ՄԻՏՔԻ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐ

ԿԱՐԴԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Կրնայ ըլլալ որ տեղին չէ այս կարճ գրութիւնս, բայց անհրաժեշտութեան համար ուզեցի արձանագրել այս մի քանի տողերը, որոշ պարզաբանումներ կատարելու՝ կարդալու եւ հասկնալու միջեւ եղող տարբերութիւնը ցոյց տալու համար տեղեկատուական դաշտէն ներս։

Մեզմէ շատերը վստահ եմ, որ ամէնօրեայ դրութեամբ տարբեր-տարբեր օրաթերթերու եւ դիմատետրային տարբեր-տարբեր էջերու կը հետեւին, նորութիւններ իմանալու համար։ Բնական երեւոյթ մըն է այս մէկը, այսօրուան ընկերութեան համար, ուր արուեստագիտութիւնը իր թեւերը լայնօրէն տարածած է ամէն ուղղութիւններով։

Կարդացողներու չորս տարբեր խումբեր կան սակայն.

ա) Անոնք որոնք կը կարդան եւ ճշգրտութեամբ կը հասկնան գրուածները։ Այս խումբին կը պատկանին բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարդացածներուն մէջ իրականութիւնն է, որ կը փնտռեն, իրապաշտօրէն կը մօտենան առանց այլեւայլ բաներ փնտռելու իրենց կարդացածին մէջ։

բ) Անոնք որոնք կը կարդան եւ կը դժուարանան հասկնալու, որովհետեւ իրենք իրենց ներսիդին կազմած են քարացած համոզումներ, որոնց դռներուն դիմաց երբ որեւէ մէկ բան գայ, որ հակառակ է այդ համոզումներուն, եւ առաջին հերթին կը փորձեն իրենց կարդացածը պատշաճեցնել իրենց համոզումներուն եւ ամէն ինչ դիտել այդ համոզումներու լոյսին տակ ու չյաջողելու պարագային հեռու կը վանեն։

գ) Երրորդ խումբին մէջ կ՚իյնան բոլոր անոնք, որոնք ոչ միայն չեն հասկնար իրենց կարդացածը, այլ՝ ամէն ջանք կը թափեն կեղծելու գրուածները եւ կամ քմահաճ մեկնութիւններ կատարել այդ ուղղութեամբ, մարդոց ուշադրութիւնը շեղելու համար. այս մէկը կը կատարուի յատուկ քաղաքականութեամբ եւ այդպիսիները ծրագրուած է, որ կը կատարեն այդ մէկը։

դ) Չորրորդ խումբին մէջ եղողները անոնք են, որոնք գործ ու բան չունին եւ զբաղում կը փնտռեն ու իրենց հասկցածն ու չհասկցածը իրար խառնելով պարզապէս քաոսային վիճակներ կը ստեղծեն, պղտորելով հասարակութեան միտքը։

Չորս խումբերու անդամներն ալ կը կարդան, հետեւեալ տարբերութեամբ սակայն.-

Առաջին խումբի անդամներուն ուղղութիւնը կառուցողական է, որովհետեւ իրապաշտ են։

Երկրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը քայքայող է, որովհետեւ նախապաշարումի վրայ հիմնուած է։

Երրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը պառակտեցուցիչ է, որովհետեւ կը միտի զանազանութիւններ ստեղծելու՝ ժխտական իմաստով։

Չորրորդ խումբի անդամներուն ուղղութիւնը ապականիչ է, որովհետեւ կը միտի միտքերը պղտորեցնել։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը, ո՞ր խումբին կը պատկանի արդեօք։ Պատասխանը կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին։

ՀԱՅ ԳԻՐՔ

Իրականութիւն մըն է, որ գիրքը ինքնիր մէջ աշխարհ մըն է եւ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ ու բազմազան նիւթեր ու գիտելիքներ։ Իւրաքանչիւր գիրք անպայմանօրէն արժէք մը կը ներկայացնէ եւ զայն կարդացողը անկարելի է, որ անկէ օգտակար բան չքաղէ, չիւրացնէ՝ ըլլայ հատուած մը, նախադասութիւն մը եւ նոյնիսկ բառ մը. որովհետեւ երբ գիրք մը առնենք ու սկսինք թերթատել, անպայման նորութեան մը կը հանդիպինք, նոր բան մը կը սորվինք։ Այսքանը աշխարհի բոլոր գիրքերու մասին։

ԳԱԼՈՎ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ… ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԽՈՐԻՆ…

Երբ մեր պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, թէ մինչեւ 5-րդ դար սեփական գիր չենք ունեցած։ Նախքան այդ դարաշրջանը մեր նախնիները գիր-գրականութիւն չեն ունեցած եւ ինչ որ հասած է մեզի նախաՄեսրոպեան դարերէն, բանահիւսութեան ճամբով հասած է եւ ապագային գիրերու գիւտէն ետք գրի առնուած՝ գիրքի վերածուած։ Երբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը հայերէն տառերը գտաւ, մենք ունեցանք մեր սեփական գիրերը եւ սկսանք ինքնուրոյն գրականութիւն մշակել։ Մեր առաջին հայերէն գիրքը որու դիմաց խոնարհելու է իւրաքանչիւր հայորդի՝ Աստուածաշունչ Մատեանն է, որ Թարգմանիչ սերունդին կողմէ թարգմանուած է եւ կոչուած՝ «Թագուհի Թարգմանութեանց»։ Աստուածաշունչի թարգմանութենէն ետք, նոյն սերունդը թարգմանած է նաեւ ուղղափառ եկեղեցւոյ հայրերէն գրութիւններ, ինչպէս նաեւ իրենք ալ իրենց կարգին, իրենց մտածումները, ապրումներն ու գաղափարները յանձնած են մագաղաթին։ Մեր նախնիներէն իւրաքանչիւր գրութիւն մեզի հասած գլուխ գործոցներ են, որոնց մէջ կը տեսնենք մեր նախնիներու ամբողջ ներաշխարհը եւ ունեցած մտահոգութիւնները։ Մեզի հասած այդ գիրքերուն հեղինակները մէկական տիտաններ են. Խորենացի, Կողբացի, Կորիւն, Փարպեցի, Շիրակացի, Շնորհալի, Նարեկացի, Տաթեւացի եւ տակաւին շարքը երկար է։ Մեր նախնիները իրենց մտածումները թուղթին յանձնելով մեզի աւանդած են, որպէս՝ «անսպառ հարստութիւն», «գանձ անապական», որոնք մեզի համար պէտք է ըլլան «Սրբութիւն Սրբութեանց»։

Օրինակի համար, Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը հրաշալի ստեղծագործութիւն մըն է, որու դռնէն երբ ներս մտնենք, այլեւս անկէ ելլել չենք ուզեր, որովհետեւ այնտեղ կը գտնենք մեր հոգեկան ապրումներուն «ամբողջական սնունդ»ը։ Անդին՝ երբ  Տաթեւացի կը կարդանք, մեր մէջ կ՚արթննայ ջատագովական ոգի եւ կը սորվինք, որ օտարներու կամայականութիւններուն պէտք չէ հաճոյակից ըլլանք։ Տակաւին՝ երբ կը կարդանք Շիրակացի, ամբողջութեամբ նոր հորիզոներ կը բացուին մեր դիմաց:

Գալով ներկայ ժամանակներուն, նոյնն է պարագան, թէեւ քիչ մը տարբեր անցեալի մեր իրականութենէն։ Խրիմեան Հայրիկներ, Եղիշէ Դուրեաններ, Ղեւոնդ Ալիշաններ, Տաշեաններ, Հացունիներ, Րաֆֆիներ, Պատկանեաններ, Մաղաքիա Օրմանեաններ, Սիամանթօներ, Վարուժաններ, Գրիգոր Զօհրապներ, Դուրեաններ, շարքը տակաւին կ՚երկարի… Ասոնք եւս իրենց կարգին մեզի աւանդած են հարստութիւններ, որոնց դիմաց եւս իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է խոնարհիլ եւ անկէ ետք բանալ դռները ու ներս մտնել եւ հաղորդակից դառնալ անոնց ապրումներուն, գաղափարներուն….

Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք հաղորդակից դառնալ մեր նախնիներուն, եթէ ոչ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ճամբով։ Հայ Գիրքին պէտք չէ մօտենանք լոկ կարդալու համար եւ կամ միայն գիտելիք քաղելու սիրոյն, այլ՝ պէտք է սիրենք, գուրգուրանք եւ զայն պահենք որպէս «Սրբութիւն Սրբութեանց». որովհետեւ ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ է՝ «գանձ անապական», «անսպառ հարստութիւն», «յորդարատ ու յորդահոս աղբիւր», «ջինջ առու», «հարուստ գանձարան»

Բի՜ւր յարգանք ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ…

ԲԱԽՏ

Մեր առօրեայ շատ գործածական բառերէն բառ մը եւս, որ խորքին մէջ ոչ մէկ իմաստ կամ նշանակութիւն ունի։

Մեզմէ շատեր այս բառը կը գործածեն, առանց մտածելու, թէ արդեօք որեւէ իմաստ մը ունի՞, թէ ոչ։ Մեզմէ շատեր կը գործածեն զայն, առանց անդրադառնալու նոյնիսկ, որ իմաստ ու նշանակութիւն չունեցող բառ մըն է։

Հայերէն լեզուի բառարանները զայն կը թարգմանեն որպէս «պատահականութիւն, յաջողութիւն, ճակատագիր, բարի կամ չար դէպք, եւ այլն»։ Պարզապէս աշխատանք մը տարուած է իմաստ մը գտնելու եւ կամ յարմարացնելու, որ սակայն ոչ մէկ առընչութիւն ունին տրուած բացատրութիւնները։

Մի քանի օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան այս բառին անիմաստ ըլլալը։

1) «Բախտը բերաւ»։ Ի՞նչ կը նշանակէ բախտը բերաւ։ Ի՞նչ է բախտը, որ կարենայ ինչ որ բան բերել կամ իրագործել։

2) «Այսինչին բախտը զօրաւոր է, ինչ գործի որ ձեռնարկէ կը յաջողի»։ Ի՞նչ կապ ունի բախտը այսինչին կամ այնինչին յաջողութեան հետ։ Եթէ ոեւէ մէկը որեւէ աշխատանքի ձեռնարկած է, աշխատած է օր ու գիշեր, որպէսզի կարենայ յաջողիլ, եւ եթէ իր տարած այդ աշխատանքը արդիւնաւորուած է յաջողութիւններով, բախտը ի՞նչ գործ ունի այստեղ։ Տուեալ անձը ի՛նքն է աշխատողն ու ձեռնարկողը չէ՞։ Ի՛նքն է յոգնողն ու մտածողը։

3) «Բախտս բերէր, ես ալ իրեն պէս կ՚ըլլայի»։ Բարեկամ, ո՞վ բռնած է ձեռքէդ եւ կամ ո՞վ արգիլած է քեզ, անոր նման յաջողութիւն գտնելու։ Միթէ՞ այդ մարդը իր նստած տեղը եւ կամ ձեռքերը ծալած պահելով հասաւ հոն՝ ուր որ է հիմա։ Դուն ալ եթէ կամենաս ու եթէ աշխատիս, կը հասնիս։ Կամք ու եռանդ է պէտք։

Բաւարարուիմ այսքանով, որովհետեւ որքան երկարեմ՝ այդքան կ՚երկարին օրինակները։ Աշխատինք զգոյշ ըլլալ մեր բառապաշարին եւ չգործածենք բառեր, որոնք իմաստ չունին։ Շատեր հիմա կրնան ըսել, լաւ եթէ կը գործածենք ի՞նչ։ Շատ բարի, բայց չգոյ, անիմաստ եւ նշանակութիւն չունեցող բառը ի՞նչ կու տայ մեզի։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020