ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող չորրորդ կիրակին կը կոչուի Կարմիր կիրակի։

Ստեփաննոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ, հարց-պատասխանով այսպէս կը գրէ այս կիրակի օրուան մասին.

«Հարցում. Չորրորդ կիրակին ինչո՞ւ Կարմիր կը կոչուի:

Պատասխան. Կարմիր կիրակիին համար որեւէ աւանդութիւն չկայ, այլ՝ Յարութեան կիրակիներուն նման կիրակի մըն է: Թերեւս Յիսուսի եօթներորդ երեւումն է աշակերտներուն Տիբերական ծովու ափին, եւ Պետրոսի երեք անգամ ուրացութեան մեղքին քաւումը, երեք անգամ հարցնելով, թէ՝ “Սիմոն, Յովնանի որդի, կը սիրե՞ս զիս”» (Ստեփանոս Ա. Քհնյ. Մանդինեանց, «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ», Անթիլիաս, 2010, էջ 254):

Այս օրը եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին կ՚ընթերցուին հատուածներ՝ Ղուկասի Աւետարանէն, Գործք Առաքելոցէն, Պետրոս առաքեալին Ընդհանրական Առաջին Նամակէն, ինչպէս նաեւ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Յովհաննէսի աւետարաններէն:

- Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ՚ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի» (Ղկ 8.18): Տէր Յիսուս այս արտայայտութիւնը կ՚ունենայ Իր աշակերտներուն եւ Իր չորս կողմ հաւաքուած ժողովուրդին տարբեր առակներ եւ օրինակներ խօսելէ ու տալէ ետք, եւ ճրագին օրինակը տալու աւարտին կ՚ունենայ այս արտայայտութիւնը:

Պահ մը եթէ մենք մեզ եւ մեր ունեցածը քննենք, պիտի նկատենք, որ այդ բոլորը Տէր աստուծոյ ձրի պարգեւն են մեզի, ըլլայ նիւթական, բարոյական, մտային, եւ այլն: Եւ յաճախ մենք մեզի տրուածին յարգը չենք գիտնար եւ տարուելով աշխարհային զանազան հոսանքներէ, մեզի տրուածը յումպէտս կը վատնենք, ինչպէս էր պարագան անառակ որդիին: Սակայն, Տէր Յիսուսի խօսքերը այստեղ յստակ կերպով կու գան ազդարարելու մեզի, թէ՝ ո՜վ մարդիկ, ձեր ունեցածին յարգը գիտցէ՛ք, գնահատեցէք ձեզի տրուածը եւ արժեւորեցէք, աշխատեցէք, որ ձեզի այդ տրուածը լաւագոյնս եւ ի բարին օգտագործէք, որպէսզի աւելիով ստանաք, առատանաք ձեր ունեցած շնորհներուն եւ պարգեւներուն մէջ, հակառակ պարագային, ձեզի տրուած փոքր բաժինն ալ պիտի առնուի ձեզմէ եւ տրուի անոնց, որոնք իրենց տրուածին յարգն ու արժէքը գիտեն, եւ գիտեն ճիշդ կերպով արդիւնաւորել իրենց տրուածը ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան, եւ ի փրկութիւն իրենց հոգիներուն:

- Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս 13-րդ գլուխին 13-43 համարներուն մէջ Պօղոս առաքեալ Պիսիդիայի Անտիոք քաղաքին մէջ ժողովարանէն ներս ժողովրդապետներու խնդրանքին համաձայն կը խօսի քաջալերական պատգամ մը, ուր առաքեալը կ՚անդրադառնայ հրեայ ժողովուրդին ընտրեալ ազգ մը ըլլալուն, եւ թէ ինչպէս Աստուած դարեր շարունակ մարգարէներու միջոցով առաջնորդեց զիրենք, եւ թէ ինչպէս ժամանակներու լրումին Քրիստոս աշխարհ եկաւ, սակայն հրեայ առաջնորդները չընդունեցին զԻնք, այլ՝ չարչարեցին, խաչեցին ու թաղեցին, սակայն Աստուած Անոր յարութիւն տուաւ մեռելներէն, որմէ ետք կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը. «Ուստի իմացէ՛ք, եղբայրներ, Յիսուսի միջոցաւ մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի ձեզի: Ով որ Անոր կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ իր բոլոր մեղքերէն, որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ» (Գրծ 13.38): Այստեղ Պօղոս առաքեալ կը շօշափէ կարեւոր հարց մը, Օրէնքի հարցը, որովհետեւ հրեաները, հակառակ այն իրողութեան, որ միշտ կը կարդային Օրէնքը, կը կարդային մարգարէութիւնները, սակայն չէին կրնար ըմբռնել անոնց խորքը, եւ իրենց կարդացածները տառացիօրէն հասկնալով, դարձած էին Օրէնքին գերին, եւ այդ գերութիւնը զիրենք զրկած էր արդարանալու ու փրկուելու առիթէն, որ Քրիստոսով քարոզուեցաւ իրենց, որպէսզի Անոր հաւատացողները արդարանան իրենց մեղքերէն, ինչ բանին չէին յաջողած հասնիլ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ:

Այսօր ալ, մեր ներկայ կեանքին մէջ, յաճախ կը տարուինք օրէնքներու գերի դառնալու, որովհետեւ գրուածներն ու աւանդուածները տառացիօրէն կը հասկնանք, կ՚ըմբռնենք, եւ մեզի հաճելի եղած ձեւով կը փորձենք այդ բոլորը կեանքի կոչել, որով սակայն, կը շեղինք ճշմարտութենէն, եւ օրէնքին գերին դառնալով կը վերածուինք անշունչ եւ անկեանք արարածներու, որոնք առանց նպատակի կը շարժին ու կը գոյատեւեն…:

Այս առումով, որպէսզի աւելի յստակ կարծիք կազմենք այս ուղղութեամբ, դարձեալ դիմենք Պօղոս առաքեալին, որ Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին 7-րդ գլուխին մէջ այսպէս կը գրէ. «Արդ, ի՞նչ ըսենք. Օրէնքը մե՞ղք է: Բնա՛ւ երբեք: Եւ սակայն ես չէի գիտնար թէ ի՛նչ է մեղքը, եթէ Օրէնքը չյայտնէր: Օրինակ, չէի գիտնար ի՛նչ է ցանկութիւնը, եթէ Օրէնքը չըսէր՝ «մի՛ ցանկար»: Մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ ամէն տեսակի ցանկութիւն առաջացուց իմ մէջս. եթէ Օրէնքը չըլլար՝ մեղքը մեռած պիտի մնար: Ես ալ ժամանակ մը կենդանի էի, երբ Օրէնքը չկար. բայց երբ պատուիրանը եկաւ՝ մեղքը կեանք առաւ, իսկ ես մեղքով մեռայ։ Այսպէս ուրեմն, պատուիրանը որ ինծի կեանք պէտք էր տար՝ մահուան պատճառ եղաւ ինծի, պարզապէս որովհետեւ մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ խաբեց զիս եւ անով ալ սպաննեց: Հետեւաբար, Օրէնքը ինք սուրբ է եւ պատուիրանն ալ սուրբ է, արդար ու բարի: Բայց ուրեմն բարի պատուիրա՞նը ինծի մահ պատճառեց: Բնա՛ւ երբեք: Այլ՝ մեղքն էր որ բարի պատուիրանին միջոցաւ ինծի մահ պատճառեց, նախ՝ որպէսզի մեղքին ի՛նչ ըլլալը յայտնուի, եւ ապա՝ պատուիրանին միջոցաւ մեղքին առաւել ծանրութիւնը յայտնուի» (Հռ 7.7-13):

- Պետրոս առաքեալ իր առաջին նամակին մէջ խօսքը ուղղելով հոգեւոր հովիւներուն, Աստուծոյ խօսքը քարոզողներուն եւ տարածողներուն, Աստուծոյ հօտը արածողներուն, այսպէս կը գրէ. «Երէցնե՛ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայ եմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին որ պիտի յայտնուի, կ՚աղաչեմ, ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ: Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ; Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք» (Ա. Պտ 5.1-4). հոգեւոր հովուութեան, հոգեւոր հովիւ ըլլալու ի՜նչ գեղեցիկ եւ շինիչ նկարագրութիւն, յօժարութեամբ ծառայել, եւ ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, անձերը չպարտադրելով հօտին, այլ՝ օրինակ ըլլալով, որպէսզի Հովուապետին յայտնուելու ժամանակ՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք, որովհետեւ «Քրիստոսի չարչարակից ըլլալը Աստուծմէ տրուած իսկական շնորհք մըն է» (Ա. Պտ 5.12)։ Այստեղ չարչարանքը լոկ ֆիզիքական առումով պէտք չէ հասկնալ, այլ ֆիզիքականէն անդին՝ հոգեւոր եւ բարոյական ընկալում պէտք է ունենալ չարչարանք հասկացողութեան, որոնցմով այսօրուան հոգեւորականը աւելի ենթակայ է վտանգի, քան՝ ֆիզիքական վտանգը: Հովիւ եւ հօտ յարաբերութեան լաւագոյն եւ ամենէն առողջ կերպերէն մին է հովիւին ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ ըլլալը, որու դիմաց հօտին անդամները իրենց՝ Աստուծոյ ուղղած աղօթքներով կը դիւրացնեն եւ կը թեթեւցնեն իրենց հովիւին առաքելութիւնը, իրենց աղօթքներով զօրավիգ կանգնելով անոր: 

- Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Հաստա՛տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին: Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի Իր մէջ, այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին» (Յհ 5.25-26): Այս համարը բնաբան ընտրած ըլլալով երջանկայիշատակ Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Չորէքճեանը կը գրէ. «Կը կարծէք, որ Ան՝ [Տէրը] մարմինով մեռածներուն եւ անոնց յարութեա՞ն մասին կը խօսի. ո՛չ երբեք: Եթէ Ան վերջին դատաստանին մեռելներու յարութիւնը նկատի ունենար, չէր ըսեր. «Եւ արդէն իսկ եկած է»:

Ո՛չ, ուրիշ մեռելներու եւ անոնց յարութեան մասին է խօսքը: Ան կենդանի մարդոց մեռած սիրտերուն կ՚ակնարկէ, որոնց՝ Տէրը յարութիւն տուած է Իր կենարար խօսքով եւ միշտ ալ յարութիւն պիտի տայ:

Այս հոգեւոր հրաշքները իրապէս աւելի մեծ ուշադրութեան արժանի են, քան՝ մարմինի հրաշքները: Կորսուած եւ դարձեալ գտնուած որդին, որու մասին ըսուած է. «Որովհետեւ այս որդիս մեռած էր եւ ողջնցաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.24), մի՞թէ նուազ արժէք ունի, քան՝ Նայինի պատանիին յարութիւնը:

Տէրը՝ Կեանքի Իշխանը, ո՛չ միայն անցեալին մէջ, այլ՝ այսօր Իր զարթուցիչ ձայնով եւ կենարար խօսքով կը յուզէ մեր սիրտերը եւ յարութիւն կու տայ անոնց: Այո՛, ով Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրի, ան կը ճաշակէ յաւիտենական կեանքը ուղղակիօրէն այս աշխարհին մէջ՝ երկրի վրայ» (Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորէքճեան, «Քարոզներ եւ ելոյթներ», Մայր Աթոռ, 2013, էջ 322-323, 324):

- Մատթէոսի Աւետարանին 11-րդ գլուխին 25-26 համարներուն մէջ արձանագրուած է Տէր Յիսուսի ըսած մէկ գոհաբանական աղօթքը, այսպէս. «Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ Քեզի, որ իմաստուններէն եւ գիտուններէն ծածկեցիր այն՝ ինչ որ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց: Այո՛, Հայ՛ր, դուն այսպէս ուզեցիր»: Լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս անդրադառնալով այս հատուածին՝ այսպէս կը գրէ. «Աստուածաշունչի ամենէն գեղեցիկ հատուածերէն մէկն է այս աղօթքը: Ասիկա ոչ միայն աղօթք է, այլ նաեւ Յիսուսի կողմէ բոլոր իր հետեւորդներուն ուղղուած մեծագոյն քաջալերանքն է:

Ազդարարական խօսքերէն ետքը, Յիսուս Իր նայւածքը երկինք կը դարձնէ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հօր:

Աստուածաշնչական աղօթքներուն էական մէկ գիծն է առ Աստուած շնորհակալութիւն յայտնելը: Աղօթքի կանգնած ատեն՝ մենք յարաբերութիւն մը կը ստեղծենք Երկնաւոր Հօր հետ, եւ այդ կեցուածքին մէջ՝ մենք մեզ առանձնաշնորհեալ կը զգանք: Կը զգանք, որ Աստուած մեզի յատուկ պատիւ մը կ՚ընէ, երբ զԻնք Հայր կը կոչենք: Ան շնորհք կ՚ընէ մեզի, երբ մեզ ուղղակիօրէն կը լսէ: Եւ այդ դիրքին մէջ, բնականօրէն մեր սիրտերը կը լեցուին շնորհակալութեան զգացումով:

Մեր մարդացեալ փրկիչը տիպար օրինակն է իւրաքանչիւր աղօթողի: Ան կը սորվեցնէ, որ իւրաքանչիւր Իրեն հետեւող՝ իր որդիութիւնը պէտք է զգայ եւ ամէն անգամ որ Աստուծոյ կ՚աղօթէ՝ գոհ սիրտ պէտք է ունենայ եւ Աստուծոյ յայտնէ իր գոհութիւնը: Յիսուս՝ իբր էակից Աստուծոյ պէտք չունէր շնորհակալութիւն յայտնելու Անոր, սակայն յայտնեց՝ որպէսզի խոնարհութիւն եւ գոհ սիրտ ունենալ սորվեցնէ մեզի:

Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելը՝ գիտակցիլ կը նշանակէ; Գիտակցիլ թէ մենք Անոր արարածներն ենք, թէ՝ մենք կաւն ենք եւ Ինք՝ բրուտը, թէ մենք Իր որդիներն ենք: Մենք Իր պատկերով ստեղծուած ենք, եւ չենք նմանիր քարին, ոչ ալ փայտին, ոչ ալ ծառին, ոչ ալ կենդանիներուն, այլ այդ բոլորէն տարբեր ենք: Թէեւ աստուածային պատկերը աղաւաղուած է մեր մէջ, սակայն ատոր շնորհիւ տակաւին կրնանք Աստուծոյ հետ խօսիլ: Այդ պատկերին շնորհիւ մենք նաեւ ունինք բազմաթիւ պարգեւներ: Յաճախ փորձութեան կ՚ենթարկուինք եւ չենք տեսներ այդ պարգեւները ու ապերախտ կ՚ըլլանք Աստուծոյ հանդէպ: Յիսուսի կոչն է, որ մենք տեսնենք մեր աստուածային պատկերով ստեղծուած ըլլալը, եւ այն պարգեւները որ կը բխին անկէ, եւ անոնց համար շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, որ առատ պարգեւներուն տուիչն է:

Շնորհակալութիւն յայտնելը կ՚ազնուացնէ եւ մարդ էակը աստիճանաբար կը բարձրացնէ: Յիսուս Իր այս աղօթքով՝ մեզ բարձրացնելու յատուկ դաստիարակութիւն մը կու տայ» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ, 2016, էջ 244-245):

- Մարկոսի Աւետարանին 4-րդ գլուխին 35-41 համարներուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Տէր Յիսուս կը խաղաղեցնէ փոթորիկը: Այս հատուածը բնութեան հետ առընչութիւն ունեցող դէպք մըն է, ուր աշխարհի Արարիչը Իր ձեռագործը Իրեն կ՚ենթարկեցնէ, սաստելով հովը, ըսելով՝ «դադրէ՛» եւ լիճին՝ «հանդարտէ՛» (Մր 4.39), որոնք անմիջապէս կը հնազանդին իրենց Արարիչին: Իսկ Վարդապետը, Իր աշակերտներուն անհաւատութիւնը եւ խառնուած վիճակը տեսնելով՝ կ՚ըսէ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք» (Մր 4.40): Այսօր, նոյն այս արտայայտութիւնը տէր Յիսուս կ՚ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ հակառակ բոլոր այն ողորմութիւններուն եւ պարգեւներուն, որոնք Տէրը ձրիօրէն տուած է մեզի, կը շարունակենք վախկոտ մնալ ու թերահաւատութեամբ մօտենալ Տիրոջ, ուրանալով Իր ողորմութիւնները, ապերախտ գտնուելով Իր բարերարութիւններուն նկատմամբ, աւելին՝ կը շարունակենք վախնալ սատանայէն ու անոր արբանեակներէն, մոռնալով, որ Տէր Յիսուս Իր՝ խաչին վրայ մահուամբ եւ գերեզմանէն յարութեամբ կոխելով կոխեց մահը, եւ վերջնականօրէն յաղթանակ տարաւ սատանային ու անոր արբանեակներուն համար, եւ եթէ մենք՝ մեր Տիրոջ օրինակով մեռնինք Անոր հետ եւ յարութիւն առնենք Անոր հետ, ապա սատանան եւ իր արբանեակները ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնան ունենալ մեր վրայ, եւ անոնց բոլոր փորձերը մեզ շեղելու մեր Փարոսէն, մեր Կեանքի Իմաստէն, ապարդիւն պիտի անցնին, եթէ մենք շարունակենք ամուր կերպով կառչած մնալ Անոր, որուն՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 30 ապրիլ 2022

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022