Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵԾԱՆԻՒՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՊԱՐԱՊՄՈՒՆՔՆԵՐ
«Եղի՛ր աշխոյժ, ապրէ՛ առողջ» ծրագրին շրջագծով այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ուորքաութ մարզաձեւի ծրագիր մը։ Հայաստանի քսանութ քաղաքներէն մարզիկներ պիտի մասնակցին այս նախագծին, որու մեկնարկը պիտի ազդարարուի Երեւանի Պուէնոս Այրէսի զբօսայգիէն։ Արդէն երեք տարիէ ի վեր այս մարզաձեւը մտած է Հայաստան։ Կը նախատեսուի, որ այս տարի երկու հարիւր մարզիկներ մասնակցութիւն բերեն սոյն նախագծին, ինչ որ պիտի համարուի մրցանիշ մը։
Շաբաթավերջի մեկնարկին ընդառաջ, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ մարզիկները իրականացուցին իրենց հեծելանիւներով պարապմունք մը։
Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015