ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Արցախը Հայաստանին կապող երկրորդ ճամբան կը գործէ… Հայութիւնը ունեցաւ ապահով ճամբայ մը եւս, որ Հայաստանէն կը հասցնէ Արցախ: Լեռնային Սեւանայ լիճի երկայնքով եզրագծուող ինքնաշարժներու երթեւեկելի գեղեցիկ ճանապարհը իրականութիւն դարձած է համայն հայութեան նուիրատուութեամբ եւ կամքով:

Մինչ այժմ հանրութեան ծանօթ էր Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն Արցախ տանող երթեւեկելի ճանապարհը, որ կը գործածէ Արցախ գացող ամէն ոք, եւ որ աւելի երկար ու դժուարանցանելի է, քան նոր գործածման յանձնուած այս երկրորդ ճանապարհը: Այժմ երկու հայկական հանրապետութիւնները իրարու կապող ճամբուն վրայ ցուցանակ մը եւս յայտնուած է՝ «Վարդենիս-Մարտակերտ: Կառուցուած է համայն հայութեան մասնակցութեամբ եւ գրառումով»:

Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղին արդէն իսկ անհրաժեշտութիւն դարձած այլըտրանքային ճանապարհ մըն է, որ ուղղակի կապ կը հաստատէ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան եւ Արցախի հիւսիսային շրջաններուն միջեւ: Այս մայրուղին խորհրդային տարիներուն գործող ճանապարհ մը եղած է, եւ նպատակ կար զայն նորոգելու եւ ժամանակակից, ամուր եւ ռազմավարական նշանակութեամբ ճանապարհի մը վերածելու: Ան գործածելի էր նոյնիսկ շինարարութինը սկսելէ առաջ, սակայն բարենպաստ երթեւեկութեան որակ չէր ապահովեր, մանաւանդ՝ կլիմայական պայմաններու պատճառով գրեթէ անանցանելի դարձած էր:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վերջին քսան տարիներուն իրականացուցած բազում մեծ համահայկական ծրագրերու կողքին, այս ճանապարհի կառուցումը նոյնպէս ստանձնած է եւ մայրուղին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան տարիներուն համահայկական ջանքերով կառուցուած երրորդ խոշոր ինքնաշարժներու երթեւեկման ճանապարհն է (մօտ 114 քիլօմեթր): Նմանատիպ խոշոր ծրագիր մըն ալ հիմնադրամը աւարտած է, որ այսօր իբրեւ Հիւսիս-Հարաւ մայրուղի կ՚անցնի Արցախի հինգ շրջաններով եւ Ստեփանակերտ քաղաքին մօտ կը միանայ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին: Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին ալ իր կարգին հիմնադրամի խոշոր ճանապարհաշինարարական ծրագիրներէն մին է: Իր գոյութեան քսանհինգ տարիներուն ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 605 քիլօմեթր ճանապարհ շինած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Դպրոցաշինութեան, առողջապահական հաստատութիւններու կառուցման, գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներուն կողքին, հիմնադրամը մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է ճանապարհաշինութեան՝ այն հաշուարկով, որ երկիրը ուժեղ եւ ամուր է, եթէ ուժեղ, ամուր եւ հասանելի են անոր ճամբաները:

Այժմ շահագործման յանձնուած է Մարտակերտ-Վարդենիսը, որու վերջնական տեսքին տարիներ շարունակ սպասած են այդ շրջանի բնակիչները եւ ողջ հայութիւնը: Կը սպասուի, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճամբուն կառուցումն ու բարեկարգումը մեծ խթան հանդիսանայ հայկական երկու հանրապետութիւններու ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներու զարգացման համար: Անխօս այս ճանապարհը ա՛լ աւելի կ՚աշխուժացնէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ առկայ անքակտելի կապը:

Աշխատանքային այցով Արցախի մէջ գտնուող Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 Սեպտեմբերին Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ներկայ գտնուած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի բացման արարողութեան: Ճանապարհը օրհնած է Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան:

Այս ճանապարհի կառուցման ազդը հիմնադրամը տակաւին տարիներ առաջ տուած է եւ հիմնադրամին կողմէ 2013-2014 թուականներու հեռատեսիլային մարաթոններուն ընթացքին հաւաքագրուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններու աջակցութեամբ հնարաւոր եղած է իրականացնել հայոց այս երազը: Մեծ գումարներու կարօտած է ծրագիրը, որուն ընդհանուր արժէքը կազմած է շուրջ 17 միլիառ հայկական դրամ (մօտ 30 միլիոն ամերիկեան տոլար), որուն 7․5 միլիառ դրամը յատկացուցած է Հայաստանի կառավարութիւնը, իսկ 1 միլիառ 950 միլիոն դրամը՝ Արցախի կառավարութիւնը։

