ՀԱՌԻՃԱՎԱՆՔԻ ԹՐԲԱՆՃԵԱՆ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԸ՝ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը իբրեւ հոգեւոր դարբնոց, մարդակերտումի եւ հոգեկերտումի բնօրրան, երկար տարիներ շարունակ թրծած է անհամար սերունդներ, որոնք ծառայած են մեր ազգին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։ 1990-ին, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հիմնադրուեցաւ Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցը՝ հոգեւոր մշակներ պատրաստելու գործունէութեան աւելի զարկ տալու առաջադրանքով։ Իսկ 2012 թուականի Փետրուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի որոշումով, Հառիճավանքի Թրբանճեան հոգեւոր ընծայարանը վերաբացուեցաւ եւ սկսաւ գործել Գէորգեան ճեմարանին կից իբրեւ նախապատրաստական լսարան՝ իր գիրկը ընդունելով աւելի քան 47 աշակերտներ: Իսկ 2012-2013 ուսումնական տարուընէ սկսեալ՝ Հառիճավանքի ընծայարանը սկսաւ գործել որպէս աւագ դպրոց։

Արդարեւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անխոնջ ջանքերու շնորհիւ ու նախաձեռնութեամբ, թեմի բարերարները՝ Ճերըլտ եւ Փաթրիշա Թրբանճեանները, 2012-ին ստանձնեցին Հառիճավանքի Թրբանճեան ուսումնական հաստատութեան հիմնադրման, ինչպէս նաեւ 2017-ին կառուցուած նոր մասնաշէնքի բոլոր ծախսերը։ Առաջին 8 շրջանաւարտները արդէն 2012 Օգոստոսին մասնակցած են Գէորգեան ճեմարանի ընդունելութեան քննութեանց։

19 Յունիս 2017-ին, երբ Թրբանճեան ընծայարանի նոր մասնաշէնքի բացումը կը կատարուէր, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ բառերով իր բերկրանքը կիսուած էր. «Մենք փառք կու տանք Երկնաւորին, որ իր շնորհները տուաւ այս հինաւուրց վանական համալիրին: Խորհրդային անաստուածութեան տարիներուն այս վանական համալիրը հռչակուած էր որպէս պատմական յուշարձան: Այս վանքի դռները փակուած էին մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակներու առջեւ: Մեր հոգին այսօր կ՚երգէ ու կը ցնծայ, քանի որ բազում հաւատաւոր զաւակներ իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն այս հնամենի տաճարէն: Այս նպատակն էր, որ մեզ առաջնորդեց տարիներ առաջ, որպէսզի մենք ձեռնամուխ ըլլանք այս վանական համալիրին մէջ վերականգնելու նաեւ կրթական մշակոյթը: Մենք վստահ ենք, որ այստեղ կրթուող սաներով պէտք է կրկին ծաղկի ու պայծառանայ այս հինաւուրց վանական համալիրը, վանական կեանքը պէտք է ծաղկի այս կամարներէն ներս»։

Թրբանճեան ընծայարանի տեսուչ Տ. Ղեւոնդ Աբեղայ Սաղաթէլեան մեզի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին հետեւեալ ձեւով բնութագրեց ընծայարանի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը. «Թրբանճեան ընծայարանը մեր երիտասարդներու հոգիներուն մէջ կը սերմանէ քրիստոնէական սերմերը։ Ան իր որոշադրիչ ու կենսական տեղն ու դերը ունի իր պատանի ուսանողներու հոգեմտաւոր պատրաստման ու կազմաւորման հարցին կապակցութեամբ։ Ընծայարանը Հայաստանի մէջ այնպիսի իւրայատուկ դպրոց է, ուր աշակերտները Գէորգեան ճեմարանի ուսանողներու նման կը մասնակցին ժամերգութեան ու Պատարագի եւ իրենց հոգեւոր գիտելիքները կը զարգացնեն։ Այստեղ շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել Թրբանճեան ընտանիքին, որոնք մինչեւ այսօր կը սատարեն մեր ընծայարանի վերելքին ու բարգաւաճման»։

Թրբանճեան հոգեւոր ընծայարանը կեանքի եղանակ մը, հաղորդութեան ընթացք մը, ներքին լիցքաւորումի եւ հասունացումի կենսալի միջոց մըն է, ուր իմացական եւ հոգեւոր գործօներ կու գան ու կ՚ընդելուզուին իւրաքանչիւր ուսանողի ողջ էութեան եւ հոգեխառնութեան հետ։ Հայ Եկեղեցւոյ վերակենդանութեան, յառաջդիմութեան ու զարգացման նախասկիզբն է հոգեւոր եւ ազգային սպասաւորութեան զինուորագրեալներու կազմաւորման նուիրուած նմանօրինակ կեդրոններու աճումն ու բարձրացումը՝ իբրեւ պտղալի ծառ մեր ազգային կեանքի անդաստաններու կեդրոնին մէջ։ Թրբանճեան հոգեւոր ընծայարանի վառարանի կրակէն եւ ջերմութենէն անցնող իւրաքանչիւր պատանի կը դառնայ հաղորդական եւ հաղորդիչ այն ոգեղէն արժէքներուն, որոնց մէջ թաքնուած է գաղտնիքը մեր ժողովուրդի անմահութեան եւ որոնցմով դարբնուած է անեղծանելի մետաղը անոր տոկունութեան ու անբեկանելիութեան։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 7, 2018