­մի աղ­բիւր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն հա­մար՝ աս­տուա­ծա­բան թէ բա­նաս­տեղծ, քան­դա­կա­գործ թէ նկա­րիչ՝ ձե­ռա­գիր­նե­րու կամ որ­մնան­կար­նե­րու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­տե­րու թէ խո­րա­նի՝ մեծ ու փոքր նկար­նե­րու։ Մա­նա­ւանդ միջ­նա­դա­րեան ա­րուես­տի մէջ տա­րա­ծուած են Մա­րիա­մի կեր­պա­ւո­րումը իր ման­կան հետ։ Վե­րածնն­դեան դա­րաշր­ջա­նին ստեղ­ծուած են Պոթի­չել­լիի, Լէո­նար­տօ Տա Վին­չիի, Ռա­ֆա­յէ­լի եւ այ­լոց մեծ կտաւ­նե­րը՝ նուի­րուած Մա­րիա­մի կեր­պա­րին, ո­րոնք այ­սօր հա­մաշ­խար­հա­յին ա­րուես­տի հռչա­կա­ւոր գոր­ծե­րէն են:

ԱՍ­ՏՈՒԱ­ԾԱ­ԾԻ­ՆԸ ՈՒ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԵԱՅՑ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ

Քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­ջին դա­րե­րէն սկը-սեալ, հայ հա­ւա­տա­ցեա­լը խոր յար­գանք եւ սէր ու­նե­ցած է Ս. Կոյ­սին հան­դէպ: Այս ե­րե­ւոյ­թին վառ վկա­յու­թիւն­նե­րէն մին այն է, որ աշ­խար­հի վրայ կա­ռու­ցուած ա­ռա­ջին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին՝ Ս. Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րը, սկզբնա­կան շրջա­նին նուի­րուած էր Աս­տուա­ծած­նին։ Այ­նու­հե­տեւ կա­ռու­ցուած են բազ­մա­թիւ մա­տուռ­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ վան­քեր, ո­րոնք կո­չուած են նոյն ա­նու­նով։

Հայ հա­ւա­տա­ցեա­լը՝ հո­գե­ւո­րա­կան կամ աշ­խար­հա­կան, Աս­տուա­ծած­նայ ե­կե­ղե­ցի­ները այ­ցե­լե­լով՝ խտա­ցու­ցած է իր ապ­րում­նե­րը Տի­րա­մօր նկատ­մամբ, բա­ցա­յայ­տած է իր սէրն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը, յոյսն ու հա­ւատ­քը ա­նոր հան­դէպ, որ Մայրն էր Յի­սու­սի։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր գրա­կա­նու­թեան բազ­մա­դա­րեան գան­ձա­րա­նը ի շարս այլ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց նոյն­պէս հա­րուստ է նաեւ Աս­տուա­ծած­նին նուի­րուած շա­րա­կան­նե­րով, տա­ղե­րով ու մե­ղե­դի­նե­րով։ Աս­տուա­ծած­նի ան­ձը մեր շա­րա­կան­նե­րուն մէջ նկա­րագ­րուած է որ­պէս լու­սե­ղէն տա­ճար, սա­փոր ոս­կե­ղէն, որ լի է երկ­նա­յին մա­նա­նա­յով, մա­քուր ա­ղաւ­նի եւ երկն­քի հարս, տա­ճար եւ Ա­թոռ Աս­տուա­ծոր­դիին, գե­րահ­րաշ եւ դրախ­տա­բոյր ծա­ղիկ: Բազ­մա­թիւ սրբա­պատ­կեր­ներ, ման­րան­կար­ներ, հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հիկ գոր­ծեր ստեղ­ծուած են, ո­րոնց մէջ կայ Մա­րիամը, իր ծնուն­դէն մին­չեւ Վե­րա­փո­խում: Հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ըստ ո­րոշ վեր­լու­ծում­նե­րու, Աս­տուա­ծած­նայ պաշ­տա­մուն­քը յա­ջոր­դած է մինչ այդ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած մէկ այլ՝ Ա­նա­հիտ Աս­տուա­ծու­հիի պաշ­տա­մուն­քին: Ա­նա­հիտ, հին հայ­կա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան մէջ՝ պտղա­բե­րու­թեան, ար­գա­սա­ւո­րու­թեան, ծննդա­բե­րու­թեան աս­տուա­ծու­հին ե­ղած է:

Հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մը միշտ նմա­նե­ցու­ցած են ե­կե­ղեց­ւոյ հետ, ո­րով­հե­տեւ իր­մէ ծնաւ Քրիս­տոս, իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւա­զա­նին մէջ կը ծնին քրիս­տո­նեա­նե­րը. ինչ­պէս Սուրբ Կոյ­սը՝ Աս­տուա­ծա­մայ­րը, Կեն­դա­նի Հա­ցը լոյս աշ­խարհ բե­րաւ, այն­պէս ալ ե­կե­ղե­ցին իր զա­ւակ­նե­րը՝ քրիս­տո­նեա­նե­րուն, կեն­դա­նի հա­ցը կը մա­տու­ցէ՝ հա­ղոր­դու­թեան սե­ղան բանա­լով Ս. Պա­տա­րա­գի ժա­մա­նակ:

