ԱՆԱՐԳԱՆՔ ՄԵԾԵՐՈՒՆ

Վերաբերմունքը կը ձեւաւորէ բնաւորութիւն:

Արցախի ու Հայաստանի բարքերու ու կարգերու միջեւ կայ զգալի տարբերութիւն: Երբեք չեմ ընդունած ու հասկցած, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացայայտ ծաղրանքի արժանացնել՝ մեզ իրենց աչքի լոյսը համարողները: Այո՛, տասնամեակներ շարունակ հայոց հողի վրայ բացայայտ ծաղրանքի կ՚արժանանան մեր մեծերը՝ տատիկներն ու պապիկները, իրենց իսկ թոռներուն կողմէ:

Թոռան սէրը ուրիշ է: Թոռը աւելի քաղցր է ու անուշ, քան զաւակը: Կ՚ըսեն՝ զաւակը ընկոյզն է, ընկոյզի կեղեւը, իսկ թոռը՝ միջուկը: Եւ այդ թոռները ժամանակի հետ կը ձգեն, որպէսզի այլոք, կամ նոյնիսկ իրենք ծաղրեն, կատակի առարկայ դարձնեն իրենց մեծերը:

Ահաւասիկ, քանի մը այդպիսի իրական պատմութիւններ: Սկսինք պզտիկներէն։

*

Նախակրթարանի աշակերտ Արմէնը քանի մը օր դպրոցէն առանց պատճառի կը բացակայի: Երկուշաբթի օր կը ներկայանայ դասի: Ուսուցչուհին կը հարցնէ.

-Արմէն, ինչո՞ւ անցեալ շաբաթ դպրոց չեկար: Բա՞ն մը պատահեցաւ:

-Այո՛, ընկեր Գրիգորեան, իմ տատիկը մահացաւ, գիւղ գացինք:

Ուսուցչուհին կը ցաւակցի աշակերտին ու կը խնդրէ մօտենալ գրատախտակին՝ օրուան դասը պատմելու.

-Ընկեր Գրիգորեան, կրնամ յաջորդ դասին պատմել: Երէկ գիշեր գիւղէն վերադարձանք, չկրցայ պատրաստուիլ դասերուս:

-Քանզի բացակայութիւնդ յարգելի պատճառով է, այս անգամ կը ներեմ, սակայն այլեւս նման բան թող չկրկնուի: Յանպատրաստից դասի չեն ներկայանար: Դպրոցը, ուսումը խաղալիք չէ:

Արմէնը խիստ զղջացած հայեացքով կը նստի իր տեղը:

-Արմէն, Աստուած մեծ մօրդ հոգին լուսաւորէ, ետեւի նստարանէն կամացուկ կը շշնջայ Նարեկը:

-Բերանդ խերով բաց: Մեծ մայրս ողջ է: Պարզապէս առանց պատճառի բացակայեցայ: Անցեալ շաբաթ տատիկիս քովն էի: Գիւղի մէջ հրաշալի ժամանակ անցուցի: Երէկ վերադարձանք: Չհասցուցի դասերս սորվիմ: Այնքան յոգնած էի, որ անմիջապէս քնացայ: Եկած-չեկած ընկեր Գրիգորեանը դաս կը հարցնէ, ես ալ ստիպուած ըսի, թէ տատիկս մահացաւ, որպէսզի բացասական գնահատական չստանամ, քմծիծաղելով մրմնջաց Արմէն դասընկերոջ ականջին: Այդ վայրկեանին ան շատ գոհ էր ինքզինքէն, չէ՞ որ վարպետօրէն կրցաւ ստել ուսուցչուհիին:

-Գիտես, անգամ մըն ալ ես ընկեր Սողոմոնեանին ըսի, թէ մեծ հայրս սրտի կաթուած ստացաւ, բոլորս շատ յուզուած ու զբաղած էինք չհասցուցի դասերս սորվիլ, ծիծաղը հազիւ զսպելով խոստովանեցաւ Նարեկ:

-Աղէկ, որ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը կան: Անհրաժեշտութեան պարագային զիրենք կեղծ հիւանդացնելով կամ մահացնելով կը փրկուինք երկու ստանալէն, ըսաւ Արմէն:

-Յիրաւի, ինքնագոհ հաստատեց Նարեկ:

*

Երեխաները կը խաղան բակին մէջ: Մէկը միւսին բարկացած կը ձայնէ.

-Այ ոչխար, ի՞նչ կ՚ընես, հոս եկուր:

-Ոչխարը պապդ է, որ առաւ տատիիդ, այ անասուն,- զարհուրած կը պատասխանէ հասցէատէրը:

-Հէ՜յ, ոչխարը դուն ես ու քու մեծ հայրն ու մեծ մայրը:

-Դէ երդուէ:

-Պապիիդ արեւը վկայ, կը ծաղրէ երկրորդը:

*

Նման տգեղ պատմութիւնները բազում են մեր հիւանդ հասարակութեան մէջ: Այս իրական սրբապըղծութիւն է: Արցախի մէջ յարգանքն ու արժանապատուութիւնը կ՚ապրի, իսկ Հայաստանի մէջ հիւծած է: Ինչպէս կարելի է ծաղրել մեր սիրելիները. այն մեծ հայրերն ու մայրերը, որոնք իրենց թոռնիկներու բարօրութեան համար հոգի կու տան: Եօթանասուն, ութսուն տարեկանին՝ հասած պատկառելի տարիքի մը՝ անձրեւի, ձիւնի, արեւի տակ, ձմրան ու ամրան տապին փողոցի մէջտեղը կը վաճառեն քանի մը կանաչի, կամ փողոց ու խանութ կը սրբեն իրենց ընտանիքներուն օգտակար ըլլալու համար: Հերիք չէ իրենց հանգստեան թոշակները կոպեկ առ կոպեկ կը յանձնեն իրենց զաւակներուն, քովէն ալ կ՚աշխատին:

Այս անպարկեշտ ու անշնորհակալ վերաբերունքը կեանքի մայրամուտը ապրողներուն նկատմամբ մեծագոյն մեղք է: Պէտք է մոռնալ. ինչ որ ցանես, ան ալ պիտի հնձես:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022