ԱՆՍՊԱՌ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒԿԸ
Փոփոխական աշխարհին մէջ ներկայիս ողբերգութիւնները նորոյթ մը չեն: Իւրաքանչիւր դարաշրջան իւրովի կը մատուցէ իր ողբերգութիւնները: Պարզապէս մենք՝ մարդիկս կը տառապինք յիշողութեան կորուստով:
Քանի մը տասնամեակ առաջ, անցեալ դարու իննսունականներուն, կեանքը կապելով իրեն սիրահարած աղջնակի մը հետ, երեք դուստրերու հետ միասին փոխադրուեցան Ռուսաստան: Ընտանիքը՝ մայրն ու հայրը մնացին փոքրիկ դրախտավայրին մէջ: Հեռաւոր ափերը գրկաբաց ընդունեցին այս նոր ընտանիքը: Բանեցնելով միտքն ու ճկունութիւնը, փայլատակող ազնուութեամբ, կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին տղամարդը հասաւ նիւթական յաջողութիւններու: Ձեռնարկած աշխատանքները բարեյաջող պսակուեցան: Անշուշտ, այս ճանապարհին յաղթահարուեցան բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները:
Համեստ հարստութեան մէջ տղամարդը չմոռցաւ իր ծնողքն ու հայրենիքը: Միտքը միշտ անոնց հետ էր, որոնք ձգեց մութ ու ցուրտ տարիներուն, պատերազմի թոհուբոհի, չքաւորութեան մէջ: Տղամարդը պէտք չէ սխալ ընկալել՝ ան չհրաժարեցաւ իր ընտանիքէն: Պարզապէս քայլեց յաջողութեան հետքերով, որպէսզի կարենայ իր ծնողքին ալ օգտակար ըլլալ:
Ես անսահման բարի մարդիկը կը նմանցնեմ ծակ դոյլի մը: Որքան ջուր լեցնես մէջը, ծորալով կը պակսի: Ի վերջոյ դոյլը կը մնայ դատարկ, ինչպէս այս տղամարդը: Չարամիտ ու յիշաչար կնոջ կողքին ընտանիքը երկար կեանք չունեցաւ: Ի պատասխան ամուսինի բարութեան, ազնուութեան ու կամեցողութեան, կինը անսահման նախանձ էր ու չար: Որո՞ւ կը նախանձէր. շուրջբոլորը: Կիզակէտին կը գտնուէր ամուսնոյն հարազատ քոյրը, որ նախանձելի վիճակի մը մէջ չէր գտնուեր. առողջական խնդիրներով, երկու փոքրիկներու հետ, առանց ամուսինի ու աշխատանքի: Կարեկցանքի փոխարէն վերջինիս պատեց նախանձը, չարախնդրութիւնը: Այս ամէնը չվրիպեցաւ ամուսինի ուշադրութենէն: Բացասական միտքերն ու զգացումները կը կենային վերջիններուս դրան շեմին, որ բացուելուն պէս անկոչ հիւրի մը պէս ներս կը խուժէին:
Այլեւս խախտուեցաւ ընտանիքի անդորրը: Երեխաները կը մեծնային վատառողջ մթնոլորտի մը մէջ. անդադար կռիւներ, ծեծ եւ պոռչտուք: Բարեկեցիկ կեանքը ներկուեցաւ մռայլ գոյներով: Մանկահասակ աղջիկներու օրերը կ՚անցնէին տժգոյն: Անխուսափելիօրէն տուժեց երեխաներու կեանքի որակը, մարդկային տեսակը: Անհաշտ ծնողները ոչ մէկ ձեւով կրցան զսպել իրենց անհաշտութիւնը: Ո՛չ իրարմէ զատ կրնային մնալ, ո՛չ ալ միասին՝ կտուրի մը տակ:
Տարիները գլորեցան: Տղամարդը կը վատնէր իր վաստակը. անցնող-գացողին անվերադարձ գումար կը տրամադրէր: Այստեղ կնոջ նկատողութիւնները տեղին էին. «Ինչո՞ւ ամէնուն կ՚օգնես: Վաղը ասոնցմէ ոչ մէկը քեզ պիտի ճանչնայ: Իսկ դուն քու զաւակներուդ բարեկեցիկ ապագայէն բաժին կը հանես ամէն պատահածի»: Ամուսինը ականջալուր չէր ըլլար: Ապտակով մը կամ հայհոյանքով մը կը գոցէր երբեմնի սիրելիի բերանը: Օր մըն ալ չքաւորութիւնը չոքեց տղամարդու դուռը: Ընկերներու շարքերը սկսան պակսիլ: Շուտով տեսաւ, որ մինակ է, քովը ո՛չ մէկը կայ: Միայն իր քոյրը՝ երկու զաւակներով: Հարազատ երեխաները սփռուած են աշխարհով մէկ՝ հայու սովորոյթի համաձայն: Կը յիշեն, որ հայր ունին, սակայն չեն սատարեր, վաղուց մոռցան իրենց որդիական պարտքի մասին: Մոռցան, թէ ինչպէս ժամանակին աշխարհի երեսին իրենց համար Աստուած մը եւ հայր մը կար: Հարազատ զաւակներու անշնորհակալութիւնն ու անտարբերութիւնը հաւանաբար սպաննիչ ըլլայ, անտանելի ցաւ եւ պատիժ. պատիժ Բարձրեալէն գործած մեղքերուն համար:
Թշուառութեան մէջ անգամ տղամարդը չկորսնցուց իր ազնուութիւնը: Ի տարբերութիւն իր կողակցի, կեանքի հասցուցած տեղին եւ անտեղի ապտակները, անոր միտքը չպատեցին չարութեամբ: Ան ցաւ կը զգար: Սակայն կը շարունակէր բարիք գործել իր կարողութիւններու չափով: Մարդիկ յաճախ իրենց խօսքին մէջ յիշելով վերջինս, ամէն անգամ կը կենային սա հարցումին վրայ եւ չէին կրնար գտնել ողջամիտ պատասխան մը. «Ինչպէ՞ս այդքան բարի մարդը ի վերջոյ մնաց միայնակ ու չգնահատուած ոչ մէկու կողմէ: Ան ինչպէ՞ս մնաց մինակ ու կը շարունակէ մնալ մարդ: Ինչպէ՞ս տեղի ունեցած անձնային ողբերգութիւնները չազդեցին վերջինիս մարդկային բարձր յատկանիշներուն վրայ»:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան