ԿԵԱՆՔԻ ԳՈՐԾ. ՆՈՐ ԳԻՐՔ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ ԵՒ ԵԳԷԱԿԱՆԻ ԱՌԱՓՆԵԱԿԻ ՀԱՅ ԳԱՂԹՕՃԱԽՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Երեւանի մէջ նոր գիրք մը լոյս տեսած է՝ «Զմիւռնիոյ եւ Եգէականի առափնեակի հայկական այլ գաղթօճախները (16-19-րդ դարու կէս)» խորագրով: Հեղինակը անուանի հայագէտ, պատմաբան, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ Ալպերթ Խառատեանն է:
«Ես իմ ամբողջ կեանքս նուիրած եմ այս նիւթին», ըսաւ սիրելի հայագէտը՝ մակագրելով գիրքը: Այնուհետեւ ան պատմեց այն հսկայական աշխատանքին մասին, որ նախորդած է այս գիրքին լոյս ընծայման: Աշխատութիւնը հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ: Հրատարակիչը «Գիտութիւն» հրատարակչութիւնն է:
Քաղաքական վերիվայրումներով լի մեր այս ժամանակներուն, հայագիտութեան մասին որեւէ աշխատութիւն, ուսումնասիրութիւն, հրատարակութիւն անփոխարինելի նուէր է մեր հայրենիքին, ուսանողներուն, հայկական պատմական հարցերով հետաքրքրուողներուն համար: Երբեմն իրականութիւնը այնքան գորշ կ՚ըլլայ, որ հին նիւթերու եւ անցեալի մէջ մարդ կը փնտռէ եւ կը գտնէ իր առօրեայ հանգիստը: Այս գիրքը նաեւ երջանկութեան եւ հպարտութեան զգացումներ կ՚աւելցնէ այդ հանգստութեան: Երբ ներկան կառչելիք տեղ չունի, փառաւոր անցեալն է, որ կը ջանայ ապրեցնել: Միւս կողմէ, զարմանալի իրողութիւն մըն է, որ գիտնականները կ՚աշխատին, կը պրպտեն, գալիք սերունդներուն բան մը ձգած ըլլալու ճիգ ունին եւ այդ մէկը լրացուցիչ յարգանք եւ ակնածանք կը յառաջացնէ նուիրեալ գիտնականներուն հանդէպ:
Ալպերթ Խառատեան այդ նուիրեալներէն է: Պատմութեան կաճառի վեցերորդ յարկի իր փոքր, անպաճոյճ սենեակին մէջ միշտ աշխատանքի վրայ է, հոնկէ դուրս կ՚ելլէ կրկին աշխատանքի նպատակով՝ դասախօսելու, գրադարան կամ հին ձեռագրերու մատենադարան երթալու… Յաճախ զայն կը տեսնենք զանազան գիտական կեդրոններու մէջ՝ հին գիրքերու, թերթերու տրցակներուն վրայ հակած: Անխոնջ գիտնականի իր կերպարը արդէն եզակի է մեր օրերուն:
Ալպերթ Խառատեան գիտնականի գիտահետազօտական աշխատանքի նիւթերը կը վերաբերին հայ պարբերական մամուլին, հասարակական մտքին ու հայ գաղթօճախներու պատմութեան: Մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է արեւմտահայերու լուսաւորական շարժումը 19-րդ դարուն, Ազգային սահմանադրութիւնը, հասարակական-քաղաքական հոսանքները հայ իրականութեան մէջ, արեւմտահայ մամուլի մտաւոր ու մշակութային արժէքը 1840-1922 թուականներուն, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հասարակական կեանքը: Հեղինակ է այս ոլորտներուն վերաբերող բազմաթիւ այլ գիրքերու, որոնք այսօր ուսումնասիրողներուն համար սկզբնաղբիւրի նշանակութիւն ունին:
Այս վերջին գիրքը կ՚ամփոփէ Զմիւռնիոյ եւ Եգէականի շրջակայքի հայկական գաղթօճախներուն շուրջ անոր տասնամեակներու աշխատանքը: Իր կեանքի գործն է ձեւով մը: 83-ամեայ գիտնականին վաստակը այս էջերուն մէջ կարելի է տեսնել: Ան զրոյցի ընթացքին կը պատմէ, որ գիտական երկարամեայ իր կեանքի ընթացքին մէկ օր նոյնիսկ չէ լքած այս նիւթը: Մանրակրկիտ ձեւով անդրադարձած է Զմիւռնիոյ պատմական եւ քաղաքակրթական նշանակութեան, գաղթօճախներու կազմաւորման, Զմիւռնիոյ տէրունի թեմին, թեմի առաջնորդներուն, եկեղեցիներուն:
Գիրքին մէջ անջատ գլուխով քննած է Զմիւռնիոյ շրջակայքի բնակավայրերը, հողագործութիւնը, արհեստները, լայնօրէն անդրադարձ կատարած է Զմիւռնիոյ հայ վաճառականութեան այն ճանապարհորդներուն, որոնք 17-19-րդ դարերուն Զմիւռնիա ճամբորդած եւ գրառումներ կատարած են եւ ամենաչնչին թուող գրառումը նոյնիսկ չէ վրիպած իր ուշադրութենէն: Լայնօրէն անդրադարձած է գաղթօճախներու մշակոյթին, գրչութեան, կրթական-բարեսիրական ընկերութիւններուն եւ մանաւանդ՝ տպագրութեան եւ մամուլին: Զմիւռնիոյ ներհամայնքային կեանքը նոյնպէս նիւթ դարձած է գիրքին մէջ. գրած է Ազգային վարչութեան եւ Դաւիթ-Դանիէլեան ներհակութեան մասին: Ներհակութեան ընթացքն ու բնութագիրը նկարագրելով՝ Ալպերթ Խառատեան կ՚եզրակացնէ, որ Դաւիթ-Դանիէլեան ներհակութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ նոր շրջանի պատմութեան ոչ-փայլուն էջերէն մէկն է, որ կը ցոլացնէ հայ հոգեւոր վերնախաւի մէկ մասի ապշեցուցիչ սնափառութիւնը, պաշտօնամոլութիւնն ու իշխելու տենչը եւ ատոնք բաւարարելուն ուղղուած՝ նսեմ գործելակերպով հարուստ զինանոցը: Ատիկա պայքար մըն էր երկու բարձրակարգ եկեղեցականներու միջեւ, որ կը յիշեցնէր 17-րդ դարու Կ.Պոլսոյ պատրիարքական կռիւներուն տխուր ժամանակաշրջանը, որուն ծանր հետեւանքները երկար ժամանակ կրեցին թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ զայն համախմբող եկեղեցին:
Ամփոփ եւ աւարտուն աշխատանք է Ալպերթ Խառատեանի այս նորընծայ գիրքը, որ ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կը տանի դէպի Փոքր Ասիոյ արեւմուտքի հնագոյն հայկական գաղթօճախներ, որոնք անփոխարինելի դեր ունեցած են պատմութեան մէջ: Ալպերթ Խառատեան օգտուած է պատմական բոլոր աղբիւրներէն՝ համադրելով, երբեմն հակադրելով այդ աղբիւրները եւ տալով ժամանակաշրջանին ամբողջական պատկերը:
Աղբիւրներու, ծանօթագրութիւններու, գիտական նօթագրութիւններու, մատենագիտութեան եւ անուանացանկերու հարուստ բաժիններ ունի գիրքը: Աւելորդ է նշել, որ վիթխարի աշխատութիւնը գրուած է անթերի եւ ճոխ գիտական լեզուով, որ աւելի կ՚ընդգծէ Զմիւռնիոյ ու Եգէականի առափնեակին հմայքը:
Մեր առջեւ կը բացուի Զմիւռնիան՝ պատմական եւ առասպելական իրականութեան զարմանալի դրուագներով: Քաղաքական հանգամանքները մէկ կողմէն, երկրաշարժները, համաճարակները, հրդեհները միւս կողմէն, հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ, քանի մը անգամ հողին հաւասարեցուցած են Զմիւռնիան, սակայն ան ամէն անգամ կրկին վերաշինուած եւ ծաղկուն կեանք ունեցած է: Վերաշինողները հաւատացած են անոր դերին ու նշանակութեան եւ երբեք չեն ափսոսած միջոցներ ներդնելու համար:
Զմիւռնիոյ ծաղկուն պատմութեան մէկ մասը կը վերաբերի հայերուն, որոնք առանձնակի դեր ունեցած են Զմիւռնիոյ պատմութեան մէջ: Զմիւռնահայ գաղթօճախի սկզբնաւորման ժամանակին վերաբերեալ հայագիտութեան մէջ առկայ են իրերամերժ կարծիքներ, որոնք կ՚ենթադրեն, թէ հայերը հոն հաստատուած են 11-14-րդ դարերու միջեւ ինկած ժամանակաշրջաններուն: Ալպերթ Խառատեան գիրքին մէջ յանգած է այն եզրակացութեան, որ որոշ բացառութիւններով, այդ կարծիքները կը յենին ո՛չ թէ նիւթական տուեալներու (յիշատակարաններ, վիմագիր արձանագրութիւններ), այլ՝ մտահայեցողական, տեսական դատողութիւններու վրայ: Կը նշէ, որ Զմիւռնիոյ հայ գաղթօճախին վերաբերող ամենահին նիւթական վկայութիւնները (դամբանագրեր) աւանդուած են 1551 եւ 1567 թուականներէն: Գիտնականը այսուհանդերձ կը հաստատէ, որ Եգէականի մերձափնեայ տարածքներուն եւ Զմիւռնիոյ հայ գաղթօճախներուն աւելի վաղ գոյութեան մասին պահպանուած են թէեւ կցկտուր, բայց անհերքելի տուեալներ. ինչպէս՝ Զմիւռնիոյ հայ վաճառականներու յիշատակումը 1261 թուականի յոյն-ճենովական պայմանագրին մէջ եւ Լաւոտիկէի (Տենիզլիի շրջան) Սարգիս Եպիսկոպոսին գործառոյթը 1179 թուականի Հռոմկլայի եկեղեցական ժողովին մէջ, որ կը վկայէ Եգէականի այդ տարածաշրջանին մէջ հայ համայնքի առկայութեան մասին:
Կը տեղեկանանք, որ 12-13-րդ դարերուն հայ գաղթօճախներ գոյացած կամ գործած են ո՛չ միայն Զմիւռնիոյ, այլեւ՝ ատոր կից փոքր-ասիական շրջաններուն մէջ եւ վերջինները վկայուած են աւելի վաղ, քան բուն Զմիւռնիոյ գաղթօճախը:
Հետեւաբար, Խառատեան կը հաստատէ, որ Եգէականի մերձակայքը հայ գաղթօճախներուն յառաջացումը (կամ արդէն գոյութիւն ունենալը) կարելի է համարել ոչ ուշ, քան 12-րդ դար, բուն Զմիւռնիոյ գաղթօճախինը՝ 13-րդ դար:
Միջերկրականի ափին գտնուող այս հրաշալի նաւահանգիստ քաղաքը 19-րդ դարու կէսին արդէն մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունէր: Այդ ժամանակ քաղաքը ունէր 210 հազար բնակիչ, որոնցմէ 107 հազարը՝ յոյներ, 52 հազարը՝ մահմետական կրօնքին պատկանողներ, 23 հազարը՝ հրեաներ, 12 հազարը՝ հայեր, իսկ 13 հազար 700-ը՝ եւրոպացիներ եւ մալթացիներ։ Նոյն ժամանակամիջոցին է, որ քաղաքին մէջ ծաղկած է հայ տպագրութիւնն ու մամուլը: Կը հրատարակուէին մօտաւորապէս 40 անուն հայերէն թերթեր եւ ամսագրեր, որոնցմէ էին «Արշալոյս Արարատեան», «Արփի Արարատեան», «Ծաղիկ», «Արեւելեան մամուլ», «Գարուն Հայաստանի», «Միութիւն», «Դաշինք», «Արշալոյս» եւ այլն։ Մամուլի էջերուն մէջ արտացոլւած է հայ հասարակական միտքը՝ Զմիւռնիոյ մէջ եւ քաղաքի կըր-թական, մշակութային ոլորտները: Երբեք պատահական չէ, որ հայ ուսումնասիրողներ յաճախ հետաքրքրուած են Զմիւռնիոյ եւ շրջակայքի պատմութեամբ, հասարակական, մշակութային կեանքով, բայց Ալպերթ Խառատեանի ուսումնասիրութիւնը ամենալայնածաւալն է, որ Զմիւռնիան եւ Եգէականի միւս հայ գաղթօճախները կը ներկայացնէ մեզի նոր լոյսի տակ:
*
Ալպերթ Արմենակի Խառատեան ծնած է 1939 թուականին, Երեւան: Դպրոցը աւարտելէ ետք, 1959 թուականին, ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական կաճառը, զոր աւարտած է 1964 թուականին։
Մինչեւ 1966 թուականը աշխատած է Ապարանի շրջանի Ծաղկահովիտ, այնուհետեւ Էջմիածնի շրջանի Լենուղի գիւղերուն մէջ՝ իբրեւ միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչ: Խառատեան պաշտօնավարած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ համակարգին մէջ աւելի քան կէս դար, որուն մեծ մասը՝ Պատմութեան կաճառէն ներս:
1967-1972 թուականներու միջեւ աշխատած է «Հայկական սովետական հանրագիտարան»ի յատուկ գիտական խմբագրութեան մէջ, նախ իբրեւ սրբագրիչ, ապա խմբագիր:
