ՏԱՒՈՒՇԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ
Անցեալ շաբաթ երկու զանազան առիթներով այցելեցինք Հայաստանի հիւսիսային մարզերէն Տաւուշ: Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանամերձ այս մարզը մշտապէս արժանացած է հայութեան ուշադրութեան, նախ սահմանային ըլլալուն համար, ապա՝ Հայաստանի մարզերու մէջ աղքատ բնակչութեան բարձրագոյն ցուցանիշի պատճառաւ, որ Տաւուշի մարզին բաժին կը հասնի: Հակառակ անոր, որ օժանդակութիւնները, հիմնադրամներու յատկացումները, պետական ճիգերը մեծապէս կը նպաստեն այս մարզի բարելաւման, բայց եւ այնպէս, աղքատութիւնը, ոչ հաւասարաչափ զարգացումը, կտրուածութիւնը՝ մայրաքաղաքէն, նկատելի է համայնքներու մէջ:
Ամէնօրեայ կրակոցները, հրադադարի պայմանաւորուածութեան խախտումները սովորական են այս մարզի բնակիչներուն համար: Պատերազմի մշտական վտանգը տեսակ մը թախիծի ու սպասումի մէջ կը պահէ բնակիչները:
Մարզի կենսապայմաններու բարելաւման համար իրականացուող ծրագրերէն է Դիլիջանի Միջազգային դպրոցը, «Այբ» դպրոցի դիլիջանեան մասնաճիւղը, որոնց բարերարները, գործարարները, Հայաստանի գիւղական կեանքի վրայ ուշադրութիւն դարձնելու համար միշտ կը ջանան իրենց ներդրումներուն մէկ մասը կրկին յատկացնել Տաւուշի մարզին:
Նման առաքելութեամբ մը, վերջերս Տաւուշ ժամանած էր գանատաբնակ բարերար՝ Լեւոն Աֆէյեան իր տիկնոջ՝ Աննա Աֆէյեան-Փափազեանի հետ: Ծնած ըլլալով Լիբանանի մէջ, ապա բնակութիւն հաստատած Գանատա, նաեւ Արժանթին, Լեւոն Աֆէյեան ոչ միայն չէ կորսնցուցած հայութեան հետ իր կապը, այլեւ իր բարեգործութիւններով մշտապէս օգնած է հայրենիքին: Ան այլ բարերարի մը՝ 100 lives նախաձեռնութեան հեղինակներէն՝ Նուպար Աֆէյեանի եղբայրն է, միշտ նեցուկ կանգնած է իր եղբօր բարեսիրական ծրագիրներուն: Գանատայի մէջ հիմնելով գործարան եւ արտադրութիւն՝ Լեւոն Աֆէյեան իր հասոյթին մեծ մասը տրամադրած է բարեգործութիւններու թէ՛ սփիւռքահայ համայնքներէն ներս եւ թէ Հայաստանի մէջ:
Տաւուշի Դիլիջան քաղաքի մէջ բարերարները ներկայ եղած են իրենց անունը կրող «Լեւոն եւ Աննա Աֆէյեան» կիրակնօրեայ դպրոցի բացման: Ժամանակակից կահաւորմամբ դպրոցը պիտի գործէ Տաւուշի Թեմին կից եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն պիտի ջամբէ մարզի երախաներուն:
Տէր եւ Տիկին Աֆէյեանները Տաւուշի մարզին մէջ այցելած են նաեւ առաջնագծի զինուորներուն, մասնակցած են զին-ւորներու ձեռքով կառուցուած մատուռի օծման արարողութեան: Մատուռը կը գտնուի երկու սահմանամերձ գիւղերուն ճիշդ մէջտեղը եւ այդ զօրամասերուն մէջ ծառայող զինուորները կառուցած են զայն:
Աֆէյեաններու այցի օրերուն Հայաստանի մէջ դպրոցական աւարտական միջոցառումները տեղի կ՚ունենային, ահաւասիկ, անոնք առիթն ունեցան նաեւ սահմանային Մովսէս գիւղին մէջ մասնակցելու գիւղի միայն վեց շրջանաւարտներու մկրտութեան արարողութեան։ Անոնք քանի մը օր ետք պիտի աւարտէին դպրոցը եւ փափաքած էին մկրտուած աւարտել:
Լեւոն եւ Աննա Աֆէյեանները մասնակցեցան նաեւ Պառաւաքար գիւղի «Սրբոց Թարգմանչաց» կիրակնօրեայ դպրոցի բացման արարողութեան:
Աֆէյեանները այս բոլոր յայտագիրներուն ընթացքին բերին իրենց մեծ կամ փոքր մասնակցութիւնը եւ խոստացան շարունակական համագործակցութիւն ցուցաբերել Տաւուշի մարզի յառաջընթացին համար:
Աֆէյեանները վերջին շրջանին Գանատայի մէջ մեծ աշխատանք տարած են նաեւ Սուրիայէն Լիբանանի ճամբով Գանատա փոխադրուած սուրիահայերուն հետ։ Անոնցմէ ոմանց աշխատանք տրամադրելով Աֆէյեանի հիմնած գործարանին մէջ:
ԽՈՇՈՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրերուն Տաւուշի մարզը ունեցաւ նաեւ այլ պատուիրակութեան մը այցելութիւնը: Ֆրանսայի Օ-տը-Սեն նահանգի բաժանմունքի (départment) խորհուրդի նախագահ եւ երեսփոխան, ֆրանսահայ նշանաւոր իրաւաբան, քաղաքական գործիչ Փաթրիկ Տեւեճեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց ծանօթանալու համար Օ-տը-Սեն նահանգի եւ Տաւուշի մարզի միջեւ շուրջ վեց տարիէ ի վեր շարունակուող համագործակցութեան արդիւնքներուն: Օ-տը-Սեն նահանգը միջազգային համագործակցութեան ծրագիրներ կ՚իրականացնէ հինգ երկիրներու մէջ՝ Քամպոտիա, Հաիթի, Մալի, Հայաստան, Պենին: Մալիի մէջ, մեկնելով անվտանգութեան նկատառումներէն այժմ ծրագիրը սառեցուած է՝ նախապէս աւարտին հասցնելով արդէն ձեռնարկուած միջոցառումները, իսկ միւս երկիրներուն մէջ Օ-տը-Սեն նահանգը կը շարունակէ նպաստել աղքատութեան մեղմացման, ժողովուրդներու կենսական պայմաններու եւ պարէնային անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման: Հայաստանի մէջ ընտրուած է Տաւուշի մարզը: Հոս անցնող վեց տարիներու ընթացքին մարզին մէջ կառուցուած են ջրակայաններ, գիւղացիներուն բաժնուած են տնկիներ, օժանդակած են անոնց գիւղատնտեսական, անասնապահական եւ այլ հարցերու մէջ: Ֆրանսական նահանգի այս ծրագրին Հայաստանի պարագային միացած է նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակը եւ իր կողմէ տարեկան 300 (երբեմն՝ 350 հազար) եւրօ տրամադրած է Օ-տը-Սեն նահանգի՝ 500 հազար եւրօ դէպի Տաւուշ առաքուած օժանդակութեան վրայ: Այժմ մարզի հիւսիսային տարածքաշրջանը լաւ կ՚ոռոգուի մօտաւորապէս 25 քիլօմեթր կառուցուած կամ նորոգուած ջրանցքներու շնորհիւ, նաեւ՝ հազարաւոր ծառերէ կազմուած տնկաստաններ հիմնուած են արձակ դաշտերու մէջ:
Տաւուշի մարզի այցելութեան ընթացքին կայացած համաձայնութեան շնորհիւ ձեռք բերուեցաւ չորս տարի եւս ծրագիրը շարունակելու որոշում: Մինչեւ 2020 թուականը Օ-տը-Սեն նահանգային բաժանմունքը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի բաժնին հետ տարեկան 800 հազար եւրօ պիտի տրամադրէ Տաւուշի մարզի զարգացման համար: Ասկէ ետք սոյն գումարները մեծ մասամբ պիտի օգտագործուին անասնապահութեան զարգացման, մանաւանդ կաթնարտադրութեան համար: Նպատակ կայ զարգացնել խոշոր եղջերաւոր անասուններու որակեալ հօտ՝ Տաւուշի մարզին մէջ եւ հիմնել կաթ արտադրողներու ցանց:
Տաւուշի մարզպետարանին մէջ, մարզպետի եւ միւս պաշտօնեաներու հետ պատուիրակութիւնը քննարկեց նախորդ տարիներու աշխատանքի արդիւնքները, նշելով, որ առհասարակ, գոհացուցիչ եղած է համագործակցութիւնը, եւ նոյն վայրին մէջ ալ ստորագրուեցաւ համագործակցութիւնը եւս չորս տարիով նորոգելու երկրորդ յուշագիրը:
Ֆրանսացի հիւրերը նշեցին, որ այս օժանդակութիւնը ձեւով մը միջոց է՝ գիւղացին պահելու հողին վրայ, որպէսզի ան չարտագաղթէ, չլքէ իր հողը, ինչ որ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ սահմանային շրջանի համար: Տաւուշի մարզի վաթսուներեք համայնքներէն քսանչորսը սահմանամերձ են, ինչ որ բարձր թիւ մըն է Հայաստանի հիւսիսային սահմանին համար, եւ այդ դարպասը յատուկ ամրագրման կարիք ունի, անհրաժեշտ է ամէն գնով գիւղացին պահել իր հողին վրայ, աջակցիլ, որպէսզի ան ոչ միայն մնայ, այլ նաեւ քիչ թէ շատ լաւ պայմաններու մէջ ապրի:
2008 թուականէն մինչ այսօր արդէն աւելի քան 4.2 միլիոն եւրօ ներդրումներ իրականացուած են Տաւուշի մարզի քսան համայնքի մէջ, ծրագրին մէջ ներգրաւուած է 25 հազար շահառու, որոնք օգտուած են աջակցութենէն, եւ որոնց կեանքը անցնող տարիներուն ձեւով մը բարելաւուած է:
Փաթրիկ Տեւեճեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Տաւուշի մարզի Լուսաձոր համայնքին մէջ մասնակցեցաւ պանրագործարանի ընդլայնուած մասի բացման արարողութեան, այցելեց նահանգային բաժանմունքի աջակցութիւնը ստացած երկու փոքրիկ ագարակ, եւ առիթ ունեցաւ շփուելու գործակցական խումբերու (cooperative) մէջ միաւորուած գիւղացիներուն հետ: Այդ գործակցական խումբերուն նուիրած են կովեր՝ յատուկ ներմուծուած Եւրոպայէն, որոնք բարձր մսատու եւ կաթնատու տեսակ են (ճերսի եւ սիմետալ տեսակի): Ամէն մէկ խումբի տրուած է որոշակի քանակութեամբ կովեր, որոնց համար կառուցուած են յարմարաւէտ գոմեր եւ ախոռներ։ Սկզբնական շրջանին գիւղացիները աջակցութիւն ստացած են անասնակերի մէկ մասը, ելեկտրականութեան վճարումները կատարուած է հովանաւորներու կողմէ։ Յոյս կայ, որ շրջան մը վերջ գիւղացիները արդէն կը դառնան անկախ եւ ինքնուրոյն ոտքի կը կանգնին: Կովերէն ստացուած կաթը Լուսաձորի պանրագործարանին մէջ կը դառնայ պանիր, որ կը վաճառուի Իջեւանի եւ Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ագարակէն իսկ կրնան գնել զայն: Նպատակ կայ նաեւ արտասահման հասցնելու: Այդ պանրատեսակը ստացուած է հայ եւ ֆրանսացի մասնագէտներու համատեղ ուժերով եւ բնապահպանական բարձր որակ ունի: Պատուիրակութիւնը Տաւուշ ժամանալէ առաջ Երեւանի մէջ այցելած է նաեւ այն հանրախանութը, ուր կը վաճառուի Լուսաձորի պանրագործարանի ընտիր պանիրը՝ «Տաւուշ» անունով:
Օ-տը-Սեն նահանգի, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի գրասենեակի եւ Տաւուշի մարզի միջեւ իրականացուող համագործակցութիւնը տեղւոյն վրայ իրագործելու համար ստեղծուած է «ՀիմնաՏաւուշ» հիմնադրամը, որն ալ տեղական գործընկերն է այս կազմակերպութիւններուն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի պատասխանատու Պետրոս Թերզեան, նոյնպէս մաս կը կազմէր Տաւուշ այցելած պատուիրակութեան: Ան մանրամասն տեղեակ էր ամէն մէկ համայնքի մէջ իրականացուող ծրագրերուն։ Պետրոս Թերզեան նշեց, որ մօտէն կը հետեւին եւ ընդհանրապէս գոհ են արդիւնքներէն: Ան տեղեկացուց, որ բացի տնկիներու ձեռքբերման, ջրանցքներու ստեղծման, ոռոգման խողովակաշարերու ընդլայնման եւ անանսապահական ծրագրերէն, այս համագործակցութիւնը ունի նաեւ չորրորդ բաժին մը, որ գիտելիքներու տրամադրումն է՝ գիւղացիներուն: Անոնց համար իրականացուող յատուկ դասընթացքներու միջոցաւ ժամանակակից անասնաբուժական, հողագործական, հաշուապահական եւ այլ գիտելիքներ կը տրամադրուին, որպէսզի նոր պայմաններուն համապատասխան գիւղացին կարենայ իրականացնել իր արտադրանքը, եւ կարենայ ճիշդ հաշուարկներու շնորհիւ բարձր եկամուտ ստանալ:
Երեւան վերադառնալէ յետոյ Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութիւնը Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ բնակող ֆրանսական համայնքին հետ, իսկ մինչ Տաւուշ մեկնիլն ալ հանդիպում մը արդէն ունեցած էր Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանին հետ:
Տեւեճեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ Օ-տը-Սենի նահանգի բաժանմունքի միջազգային կապերու, համագործակցութեան եւ եւրոպական հարցերու գիծով փոխ-նախագահ Իզապէլ Կոլլերի, բաժանմունքի փոխ-նախագահ Ժորժ Սիֆրետի եւ բաժանմունքի խորհուրդի անդամ Փիէռ Ուզուլեան:
Տաւուշցիները՝ թէ՛ մարզպետարանը եւ համայնքային պաշտօնեաները եւ թէ՛ ծրագրի շահառուները գոհ էին այս խիստ նպաստաւոր ծրագրի շարունակակութեան կապակցութեամբ եւ ուրախ տրամադրութեամբ ալ ճանապարհեցին մարզ այցելած ֆրանսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը:
ՓԱԹՐԻԿ ՏԵՒԵՃԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Տաւուշի մարզի Լուսաձոր համայնքին մէջ ֆրանսահայ նշանաւոր քաղաքական գործիչ Փաթրիկ Տեւեճան, ելոյթ մը ունենալով՝ նշեց, որ երջանիկ է վեց տարի յետոյ վերադառնալով Տաւուշ եւ տեսնել գոհացուցիչ արդիւնքներ:
«Կ՚ուզէի նախ ըսել, թէ որքա՜ն երջանիկ եմ վերադառնալ այստեղ՝ Տաւուշ։
«Եւ իմ բաւարարուածութիւնը աւելին է, քան որեւէ ժամանակ, նկատի առնելով, որ որքա՜ն բարելաւուած է ամէն ինչ՝ իմ նախորդ՝ 2010 թուականի այցելութենէն ի վեր:
«Այստեղ ընթացող թէ՛ գիւղատնտեսական եւ թէ առեւտրային զարգացումները շատ քաջալերող են։
«Այս տարածքաշրջանը կրնայ եւ պէտք է զարգանայ։ Ան կը շարունակէ իր վերելքը եւ կը հասնի ինքնուրոյնութեան, իր սեփական առաւելութիւններու շնորհիւ։
«Տարածքաշրջանին մէջ մեր իրականացուցած ծրագրերու նպատակը այդ է:
«Երբ աշխարհի խոցելի բնակչութեամբ տարածքաշրջանները կը տառապին, Ֆրանսայի տեղական ինքնակառավարման մարմինները չեն կրնար անտարբեր մնալ: Համերաշխութիւնը պէտք է արտայայտուի միջազգայնօրէն։ Սակայն սխալ կ՚ըլլար աջակցութիւնը արտայայտել ուղղակիօրէն դրամական «չեք» ստորագրելով, կամ անկանոն կերպով փոշիացնելով հանրային միջոցները։
«Ես կը փափաքէի այս ոլորտին մէջ իրականացնել սահմանափակ երկիրներու մէջ թիրախաւորուած ծրագրեր՝ բնակչութեան համար շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար։
«Մեր ջանքերը կենդոնացուած են սննդային անվտանգութեան եւ ընտանեկան գիւղատնտեսութեան զարգացման վրայ՝ աշխարհի զանազան ընկերային խոցելի տարածքաշրջաններու մէջ:
«Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ընտանեկան գիւղատնտեսութիւնը կը սնէ աշխարհի բնակչութեան 70 առ հարիւրը եւ լաւագոյն պատասխանն է թերսնման դէմ ու սննդային անվտանգութեան համար։ Հակասական է կարծես, սակայն թերսնմամբ տառապող բնակչութեան մեծ մասը զբաղուած է գիւղատնտեսութեամբ եւ յաճախ կը բնակի գիւղական վայրերու մէջ։ Նպատակն է զարգացնել տեղական գիւղամթերքի արտադրութիւնները ու հասցնել մինչեւ սպառողը: Ապրիլ սեփական հողի վրայ, սեփական աշխատանքով՝ ահա այն պատուաբեր շրջանակը, զոր ես կ՚ուզեմ քաջալերել։
«Այս միջոցով հնարաւոր է արդիւնաւէտ կառավարել բնական պաշարները, պայքարիլ աղքատութեան եւ թերսնման դէմ, սահմանափակել արտագաղթը եւ զարգացնել տեղական տնտեսութիւնը։
«Ծրագիրը, զոր մենք կ՚իրականացնենք, Տաւուշի բնակիչներուն համար, լաւ հնարաւորութիւն է։
«Լաւ ապրիլ, կը նշանակէ ըլլալ ամուր որեւէ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Այդ մէկը կարեւոր է, երբ կը շարունակուի ազատութեան համար պայքարը»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