ԱԶԱՏ ԿԱՄՔԻ ՄԱՍԻՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կան «մտածող»ներ, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ մարդկութիւնը «ոստումներ» կը կատարէ։ Նման փիլիսոփաներ իրենց յաջորդելիքներու առջեւ կը բանան նոր հորիզոններ, ուղիներ, կ՚առաջարկեն սահմանները անդրանցնելու ձեւեր, եւ կը խրախուսեն, կը ներշնչեն «մտածելու» համար։ Այդ «մտածողներ»էն մին կարելի է համարել գերմանացի յայտնի գրող եւ փիլիսոփայ Արթուր Շոփենհաուէրը։ Թէեւ Շոփենհաուէրի գործերը կամ տեսակէտները բաւարար ուշադրութեան չեն արժանացած իր կեանքի ողջ տեւողութեան, սակայն անոնք մեծ ազդեցութիւն գործած են փիլիսոփայութեան, գրականութեան, նոյնիսկ գիտութեան զանազան ճիւղերուն վրայ։ Անոր գեղագիտութեան (aestethics), բարոյականութեան եւ հոգեբանութեան վերաբերեալ գրառումները ներշնչած են բազմաթիւներ. ինչպէս՝ Ֆրիտրիխ Նիչէն, Ալպերթ Այնշթայնը, Սիկմուն Ֆրոյտը, Քարլ Ժունկը, Լէօ Թոլսթոյը, Թոմաս Մանը եւ այլ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ։ 

Ըլլալով Իմմանուէլ Քանթի աշակերտը՝ Շոփենհաուէր իւրայատուկ հայեացքով գծած է այլ ուղիներ, որոնք երբեմն հակած են հնդկական խորհրդապաշտութեան, իսկ երբեմն ալ՝ ծայրայեղ նիւթապաշտութեան։ Հին ժամանակներէն ի վեր փիլիսոփայութեան մէջ կան տարակարծութիւններ՝ կամքի ազատութեան գոյութեան մասին։ Շոփենհաուէրի առաջնահերթ մտահոգութիւնն է այն արժէքները, որոնք կը բնորոշեն մարդու յարաբերութիւնները աշխարհի հետ. արդեօք հնարաւո՞ր է մարդկային կամքի ազատութեան հիմնաւորումը բխի ինքնագիտակցութենէ։ Այս միանգամայն լուրջ, բարդ եւ կարեւոր հարցին պատասխանելու համար նախ եւ առաջ պէտք է յստակեցնել «ազատութեան» հասկացողութիւնը։

Ազատութիւնը առաջին հերթին կ՚ըմբռնենք՝ իբրեւ որեւէ խոչընդոտի բացակայութիւն։ Մարդը ստեղծուած է՝ որպէս բոլորովին հակառակ յատկութիւններով երկու մասէ՝ մարմնէ եւ հոգիէ բաղկացած էակ։ Մարմինը՝ աշխարհի, բնութեան մէկ մասն է եւ անբաժան տարրը։ Մարմինը ենթակայ է բնութեան օրէնքներուն, գործելակերպին։ Այսուհետեւ մարմինը բնական է՝ բնութեան արտադրանքը, բնութեան յարիր։ Իսկ հոգին, ընդհակառակը, բնութեան արտադրանք չէ, անոր ծագումը աշխարհէն դուրս է, հետեւաբար բնութեան օրէնքներն ու համակարգը չեն ազդեր անոր վրայ։ Քանի մարդիկ հոգի ունին, ունակ են դուրս գալու աշխարհի եւ բնութեան գործելակերպէն եւ զերծ մնալ անոնց ստրուկը դառնալէ։ Հոգին նաեւ ազատութեան երաշխիքն է։ Կ՚ենթադրուի, որ մարդ իր հոգիին շնորհիւ է, որ «բացառիկ» է բնութեան մէջ։

Մարդկային այս «կազմուածքին»՝ հոգիի եւ մարմնի համադրումին յառաջ բերած ազատութեան ընկալումը կարելի է համառօտել սապէս. մեր արարքները, բացի մեզմէ, այլ պատճառ չունին։ Այլ խօսքով՝ մեր արարքները պէտք չէ պարտադրուած ըլլան։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ, թէ մեր գործողութիւնները, շարժումները կախում չունին որեւէ գործօնէ կամ հարկադրանքէ։

Շոփենհաուէր, մարդու եւ ազատութեան ընկալման մասին մտածելով հետեւեալ ձեւով կը հարցնէ. «Որպէս բնութեան մէկ տարրը, մարդ արդեօք շրջակայ միջավայրէն ազդուո՞ղ էակ մըն է, թէ ոչ բացառութիւն է բնութեան մէջ»։ 

Ըստ Շոփենհաուէրի՝ մարդիկ «ցանկալ»ու համար ստեղծուած են։ Իսկ ազատութիւն կը նշանակէ ո՛չ թէ իրականացնել մեր ցանկութիւնները, այլ՝ զանոնք կեանքի կոչել ինքնըստինքեան, առանց որեւէ բանի ազդեցութեան, անկախ այլ հանգամանքներէ կամ պատճառներէ։ Իր խօսքով՝ սա անհաւանական է, քանի որ մեր ցանկութիւնները յառաջ կու գան շրջակայ միջավայրի պայմաններու բերումով։ Օրինակ՝ եթէ մսինք, պէտք կ՚ունենանք աւելի հաստ հագուստի, որպէսզի տաքնանք։ Պայմաններու «բացակայութեան» պարագային «կամք» չ՚ըլլար։ 

Փիլիսոփայութեան մէջ միտքը, ընդհանուր առմամբ, կ՚ընկալուի՝ որպէս «կամք»ը ղեկավարող տարր։ Միտքը կը նկատուի՝ որպէս որոշում տուող, ծրագրող, լաւը վատէն զատող ուժ։ Շոփենհաուէրի համաձայն՝ միտքը կը ծառայէ կամքի ստեղծած նպատակներու համար յարմար միջոցներ գտնելու։ Բանականութիւնը մարդուն տրուած է ո՛չ թէ ճշմարտութեան հասնելու կամ զայն բացայայտելու համար, այլ ուղեղը՝ «մտքի տեղը» տրուած է մարդուն, որպէսզի գտնէ օգտակարը եւ գոյատեւէ՝ ըստ այդ օգուտի։ Հետեւաբար, միտքը կը ծառայէ «գոյատեւելու ցանկութեան», նաեւ կը նպաստէ իրեն պատկանող էութեան գոյութեան:

Ուստի, «հոգի» եւ «կամքի ազատութիւն» հասկացողութիւնները «գիւտեր» են ըստ Շոփենհաուէրի։ Անոնք «յօրինուած» են անհրաժեշտութեան մը արդիւնքին։ «Հոգին», «կամքի ազատութեան» գետին պատրաստելու, իսկ «կամքի ազատութիւնը» պատասխանատուութեան զգացումի համար ստեղծուած են։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2020