ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԸ ԸՍՏ ՇՈՓԵՆՀԱՈՒԷՐԻ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կան մտածողներ, ըստ որոնց մարդկութիւնը ոստումներ կը կատարէ եւ սրընթաց կը զարգանայ օր ըստ օրէ։ Նման փիլիսոփաներ իրենց յաջորդելիքներու առջեւ նոր հորիզոններ, ուղիներ կը բանան, սահմանները անդրանցնելու ձեւեր կ՚առաջարկեն եւ կը խրախուսեն, կը ներշնչեն մտածելու համար։ Այդ մտածողներէն մին կարելի է համարել գերմանացի փիլիսոփայ Արթուր Շոփենհաուէրը։ Թէեւ անոր գործերը կամ տեսակէտները բաւարար ուշադրութեան չեն արժանացած իր ժամանակներուն, սակայն մեծ ազդեցութիւն գործած են փիլիսոփայութեան, գրականութեան, նոյնիսկ գիտութեան զանազան ճիւղերուն վրայ։ Անոր գեղագիտութեան, բարոյականութեան եւ հոգեբանութեան վերաբերեալ գրառումները ներշնչած են բազմաթիւներ. ինչպէս՝ Ֆրիտրիխ Նիցչէ, Ալպերթ Այնշթայն, Սիկմունտ Ֆրոյտ, Քարլ Ժունկ, Լէօ Թոլսթոյ, Թոմաս Ման եւ այլք։

Շոփենհաուէր աշակերտն էր Իմմանուէլ Քանթի եւ ան իւրայատուկ հայեացքով գծած է բոլորովին տարբեր ուղիներ, որոնք երբեմն հակած են հնդկական խորհրդապաշտութեան, իսկ երբեմն ալ՝ ծայրայեղ նիւթապաշտութեան։ Հին ժամանակներէն ի վեր փիլիսոփայութեան մէջ կան տարակարծութիւններ՝ կամքի ազատութեան մասին։ Արդարեւ, Շոփենհաուէրի առաջնահերթ մտահոգութիւնն է այն արժէքները, որոնք կը բնորոշեն մարդու յարաբերութիւնները աշխարհի հետ. արդեօք հնարաւո՞ր է մարդկային կամքի ազատութիւնը բխի ինքնագիտակցութենէ։ Այս կարեւոր հարցման պատասխանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է յստակեցնել ազատութիւն հասկացողութիւնը։

Ազատութիւնը առաջին հերթին կ՚ըմբռնենք՝ որպէս որեւէ խոչընդոտի բացակայութիւն։ Մարդը ստեղծուած է բոլորովին հակառակ յատկութիւններով երկու մասէ՝ մարմինէ եւ հոգիէ։ Մարմինը՝ աշխարհի, բնութեան մէկ մասն է եւ անբաժան տարրը։ Մարմինը ենթակայ է բնութեան օրէնքներուն, գործելակերպին։ Այսուհետեւ մարմինը բնական է՝ բնութեան արտադրանքը, բնութեան յարիր։ Իսկ հոգին, ընդհակառակը, բնութեան արտադրանք չէ, անոր ծագումը աշխարհէն դուրս է, հետեւաբար բնութեան օրէնքներն ու համակարգը չեն ազդեր անոր վրայ։ Քանի մարդիկ հոգի ունին, անոնք ընդունակ են դուրս գալու աշխարհի եւ բնութեան գործելակերպէն եւ զերծ մնալու անոնց ստրուկը դառնալէ։ Հոգին նաեւ ազատութեան երաշխիքն է։ Կ՚ենթադրուի, որ մարդ իր հոգիին շնորհիւ կը բացառուի բնութեան մէջ։

Մարդկային այս կազմուածքին՝ հոգիի եւ մարմինի համադրման յառաջ բերած ազատութեան ընկալումը կարելի է համառօտել հետեւեալ կերպով. մեր արարքները, բացի մեզմէ, այլ պատճառ չունին։ Այլ խօսքով՝ մեր արարքները պէտք չէ պարտադրուած ըլլան։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ, թէ մեր գործողութիւնները, շարժումները կախում չունին որեւէ գործօնէ կամ հարկադրանքէ։

Շոփենհաուէր, մարդու եւ ազատութեան ընկալման մասին հետեւեալ ձեւով կը հարցնէ. «Որպէս բնութեան մէկ տարրը, մարդ արդեօք շրջակայ միջավայրէն ազդուո՞ղ էակ մըն է, թէ ոչ բացառութիւն է բնութեան մէջ»։

Ըստ Շոփենհաուէրի՝ մարդիկ փափաքելու համար ստեղծուած են։ Իսկ ազատութիւն կը նշանակէ ո՛չ թէ իրականացնել մեր ցանկութիւնները, այլ՝ զանոնք կեանքի կոչել ինքնըստինքեան, առանց որեւէ բանի ազդեցութեան տակ մնալու, անկախ այլ հանգամանքներէ կամ պատճառներէ։ Իր խօսքով՝ սա անհաւանական է, քանի որ մեր ցանկութիւնները յառաջ կու գան շրջակայ միջավայրի պայմաններու տակ։ Օրինակ՝ եթէ մսինք, պէտք կ՚ունենանք աւելի հաստ հագուստի, որպէսզի տաքնանք։ Պայմաններու բացակայութեան պարագային կամք չ՚ըլլար։

Փիլիսոփայութեան մէջ միտքը, ընդհանուր առմամբ, կ՚ընկալուի՝ որպէս կամքը ղեկավարող տարր։ Միտքը կը նկատուի՝ որպէս որոշում տուող, ծրագրող, լաւը վատէն զատող ուժ։ Շոփենհաուէրի համաձայն՝ միտքը կը ծառայէ կամքի ստեղծած նպատակներու համար յարմար միջոցներ գտնելու։ Բանականութիւնը մարդուն տրուած է ո՛չ թէ ճշմարտութեան հասնելու կամ զայն բացայայտելու համար, այլ ուղեղը տրուած է մարդուն, որպէսզի գտնէ օգտակարը եւ գոյատեւէ՝ ըստ այդ օգուտի։ Հետեւաբար, միտքը կը ծառայէ գոյատեւելու ցանկութեան, նաեւ կը նպաստէ իրեն պատկանող էութեան գոյութեան:

Ուստի, հոգի եւ կամքի ազատութիւն հասկացողութիւնները գիւտեր են՝ ըստ Շոփենհաուէրի։ Անոնք յօրինուած են անհրաժեշտութեան մը արդիւնքին։ Հոգին՝ կամքի ազատութեան գետին պատրաստելու, իսկ կամքի ազատութիւնը պատասխանատուութեան զգացումի համար ստեղծուած են։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024