Նիկողոս Սարաֆեան. Արդի Ժամանակներու Եւ Սփիւռքցի Հայուն Խոհուն Ու Գեղագէտ Երգիչը
Հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն Նիկողոս Սարաֆեան (1902-1972) 43 տարի առաջ հեռացաւ այս կեանքէն՝ հայոց սերունդներուն աւանդ ու ժառանգ կտակելով գրական-ստեղծագործական խորախորհուրդ եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը:
Աշխարհին, կեանքին եւ մարդ էակին խորասոյզ փիլիսոփայութեամբ, այլեւ անսպառ բարութեան եւ ազնուութեան զեղուն յոյզերով նայող ու պաշտող բանաստեղծն է Նիկողոս Սարաֆեան: Արդի ժամանակներու եւ սփիւռքցի հայուն տարերքն ու ներաշխարհը իմաստասիրող, քննադատաբար ու ճշմարտութեան պաշտամունքով վերծանող, այլեւ ոգեղէն ուժով ջերմացնելու եւ մաքրելու յոյզերուն անձնատուր երգիչն է Նիկողոս Սարաֆեան:
Ինչպէս որ Սուրբ Զատիկին նուիր-ւած իր հռչակաւոր գրութեան մէջ դիտել կու տայ, Սարաֆեան ամբողջ գրականութիւն մը ստեղծագործեց ինքնահաւատարմութեամբ, անխոնջ պատգամելով, որ՝
«Կը սպասենք բանի մը:
«Կը հասնինք քիչ-քիչ իմացականութենէն վեր ճշմարտութեան մը: Կարելի չէ, արդարեւ, աւելի մեծ ուժ մը գտնել, քան՝ գութը անոր, որ կարեկցութեամբ նայեցաւ իր խաչին շուրջ դարձող զրահակիր ու յաղթիրան ձիաւորներուն, իրենք զիրենք իմաստուն ու քաջ կարծող քահանայապետներուն եւ դատաւորներուն, որ քար մը կը կրէին միայն սրտի տեղ: Քար մը, որ սակայն շուտով կը փշրի:
«Կարելի չէ աւելի զօրաւոր բան մը գտնել մարդուն մէջ, քան՝ ազնուական այդ եսասիրութիւնը, որ կը մերժէ գռեհիկ անձնամոլութիւնն ու անարդարութիւնը, նախանձն ու մախանքը, բռնակալութիւնն ու դատողութիւնը, մեծամտութիւնն ու վայրագութիւնը:
«Հայը ունի այս բոլորը զգալու կարող սիրտը, թէեւ այդ սիրտը խոնջ է դարերով քարերուն զարնուելով, թախծոտ է եւ թափառական: Կը սպասէ այս բոլորին: Գիտենք, թէ չենք կրնար այլեւս բարութեամբ պատասխանել չարութեանց: Բայց այս բոլորը մեր երիկամունքները այրող կարօտներն են:
«Գիտենք, թէ կ՚անցնին բոլոր գեղեցիկ խօսքերը: Բայց կը սիրենք բոլոր գեղեցկութիւնները»:
Հայ գրողի, մտաւորականի եւ իմաստասէրի ինքնատիպ համադրում մը կը մարմնաւորէ Սարաֆեան, որուն ստեղծած մեծարժէք գրականութիւնը որքան հարուստ եղաւ խոհականութեամբ ու իրաւ ճշմարտութեանց գեղեցիկ բխումով, նոյնքան բաբախուն եղաւ զուլալ ջուրի պէս հոսող ու ծարաւի հոգիներուն պապակը յագեցնող իր յուզականութեամբ:
Յաճախ մատնանշուած է, որ Նիկողոս Սարաֆեան իրաւամբ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ կերպարի առջինեկ եւ իրաւ ներկայացուցիչներէն մէկը: Կ՚արժէ նաեւ աւելցնել, որ Սարաֆեան եղաւ եւրոպացի հայու ուշագրաւ բնորդ մը, որ հայու իր արմատները երկարեց ու ամրապնդեց եւրոպական քաղաքակրթութեան հողին մէջ՝ մշակութային զարգացման եւ ինքնադրսեւորման իւրայատուկ համադրում մը մարմնաւորելով:
Պատանի տարիքին արհաւիրքը տեսած, յետեղեռնեան Պոլսոյ մէջ հայու իր ազգային կազմաւորումը ստացած ու երիտասարդութեան Փարիզ յայտնուած սերունդին ամենէն խոհուն եւ գեղագէտ ներկայացուցիչը հանդիսացաւ Նիկողոս Սարաֆեան:
Եթէ «Փարիզի տղաքը»՝ Վազգէն Շուշանեան, Շահան Շահնուր, Բիւզանդ Թոփալեան, Շաւարշ Նարդունի, Զարեհ Որբունի, Նշան Պէշիկթաշլեան եւ ընկերներ, իրաւամբ հիմնադիրը հանդիսացան սփիւռքահայ գրականութեան, անոնց փաղանգին մէջ որոշապէս Նիկողոս Սարաֆեանի վիճակուեցաւ «Նոր ժամանակներ»ու խորաթափանց երգիչը դառնալու արժանաւոր յառաջապահի դիրքը:
Ինչպէս որ առիթով մը Սարաֆեան խոստովանած է՝ «Լաւագոյն բանաստեղծութիւնը այն է ինծի համար, որ արտայայտութիւնն է ներքին մարդկային ողբերգական լինելութեան մը՝ յաւիտենական մարդուն մէջ»: Այդ զգայնութեամբ եւ խոհականութեամբ՝ բանաստեղծ ու արձակագիր Նիկողոս Սարաֆեանը ապրեցաւ իր ժամանակաշըր-ջանը, խորասուզուեցաւ ու պեղեց մարդկային կեցութեան նոր ժամանակներու ընդերքին զարգացող խմորումները եւ, գեղեցկագոյն հայերէնի ճարտարութեամբ մեր սերունդներուն կտակեց բարձրարուեստ գրականութիւն:
Սարաֆեան հեռու մնաց Շահնուրի յուզական պոռթկումներու հեղեղէն, կամ՝ Շուշանեանի մարտունակ ու կրքոտ զեղումներէն: Ստեղծեց խոհական գրականութիւն մը, որ ընթերցողին առջեւ բացաւ սփիւռքցի հայուն ուրոյն ներաշխարհը՝ անոր իւրայատուկ յոյզերուն եւ խոհերուն գեղարուեստական վերծանումովը յագեցած:
Այդ պատճառով ալ շատ ընթերցող չունեցաւ թերեւս, բայց անվիճելիօրէն կեանքի կոչեց իր տեսակի սփիւռքահայ ընթերցողը, որ Սարաֆեանի պրիսմակով հաղորդուեցաւ նոր ժամանակներու շունչով եւ սփիւռքահայ կեցութեան խորհուրդով:
1939-ին լոյս տեսած «Հայ գրագէտներու բարեկամներ մատենաշար»ի 11-րդ հատորին կենսագրական հակիրճ տեղեկանքով՝ «Լճեցի ծնողքի մը վերջին զաւակը՝ Նիկողոս Սարաֆեան ծնած է 14 ապրիլ 1902-ին, նաւու մը մէջ, Պոլիս-Վառնա գծին վրայ: Նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ Վառնայի Ճիէրճեան, յետոյ Ազգային վարժարանին մէջ, շուտով կ՚անցնի Ֆրերներու վարժարանը: Ընդհանուր պատերազմին մեծ եղբօր հետ կը մեկնի Ռումանիա, այնուհետեւ կը սկսի թափառական կեանքի մը: Պուքրէշէն Կալաց, յետոյ՝ Օտեսա, Ռոստով, Նովորոսիսկ, երբ կը պայթի ռուսական յեղափոխութիւնը: Քալելով կը կտրէ Ռումանիան: Ծնողքը կը գտնէ Վառնայի մէջ, բայց շուտով կ՚անցնի Պոլիս, կը մտնէ Կեդրոնական վարժարանը, զոր կ՚աւարտէ 1922-ին եւ դարձեալ կ՚անցնի Պուլկարիա, յետոյ՝ Ռումանիա: 1923-ին՝ Փարիզ:
«Գրած է արձակ եւ ոտանաւոր: Աշխատակցած՝ «Հայրենիք», «Մենք», «Զուարթնոց», «Անահիտ» պարբերաթերթերուն:
«Իր առաջին գործն է բանաստեղծութեան հատոր մը՝ «Անջրպետի մը գրաւումը» (Փարիզ, 1928), յետոյ «14»ը՝ քերթուած (Փարիզ, 1933), «Իշխանուհին»՝ վիպակ (Փարիզ, 1934): Հրատարակելի ունի «Խարիսխէն հեռու» (վէպ), բանաստեղծութեանց երկու հատորներ՝ «Տեղատուութիւն», «Մակընթացութիւն», եւ պարբերաթերթերու մէջ տպագրուած վիպակներէն կազմուելիք հատոր մը: Պատրաստ ունի նաեւ ուսումնասիրութիւն մը՝ «Զառիթափին վրայ»: Ծածկանուն չէ գործածած»:
«Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն»ը, գրուած՝ 1931-1938, մէկ հատորով հրատարակուեցաւ 1939-ին (200 օրինակով): Յաջորդեց «Միջնաբերդ»ը, գրուած՝ 1940-46, որ հրատարակուեցաւ 1946-ին (500 օրինակով): Բանաստեղծական արձակի իր լաւագոյն գործը՝ «Վենսենի անտառը», որ հրատարակուած էր Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրի (Հալէպ) 1947-ի համարներով, առանձին հատորով (խմբագրութեամբ Գ. Պըլտեանի) լոյս տեսաւ Փարիզ, 1988-ին:
Իր ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ՝ «Միջերկրական»ը, հրատարակուած՝ 1971-ին, Գրիգոր Շահինեանի խմբագրած «Ահեկան» հանդէսի էջերուն, Պէյրութ (առաջին տարբերակ մը 1962-ին տպուած էր «Բագին»ի մէջ): «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես» (խմբ. Գ. Պըլտեան, Երեւան, 1994), «Խարիսխէն հեռու» («Հայրենիք» ամսագիր), «Մանուկ Դուինեան» («Նայիրի» ամսագիր), «Ղուկաս այպանելին» («Զուարթնոց» հանդէսի էջերուն) եւ «Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ ամլութեան սատանան» («Ակօս» հանդէս, Պէյրութ):
Սարաֆեանի գրական կազմաւորման վրայ իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցան Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի իր զոյգ ուսուցիչները՝ Յակոբ Օշական ու Վահան Թէքէեան: Յատկապէս Օշական միշտ մօտէն հետեւեցաւ իր նախկին աշակերտին գրական յառաջընթացին եւ հաւատքով սպասեց անոր նուաճումներուն, որոնք ըստ արժանւոյն իրականացան:
Սարաֆեան ամբողջ կեանք մը գրաշարութեամբ ապրեցաւ, նոյնիսկ իր գիրքերէն ոմանք, որոնց տպաքանակը 500-ը չանցաւ ընդհանրապէս, անձնապէս ինք շարեց: Բայց համեստ ու ժուժկալ իր կեանքը հարստացուց՝ ստեղծելով ժամանակի մաշումին դիմացող բարձրարուեստ գրականութիւն մը, որուն համար հայոց սերունդները միշտ վառ պիտի պահեն անոր անմեռ յիշատակը:
Նիկողոս Սարաֆեան իւրովի ապրեցաւ սփիւռքեան կեցութենէն բխող մարդու եւ հայու մեծ Խռովքը: Իւրովի ընկալեց յատկապէս սփիւռքահայուն «ոգեղէն հայրենիք»ը, որ ազգային իր ինքնաճանաչման խարիսխը եղաւ եւ ներշնչման աղբիւր ծառայեց յուզական եւ խոհական այնպիսի՜ խոստովանութեանց, ինչպիսին է «Մեր Գրականութեան թշնամիները» խորագրեալ իր յօդուածէն արտատպուած հետեւեալ խորհուրդը հայոց սերունդներուն.
«Իրական պիտի ըլլար հայրենասիրութիւնը այն ատեն միայն, երբ ան տառապէր՝ ինչպէս կը տառապին սիրելի հիւանդի մը քով, առանց մեծ լաւատեսութեան, առանց անոր մահը արագացնելու ոճրագործութեան: Հայրենասէրը պիտի դողար իր ազգին մեն մի վայրկեանին վրայ, որպէսզի մասնիկ մը անգամ չկորսուի անկէ»:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