ՍՊԱՍՈՒՄ

Առտուն կ՚արթննայ ուշ, ինչպէս միշտ այս վերջերս։ Բաժակ մը տաք թէյ կը խմէ, քանի մը կտոր չոր հացով պանիրը կ՚ուտէ, օրհնութիւնը կու տայ կնոջ ու ձեռքերուն անոր, եւ դուրս գալու ժամն է արդէն։

Դուռը կը հրէ. դուրսի ձուրտը հաստատակամ կը մտնէ ներս։ Կը կծկուի տիկինը, գլուխը կ՚առնէ շալին մէջ. կը նայի ետեւէն ամուսնոյն, որ դուրս կու գայ։ Քանի մը մեթր կը հեռանայ ձիւնին մէջ, յանկարծ կանգ կ՚առնէ. ձեռնոցները, դեռ չհագած, կը զարնէ ճակտին. ձեան փաթիլներ կը թափին։ Ետ կը դառնայ, կը հասնի դրան, կը բանայ զայն.

-Մոռացել էի

-Հե՛ն ա, սեղանին վրայ, շուտ արա,  կ՚արձագանգէ տիկինը դարձեալ շալի մէջ պարուրուելով։

Արագ կ՚առնէ քառանկիւն տուփը սեղանէն, ու կ՚ելլէ դուրս։ Պայծառ է երկինքը այսօր, բայց ձուրտ է սաստիկ։ Գիւղը գրեթէ ձուլուած է ետեւի լերան հետ, հարթեցնող սպիտակին մէջ անբիծ։ Թեթեւ զեփիւռ մը կայ, որ բաւարար է մարմնի այս կամ այն բաց մնացած մասը սառցայրելու համար։

Մի քանի վայրկեան կը քալէ դէպի ակումբ-հիւղակն իրենց գիւղի, որ Սովետի օրերէն կը մնայ։ Կը հրէ դուռը, կը մտնէ ներս, շունչ կը քաշէ։ Վառարանին մէջ երէկուան ածուխը կը մխայ։ Քիչ մը ցախ ու փայտ կը դնէ, շունչ կու տայ հիւղակին, ուր իրմէ զատ մարդ չկայ։ Այսօր ալ չկայ։

Կը նստի տեղը, պատուհանին տակ, քառանկիւն տուփը կը դնէ փոշոտ սեղանին։ Կը բանայ զայն, կամացուկ, մէկ առ մէկ կ՚արթնցնէ մէջը պառկած քարերը, անկանոն կը շարէ տուփի կողքին։ Կը դարձնէ տուփը գլխիվայր, ու կը յայտնուի մարտադաշտի դէմին։ Կը մղէ տախտակը մէկ թիզ այն կողմ, եւ ուշադիր, ծէսի մը նման, քարերու դասաւորման կ՚անցնի։

Մէկ սեւ, մէկ սպիտակ. մէկ սեւ, մէկ սպիտակ։ Նախ թագաւորները, դէմ դիմաց, խոժոռ։ Յետոյ թագուհիները անոնց կողքին, նուրբ ու սլացիկ։ Չորս բերդերը չորս անկիւններուն, կողքերուն չորս ձի՝ հայեացքները անպայման կողմնակի։ Փիղերն ալ անոնց ու իշխանական զոյգերուն միջեւ. վերջ, պալատական վերնախաւերը պատրաստ են։ Կարգը՝ զինուորաց. պահ մը կը յուզուի։ Կը հանէ քոնիաքի շիշը գրպանէն, կը նայի երկնքին

-Է՜խ Դաւո, տղա՛...

Խոշոր ումպ մը կուլ կու տայ։ Մէկ առ մէկ կը շարէ զինուորները կողք կողքի եւ դէմ դիմաց. զգուշութեամբ մը, նբութեամբ մը այնպիսի, կարծես ապրող էակներ ըլլան անոնք։ Ու կը շարուին տասնվեց զինուոր, ութ սեւ, ութ սպիտակ. մահուան դիմաց։

Ծէսն աւարտած է. պահն է սպասման։ Արդէն ամբողջ երեք ամիս տեւող սպասման, որ կեանքը կ՚ուտէ պապիկին. «հոգիս կը կրծէ», կ՚ըսէ յաճախ կնոջ, որ թափելու արցունք չունի այլեւս, իր նման։

Ու կը սպասէ այսօր ալ, մարտադաշտի այս կողմը նստած, ժամերով, յամառ... տեսնես նախասիրած խաղընկերը, շախմատիստ թոռը, Դաւօ տղան, որ գացեր էր պատերազմ ու կորչեր, կու գա՞յ այսօր...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021