Մնացեալ գումարը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հաւաքագրած է դրամահաւաքներու ընթացքին: Մանաւանդ այս ճանապարհի շինութեան դրամահաւաքին իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը ունեցած են Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլի, Իտալիոյ, Շուէտի, Ռուսաստանի, Լիբանանի, Իրանի հայ համայնքներու, Հայաստանի ու Արցախի նուիրատուները։

Խորհրդային տարիներուն գործող ճանապարհը հինցած եւ անգործածելի էր. նպատակ կար զայն նորոգելու եւ ժամանակակից, ամուր եւ ռազմավարական նշանակութեամբ ճանապարհի մը վերածելու: Օձագալար ճանապարհը սկիզբ կ՚առնէ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզէն եւ Արցախի Շահումեանի շրջանով կը հասնի մինչեւ Մարտակերտի շրջան։ 114.6 քիլօմեթր երկարութեամբ ճանապարհը բաւական լայն է՝ 10 մեթրէն աւելի, որմէ 7 մեթրը կը կազմէ կպրապատ երթեւեկելի հատուածը։ Մայրուղին ունի օժանդակ կառոյցներ, այդ կարգին՝ ջրահեռացման խողովակներ, ափապաշտպան կառոյցներ, յենապատեր, եզրաքարեր, վերանորոգուած 17 մեծ ու փոքր կամուրջներ։ Մարտակերտ-Վարդենիս ճանապարհը ամբողջութեամբ ապահովուած է գծանշումներով եւ անհրաժեշտ պիտոյքներով՝ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան, մինչ աջէն եւ ձախէն հրաշալի ճանապարհային տեսարաններ կը բացուին ուղեւորին առջեւ, ճանապարհին մեծ մասին վրայ երթեւեկողին կ՚ուղեկցի Թարթառ գետը, կը բացուի Դադիվանքի հրաշալի տեսարանը…

Այս ճանապարհի կառուցման ծրագրի շրջանակներուն մէջ լրացուցիչ այլ աշխատանքներ եւս իրականացուած են. ինչպէս օրինակ՝ միեւնոյն ժամանակ կառուցուած է մայրուղիէն դէպի Չափար գիւղ տանող մօտ 4 քիլօմեթր ճանապարհահատուածը եւ մայրուղիէն դէպի Դադիվանք տանող 1 քիլօմեթր 150 մեթր ճանապարհը, վերանորոգուած է Դրմպոնէն դէպի Մարտակերտ տանող 11.6 քիլօմեթր ճանապարհը: Հիմնադրամի եւ շինարարութեան իրականացուցած վարձու ընկերութիւններու միջեւ կնքուած պայմանագրին համաձայն՝ կառուցող ընկերութիւնները պարտաւորուած են հինգ տարի երաշխիքային սպասարկում իրականացնել ամբողջ ճանապարհի երկայնքով։

Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային հատուածները իրարու միացնող Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը կ՚անցնի 29 հեռու եւ մօտ բնակավայրերու մօտով։ Ճանապարհէն մինչեւ 2-3 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ ինկած համայնքներն են Դրմպոնը, Կոճողուտը, Վերին Հոռաթաղը, Վաղուհասը, Հաթերքը, Գետաւանը, Չափարը, Խնկաւանը, Չարեքթարը, Նոր Էրքէջը, Դադիվանքը, Նոր Գետաշէնը, Քնարաւանը եւ Եղեգնուտը: 5 քիլօմեթրէն աւելի հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին Քարվաճառի շրջկեդրոնը, Նոր Ղարաչինար, Յարութագոմեր, Զարդախաչ, Համշակ, Չափնի, Չինաւան, Նոր Խարխապուր, Շիկքար, Նոր Բրաջուր, Եղցին, Զովք, Նոր Վերնաշէն, Մշենի, Նոր Մանաշիդ գիւղերը՝ հրաշալի բնակավայրեր, արցախեան կոյս բնութեան մէջ ձուլուած գիւղեր, որ Արցախ գացողները կրնան այցելել ճամբուն վրայ:

Մասնագէտներ կը խօսին այս ճանապարհի ռազմավարական նշանակութեան մասին. մայրուղիին գործարկումը զգալիօրէն կը նուազեցնէ ոչ միայն այն ժամանակն ու տարածութիւնը, որ այսօր անհրաժեշտ է Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհով Արցախի հիւսիսային շրջանները ուղեւորուելու համար, այլեւ կ՚ամրացնէ միջհամայնքային կապերը՝ նպաստելով յարակից համայնքներու տնտեսական զարգացման, կը խթանէ զբօսաշրջութիւնը:

Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւններէն ետք Արցախը ընդգրկուած է հայկական զբօսաշրջային քարտէսին մէջ, եւ այս ճանապարհը հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ ծանօթանալու մեր պատմամշակութային յուշարձաններուն ու վայելելու հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը: Ան, յիրաւի, կը դառնայ կեանքի ճանապարհ՝ ամրացնելով Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան գաղափարը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը յայտարարած է այս ծրագրի մեծ նուիրատուներուն անունները եւ այն գումարին չափը, զոր անոնք ներդրած են համահայկական երազի իրականացման գործին մէջ: Ճանապարհի կառուցման յառաջատար նուիրատուն ծագումով հայաստանցի, ռուսաստանաբնակ գործարար, «Տաշիր կրուփ» ձեռնարկութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանն է, որ իր մասնակցութիւնը բերած է 3 միլիոն տոլարով: Վարդենիս-Մարտակերտի շինութեան նուիրատուութիւններ կատարած են. ռուսական «Աֆինա Պալլատա» ընկերութեան ղեկավար Հայկ Մաղաքելեան (500.000 տոլար), մեծ գործարար, ազգային գործիչ, «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան (1.000.000 տոլար), «Վալեքս կրուփ» ընկերութիւնը (1.000.000 տոլար), դրամատնային գործի մասնագէտ, գործարար Վիթալի Գրիգորեանց (750.000 տոլար), զուիցերահայ գործարար Վարդան Սըրմաքէշ (500.000 տոլար), ռուսական «Աւիլոն» միջազգային ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Կամօ Աւագումեան (500.000 տոլար), ռուսաստանաբնակ գործարար Գագիկ Զաքարեան (500.000 տոլար), կրկին ռուսաստանաբնակ Արամ Քոչարեան (900.000 տոլար), Զանգեզուրի պղնձա-արճիճաքարային գործարանը նուիրաբերած է 1.000.000 տոլար, հայաստանցի գործարար, Ազգային ժողովի երեսփոխան Սամուէլ Ալեքսանեան՝ 400.000 տոլար, ծագումով արցախցի գործարար Վարուժան Գրիգորեան՝ 200.000 տո-լար, հայաստանցի գործարար Բարսեղ Բեգլարեան՝ 200.000 տոլար, իսկ ամերիկաբնակ գործարար Անդրանիկ Պաղտասարեան՝ 500.000 տոլար:

Անդրանիկ Պաղտասարեան 2016 թուականին կատարած է նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատմութեան մէջ երկրորդ ամենէն մեծ միանուագ նուիրատուութիւնը, որ 5 միլիոն տոլար էր եւ Քըրք Քրքորեանէն ու Սամուէլ Կարապետեանէն յետոյ դարձաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երրորդ խոշոր նուիրատուն:

Անդրանիկ Պաղտասարեան Միացեալ Նահանգներէն գալով ներկայ եղած է ճանապարհի բացման եւ տեղւոյն վրայ խոստացած է Գալիֆորնիայէն տեղափոխուիլ Հայաստան եւ հայութեան հարցերուն օժանդակել հայրենիքէն: Ան Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է Լիբանանէն, բաւական նուազ միջոցներով եւ դարձած է Լոս Անճելըսի մէջ կաթնամթերք արտադրող «Գարուն» ընկերութեան սեփականատէրը: Այժմ կը պատրաստուի նոյն գործը Հայաստանի մէջ զարգացնել:

Արդէն իրականութիւն դարձած այս ծրագրի գլխաւոր հերոսները ինչպէս բարերարներն են, այնպէս ալ՝ շինարարները, որոնք տարիներ շարունակ, սողանքային հատուածներով առկայ ճանապարհը դարձուցած են ամուր, հաւասար ու լերկ ճամբայ մը՝ յաղթահարելով լեռնային դժուար անցքերը:

Այսօր, երբ արդէն պատրաստ է ճանապարհը, անցեալ են բոլոր շինարարական եւ նիւթական դժուարութիւնները, յետադարձ անդրադարձումով կը խօսուի միջազգային արձագանգի մասին, որ այս ճանապարհը կառուցելու յայտարարութենէն ետք տարածուած է: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան կը յիշէ, որ լուրը արագօրէն տարածուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետեւող միջագային քաղաքական հանրութեան մօտ, եւ ըսուեցաւ, որ ասով, փաստօրէն, Հայաստանը կը կոշտացնէ իր բանակցային դիրքերը… Քննարկումները բազում էին, բայց ճամբան կառուցուեցաւ, դարձաւ գործածելի եւ կ՚անցնին տարիներ, հայութիւնը կը փաստէ, որ այս ճանապարհի առկայութիւնը Արցախի զարգացման վրայ մեծ դեր ունեցած է:

Յիշենք, որ ճամբան տակաւին անաւարտ էր, երբ ապրիլեան պատերազմը սկսաւ եւ նոյնիսկ անաւարտ վիճակին մէջ ճամբան ծառայեց փոխադրումներու համար, եւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ամուր թիկունք ապահովեց՝ Հայաստանի եւ Արցախի հիւսիսային եւ արեւելեան հատուածներուն միջեւ:

25-ԱՄԵԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Այս տարի լրացաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ըս-տեղծման 25-ամեակը: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի՝ 3 Մարտ 1992 թուականի հրամանագրով ստեղծուեցաւ կառոյց մը, որ պայմանաւորուած իր համազգային կարեւորագոյն առաքելութեամբ, անուանուեցաւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ:

16 Մայիս 1992 թուականին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 24 անդամներէ կազմուած Հոգաբարձուներու խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը.

«Աղէտաբեր երկրաշարժ, բազմահազար անօթեւան բռնագաղթուածներ, արցախահայութեան տագնապալի կացութիւն, քայքայուած տնտեսութիւն, երկարատեւ շրջափակումներ, այս եւ բազմաթիւ այլ դժուարութիւններ յաղթահարելի են միայն ազգի բոլոր անդամներու ուժերուն եւ հնարաւորութիւններուն համախումբ գործադրման, միասնական ու միաբան գործելու պարագային: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու բարգաւաճման գլխաւոր նախապայմանի՝ մեր ազգային պետականութեան հաստատման, Մայր Հայրենիքի տնտեսական, գիտական, կրթական, հոգեւոր ու մշակութային զարգացման խնդիրներու լուծման մասնաբաժին ու աքթիւ մասնակցութիւն ունենալը իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է մեծագոյն պատիւ եւ պարտք դառնայ»:

Այսօր, իր գոյութեան 25-րդ տարիին, հիմնադրամը ունի աշխարհասփիւռ յանձնախումբեր, ազգանուէր առաքելութիւնը ստանձնած նուիրեալներ ու կամաւորներ, հայրենաշինութիւնը իրենց սուրբ պարտքը համարող բարերարներ ու նուիրատուներ եւ միասնաբար իրագործուած ձեռնարկներ ու ձեռքբերումներ: Աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան զօրաւոր միասնութեան արդիւնքին այս տարիներուն ծնունդ առած են ճանապարհ, հիւանդանոց, դպրոց ու մանկապարտէզ, ջրատար, կազատար, արուեստի, գիտութեան, մշակոյթի վերելքը խթանող նախաձեռնութիւններ: Իւրաքանչիւր իրագործուած ծրագրով մենք ուղերձ կը յղենք միջազգային հանրութեան, որ, ի հեճուկս իրերայաջորդ մարտահրաւէրներուն, ունինք անկախ պետականութիւն եւ ամէն գնով պէտք է պահպանենք ու ամրապնդենք մեր յաղթանակը: Մեր նորագոյն պատմութեան ձեռքբերումները այն ժառանգութիւնն են, զորս պէտք է ձգենք մեր սերունդներուն, ինչպէս որ անոնց պէտք է փոխանցենք մեր հաւաքական ուժի եւ Հայրենիքին նուիրումով ծառայելու խորհուրդը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 25-ամեայ գործունէութեան ընթացքին կառուցուած, վերակառուցուած եւ իրականացուած է.

Ճանապարհ՝ 605 քիլօմեթր, ջրագիծ ու ջրատար՝ 580 քիլօմեթր, կազատար՝ 149 քիլօմեթր, ելեկտրականութեան գիծ՝ 70 քիլօմեթր, դպրոց ու մանկապարտէզ՝ 359, տուն ու բնակարան՝ 500, բժշկական հաստատութիւն՝ 75, մշակոյթի եւ մարզանքի կեդրոն՝ 58, իրականացուցած է գիւղատնտեսական ձեռնարկներ՝ 380, կրթական, մշակութային, գիտական ծրագիրներ՝ 169: Աւելի քան 330 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ շուրջ 1100 ծրագիր՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, աւելի քան 700 հազար նուիրատու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ: 2014-2017 թուականներուն Հայաստանի մէջ իրականացուած են 9 միլիառ 600 միլիոն հայկական դրամի, Արցախի մէջ՝ 10 միլիոն 500 հազար հայկական դրամի արժողութեամբ ծրագիրներ:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017