ՈՐՔԱՆՈ՞Վ ԿԸ ՊԱՀԵՆՔ ՏԱՍՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

Մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ խաչն ու սրբապատկերները ամէնուր են. հանրաշարժերու, երթուղայիններու, ինքնաշարժներու մէջ՝ դիմապակիէն կախուած: Աշխարհի չորս ծագերու մէջ, գրեթէ ամէն հայու օճախի մէջ, մուտքին՝ դրան շեմին, կը հանդիպինք Քրիստոսի պատկերին ու օրհնութեան. «Աստուած օրհնէ այս տունը», Տէրունական աղօթքը, Քրիստոսին խաչի վրայ կամ տասն պատուիրանները:

Ակնահաճոյ ու սփոփիչ են նման տեսարանները, յատկապէս եթէ անոր կը հանդիպիս Հայաստանի սահմաններէն դուրս՝ օտարութեան մէջ: Անգամ մը եւս կը զգաս, որ դուն քրիստոնեայ ես եւ հաւատքը կը կազմէ քու կեանքի անբաժանելի մասը: Սակայն երբ կը յառաջանանք, քիչ մըն ալ կը շփուինք տուեալ հայ ընտանիքի պարագաներուն հետ, ցաւով կը նշուարենք, որ այդ խօսքերը, օրհնութիւնները, խաչը, տասն պատուիրանները, սրբապատկերները լոկ գրութիւններ ու գեղեցիկ պատկերներ են, զորս կը զարդարեն տան շքամուտքը:

Արդեօք մենք կը պահե՞նք տասն պատուիրանները: Մինչեւ հարցի պատասխանը ստանալը նախ վերյիշենք զանոնք.

Ես եմ քու Տէր Աստուածը, ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ պիտի չունենաս

Կուռքեր մի՛ շիներ քեզի համար, ո՛չ երկնքի, ոչ երկրի վրայ

Քու Տէր Աստուծոյ անունը զուր տեղը մի՛ գործածեր

Շաբաթ օրը սուրբ պահէ

Մի՛ սպաննէր

Մի՛ շնար

Մի՛ գողնար

Քու դրացիի դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ

Քու մերձաւորի ունեցուածքի վրայ աչք մի՛ ունենար:

Տէրն այնքան ողորմած ու բարեգութ է, որ այսօր մարդկութիւնը, մասնաւորապէս քրիստոնեաները կ՚ապրին ոչ թէ Աստուծոյ օրէնքներով, այլեւ՝ շնորհներով: Քանի Տիրոջ շնորհով կ՚ապրինք, պարտաւոր ենք ականջալուր ըլլալ եւ սուրբ պահել անոր բոլոր պատուիրանները:

Կը պահե՞նք տասն պատուիրանները՝ ի հարկէ ոչ: Հակառակ պարագային մեր կեանքի որակն ու իմաստը կ՚ըլլար ուրիշ: Մեր հոգին, մեր միտքն ու մեր սիրտը կ՚ըլլար առողջ, իսկ երկիրը բռնած՝ զարթօնքի ու բարգաւաճումի ուղին: Այսօր զիջող ժողովուրդ, հասարակութիւն ըլլալու փոխարէն, կ՚ըլլայինք աստուածապաշտ, հայրենասէր, առաքինի, իր ունեցածը պահող ու գնահատող ազգ մը, որու քովէն չէր համարձակեր անցնիլ նոյնիսկ սատանան:

Բազմիցս նշած եմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրի գործած մեղքերու պատճառաւ Տէրը կը պատժէ ոչ միայն մեզ, մեր ընտանիքն ու սերունդները, այլեւ՝ մեր երկիրը: Աստուած կը ձգէ, որ մեր թշնամիները ասպատակեն մեր երկիրը, տիրանան մեր երկրին ու մեր ունեցուածքին, դարաւոր ժառանգութեան: Մեր զաւակները, մեր երիտասարդները մեր առջեւ կը սպաննեն...

Հետաքրքրական է, մեզմէ քանին սուրբ կը պահէ պատուիրանները, զոր օրինակ, առաջինը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածը, ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ պիտի չունենաս»: Քիչերը: Ճշմարիտ Աստուծոյ փոխարէն շատեր կը դառնան աղանդաւորական խումբերու հետեւորդներ, կամ անհաւատ, կամ կ՚ըլլան կրօնափոխ: Առհասարակ, այսօր մարդ կը հաւատայ, պատրաստ է հաւատալ ամէն բանի, բացի ճշմարիտ Աստուծմէ: Կը հաւատան գերբնական ուժի մը գոյութեան, տիեզերքի ուժին... չհասկնալով, որ Տէրը շատ խանդոտ է, եւ ուրիշ պաշտամունքներ ունենալու համար խիստ կը պատժէ մեզ ու մեր երկիրը:

Իսկ երկրորդ պատուիրանը. «Կուռքեր մի՛ շիներ քեզի համար, ո՛չ երկնքի, ոչ երկրի վրայ»: Այն կը նշանակէ հեռու մնալ ամէն տեսակ սնահաւատութիւններէ, բախտագուշակներէ, կռապաշտութենէ... Օրինակ, երբ, իբր չար աչքերէ ու լեզուներէ պաշտպանուելու համար, աչքի ուլունք կը կապէք ձեր կամ ձեր երեխաներու վրայ, ան ալ նորածին, երբ տան շքամուտքէն կը կախէք պայտ, ձեռքին կարմիր թել, կամ կ՚ըսէք՝ աղ թափեցիր, ուրեմն անախորժութիւն մը պիտի ըլլայ... Նմանօրինակ սնահաւատութիւններն ու կռապաշտութիւնները բաւական շատ են մեր կեանքին մէջ: Եթէ ըլլայինք կռապաշտ ու չըսէինք, թէ քրիստոնեայ ենք, ան ալ առաջին քրիստոնեայ ազգը, մեր մեղքը  կ՚ըլլար առաւել թեթեւ: Աստուած կ՚ըսէր՝ չեն գիտեր: Սակայն կ՚ըսենք, թէ գիտենք, որ քրիստոնեայ ենք, առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք, բայց կռապաշտութիւն կ՚ընենք: Քանզի մեր յոյսը կը դնենք ոչ թէ ճշմարիտ Աստուծոյ վրայ, այլեւ՝ ուլունքի մը, պայտի մը: Պէտք է հրաժարինք այս ամենէն, հանենք եւ դուրս նետենք մեր տուներէն ու մեր կեանքէն: Աստուածաշունչի մէջ Տէրը շատ խիստ կը վերաբերի կռապաշտութեան, համարելով զայն դաւաճանութիւն եւ ուրացում:

«Քու Տէր Աստուծոյ անունը զուր տեղը մի՛ տար»: Իմ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցած է Բարձրեալի անունը զուր տեղը տալով: Ես ու իմ ընկերները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մեծահասակներ, իրենց խօսքի մէջ յաճախ կ՚երդուէին Տիրոջ անունով. շատ անգամ իրենց սուտը քօղարկելու նպատակաւ: Նախ կ՚երդուէին մայրիկի, հայրիկի, երեխաներու, իսկ ամենավերջն ալ որպէս խօսքերու ճշմարտութեան հաւաստիք՝ Աստուծոյ անունով: Ո՜հ, ինչ մեծ մեղք: Ընդհանրապէս ոչ մէկու անունով կարելի է երդուել, յատկապէս Տիրոջ: Մեր խօսքն ու քայլերը պիտի ըլլան այնքան հաւաստի, մենք այնքան ազնիւ ու առաքինի պիտի ըլլանք, որ ոչ մէկը կարենայ կասկածիլ մեր ճշմարտախօսութենէն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021