ԱՄԲՈԽՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսացի հոգեբան, ընկերաբան, մարդաբան եւ պատմաբան Կիւսթաւ լը Պոնի «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» գիրքը ո՛չ միայն ակնարկութիւն է մեր օրերու ամենակարեւոր իրադարձութիւններուն, այլեւ ներկայ եւ ապագայ օրերու մասին նախազգուշացում մըն է դար մը առաջուընէ։ 

Այն ամբոխները, որոնք դիւրութեամբ կրնան շահարկուիլ, գործել պարզունակ ու նախնական բնազդներով եւ հակած են զայրոյթով վարուելու՝ վտանգ կը սպառնան ժամանակակից աշխարհին։ Ամբոխի մէջ կորսուած անհատներ կը կորսնցնեն իրենց դատողութիւնը, կը մղուին գրեթէ «բարբարոսական» զգացումներու եւ այդ կործանարար ուժի վերահսկողութիւնը կը կազմէ երկիրներու հիմքը։

Լը Պոն կը խօսի նաեւ ամբոխի մը համար առաջնորդի եւ անոր ունենալիք յատկութիւններու կարեւորութեան մասին։ Ըստ իրեն, առաջնորդ մը, որ կը գիտակցի զանգուածներու ոգիին, շատ պարզօրէն կրնայ զանոնք «քաշել» իր ուզած ուղղութեան։ Այս պատճառով է, որ հրատարակութենէն մինչեւ այսօր, տարբեր ժամանակաշրջաններու, եղած է բազում քաղաքական գործիչներու ամենասիրած գիրքերէն մէկը։ Արդարեւ, «Ամբոխներու հոգեբանութիւնը» հասկնալը թերեւս աւելի կարեւոր է ներկայիս, երբ ժողովրդական շարժումները վերելք կ՚ապրին։ Ամերիկացի ընկերաբան Նիըլ Սմելզըր գրած է, որ հակառակ քննադատութիւններու՝ Լը Պոնի մտքերը հետաքրքրական են։ Ան կանխատեսած է ամբոխի կարեւոր դերը մեր ժամանակներուն, ինչպէս նաեւ բնութագրած է ամբոխի վրայ ազդեցութեան մեթոտները, որոնք կիրառած են Հիթլերի, Սթալինի, Մուսոլինիի, Մաոյի, հանրապետական վարչակարգերու խոշորագոյն ղեկավարներու՝ Ռոզուելտի, Քլեմանսոյի, Չըրչիլի, Տը Կոլի նման բազում առաջնորդներ։ Լը Պոն կը կարծէ, թէ մեծ ամբոխներ՝ կամքի տկարութեան կամ թերութեան, իմացականութեան ու մտաւորականութեան ցած մակարդակի պատճառով կը կառավարուին իրենց անգիտակից բնազդներու կողմէ։ Այստեղ տեղի կ՚ունենայ իմացականութեան մակարդակի, պատասխանատուութեան, ինքնուրոյնութեան, քննադատական մտքի նուազում եւ այսպէս անձը հետզհետէ կը կորսուի յատկապէս այն ժամանակ, երբ մարդ մը յայտնուի ամբոխի մէջ։ Ան կ՚ըսէ, թէ զանգուածներ ոչխարի հօտի կը նմանին եւ իրենց հովիւ մը կը փնտռեն։ Այդ հովիւը պէտք չէ անպայման խելացի ըլլայ, բաւարար է ուժեղ ըլլալը եւ բարձր հեղինակութիւն ունենալը։ Ամբոխին նպատակը գերեվարուիլն է, ո՛չ թէ ազատութիւնը։ Ըստ իրեն, ժողովուրդը միշտ կը լսէ ուժեղ կամքի տէր մարդը։ Քանի ամբոխի մէջ գտնուող անհատները կը կորսնցնեն իրենց կամքը, անոնք բնազդաբար կը հետեւին կամք ունեցողին։ Զանգուածները կը յարգեն ուժը։ Անոնց կողմնորոշումը եւ սէրը միշտ եղած են ոչ թէ լաւ կառավարիչներու կամ թագաւորներու, այլ՝ բռնակալներու հանդէպ, որոնք միշտ ճնշած են զիրենք։ 

Որոշ գաղափարներու դիւրութեամբ ընդունուիլն ու տարածուիլը մարդոց մեծամասնութիւնը կը զրկէ սեփական դատողութեան հիման վրայ կարծիք ունենալու հնարաւորութենէն։ Լը Պոն յառաջ քշած է այն վարկածը, թէ երբ տգէտն ու գիտունը ընդգրկուած են զանգուածի մը մէջ, իրադարձութիւնները առարկայական քննադատելու ունակութեան տեսակէտէ կը հասնին նոյն մակարդակին։

Զանգուածներու մէջ կան կոյր յամառութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ բռնի քարոզչութիւն կ՚իրականացուի կրօնական զգացումները շահագործելով։ Զանգուածներու ծափահարած «հերոսները» անոնց համար աստուածացած են։ Լը Պոնի կարծիքով՝ ամբոխը երբեք չի ձգտիր ճշմարտութեան։ Ան կը մերժէ այն ճշմարտութիւնը, որ իրեն անտրամաբանական կը թուի, ու կը նախընտրէ խոնարհիլ այն մոլորութիւններուն, որոնք իր ուշադրութեան կիզատէտին են։ Ան՝ որ կրնայ ամբոխը մոլորութեան մէջ քաշել, հեշտութեամբ կը դառնայ այդ մարդոց տիրակալը, իսկ ան՝ որ կը փորձէ «խելքի բերել» ամբոխը, միշտ կը դառնայ անոր զոհը։ 

Կրկնուողը ի վերջոյ կը թափանցէ եւ կը հաստատուի ենթագիտակցութեան խոր շերտերուն, ուր կը պատրաստուին մեր արարքներու դրդապատճառները։ Որոշ ժամանակ յետոյ մենք կը սկսինք հաւատալ կրկնուող խօսքերուն՝ մոռնալով, թէ ո՛վ «արտաբերած» էր զանոնք։ 

Ուրեմն, որեւէ երկրի մէջ երիտասարդներուն կրթութեան ջամբուելու ձեւով՝ կարելի կ՚ըլլայ կանխատեսել այդ երկրի ճակատագիրը։ Իսկ ներկայ սերունդին կրթութիւնն ու կեանքի պատրաստութիւնը՝ կը հաստատեն գրեթէ ամենայոռետեսական կանխատեսումները։ Զանգուածներու ոգին մասամբ կը բարելաւուի կամ կը վատթարանայ՝ կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021