ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԺԱՅՌԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հա­յաս­տա­նէն եւ Անգ­լիա­յէն հնա­գէտ մաս­նա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ ար­շա­ւա­խումբ մը վեր­ջերս ի յայտ բե­րաւ ժայ­ռա­պատ­կեր­ներ, ինչ որ ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ։ Հա­յաս­տա­նի Սիւ­նի­քի մար­զի եւ Ար­ցա­խի սահ­մա­նագլ­խուն գտնուող Ծղուկ լեռ­նա­յին գօ­տիի յա­րա­կից տա­րած­քէն ներս հնա­գէտ­նե­րու եւ ա­րուես­տա­բան­նե­րու աշ­խա­տա­խում­բը յայտ­նա­բե­րեց ու փաս­տագ­րեց ա­ւե­լի քան հա­զար ժայ­ռա­պատ­կեր­ներ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րու այս խում­բը ա­մե­նա­մեծն է Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս ցայ­սօր ու­սում­նա­սի­րուած ու փաս­տագ­րուած­նե­րու շար­քին։ Ծղու­կի մէջ յայտ­նա­բե­րուած զա­նա­զան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րը կը տար­բե­րին ի­րենց ո­ճա­յին ու բո­վան­դա­կա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ կա­տար­ման թեք­նի­կին տե­սա­կէ­տէ։ Ա­նոնց ցո­լա­ցու­ցած դրուագ­նե­րը բազ­մա­զան են՝ կեն­ցա­ղա­յի­նէ սկսեալ մին­չեւ դի­ցա­բա­նա­կան, կեն­դա­նա­կան նկար­ներ, տե­սա­րան­ներ ե­ւայլն։ Իսկ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ա­ռու­մով Ծղու­կի մէջ ու­սում­նա­սի­րուող ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րու հա­սա­կագ­րու­թիւ­նը տա­կա­ւին չէ ա­ւար­տած։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տանք­նե­րուն նպա­տակն է ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րու հնա­րա­ւո­րինս ճշգրտու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ փաս­տագ­րու­մը ժա­մա­նա­կա­կից գի­տու­թեան պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան։ Դաշ­տա­յին հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ներգ­րա­ւուած են զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ՝ երկ­րա­բան­ներ, հնա­գէտ­ներ, ա­րուես­տա­բան­ներ։ Այս ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րուն թուագ­րու­մը, ըստ գիտ­նա­կան­նե­րուն, բա­ւա­կան խնդրա­յա­րոյց է ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ։ Սո­վո­րա­բար կ՚ո­րո­շուի պատ­կեր­նե­րու ա­մե­նա­վաղ սահ­մա­նը։ Սխալ կը հա­մա­րուի ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րուն որ­պէս ա­ռան­ձին ե­րե­ւոյթ դի­տար­կու­մը։ Գիտ­նա­կան­նե­րը յար­մար կը դա­տեն, որ ա­նոնք պէտք է դի­տար­կել հնա­գի­տա­կան ամ­բող­ջի մը մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, կը փաս­տագ­րուին ո՛չ միայն ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րը, այ­լեւ՝ ա­նոնց շուրջ գտնուող հնա­գի­տա­կան նիւ­թե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մաս­նա­գէտ­նե­րը կը մատ­նան­շեն, թէ երկ­րի տա­րած­քէն ներս գտնուող ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը վտան­գուած է, ո­րով­հե­տեւ կը գտնուի գիւ­ղատն­տե­սա­կան աշ­խոյժ գօ­տի­նե­րու մէջ։

Մաս­նա­գէտ­նե­րու են­թադ­րու­թիւն­նե­րով, Ծղու­կի մէջ ա­մե­նա­վաղ ժայ­ռա­պատ­կե­րը կրնայ թուագ­րուիլ ոչ ա­ւե­լի վաղ, քան Ն.Ք. 12-րդ հա­զա­րա­մեա­կը, ո­րով­հե­տեւ ան­կէ ա­ռաջ այդ տա­րած­քը գտնուած է սառ­ցա­դաշ­տի տակ։ Ուս­տի ե­թէ նոյ­նիսկ մինչ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ե­ղած են ժայ­ռա­պատ­կեր­ներ, ա­պա ա­նոնք չէին կրնար պահ­պա­նուիլ։ Ար­դա­րեւ, սառ­ցա­դաշ­տի հոս­քի ժա­մա­նակ բո­լոր քա­րե­րը կը տա­շուին։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս փաս­տագ­րուած ա­մե­նա­հին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ժայ­ռա­պատ­կե­րը, որ յայտ­նա­բերուած է Գե­ղա­մա­ւա­նի քա­րայ­րին մէջ, են­թադ­րա­բար կը պատ­կա­նի մի­ջին քա­րէ դա­րուն (մե­զո­լիթ)։

Ժայ­ռա­րուես­տի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը դա­սուի գի­տա­կան նոր ճիւ­ղե­րու շար­քին։ Հա­յաս­տա­նի Հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան կա­ճա­ռի ար­շա­ւա­խում­բը աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է 2002 թուա­կա­նէն ի վեր։ Ծղու­կի մէջ հնա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին 2008 թուա­կա­նին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2015