Էտ­մոն Լե­ւոն Քի­րազ (Քի­րա­զեան)

Հայազգի Էտմոն Քիրազը կը համարեն ժամանակակից աշխարհի ամենէն վառ երգիծանկարիչը, որուն  պատկերազարդումները 20-րդ դարու կէսերէն դարձած են քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը:

Ծնած է  Գահիրէ, 25 Օգոստոս 1923-ին, Եգիպտոս հասած  Լեւոն Քիրազի եւ Էլիզ Սէթեանի ընտանիքին մէջ, որոնք ունեցած են 4 երեխայ՝ 3 աղջիկ եւ տղայ մը: Էտմոն եւ քոյրը՝ Անահիտ, երկուորեակներ են: Հայրը Էտմոնը անուանակոչած է ի պատիւ ֆրանսացի բանաստեղծ եւ թատերագիր Էտմոն Ռոստանի:

«Երբ ես փոքր էի, հայրս զիս կը տանէր իր աշխատավայրը՝ ընկերներուն ցոյց տալու համար իր հանճարեղ տղուն նկարները: Մայրս կը հակառակէր. ան կ՚ուզէր, որ ես դրամատան ասպարէզի մէջ յայտնի անձ մը դառնամ…»:

Քիրազ յաճախած է Գահիրէի Նուպարեան ազգային վարժարան, ապա՝ ֆրանսական գոլէճ: 10 տարեկանին նկարած է իր առաջին կտաւը՝ 17-րդ դարու կրօնական բնաբաններով նկարի կրկնօրինակում մը:

«Տարօրինակը այն էր, որ այդ նկարը ո՛ր կողմէն ալ դիտէիր, կը դիտուէր: Հայրս այդ նկարը նուիրեց Պաղտատի հայկական եկեղեցւոյ, եւ ի զարմանս ինծի, ամէն մարդ այդ նկարին մէջ հրաշք մը կը տեսնէր»:

Քիրազի առաջին քաղաքական երգիծանկարները տպուած են  «Իմէյճ», «Փարատ», «Լա Ռեֆորմ տ՚Ալեքսանտրի» եւ «Ալ Մուսաուար» ամսաթերթերուն մէջ, երբ ան հազիւ 17 տարեկան էր:

«Գաղտնիք մը ըսեմ. Եգիպտոսի մէջ մեր այդ թերթը շատ կը ծախուէր, որովհետեւ ամէն մէկ թերթին մէջ քիչ մը քոքային կը դնէինք… հէ՛, հէ՛, հէ՛…»:

Էտմոն Քիրազ 1946-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր ուսանած է «Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր»ի մէջ:

«Փարիզի մէջ զիս գրաւեցին ոչ թէ Էյֆէլի աշտարակը եւ Լուվրը, այլ՝ կիները: Անոնք այնքան թեթեւ էին, որ ոչ մէկ ցաւ կը զգայիր, եթէ ոտքերուդ վրայ կոխէին: Այդ փարիզուհիները կարծես չէին ենթարկուեր բնութեան ձգողականութեան օրէնքին եւ կը սաւառնէին օդին մէջ: Անոնց բարձրակրունկ բարակ ոտքերը հողէն կտրուած էին եւ կը թռչէին օդին մէջ, իսկ թեթեւ շրջազգեստները օդապարիկի պէս զանոնք երկինք կը բարձրացնէին»:

Փարիզի մէջ աշխատակցած է հետեւեալ թերթերուն՝

«Լա Պաթայ»՝ 1950-1951,
«Լը Ռուժ եւ Լը Նուար»՝ 1951-1952,
«Սամըտի Սուար»՝ 1952-1954
,«Իսի Փարի»՝ 1955-1959։

Այս վերջին թերթին մէջ ստեղծած է «Գեղեցկուհիներու արձանագրութիւններ» (Carnets de Belles) շարքը:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ծանօթացած եւ բարեկամացած է  երիտասարդ երգիծանկարիչներու՝ Փոյնէի, Էֆէլի, Պելուսի, Ֆեզանի, Պոսքի, Շաւալի, Ալտեպէրի, Տուպուայի հետ: 1959-ին Մարսէլ Տասօ, որ արդէն նկատած էր Քիրազի տաղանդը, կը խնդրէ անկէ ստեղծելու «Փարիզուհիներ» (Les Parisiennes) շարքը՝ իր նորաստեղծ «Ֆրանսայի օրեր» (Jours de France) թերթին համար:

«Ժուր տը Ֆրանս»ի մէջ կ՚աշխատէի: Մարսէլ Տասօ շատ հաւ-նած էր գծագրութիւններս եւ, ա՜, ամէն օր կ՚ուզէր, որ շատ գծագրութիւն տամ: Եւ լաւ է, որովհետեւ կը սպասէր, մինչեւ վերջը կը սպասէր գծագրութիւններուս, ես ալ, ինծի երբեմն կ՚ըսեն, որ գծագրութիւն մը ըրէ, է՜, օրեր կը տեւէ: Բայց եթէ ըսեն, որ  ժամը 7:00-ին գծագրութիւն մը կ՚ուզեմ… ատիկա կ՚ըլլայ… ուժ կը գտնեմ: Եւ այդ մարդուն հետ 30 տարի աշխատած եմ «Ժուր տը Ֆրանս» թերթին մէջ: Եւ ամէն գծագրութիւն ընելուս՝ պէտք է իրեն ցոյց տամ: Շատ հաւնած էր»:

Այստեղէն ալ կը սկսի Քիրազի յայտնի «Փարիզուհիներ» շարքը՝ պատկերազարդումներ, որոնք կը ներկայացնէին Փարիզի կիներու բարոյական սկզբունքները, երիտասարդ, թեթեւ, սլացիկ, նրբագեղ, երկար ոտքերով, տժգոյն դէմքերով, խելացի փարիզուհիները:

Երկար ոտքերով փարիզուհիները Քիրազի գլուխ գործերն են: Այդ կերպարները կը խոր-հըրդանշեն 1950-ական թուականներու ֆրանսուհիները: Քիրազի ֆրանսուհիները ոչ միայն գայթակղեցուցիչ եւ ցանկայարոյց են, այլեւ՝ ազատատենչ ու համարձակ, գեղեցիկ ու ժամանակակից: Քիրազի նկարներուն մէջ կիներ երբեմն մերկ են, բայց ոչ մէկ պարագայի՝ գռեհիկ: Անոր իւրաքանչիւր գիծը, գոյնը կը վկայեն այն մասին, որ Քիրազ սիրահարած է գեղեցիկին եւ կնոջ գեղեցկութեան:

Շարքը տպուած է ֆրանսական զանազան հրատարակութիւններու կողմէ, օրինակ՝ «Փարի Մաչ», «Վոկ», «Կլամուր» ամսաթերթերու, նոյնպէս՝ սպանական եւ իտալական յայտնի թերթերու մէջ:

Քիրազի սուր դիտողականութեամբ, նուրբ հիւմուրով եւ ինքնատիպ վարպետութեամբ կատարուած գործերը հետզհետէ զայն կը դարձնեն Ֆրանսայի ամենէն ճանչցուած երգիծանկարիչներէն մէկը: Անոր գրեթէ բոլոր նկարներուն կ՚ընկերանան երկխօսութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ, որոնք քիչ դեր չեն կատարած նկարներու յաջողութեան գործին մէջ:

1970-ականներուն Քիրազի աշխատանքներէն ոգեշնչուած՝ «Փլէյպոյ» ամսաթերթի վերջերս մահացած հիմնադիր Հիւ Հեֆնըր անոր առաջարկած է սրամիտ պատմութիւններ ստեղծել տղամարդոց ամսաթերթին համար:

Քիրազ ալպոմներ սկսաւ հրատարակել 1950-ական թուականներուն:  Գրած է «Ինքնակենսագրութիւն եւ յիշողութիւններ» գիրքը: Քիրազի «Փարիզուհիներ» շարքի նկարները ցուցադրուած են  Ֆրանսայի եւ արտերկրի բազմաթիւ պատկերասրահներու մէջ: 25 գործեր կը գտնուին Փարիզի «Քառնաւալէ» թանգարանին մէջ:

Քիրազ իր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին գործակցած է ծանուցումներու ամէնէն մեծ  գործակալութիւններուն հետ, որոնց շարքին գերմանական «Նիվէա» ընկերութեան հետ՝ արտադրութիւններու ծանուցումներուն համար:

«Քսան հազար նկար գծած եմ, մէկ երկու հատը կը սիրեմ… միւսները չեմ սիրեր… հա՛, հա՛, հա՜… ը՜ըը… բան է… աղուոր բան մը գծելու համար պէտք է վերէն բան մը գայ… ը՜… մինչեւ վերջը ուզես նէ աղուոր բան չես գծեր: Բայց մէկէն մէկ՝ օդը աղուոր է, չեմ գիտեր՝ ի՛նչը աղուոր է… կու գայ»:

Էտմոն Քիրազ սահուն կը խօսի հայերէն:

«Հայաստան այցելեցի (քանի մը տարի առաջ – Ա.), որովհետեւ ըսի, որ ամօթ է, այսքան ատենէ Հայաստանը չեմ տեսած: Ես Հայաստանը ուրիշ տեսակ  կ՛երեւակայէի,  մանաւանդ Երեւանը աշխարհի միւս քաղաքներուն կը նմանի կոր… բայց քիչ մը կ՛ուզէի, որ աւելի հայկական ըլլայ: Ամէն երկիր իմ գծագրութիւններէս կ՛ուզեն… մինակ Հայաստանը չուզեց: Հայաստանի ոչ մէկ թերթ ինձմէ  գծագրութիւն ուզած է: Ես ալ ըսի, որ տարօրինակ չէ, որովհետեւ Հայաստանը ուրիշ փրոպլեմներ ունի»:

Քիրազ այսօր ալ կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը եւ վարպետութեան դասեր կու տայ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ:

Երգիծանկարներու հաւաքածոյ

Lissi, Diogène, 1954 Carnet de belles, 1959 Les Parisiennes (Parisian Women), 1963 Les Parisiennes au volant, 1966 La Parfaite Secrétaire, 1967 Parlez-moi de moi : les Parisiennes, 1973 Sonate à quatre mains, 1978 Les Femmes de Kiraz, 1985 Les Parisiennes se marient, 1994 Je les aime comme ça (I Like Them That Way), 2000 Jamais le premier soir (Never the First Night), 2001 Kiraz dans Playboy (Kiraz in Playboy), 2002 Elles et moi (The Girls and I), 2003 Mini drames, Denol, 2005

Ձեւագէտ, ժամանակակից հագուստներու դերձակ Քրիսթիան Լաքրուա հետեւեալը գրած է Քիրազի մասին.

«1950-60 թուականներուն զբաղելով ժամանակակից հագուստներու ստեղծումով՝ ես բազմաթիւ ամսաթերթերու կը հետեւէի, նոր մոտելներ կը փնտռէի: Կը յիշեմ՝ այդ տարիներուն ես տարուած էի Քիրազի նկարներուն մէջ պատկերուած աղջիկներով: Կ՛երեւակայէ՞ք՝ Քիրազը կը կանխատեսէր, ան կը տեսնէր ապագան եւ կը նկարէր այնպիսի աղջիկներ եւ այնպիսի հագուստներով, ինչպիսիք անոնք պիտի կրէին 20 տարի ետք: Քիրազ արտակարգ կը զգար նորոյթի ոգին եւ գոյները: Իմ կազմաւորմանս մէջ ան շատ մեծ դեր կատարած է, եւ պիտի ըսեմ, որ անոր նկարներուն մէջ պատկերուած աղջիկներուն հագուստները Ֆրանսայի մէջ նորոյթի նոր դարաշրջան մը բացին»:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած ա­ղիւր­ներ՝
«Ծա­գու­մով հա­յեր» (Ար­մի­նիա Թի.Վի.)
«­Թերթ Էյ.Էմ.», «Վոկ», «Փա­րի Մաչ»

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2018