Աս­տուա­ծա­մօր մա­սին Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ քիչ պատ­մու­թիւն­ներ կան, բայց բո­լոր այդ պատ­մու­թիւն­նե­րուն մէջ ան միշտ իր որ­դիի՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի հետ է. թէ՛ Կա­նա­յի հար­սա­նի­քի ժա­մա­նակ, թէ՛ Ե­րու­սա­ղէմ ուխ­տի երթա­լու ժա­մա­նակ եւ թէ՛ Գող­գո­թա­յին վրայ, երբ ա­շա­կերտ­նե­րն անգամ լքե­ցին զինք: Մա­րիա­մի ննջու­մը, ըստ ա­ւան­դու­թեան, ե­ղած է Յի­սու­սի խա­չե­լու­թիւ­նէն տասներկու կամ տասնհինգ տա­րի վերջ, եւ Յի­սուս իր խոստ­ման հա­մա­ձայն, Մա­րիա­մը վե­րա­փո­խած է եր­կինք: Կոյ­սի մար­մինը ամ­փո­փուած է Ե­րու­սա­ղէ­մին կից Գեթ­սե­մա­նիի մէջ, վի­մա­փոր գե­րեզ­մա­նը: Ա­ւան­դոյ­թը կ՚ը­սէ, որ Ե­րու­սա­ղէ­մէն բա­ցա­կա­յող Բար­դու­ղի­մէոս ա­ռա­քեա­լը, քա­րոզ­չա­կան շրջա­գա­յու­թե­նէն վե­րա­դառ­նա­լով Ե­րու­սա­ղէմ եւ տե­ղե­կա­նա­լով Աս­տուա­ծա­մօր ննջման մա­սին, ա­ռա­քեալ­նե­րուն թա­խան­ձած է բա­նալ Տի­րա­մօր գե­րեզ­մա­նը՝ ա­նոր ե­րե­սը վեր­ջին ան­գամ տես­նե­լու հա­մար, եւ բա­նա­լով թա­փուր գտած են գե­րեզ­մա­նը:

Ա­ւետ­ման տօ­նէն մէկ օր ա­ռաջ՝ 6 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կը կա­տա­րուի նա­խա­տօ­նակ, իսկ Ապ­րի­լի 7-ի գի­շե­րը քա­հա­նա­նե­րը զգես­տա­ւո­րուած ա­տեան կ՚եր­թան եւ կը սկսին Շա­րակ­նո­ցի Աստուա­ծած­նայ Ա­ւե­տեաց «Խոր­հուրդ ան­ճառ» օրհ­նու­թեան, ո­րու հե­ղի­նա­կը «Գրի­գոր Պահ­լա­ւու­նի»ն է:

Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ւան­դոյթ դար­ձած է, որ բան­տե­րու հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կ՚այ­ցե­լէ կի­նե­րու բանտ եւ հոն նոյն­պէս կը տօ­նեն 7 Ապ­րի­լը՝ փո­խան­ցե­լով օ­րուան խոր­հուր­դը եւ նուէր­ներ բաժ­նե­լով ա­նա­զա­տու­թեան մէջ գտնուող կի­նե­րուն:

Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րերը այս օրը ի­րենց ա­ղօթք­նե­րուն մէջ կը յի­շեն նաեւ այն մա­նուկ­նե­րը, որոնք զրկուած են մայ­րա­կան խնամ­քէ՝ կը մեծ­նան փա­յփա­յե­լով ըն­տա­նիք ու­նե­նա­լու միակ ե­րա­զան­քը, հո­գե­ւոր հայ­րե­րը կը յի­շեն նաեւ միայ­նակ մայ­րե­րը, ո­րոնք ա­ռան­ձին կը մեծց­նեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը եւ նաեւ ի­րենց պատ­գամ­նե­րուն մէջ կը յի­շա­տա­կեն հե­րո­սու­հի­նե­րու մա­սին, որոնք զէն­ք ի ձեռին պայ­քա­րած են մեր հայ­րե­նի­քի կերտ­ման ճա­նա­պար­հին:

7 Ապ­րի­լին ան­գամ մը եւս հայ կի­նը կը փա­ռա­բա­նուի եւ ա­նոր դե­րը՝ հայ հա­սա­րա­կու­թեան կերտ­ման գոր­ծին մէջ կրկին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կը շեշ­տուի:

Ե­կե­ղե­ցի­նէն դուրս պե­տա­կան հիմ­նարկ­նե­րու մէջ կի­նե­րուն նուի­րուած ձեռ­նարկ­ներ տեղի կ՚ունենան, Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան այ­րե­րը շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ­ներ կը յղեն հայ կնո­ջ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ Հա­յաս­տա­նէն դուրս:

Ա­ւե­տու­մը հան­գա­մա­նօ­րէն կ՚օրհ­նուի եւ կը գո­վա­բա­նուի ե­կե­ղե­ցիին մէջ եւ ե­կե­ղե­ցիէն դուրս:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2015