ԽԵՑԵԳՈՐԾ-ՆԿԱՐԻՉ ՇԱՀԷ ՏԷՐ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Իր ողջ հոգիով եւ էութեամբ կապուած ըլլալով Հայաստանի հետ՝ նկարիչ-խեցեգործ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան հայրենիքի մէջ մինչ այժմ ցուցահանդէս չէր ունեցած:

Ահաւասիկ, Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանը կազմակերպած է արուեստագէտին առաջին անհատական ցուցահանդէսը, որուն բացումը կատարուեցաւ օգոստոսի 3-ին՝ հայրենի եւ սփիւռքի խումբ մը մտաւորականներու, արուեստագէտներու ներկայութեամբ:

Շահէ Տէր-Յարութիւնեան հայաստանեան իր առաջին անհատական ցուցահանդէսին ներկայացուած է կաւի վրայ կատարուած գեղանկարներ, ինչպէս նաեւ խեցեգործական հատընտիր աշխատանքներ, որոնք հայկական զարդարուեստի իւրօրինակ նմոյշներ են եւ մեծ ընդունելութիւն գտած են հայ եւ օտար արուեստասէրներու կողմէ:

Շահէ Տէր-Յարութիւնեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տեղեկացուց, որ բոլոր աշխատանքները վերջին մէկ տարուան ընթացքին ստեղծուած գործեր են, որոնք կ՚արտայայտեն իր զգացումները, ապրումները, նաեւ մարդու եւ բնութեան կապի դրսեւորումն են արուեստի միջոցով: Նախորդ տարիներու իր բոլոր աշխատանքները վաճառուած են, տեղ գտած են հաւաքածոներու մէջ, զարդարած են տուներ, գրասենեակներ, սրճարաներ, արուեստանոցներ: Այս մէկը կը վկայէ այն ընդունելութեան մասին, որ արժանացած է Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի խեցեգործական արուեստը. ան մասնաւորապէս խեցեգործութեան մէջ ներմուծած է իր գեղանկարչական արուեստը եւ այդ ճանապարհով ստացուած նկարները կ՚անուանէ խեցէնկարներ: Բոլոր գործերը կը զատուին գոյներու, պատկերներու ինքնատիպութեամբ եւ բոլորի բնաբանը մարդն ու բնութիւնն են՝ զանազան փոխակերպումներու մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին Շահէ Տէր-Յարութիւնեան նաեւ ըսաւ, թէեւ շատ խմբային ցուցահանդէսներու մասնակցած է եւ Հայաստանէն դուրս ալ չորս անհատական ցուցահանդէս ունեցած է, բայց հայրենիքին մէջ ունեցած առաջին անհատական ցուցահանէսը իրեն համար առանձնակի իմաստ եւ խորհուրդ ունի: Նոյնը նշեցին նաեւ բոլոր մասնակիցները եւ ելոյթ ունեցողները, ըսելով, որ վաղուց կը սպասէին Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի այս ցուցահանդէսին, որ նոյնիսկ զայն ուշացած կը նկատեն արուեստագէտին տաղանդին եւ երկարամեայ վաստակին համեմատ:

Ժողովրդական արուեստներու թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Թորոյեան կատարելով ցուցահանդէսին բացումը՝ ըսաւ, որ թանգարան բերուած աշխատանքները մէկը միւսէն հիասքանչ են եւ զանոնք տեղադրելու եւ կախելու ժամանակ թանգարանի աշխատակիցները կը դժուարանային ըսել, թէ ո՞րն է ի վերջոյ, անոր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը:

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Նաիրա Քիլիչեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ 2016 թուականին ծանօթանալով Շահէ Տէր-Յարութիւնեանին հետ, միասին իրականացուցած են յատկանշական կարգ մը ծրագիրներ, որոնք հիմնականը մանկավարժական ասպարէզին մէջ եղած են եւ ըսաւ, թէ միայն յետագային բացայայտած է Շահէին, իբրեւ արուեստագէտ: Նաիրա Քիլիչեան յայտնեց, որ ծանօթանալով անոր մտաւորական էութեան, հաղորդակից եղած է նաեւ արուեստագէտի տաղանդին եւ այն նկատելի աճին, որ Տէր- Յարութիւնեան արձանագրած է իր արուեստին մէջ: Այդ առումով ան կարեւորեց Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի հիմնած «Բրուտշէն» անունով ար-ւեստանոցը, որ իր՝ արուեստագէտի անկիւնը ըլլալէ զատ նաեւ ուսուցողական ծրագիրներ կ՚իրականացնէ: Նաիրա Քիլիչեան ըսաւ, թէ ինչպէ՛ս, աշխատելով աշակերտներուն հետ, Շահէ Տէր-Յարութիւնեան նուիրումով կը բացատրէր խեցեգործութեան գաղտնիքները եւ կը փոխանցէր այդ ասպարէզին հանդէպ սէրը:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ցուցահանդէսին խօսք առաւ նաեւ գրականագէտ, արուեստաբան Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան, որ մասնաւորապէս ըսաւ.

«Մենք գործ ունինք բացառիկ եւ ինքնատիպ ցուցահանդէսի մը հետ: Մենք առհասարակ, վարժ ենք կտաւներու վրայ կատարուած նկարներու ցուցահանդէսներու, սովոր ենք գծանկարչական գործերու, քանդակներու ցուցահանդէսներու, բայց պէտք է գիտնանք, որ խեցեգործութիւնն ալ իւրօրինակ ասպարէզ է, որ Հայաստանի մէջ յայտնի եղած է հնագոյն ժամանակներէն՝ եօթ հազար տարուայ պատմութիւն ունի: Եթէ եօթ հազար տարի առաջ չերթանք, ապա գոնէ չորս հազար տարի առաջ երթալու ըլլանք, գացէք Մեծամօրի թանգարանը, դուք կը տեսնէք այնպիսի հրաշք գործեր, որոնց առջեւ բառերը անիմաստ եւ աւելորդ կը դառնան: Մենք դասագիրքերու, գիրքերու, գիտական ուսումնասիրութիւններու մէջ կը կարդանք հին յունական սափորանկարչութեան մասին, որուն մէջ միայն սափորներ չեն, այլ զանազան տեսակի խեցեղէն է: Կարմիր եւ սեւ այդ խեցեղէնին վրայ զանազան նիւթեր են՝ «Իլիակական»էն, «Ոդիսական»էն, հին յունական առասպելներէն եւ այլն: Անշուշտ, հրաշալի են, բայց երբ երթաք Մեծամօր, կը տեսնէք, որ յունական այդ սափորանկարչութենէն երկու հազար տարի առաջ հայերը խեցեղէնի հրաշալի գործեր ստեղծած են: Եթէ աւելի մօտ երթանք, բառացիօրէն մէկ ամիս առաջ ես այցելած էի իմ հնագէտ ընկերներուս, որոնք պատմական Արտաշատը կը պեղեն: Հոն՝ Լուսառատ գիւղին մէջ, տեղ մը ունին, ուր կը պահեն իրենց պեղածոյ նիւթերուն մէկ զգալի մասը: Աւելի կարեւորները անոնք կու տան Պատմութեան թանգարանին, բայց պեղուածները այնքան շատ են, որ ամբողջ թանգարանին շէնքը չի բաւեր, հակառակ, որ ամբողջը չեն պեղած, հարիւրաւոր տարիներ անհրաժեշտ են այդ ամբողջը աւարտելու համար: Երբ հիւր էի անոնց, հնագէտները ցոյց տուին պեղածոյ սպասքներ՝ լրակազմեր, տասնեակ մարդոց ճաշի շուրջ համախմբելու համար կազմուած պնակներու հաւաքածոներ, որոնք նկարուած ու ջնարակուած են: Ասիկա ապացոյց է, որ մենք այս արուեստին տիրապետած ենք հնագոյն ժամանակներէն, ալ չեմ խօսիր Կուտինայի մասին. եւրոպական թանգարանները կը մրցակցին, թէ ո՛վ ունի Կուտինայի գործերէն: Ես ատիկա տեսած եմ, եւ տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս կը պահեն, կը փայփայեն, գուրգուրանքով կը խօսին անոնց մասին: Կուտինայի բրուտագործներու եւ բրուտագործութեան 34 փողոցները յայտնի եղած են, բայց մենք այդ ամէնը յետոյ կորսնցուցած ենք: Այսօր մեր ցուցասրահներուն մէջ, Նկարիչներու տանը ցուցահանդէսներ կ՚ըլլան եւ անոնց մէջ խեցեղէնը քիչ է, հազուադէ՛պ է: 1960-ականներուն Երեւանի մէջ այս արուեստը քիչ մը զարգացաւ, Հռիփսիմէ Սիմոնեանը եւ ուրիշներ այդպիսի գործեր ստեղծեցին, անոնց գեղեցիկ աշխատանքները դրուած էին Նկարիչներու միութեան տանը, յետոյ քանի որ ոչ միայն գնելու, այլ նաեւ՝ դիտելու առումով պահանջարկ չունէին, կարծէք թէ մեր կեանքէն պակսեցաւ ատիկա:

«Հիմա ես շատ ուրախ եմ, որ Շահէ Տէր-Յարութիւնեանը այսպիսի աստիճանի հասցուցած է խեցեգործութիւնը: Ասիկա սովորական, զարդական, կիրառական արուեստ չէ: Կիրառական բառի մէկ իմաստով, այո՛, ճաշարանները, սրճարանները գեղեցիկ պնակներ, իրեր կը պատուիրեն, բայց կայ նաեւ արուեստի բաղադրիչը եւ սահման մը կայ, որ անցնելու ատեն այդ գործերը արուեստի գործեր կը դառնան:

«Շահէն վաղուց անցած է այդ սահմանը, եւ անոր այս գործերը արուեստի ընտիր գործեր են: Սկիհներու, սափորներու, ծաղկամաններու կողքին ան նաեւ խեցեղէն արուեստը վերածած է գունանկարչութեան եւ շրջանակներու մէջ դնելով՝ բացառիկ գործեր ստեղծած է: Ապշեցուցիչ է այդ նկարներուն գուներանգը, ապշեցուցիչ է անոնց կազմական, համադրական բարդութիւնը եւ տարածութեան կազմակերպումը:

«Մեծաւ մասամբ այդ գործերուն մէջ ստեղծագործողներ են, բնապատկերներ կան անոնց մէջ, արուեստագէտը գործածած է հայկական զարդանախշեր եւ նոր կեանք տուած է այդ զարդանախշերուն, որոնք մեր հնագոյն գորգերուն եւ միւս իրերուն վրայ են: Այս ցուցահանդէսը ինքնատիպ է նաեւ այն առումով, որ այսպիսի բան մեր իրականութեան մէջ մինչեւ հիմա չէր եղած, բացառիկ է, որովհետեւ մեծ արուեստով կատարուած է, եւ իւրօրինակ է, որովհետեւ հեղինակի անհատականութիւնը կայ ատոնց մէջ: Հարթանկարչութեան մէջ դիւրին է այս կազմական պատկերները ստեղծելը, բայց տարածական, ծաւալային առարկաներու՝ այս սկիհներու, միւս իրերու վրայ այդ մէկը ընելը շատ բարդ է: Պէտք է պահել բոլոր խորութիւնները, համամասնութիւնները, ինչ որ կրցած է ընել Շահէ Տէր-Յարութիւնեան: Օրինակ, երաժիշտներ պատկերող շարքին մէջ համադրութեան կտրտուածութիւնը շատ իւրօրինակ կշռոյթ կը ստեղծէ եւ երաժշտական նիւթը արդէն կարելի է զգալ անոր նկարչական մօտեցումէն: Դիւրին չէ նաեւ գուներանգային ներդաշնակութեան հասնիլը, ըսեմ որ այս գործերէն իւրաքանչիւրը կրակարան կը մտնէ երկու անգամ: Շատ մանրամասն աշխատուած են բոլոր գործերը՝ ամէն մէկուն վրայ ան ասեղներով նրբահիւս, գեղեցիկ գծագրումներ կատարած է, գունաւորները ըրած է, թրծած է եւ ամենակարեւորը՝ անոնք հայկական դիմագիծ ստացած են: Շահէն կրցած է մեր հնագոյն խեցեգործական արուեստի աւանդները պահպանելով, ընդունելով՝ նոր կերպեր ստանալ՝ այսօրուայ արուեստի միտումներուն համապատասխան: Ասիկա միաժամանակ շատ արդիական արուեստ է, եւ ես ուրախ եմ, որ այս կերպ նաեւ ազգայինը, հայկականը պահելու ձգտումը կայ:

«Կ՚ուզեմ երկու խօսք ըսել նաեւ Շահէ Տէր-Յարութիւնեանի անձին մասին: Շատոնց գիտեմ անոր, Երեւանի մէջ աւարտած է թէ՛ մասնագիտական ուսումնարան, թէ՛ համալսարան: Սփիւռքի հետ ես ալ կապ ունեցած եմ, աշխատած եմ, լաւ գիտեմ սփիւռքը, եւ ըսեմ, որ հազուագիւտ մարդիկ կան, որ Հայաստանը սիրած են եւ կը սիրեն այնպէս, ինչպէս՝ Շահէն: Հայաստանի մէջ անկիւն չկար, որ մինչեւ Երեւան տեղափոխուիլն ու հոս հաստատուիլը ան չգիտնար: Եւ ոչ թէ զբօսաշրջիկի պէս գիտէ այդ ամէնը, այլ ամէն խաչքարը, ամէն հնավայրը նկարելո՛վ, ուսումնասիրելո՛վ ճանչցած է Հայաստանը: Մինչեւ հիմա ալ ան ամէն իր ազատ օրը կը շրջի Հայաստանով մէկ, Հայաստանին սիրահարուած մարդ է, եւ ի վերջոյ ինչպէս կը տեսնէք՝ արդէն հաստատուած է Հայաստանի մէջ: Մեր իրականութեան մէջ միշտ չէ, որ արուեստագէտի ձիրքը, տաղանդը եւ իր բարոյական նկարագիրը ներդաշնակ են: Շահէն այդ առումով բացառիկ է: Երբ ան Պէյրութ կը բնակէր, կը պտտէր դպրոցներով, ունէր հայ արուեստը ներկայացնող սահիկներու ամբողջական հաւաքածոյ՝ ճարտարապետութեան, նկարչութեան եւ այլն եւ դպրոցներու մէջ կամաւոր, անվարձ ու սիրով աշակերտներուն համար դասախօսութիւններ կ՚ընէր, կը ցուցադրէր Հայաստանը իր արուեստով, հնավայրերով եւ շատ լաւ լսարան ունէր: Հոս չմոռնամ ըսել, որ ան նաեւ Լիբանանի՛ ամէն մէկ անկիւնը լաւ գիտէ: Լիբանանը պատմական վայրերով հարուստ երկիր է, եւ չկայ գիւղ մը, բնակավայր մը, որ մենք անոր հետ միասին առնուազն երկու անգամ եղած չըլլանք: Արուեստին, մշակոյթին սիրահարուած մարդ է ան, եւ բնութենէն, կեանքէն քաղած իր սէրը, գեղեցկութիւնը արտայայտուած է իր արուեստի նմոյշներուն մէջ: Շահէն շատոնց անցած է արհեստի սահմանը: Խեցեգործութիւնը իր մէջ արհեստ եւ արուեստ ունի միաժամանակ, եւ ան, տիրապետելով արհեստի հմտութիւններուն՝ իր ինքնատիպութիւնը ներմուծած է: Միաժամանակ ան այնքան համեստ է, որ այսպիսի բացառիկ գործեր ստեղծելով՝ իր ստորագրութիւնը չէ դրած անոնց վրայ, բայց այդպիսի բան բնորոշ է հայերուս: Հռիփսիմէն, Կեչառիսը, Երերոյքը եւ շատ այլ տաճարներ կառուցողներ իրենց անունները չեն դրած եւ մենք չենք գիտեր, թէ շատ մը պատմական կառոյցներ ո՛վ կառուցած է:

«Այս ցուցահանդէսը ես կը նկատեմ վերջին երկու-երեք տասնեակ տարուայ մէջ հայ իրականութենէն ներս բացուած երկու-երեք եզակի ցուցահանդէսներէն մին: Շահէ Տէր-Յարութիւնեան այդպէսով նաեւ Հայաստանի լաւագոյն արուեստագէտներէն մին է: Այսօր մեր կեանքին մէջ գեղեցիկը շատ-շատ կը պակսի, չորս կողմէն մեր վրայ կը թափուի գռեհկութիւնը, բաւական է միացնել հեռատեսիլը եւ փողոցի անպատեհ լեզուն հոնկէ կը յորդի: Ահա այսպիսի իրականութեան մէջ, երբ ահռելի տագնապներու մէջ ենք, մեզմէ դուրս վիճակներ են, գեղեցկութիւնը մեզի շատ կը պակսի, որ մարդուն ուժ եւ եռանդ կու տայ: Այս ցուցահանդէսը մեզի քիչ մը պէտք է փոխէ դէպի լաւը…»:

*

Արուեստագէտի՝ Հայաստանի «Յովհաննէս Շարամբէեան» ժողովրդական արուեստներու թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսը հանրութեան առջեւ բաց կը մնայ մինչեւ օգոստոսի 9-ը:

*

Շահէ Տէր-Յարութիւնեան ծնած է 1965 թուականին՝ Հալէպ, աւարտած է Երեւանի «Փանոս Թէրլէմէզեան» գեղարուեստի պետական քոլէճի զարդական կիրառական արուեստի բաժինը՝ խեցեգործի մասնագիտութեամբ։ Արուեստագէտի ջիղը ժառանգած է ծնողքէն, որ Հալէպի մէջ նոյնպէս ստեղծագործողներ էին, եղած են օժտուած անհատականութիւններ՝ արմատներով Կիլիկիայէն: Շուրջ 25 տարի ապրելով Պէյրութի մէջ՝ խեցեգործ վարպետը մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, ունեցած է չորս անհատական ցուցահանդէս։ 2017 թուականին փոխադրուած է Հայաստան, հիմնած է «Բրուտշէն» արուեստանոցը, որ արուեստի եւ կրթութեան առանձնայատուկ վայր մը դարձած է Երեւանի մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023