«ԴԱՏԱՐԿ ԴԱՇՏԵՐ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Ղալաթիոյ SALT մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Դատարկ դաշտեր» խորագրեալ շահեկան ցուցահանդէսի մը բացումը։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսին գեղարուեստական ղեկավարն է Հայաստանէն Մարիաննա Յովհաննիսեան։
Այս ցուցահանդէսին առանցքը կը կազմեն Օսմանեան կայսրութեան փլուզման եւ յաջորդած Հանրապետութեան հիմնադրութեան շրջաններէն American Board of Commissioners for Foreign Missions-ի (ABCFM) արխիւներու տուեալները։ Ամերիկեան միսիոնարներու գործունէութիւններուն շրջագծով Մերզիֆոնի մէջ հիմնադրուած Անատոլուի գոլէճի թանգարանի աւելի քան դարու մը հնութեամբ հին բնութեան գիտութիւններու ժողովածոյի ալպոմին հիման վրայ ձեւաւորուած է ցուցահանդէսը։ Աւելի քան եօթ հազար նմոյշներով այդ թանգարանի հիմքերը դրուած են հայ գիտնականի մը՝ Փրոֆ. Ճոն Մանիսաճեանի կողմէ։ Այս վերջնոյն մայրը եղած է գերման, իսկ հայրը՝ հայ։
Ցուցահանդէսին քիւրաթէօրը՝ Մարիաննա Յովհաննիսեան 2014 թուականէն ի վեր աշխատած է բազմալեզու փաստաթուղթերու վրայ։ Իր ուսումնասիրած արխիւը կը գործէ Թուրքիոյ Ամերիկեան գիտական հետազօտութիւններու կաճառին (ARIT) հովանաւորութեան ներքեւ։ Մարիաննա Յովհաննիսեանի SALT-ի հետ աշխատանքները խրախուսուած են նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ։
Այս ցուցահանդէսի բացման առթիւ երէկ «Դատարկ դաշտեր»ուն մասին մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Մարիաննա Յովհաննիսեան եւ SALT-ի տնօրէն Վասըֆ Քորթուն։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունիսի 5-ը։