1973-1985 թուականներուն՝ Սովետական Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հասարակական գիտութիւններու գիտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ իբրեւ աւագ գիտաշխատող, գիտական խումբի ղեկավար:
1985 թուականի ապրիլէն սկսեալ աշխատանքի անցած է Պատմութեան կաճառին մէջ՝ իբրեւ աւագ գիտաշխատող։
1992 թուականէն սկսեալ եղած է Հայ պարբերական մամուլի եւ հասարակական-քաղաքական մտքի պատմութեան բաժնի վարիչ:
1972 թուականին Խառատեան պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն՝ «Զմիւռնիոյ հայ պարբերական մամուլը 19-րդ դարու 40-60-ական թուականներուն» նիւթով:
1986 թուականին պաշտպանած է տոքթորական ատենախօսութիւն՝ «Հասարակական միտքը Զմիւռնիոյ հայ պարբերական մամուլին մէջ (1840-1900)» նիւթով եւ ստացած՝ պատմական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան:
2009 թուականին ստացած է փրոֆեսէօրի աստիճան:
1988 թուականի յունուարէն սկսեալ ստանձնած է նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ աւագագոյն, արտերկրի մէջ եւս մեծ հեղինակութիւն ունեցող պարբերականի՝ «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու» ամսագրի գլխաւոր խմբագրի պարտականութիւնը: Վերջին տարիներուն եւս Խառատեանի ջանքերով «Լրաբեր»ը լուրջ ներդրում ունի արտերկրի հայ եւ օտար հեղինակները Հայաստանի գիտական հանրութեան ծանօթացնելու գործին մէջ՝ ռուսերէնով ու եւրոպական լեզուներով տպագրելով անոնց յօդուածները:
Խառատեան «Գիտութեան աշխարհին մէջ» գիտահանրամատչելի հանդէսին հիմնադրման օրէն՝ 2005 թուականէն, ցայսօր կը գլխաւորէ անոր հասարակագիտական բաժինը:
Գիտնականը լայն ճանաչում ունի Հայաստանի եւ արտասահմանի հայագիտական շրջանակներէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Ուքրայնայի մէջ տպագրուած են անոր աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ գրախօսականները՝ անոնց վերաբերեալ: Մասնակցած է միջազգային գիտաժողովներու:
Խառատեան նաեւ մանկավարժական-դասախօսական աշխատանքի աւելի քան 40-ամեայ կենսագրութիւն ունի: 1972 թուականէն ի վեր ան կը դասախօսէ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ:
1986-1999 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան կաճառին մէջ, 2002 թուականէն սկսեալ՝ նաեւ Արեւելագիտութեան կաճառի Թրքագիտութեան բաժնէն ներս:
Երկար տարիներ դասախօսած է Երեւանի «Գալիք» համալսարանի երդիքին տակ, ինչպէս նաեւ կատարած է վարչական աշխատանք։
Վերջին տարիներուն Գիտութեան Ազգային ակադեմիոյ Միջազգային գիտակրթական կեդրոնի լրագրութեան ամպիոնի վարիչն է։
Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մէջ ալ ստանձնած է «Հայ գաղթօճախներ» ու «Հայ մամուլի եւ հասարակական մտքի պատմութեան» դասընթացքներու վարումը:
Իր գիտահետազօտական աշխատանքին մէջ ուրոյն տեղ ունի Պոլիսը: Հրատարակած է «Կոստանդնուպոլսոյ հայ գաղթօճախը 15-17-րդ դարեր» գիրքը, որուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը օրին գրախօսականով մը անդրադարձած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան