ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ
Անոնք, որոնք կը փափաքէին ընդունուիլ համալսարան՝ ընդունուեցան, բացի մէկէն: Հայոց լեզուի քննութիւնը անցայ, հայոց պատմութիւն առարկայի քննութեան ձախողեցայ: Այլեւս չկրցայ մասնակցիլ յաջորդ քննութիւններուն: Այս բաւականին ուժգին հարուած մըն էր ինծի համար: Բոլոր աշխարհը իմ գլուխին շուռ եկաւ: Կոտրուեցայ, սակայն չհիասթափուեցայ, չյուսահատեցայ. պատրաստ էի, որքան որ անհրաժեշտ է պայքարիլ յանուն իմ նպատակի:
Ամէն անգամ, երբ կը տեսնէի այլեւս համալսարանական իմ ընկերները՝ կ՚ամչնայի, խորունկ ցաւ մը կը զգայի: Կը խուսափէի անոնց հետ մէկտեղուելէ, շփուելէ: Ճամբան տեսած ատեն՝ կը փոխէի իմ ճանապարհը: Սակայն այդ պատահական հանդիպումները զիս ա՛լ աւելի կը գօտեպնդէին ու կը ստիպէին յառաջանալ: Ծանր ու դաժան ժամանակահատուած մըն էր այդ մէկը ինծի համար:
Եկաւ յաջորդ ուսումնական տարիի աւարտը: Քննութիւններէն հինգը պակաս է: Այս անգամ ալ ձախողեցայ անգլերէն լեզու առարկայէն: Պատրաստուած չէի: Նորէն պատճառը՝ նիւթական անբաւարար միջոցներն էին: Նորոգ ապտակը զիս սթափեցուց։ Այլընտրանք չունիմ. պէտք է ընթանամ մինչեւ վերջ: Որոշեցի տարի մը դադար առնել՝ չդիմել: Այդ տարի ի մի հաւաքեցի իմ բոլոր միտքերը, ժողվեցի իմ բոլոր ուժերը: Որոշեցի, որ երրորդ անգամ անպայման պէտք է ընդունուիմ։
2009 թուականի ամռանը ծանօթացայ Մարիամի հետ: Մարիամը իմ հասակակիցն էր: Ան հայաստանցի էր: Մինչեւ ամուսնանալը իր ընտանիքի հետ կը բնակէր Արցախի Քաշաթաղի շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ: Առհասարակ, վերաբնակեցուած Քաշաթաղի շրջանի մէջ կը բնակէին մեծ թիւով հայաստանցիներ՝ իրենց ընտանիքներով հանդերձ:
Մեր զրոյցի ընթացքին ան ինծի ըսաւ, որ իր դասընկերներէն մին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութիւն ֆաքիւլթէի թրքագիտութեան բաժինը: Ես հաճելիօրէն զարմացայ: Առաջին անգամ կ՚իմանայի այդպիսի մասնագիտութեան գոյութեան մասին: Մարիամի դասընկերը ներկայիս յայտնի թրքագէտ՝ Վարուժան Գեղամեանն էր:
Այս լուրը փոխեց իմ բոլոր ծրագրերը: Վերջնական որոշում կայացուցի: Այլեւս պիտի դառնամ թրքագէտ: Իմ որոշումը ենթակայ չէր բեկանումի, սակայն զայն բոլորէն պահեցի ծածուկ: Որոշած էի իմ փոքրիկ գաղտնիքը բացայայտել միայն այն ժամանակ, երբ վերջապէս կը նստէի ուսանողական նստարանին:
Նախքան ընդունուիլը, պէտք է լուծէի մի շարք կարեւոր խնդիր՝ նիւթական միջոցներու հայթայթումը: Բանալին գտած եմ: Իմ ուղեղի մէջ տեղաւորուած էր հետաքրքրական աշխատանք մը: Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցի մերձակայքին մէջ կար պզտիկ քարէ շինութիւն մը: Երկար փնտռտուքներէ վերջ, ահաւասիկ գտայ սեփականատէրը: Պայմանաւորուեցայ եւ վարձակալեցի այդ պզտիկ շինութիւնը: Վարձքը ընդամէնը քառասուն տոլար՝ քսան հազար դրամ էր: Որոշեցի այդտեղ վաճառել թէյ, սուրճ, տարատեսակ բրդուճներ եւ այլն: Իմ մայրիկը, որ իւրաքանչիւր հարցին մէջ կը սատարէր ինծի, այս անգամ եւս չյուսախաբեց զիս: Մայրիկիս հետ միասին սկսանք աշխատիլ իմ նոր վարձակալած խանութի մէջ:
Հոկտեմբերէն սկսեալ սկսայ պարապիլ ընդունելիութեան համար անհրաժեշտ բոլոր երեք առարկաները՝ հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն եւ անգլերէն լեզու: Ընտրած էի Ստեփանակերտի լաւագոյն ուսուցչուհիները, որոնք յայտնի էին իրենց խստութեամբ եւ աշակերտներու շրջանակէն ներս լաւագոյն արդիւնքներու արձանագրմամբ: Այդ հինգ քառակուսի խանութի մէջ թէ՛ կ՚աշխատէի, թէ՛ կը սերտէի իմ դասերը: Դիւրին չէր աշխատիլ ու պարապիլ, սակայն ես այլընտրանք չունէի: Բաց աստի, ինծի համար հաճելի էր սեփական քրտինքով իմ ապագան գծելը, չէի տրտնջար: Փառք Աստուծոյ, կրնայի իմ պարապմունքներու ամսավճարները վճարել:
Այսպէս անցան ամիսները: Միշտ չէի կրնար պատրաստ ներակայանալ պարապմունքներուն: Իմ պատմութեան ուսուցչուհին՝ ընկեր Մուսայէլեանը, որ պատմութեան ուսուցչուհի ըլլալէ զատ, կարեւոր պաշտօն մը կը զբաղեցնէր Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան մէջ, երեք զաւակներու մայր էր: Ան դաստիարակ էր ու հասցուցած՝ երեք կիրթ ու գրագէտ պատուարժան որդիներ, որոնք քաղաքիս օրինակելի երիտասարդներէն էին: Ընկեր Մուսայէլեանը իր խստութեամբ ու պահանջկոտութեամբ ահասարսուռ կը յառաջացնէր աշակերտութեան շրջանակին մէջ: Շատեր անոր երեսէն կը փոխէին իրենց դպրոցը կամ դասարանը: Իսկ ես ինքնակամ ընտրեցի զինքը, որպէսզի ուսման մէջ մնամ միշտ արթուն: Չէ՞ որ ես իմ կեանքի հոլովոյթին միշտ կը սիրեմ քայլել դանակի սուր ծայրէն:
Երբ առանց պատրաստուելու կը ներկայանայի պարապմունքներուն կամ չէի կրնար պատասխանել ընկեր Մուսայէլեանի հարցերուն, ան բոլորի ներկայութեամբ խստութեամբ յանդիմանելով՝ ինծի կը յիշեցնէր իմ ընտրած ուղիի մասին: Օր մըն ալ հերթական պարապմունքէն վերջ ընկեր Մուսայէլեանը խնդրեց, որ իրեն սպասեմ։ «Արեւիկ նայէ՛, երկար տարիներէ ի վեր ես մասնաւոր դաս կու տամ: Մինչեւ այսօր չէ եղած աշակերտ մը, որ իմ առարկայէն անբաւարար գնահատական մը ստանայ ընդունելիութեան քննութիւններու ժամանակ: Ես ինքզինքիս խոստում մը տուած եմ, եթէ յայտնուի այդպիսի մէկը, ես պիտի թողնեմ իմ սիրելի աշխատանքը: Կ՚աղաչեմ քեզի ըլլալ առաւել ուշադիր ու հաշուի առնել իմ խնդրանքը», մեղմ ու բարի արտայայտչականութեամբ ըսաւ ընկեր Մուսայէլեան:
Իմ պատմութեան ուսուցչուհիի այդ խնդրանք-զգուշացումը վայրկենապէս դաջուեցաւ իմ ուղեղի մէջ: Մինչեւ այսօր այդ խօսքերը կը հնչեն իմ ականջներու մէջ: Այլեւս պարտաւոր էի լաւ սորվիլ ո՛չ միայն ինծի համար, այլեւ ընկեր Մուսայէլեանի անունը բարձր պահելու համար: Պարապմունքներուն մշտապէս սկսայ ներկայանալ լաւ պատրաստուած:
Քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ այդ տարի դարձայ Երեւանի Պետական համալսարանի Թրքագիտութեան բաժնի ուսանողուհի: Ընդունուեցայ, այն ալ անվճար:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան