ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Օր մը ժողով կը գումարեն աշխարհի քանի մը մասնագիտութիւններու հմուտ անձինք, որոշելու համար, թէ ո՛ր ասպարէզը առաւել կարեւոր է։ Մասնագէտներու շարքին էին՝ քաղաքագէտը, արուեստագէտը, բժիշկը, անասնաբոյժը, այգեպանը, շարժավարն ու մաքրութեան պատասխանատուն։

Կլոր սեղանի շուրջ նստած մասնագէտները կը ներկայանային կարգով։ Իրենց ելոյթներուն ընթացքին անոնք կը քննարկէին զանազան հարցեր. կը փորձէին տարանջատել կարեւորը՝ անկարեւորէն, առաջնայինը երկրորդականէն…

Ժողովի բացումը կը կատարէ քաղաքագէտը։ Ներկաները բուռն ծափահարութիւններով կ՚ողջունեն կոկիկ ու զուսպ հագուած, տարազով ու փողկապով պարոնը, այնուհետեւ համակ ուշադրութեամբ կ՚ունկնդրեն վերջինիս խօսքին։

-Յարգարժան ներկաներ, այսօր մենք հաւաքուած ենք այստեղ պարզելու համար, թէ մեզմէ ո՞վ կրնայ առաջնորդ ըլլալ, որո՞ւն պէտք է մենք բոլորս երկրպագենք։ Ըստ իս, առաջնութեան տիտղոսը կը պատկանի ինծի։ Քանզի քաղաքագէտներն են, որ իրենց ենթախումբերով հանդերձ ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին ստանձնած են տուեալ երկրի կառավարումը։ Եթէ չըլլային քաղաքագէտները, գոյութիւն չէին ունենար անկախ պետութիւններ։ Քաղաքականութիւնն է, որ կրնայ ազդեցութիւն գործել հասարակութեան մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու, գործողութիւններու, արտաքին ու ներքին զարգացման վրայ։ Շատ յաճախ՝ քաղաքագէտէն կախեալ է երկրի մը ապագան։

Քաղաքական գործիչի ելոյթէն անմիջապէս վերջ, իր խօսքով հանդէս կու գայ ար-ւեստագէտը։

-Սիրելիներս, քանի մը խօսքով կը փափաքիմ պատմել արուեստի կարեւորութեան մասին։ Արուեստը՝ մարդու ներաշխարհի, երեւակայութեան մարմնացումն է։ Բաց աստի, արուեստը ներդաշնակութեան ու գեղեցկութեան լեզուն է։ Ան չի ճանչնար տարածութիւն ու ազգութիւն։ Ըստ իս, մեր ոլորտը կը հանդիսանայ խաղաղութեան ջահակիր, քանզի ան հանգստութիւն ու հաւասարակշռութիւն կը պարգեւէ թէ՛ անհատներուն եւ թէ ընդհանուրին։ Զոր օրինակ, նկարիչի մը գծած գեղեցիկ կտաւը ունակ է մեզի պարգեւել գեղագիտական հաճոյք, հաճելի զգացումներ, ինչպէս նաեւ մեզ մտովի փոխադրելու անցեալի տաքուկ գիրկը կամ անկանխատեսելի ապագայ։ Լաւ երաժիշտը պարզապէս կը խաղայ մեր հոգւոյն ամենանուրբ ու զգայուն լարերուն հետ։ Մեզի կը շնորհէ խինդ ու ծիծաղ, երբեմն ալ՝ տխրութիւն։ Գիրն ու գրականութիւնն ալ կը յագեցնեն մեր ներքին ծարաւը։ Ոստի, սիրելի ներկաներ, կը կարծեմ թէ արուեստագէտ մը ամենէն շատ արժանի է հանրութեան ակնածանքին ու գովեստին։

Երբ ճեփճերմակ տարազը հագած բժիշկը կը մօտենայ բարձրախօսին, բոլորը գոհունակութեամբ կը ժպտին անոր։

-Պարոնայք, ես երկար-բարակ պիտի չխօսիմ, քանզի բժշկութեան ծանօթ էք բոլորդ։ Պարզապէս մէկ-երկու նախադասութեամբ կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ բժիշկը՝ մարդու, ընդհանրապէս կենդանի շունչի մը պահապան հրեշտակն է՝ երկրային կեանքի վրայ։ Մենք մեր առողջական խնդիրներու լուծումը անվերապահօրէն կը վստահինք բժիշկներուն։

Ժողովի մասնակիցները անհամբեր կը սպասէին անասնաբոյժի ելոյթին։ Մասնագէտները անասնաբոյժի սոյն հաւաքին ներկայութիւնը կը համարէին անկարեւոր։

-Ընկերներ, անկեղծութեամբ պէտք է խոստովանիմ, որ տեղեակ եմ՝ այստեղ իմ ներկայութեան վերաբերեալ ձեր մտածումին։ Սակայն վստահ եղէք, ինչպէս ձեզմէ իւրաքանչուրին ներկայութիւնը պարտադիր է այս ժողովին, իմս ալ նոյնպէս կարեւոր է։ Ձեր թոյլտուութեամբ, ես կ՚ուզեմ ձեզի մի քանի հարց ուղղել.

-Դուք կ՚օգտագործէ՞ք մսամթերթ ու կաթնամթերք։

-Այո, ի հարկէ,- միաձայնութեամբ պատասխանեցին ժողովականները։

-Աւելի՛ն. մսամթերքն ու կաթնամթերքը շատ օգտակար ու անհրաժեշտ են մեր մարմնին ու առողջութեան,- յաւելեց անասնաբոյժը։ Իսկ այդ առողջարար սնունդը ո՞վ կը հրամցնէ սպառողին։ Ո՞վ գիշեր ու ցերեկ կը պահէ, կը խնամէ, հոգ կը տանի այդ կենդանիներուն ։

-Անասնապահը,- դարձեալ միաձայնութեամբ պատասխանեցին ներկաները։

-Արդարեւ, ձեզմէ ո՞վ պատրաստ է, կամ կրնայ կատարել անասնաբոյժի տաժանակիր աշխատանքը։

-Հաւանաբար ոչ մէկը,- շտապեց պատասխանել քաղաքագէտը։

-Շնորհակալ եմ ձեզի՝ ձեր անկեղծ պատասխաններուն համար,- գոհունակութեամբ ըսաւ անասնապահը ու շարունակեց.- Մեր հարց ու պատասխանի ընթացքին ձեզի յայտնի դարձաւ անասնաբոյժի կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Այլեւս յաւելելու բան մը չունիմ։

Յաջորդիւ համեստ ելոյթ կ՚ունենան այգեպանն ու շարժավարը։ Անոնցմէ ամէն մէկը կ՚ընդգծէ իրենց գործունէութեան կարեւորութիւնը։ Այգեպանը անասնաբոյժի օրինակին հետեւելով՝ իր խօսքը կ՚ուղղէ հարց ու պատասխանի միջոցաւ։ Իսկ շարժավարը իր ելոյթին ընթացքին կը շեշտէ, որ մարդիկ ժամանակ կը խնայեն ի շնորհիւ շարժավարներուն։ Առանց յոգնութեան ու ճիգ գործադրելու կը փոխադրուին քաղաքէ քաղաք, նոյնիսկ՝ երկրէ երկիր…

Ահաւասիկ, կարգը կը հասնի մաքրութեան պատասխանատուին։ Ան իր ելոյթին կը սկսի այսպէս.

-Սրբութիւնը նոյնն է, ինչ որ է մաքրութիւնը։ Մաքրութիւնը որորշիչ դեր կը խաղայ մեր կեանքին մէջ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը մաքրասէր է, կը մաքրէ իր տունը, կը փորձէ իր շուրջբոլորը մաքուր պահել։ Մաքրութեան գործը թերեւս կրնայ ընել ամէն մարդ։ Սակայն անյայտ պատճառներով, մենք ամէնքս, որ կը ձգտինք դէպի մաքրութիւն, անհասկնալի հակակրանք կը տածենք մաքրութեան պատասխանատուներուն նկատմամբ։ Խօսքը կը վերաբերի ինչպէս տուն, այնպէս ալ առեւտրային տարածքներ ու փողոցներ մաքրողներուն։ Այս աշխատանքը կատարողները ձեւով մը անտեսուած են հասարակութեան կողմէ։ Կրնա՞ք երեւակայել, թէ ինչ կ՚ըլլայ քաղաքի մը, կամ տարածքի մը վիճակը, եթէ մաքրութեան պատասխանատուները օր մը գործադուլ յայտարարեն։ Քաղաքը կը վերածուի աղբակոյտի։ Ամէնուր կը տարածուի գարշելի հոտ։ Արդիւնքին, գլուխ կը բարձրացնեն բազմաթիւ հիւանդութիւններ ու համաճարակներ…

Ուստի, սիրելի ներկաներ, եկէք յարգենք զիրար։ Մենք կը նմանինք փոքրիկ օղակներէ բաղկացեալ շղթայի մը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին աշխատանքը կարեւոր է ու գնահատանքի արժանի։ Ինծի համար առաջնային ու երկրորդական ոլորտներ չկան, պարզապէս ամէն բնագաւառ իր ուրոյն տեղը ունի։

Ժողովականները յոտնկայս ծափահարեցին մաքրութեան պատասխանատուին ելոյթը։

Արդիւնաւէտ ժողովի վերջաւորութեան՝ բոլոր մասնագէտները եկան այն եզրայանգման, թէ իրենցմէ ոչ մէկը միւսէն ունի առաւելութիւն։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019