Խորէն Արք. Գալֆայեան (Նարպէյ, 1832-1892). Հայ Հոգեւորականի Արժէքաւոր, Այլեւ Վիճայարոյց Դէմք Մը

Նո­յեմ­բեր 4-ին, 123 տա­րի ա­ռաջ, վաթ­սուն տա­րե­կան հա­սա­կին, Պոլ­սոյ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի մը մէջ՝ վախ­ճա­նե­ցաւ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան իւ­րա­յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը, որ ինչ­պէս իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն, նոյն­պէս եւ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ, Խո­րէն Նար­պէյ գրչա­նունով, մնա­յուն տեղ գրա­ւեց իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժէ­քա­ւոր, այ­լեւ վի­ճա­յա­րոյց դէմ­քե­րէն մէ­կը։

Ոչ միայն իբ­րեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի, այ­լեւ իբ­րեւ ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի տպա­ւո­րիչ կեր­պա­րի՝ Խո­րէն Նար­պէյ քսան տա­րե­կա­նէն սկսեալ իր ան­ձին, մտա­ծում­նե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ ա­լիք բարձ­րաց­նող ներ­կա­յու­թիւն մը ե­ղաւ հայ կեան­քէն ներս։

Ու­նե­ցաւ թէ՛ բուռն հա­մա­կիր­ներ, թէ՛ նոյն­քան ու­ժեղ ընդ­դի­մա­խօս­ներ։ Պաշ­տե­լու աս­տի­ճան ի­րեն կա­պո­ւած շրջա­նակ­նե­րը, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­ներ, Խո­րէն Նար­պէ­յի մէջ գնա­հա­տե­ցին մտա­ւո­րա­կան մար­դու ա­նոր լայն պա­շարն ու ազ­գա­յին ի­տէալ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ի­րա­գործ­ման հա­մար ըմ­բոս­տա­ցող գոր­ծի­չը։ Իսկ ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը, մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր խա­ւե­րէն, եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցան Խո­րէն Նար­պէ­յի ոչ միայն հո­գե­ւո­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին թոյլ տը-ւած ցու­ցա­մո­լու­թեան ու աշ­խար­հիկ հե­տաքրք­րու­թեանց, այ­լեւ հան­րա­յին կեան­քի մէջ ա­նոր դրսե­ւո­րած փա­ռա­մո­լու­թեան հետ։

Պա­տա­հա­կան չէ, որ հայ կեան­քը հու­նա­ւո­րած ար­ժէ­քա­ւոր մեր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն թե­րի կող­մե­րը ձաղ­կե­լու ա­տեն՝ Սի­մոն Զա-­ւա­րեան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կեր­պով պի­տի շեշ­տէր օ­րի­նա­կը Խո­րէն Նար­պէ­յի, 1913-ին «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սած եւ իր գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կը հան­դի­սա­ցող «­Խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է» յօ­դո­ւա­ծին մէջ։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին, իբ­րեւ ար­ժէ­քա­ւոր, այլ նաեւ վի­ճա­յա­րոյց հո­գե­ւո­րա­կա­նի ու ազ­գա­յին գոր­ծի­չի՝ Խո­րէն Նար­պէյ իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։

11 Հոկ­տեմ­բեր 1832-ին Պո­լիս ծնած Գալ­ֆա­յեան Խո­րէ­նը, ծննդա­վայ­րին մէջ տար­րա­կան կրթու­թիւն ստա­նա­լէ ետք, ղրկը-ւե­ցաւ Վե­նե­տիկ, ուր Մու­րատ Ռա­փա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նի ու­սում­նա­կան շրջա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, միա­ցաւ Մ­­խի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան եւ դար­ձաւ ա­նոր ա­մենէն աշ­խոյժ մտա­ւո­րա­կան գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը։

Եւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րուն ՝հմուտ, հայ հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան տի­րա­պե­տած եւ եւ­րո­պա­կան մշա­կոյ­թին սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած ե­րի­տա­սարդ վար­դա­պե­տը շու­տով ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց՝ «­Բազ­մա­վէպ»ի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յած իր ինք­նու­րոյն եւ թարգ­մա­նա­կան եր­կե­րով։ Նար­պէյ գրչա­նու­նը հո­մա­նիշ դար­ձաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ո­րա­կով խոստմ­նա­լից բա­նաս­տեղ­ծի մը, որ գրա­բա­րի եւ աշ­խար­հա­բա­րի կամրջ­ման մէջ իր ու­րոյն ներդրու­մը ու­նե­ցաւ՝ Հայր Ղե­ւոնդ Ա­լի­շա­նի ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան շուն­չով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով եւ Շէյքս­փի­րի, Լա­մար­թի­նի ու Հիւ­կո­յի տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծու­թիւն­նե­րու լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րուն հա­յե­րէն թարգ­մա­նը հան­դի­սա­նա­լով։

Ան­հան­դարտ խառ­նո­ւած­քի տէր ան­հա­տա­կա­նու­թիւն էր Խո­րէն Նար­պէյ, որ եր­կար չդի­մա­ցաւ Մ­­խի­թա­րեան մի­ջա­վայ­րին մէջ։ 1854-ին, Գաբ­րիէլ Եպսկ. Այ­վա­զովս­քիի (որ «­Բազ­մա­վէպ»ի հիմ­նա­դիր խմբա­գիր­նե­րէն ե­ղած էր) գլխա­ւո­րած ե­րի­տա­սարդ միա­բան­նե­րու Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­դառ­նա­լու շարժ­ման միա­նա­լով, Նար­պէյ հրա­ժա­րե­ցաւ Մ­­խի­թա­րեան­նե­րէն եւ, ընդ­հան­րա­պէս, Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցիէն ու ան­ցաւ Փա­րիզ, ուր ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­րե­ցաւ Այ­վա­զովս­քիի նա­խա­ձեռ­նած «­Մա­սեաց Ա­ղաւ­նի» հան­դէ­սի հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծին, միա­ժա­մա­նակ շա­րու­նա­կե­լով Մ­­խի­թա­րեան­նե­րու կող­մէ ի­րեն վստա­հո­ւած ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նը Փա­րի­զի «­Մու­րա­տեան» վար­ժա­րա­նին մէջ։

Փա­րի­զեան իր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին Նար­պէյ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ ու մտեր­մա­ցաւ ֆրան­սա­ցի գրող­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րու հետ, ո­րոնց հետ կապ պահ­պա­նեց մին­չեւ վերջ։ Մ­­տե­րիմ էր յատ­կա­պէս Լա­մար­թի­նի հետ, ո­րուն «­Դաշ­նակք» գոր­ծը հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ լոյս ըն­ծա­յեց 1859-ին։

1860-ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը Նար­պէյ հե­ռա­ցաւ Փա­րի­զէն եւ գոր­ծեց, յա­ջոր­դա­բար, Թէո­դո­սիա­յի, Էջ­միած­նի ու Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, ուր ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւե­ցաւ 1867-ին։ Իբ­րեւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ կար­ճա­տեւ շրջան մը Ռու­մա­նիա ապ­րե­լէ ետք՝ 1870-ին փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Պո­լիս, ուր ծա­ւա­լեց ազ­գա­յին-հո­գե­ւո­րա­կան եւ գրա­կան-հա­սա­րա­կա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն։

Նար­պէյ 1863-ին լոյս ըն­ծա­յեց իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան ե­րե­խայ­րի­քը՝ «­Վար­դե­նիք»ը, որ մէկ կող­մէ գրա­բա­րեան ար­տա­յայ­տե­լաո­ճի իր կա­պո­ւա­ծու­թեամբ, իսկ միւս կող­մէ ժա­մա­նա­կի մտայ­նու­թեան հետ ան­հաշտ ո­րո­շա­կի սե­ռա­կա­նու­թիւն (erotism) մատ­նող յու­զաշ­խար­հով՝ տե­ղիք տուաւ թեր եւ դէմ քննա­դա­տու­թեանց։

Իսկ յա­ջոր­դա­բար 1868-ին եւ 1874-ին լոյս տե­սած իր միւս գոր­ծե­րուն՝ «Ք­­նար պան­դուխ­տի» եւ «Ս­­տուերք հայ­կա­կանք» հա­ւա­քա­ծո­նե­րուն մէջ, Նար­պէյ հիմ­նո­վին շրջա­դարձ կա­տա­րեց դէ­պի հայ ի­րա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան վէր­քերն ու ցա­ւե­րը։ Իբ­պեւ այդ­պի­սին, 1870-ա­կան­նե­րուն, Նար­պէ­յի քեր­թո­ւած­նե­րը լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտան յատ­կա­պէս նո­րա­հաս սե­րուն­դին մօտ։

Նար­պէյ ծա­ւա­լեց նաեւ քա­ղա­քա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն, յատ­կա­պէս 1877-1878-ի Ռուս-Թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, երբ ոչ միայն հան­դէս ե­կաւ Հայ­կա­կան Հար­ցի պաշտ­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին ու ա­տե­նա­խօ­սա­կան ե­լոյթ­նե­րով եւ յօ­դո­ւած­նե­րով, այ­լեւ՝ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խոյժ աշ­խա­տանք­նե­րով՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­յան­պաստ դիր­քո­րո­շու­մը ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։ Այդ նկա­տա­ռու­մով ալ Խ­­րի­մեան Հայ­րիկ իբ­րեւ խորհր­դա­կան ու թարգ­ման իր Պեր­լի­նեան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ ա­ռաւ Նար­պէ­յը։

Բայց թէ՛ հայ ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թեան շար­քե­րուն մէջ իր մրցա­կից­նե­րուն չա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը եւ թէ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ի­րեն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած մե­ծա­րանք­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ Ապ­տիւլ Հա­միտ կաս­կա­ծե­լի հռչա­կէ Նար­պէ­յին։ Սուլ­թա­նա­կան վե­րա­պա­հու­թիւ­նը այն­քա՜ն խո­րա­ցաւ, որ Պատ­րիար­քը ստի­պո­ւե­ցաւ կար­գա­լոյծ հռչա­կել ար­ժա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կա­նին։ Բայց Նար­պէյ շա­րու­նա­կեց իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը մին­չեւ հոն, ուր ֆրան­սա­ցի իր մտե­րիմ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ հա­յան­պաստ քա­րոզ­չու­թեան ձեռ­նար­կեց եւ­րո­պա­կան տա­րո­ղու­թեամբ, ինչ որ ա­րիւ­նար­բու սուլ­թա­նի աչ­քին… «բա­ժա­կը յոր­դե­ցուց»։­

Եւ 4 Նո­յեմ­բեր 1892-ին, լու­սա­բա­նա­կան տե­սակ­ցու­թեան մը հա­մար Պոլ­սոյ ոս­տի­կա­նու­թեան կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը հրա­ւի­րո­ւե­լով ու թու­նա­ւոր սուր­ճով հիւ­րա­սի­րո­ւե­լով՝ կտրո­ւե­ցաւ կեան­քի թե­լը Խո­րէն Արք. Գալ­ֆա­յեան-­Նար­պէ­յի, որ իբ­րեւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի եւ բա­նաս­տեղ­ծի, ման­կա­վար­ժի ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի, իր ու­րոյն պա­տո­ւան­դա­նը գրա­ւած էր հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Խո­րէն Նար­պէ­յի վախ­ճան­ման 123րդ տա­րե­լի­ցը ո­գե­կո­չե­լով՝ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք ա­նոր հան­րա­ծա­նօթ եւ սի­րո­ւած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն «­Հայ Ապ­րինք» քեր­թո­ւա­ծը.-

ՀԱՅ ԱՊ­ՐԻՆՔ

Հայ ապ­րինք եղ­բայրք, մարդ­կու­թեան մէ­ջը,

Հայ կնքեր է մեզ պատ­մու­թեան է­ջը.

Հայ ա­նո­ւամբ զմեզ կ’ող­ջու­նէ եր­կինք,

Եղ­բայրք Հայ ապ­րինք:

Հայ ապ­րինք, որ ազգ կայ Հա­յու նման?

Որ ու­նե­նայ հին պար­ծանք այս­քան,

Որ ազգ Հա­յուն պէս շքեղ Հայ­րե­նիք.?

Եղ­բայրք Հայ ապ­րինք:

Ո՛չ, ճա­կա­տա­գիր մեր, չէ միշտ տխուր,

Զթ­­շո­ւա­ռու­թեան ու­տել հացն ու ջուր,

Նոր եր­ջան­կու­թեան ա­պա­գայ մ’ու­նինք.

Եղ­բայրք Հայ ապ­րինք

Հայ ապ­րինք, որ մեր որ­դիք ալ, եղ­բայրք,

Կա­րե­նան պար­ծիլ որ զմեզ ու­նին հարք,

Չըլ­լանք Հայ ա­նո­ւան, չըլ­լանք նա­խա­տինք

Եղ­բայրք, Հայ ապ­րինք:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015