ՎԱՀԱՆ ՔՈՉԱՐ՝ ՆԱԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ. ՅԵՏՄԱՀՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ անուանի լուսանկարիչ Վահան Քոչարի 75-ամեակին առթիւ անոր գեղանկարներուն ցուցահանդէսը՝ «Ոսպնեակէն անդին» խորագրով: Շատեր գիտէին, որ լուսանկարիչը նաեւ կը գծէ, բայց քիչեր տեսած էին անոր գեղանկարչական գործերը:

Ահաւասիկ, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան յարկին տակ բացուած ցուցահանդէսը նոր Վահան Քոչար մը բացայայտեց զինք ճանչցած մարդոց համար: Բոլորը համոզուեցան, որ արուեստի նուիրեալը իր գեղանկարները նոյն տաղանդով ստեղծած է՝ ինչպէս լուսանկարները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, իր կարգին, զատ գեղարուեստական արժէք մը ունի: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Վահան Քոչարի ստեղծած բազում կտաւներէն շուրջ 130 գեղանկարներ, որոնք նկարած է 15 տարեկանէն մինչեւ 71 տարեկանը: 71 տարեկանին ալ (2020 թուականին) Վահան Քոչար հեռացաւ կեանքէն՝ ետին ձգելով հարուստ ժառանգութիւն մը: Այդ ժառանգութեան մէջ ուրոյն տեղ ունի Հայ լուսանկարչութեան թանգարանը, որ Վահան Քոչար հիմնած է 2019 թուականին: Թանգարանը կը կրէ Վահան Քոչարի հօր՝ 20-րդ դարու մեծագոյն լուսանկարիչ Անդրանիկ Քոչարին անունը: Արուեստի այս իւրայատուկ կեդրոնը կը գտնուի Երեւանի Աւետ Աւետիսեան 19 հասցէին վրայ՝ Քոչարներու տան առաջին յարկը։ Վերի յարկը կը բնակի Վահան Քոչարի որդիին ընտանիքը, իսկ վարի յարկը կազմուած է թանգարանը, որ բազմամարդ էր մանաւանդ Վահան Քոչարի կենդանութեան օրօք, սակայն ընտանիքն ալ ջանք չի խնայեր՝ ամէն գնով շարունակելու անոր գործը եւ պահելու յիշատակը: Այս թանգարանը թերեւս եղաւ Վահան Քոչարի կեանքի գործը, որ ան մէջտեղ բերաւ ահռելի ջանքերու գնով՝ համախմբելով աշխարհասփիւռ հայ անուանի լուսանկարիչներուն գործերը, քով քովի դնելով անուններ, որոնց մէջ են Ապտուլլահ եղբայրներէն, մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Իրանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ապրած եւ ստեղծագործած անուանի հայ լուսանկարիչներ: Բաց աստի, Վահան Քոչար հեղինակած է նաեւ երեք գիրք՝ «Հայ լուսանկարիչներ» համայնագիտարանը, «VIVE LA CINEMA»ն, որուն մէջ ներկայացուած են «Հայֆիլմ»ի շարժանկարներու նկարահանման ընթացքին իր հօր՝ Անդրանիկ Քոչարի կողմէ կատարուած դերասաններու լուսանկարներ եւ «Յիսուսի անձեռակերտ պատկերը Հայոց Աբգար թագաւորի դաստառակին» գիրքերը: Այս գիրքը ան պատրաստած էր երկար տարիներու աշխատասիրութեան արդիւնքին, սակայն լոյս տեսաւ յետմահու: Գիրքին մէջ կ՚ուսումնասիրուի Յիսուս Քրիստոսի եւ Եդեսիոյ հայոց Աբգար Ե. թագաւորի եզակի նամակագրութեան եւ Փրկչի կողմէ Աբգարին ղրկուած անձեռակերտ դաստառակի պատմութիւնը ու ատոր առընչուած այլ հարցեր:

Ընդհանրապէս Վահան Քոչար աշխոյժ գործունէութիւն ունէր, ան կը մասնակցէր գիրքերու, պատկերագիրքերու ձեւաւորումներու, ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէր, ուր որ հայ արուեստի հռչակումն ու մեծարումն էր, ինք հոն էր՝ ջանալով իր մասնագիտութեամբ ձեւով մը նպաստել, օգնել եւ անկեղծօրէն կ՚ուրախանար արուեստագէտներու յաջողութիւններով:

Մեծնալով Անդրանիկ Քոչարի (Քոչարեան) ընտանիքին մէջ՝ փոքր տարիքին Վահան Քոչար առընչուած է արուեստի աշխարհի մարդոց եւ այդպէս ձեւաւորուած են իր գեղագիտական ընկալումները: Պատանի տարիքին ուսանած է «Յակոբ Կոճոյեան» գեղարուեստի նկարչական դպրոցին մէջ: 1969 թուականին աւարտած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական կաճառի նկարչագծագրական բաժնի լրիւ դասընթացքը: Աւարտելէ ետք մէկ տարի պաշտօնավարած է որպէս ուսուցիչ: Երկար տարիներ «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան մէջ աշխատած է՝ որպէս լուսանկարիչ: Ան, փաստօրէն, նկարչական մասնագիտական կրթութիւն ստացած էր, սակայն յայտնի էր որպէս լուսանկարիչ: Իսկ երբ հրատարակեց «Հայ լուսանկարիչներ» պատկերագիրքը, լուսանկարչութեան ասպարէզին մէջ իր նուիրումը առաւել մեծցաւ: Այդ պատկերագիրքին մէջ ներկայացուած են շուրջ 480 լուսանկարիչներու կենսագրականներ եւ լուսանկարներ, որոնցմէ 180-ի անունները յայտնաբերուած են զանազան լուսանկարչական կնիքներու վրայէ: 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի լուսանկարիչներու գործերը կարելի է ճանչնալ անոնց վրայ կատարուած լուսանկարչական կնիքէն: Այդ կնիքը լուսանկարիչին ստորագրութիւնն է, անկէ կարելի է տեղեկանալ լուսանկարի թուականին, նաեւ՝ քաղաքին եւ երկրին մասին, ուր գործած է լուսանկարչատունը: Իսկ կնիքը յաճախ ալ բարձրագոյն դիրք կը նշէր՝ այս կամ այն արքունիքի, թագաւորական նստավայրի կամ պաշտօնական վայրի լուսանկարիչ ըլլալը փաստելով: Քոչար կը սիրէր մանրամասն պատմել այս ամէն ինչը, կ՚ոգեւորուէր, կը հասնէր մինչեւ հին ժամանակներ եւ ներկան կապելով անցեալին՝ իւրայատուկ կամուրջներ կը գծէր… Միաժամանակ Քոչար ամբողջութեամբ նուիրուած էր իր հօր՝ Անդրանիկ Քոչարի (Քոչարեան) գործի պահպանման, անոր լուսանկարներու ցուցադրութեան ու տարածման: Միշտ կը հպարտանար արեւմտահայ ծագումով իր հօր անցած ճանապարհով: Անդրանիկ Քոչար ծնած է Եգիպտոս։ Ընտանիքը Եգիպտոս գաղթած էր։ Սորված է Գահիրէի Պէրպէրեան վարժարանը՝ Շահան Պէրպէրեանի տնօրէնութեան օրօք։

Ինքնուրոյն սորված է լուսանկարչութիւն եւ Աղեքսանդրիոյ միակ շարժանկարի արուեստանոցին մէջ աշխատած է իբրեւ օգնական։

1945 թուականին Աղեքսանդրիոյ մէջ բացած է իր լուսանկարչատունը, որ գործած է մինչեւ անոր Հայաստան գաղթելը: 1947 թուականին հայրենադարձած է եւ Հայաստանի մէջ սկսած է փառքի եւ վերելքի ճանապարհը, լուսանկարած է հայ մեծերը եւ ունեցած՝ ցուցահանդէսներ:

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԵՒ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ

Որդին՝ Վահան Քոչար, բնականաբար հօրմէն ժառանգած է լուսանկարչական արուեստը: Ան եւս, լուսանկարչական սարքը ձեռքին, նկարած է բազմաթիւ դիմանկարներ, նաեւ բնանկարներ, ճարտարապետական յուշարձաններ, գեղարուեստական կազմութիւններ, յօրինուածքներ: Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի (1962, 1964, 1973), Պէյրութի (1965), Մոսկուայի (1966), Սելանիքի (1996, միջազգային ցուցահանդէս, հայր եւ որդի), Լոնտոնի (1999, «Ձեր կեանքի ժամանակը», հայր եւ որդի) մէջ, ինչպէս նաեւ խմբակային ցուցահանդէսներ՝ Ռիկայի (1983), Զափորոժիէի (1986), Տնեփրոփեթրովսքի (1988), Երեւանի (1995), Պոխումի (1995), Մոսկուայի մէջ (1995):

Իր գեղանկարներու ցուցահանդէսը եկաւ ամբողջական էջ մը աւելցնելու արուեստագէտի հարուստ կենսագրութեան: Մասնագէտներ՝ բարձր գնահատելով Վահան Քոչարի գեղանկարներու գեղարուեստական արժէքը, զանոնք դասեցին ժամանակակից լաւագոյն հայ գեղանկարիչներու գործերու կարգին: Այն ինչ որ ան գծած է, եղած է հայրենասիրութեան բարձր դրսեւորում. հայրենասիրութիւն՝ երկրի, հայրենիքի, բնութեան, հայ ազնիւ եւ ստեղծագործ մարդուն հանդէպ: Անոր գեղանկարներու հաւաքածոները կը ներառեն տարուան չորս եղանակները ներկայացնող գործեր, վերացական պատկերներ, որմնանկարներ եւ այլ ժանրի գործեր:

Ափսոսանք յայտնուեցաւ, որ այս ցուցահանդէսը բացուած է յետմահու: Թէեւ ընտանիքը, ընկերները ամէն ջանք գործադրած էին, բայց զգալի էր Քոչարի վառ եւ գունեղ բացակայութիւնը…

75-ամեակին առթիւ լոյս տեսած է նաեւ Վահան Քոչարի գեղանկարներու պատկերագիրքը: Ան կրկին կազմուած է ընտանիքի անդամներու, մանաւանդ թոռնուհիին՝ Արփին Քոչարի ջանքերով: Քոչար արդէն սկսած էր այս գործը եւ այդ մէկը աւարտին հասցուեցաւ հիմա: Պատկերագիրքին մէջ ամփոփուած են շուրջ 150 գեղանկարչական աշխատանքներու լուսանկարներ, իսկ գիրքին համար յառաջաբան գրած են արուեստաբան Մարտին Միքայէլեան, թոռնուհին՝ Արփին Քոչար եւ մշակութաբան Սերկէյ Մանուէլեան: Պատկերագիրքը խմբագրած է Սերկէյ Մանուէլեան: Ձմեռնային այս պաղ օրերու ընթացքին Վահան Քոչարի ցուցահանդէսը իրապէս ջերմութիւն մը հաղորդեց մեր միապաղաղ կեանքին: Շփուելով անոր ընկերներու, հարազատներու հետ՝ յիշեցինք մեր այցելութիւնները Աւետ Աւետիսեան փողոցին վրայ գտնուող իր հիւրընկալ եւ արուեստի շունչով լեցուն օճախը, ուր միշտ ներկայ էր ինք՝ իր կատակասէր, հիւրասէր եւ արուեստասէր էութեամբ: Վահան Քոչարի հետ հարցազրոյցներ ալ ունեցած էի, որոնցմէ վերջինը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած է 2019 թուականին: Իր 75-ամեակի եւ այս ցուցահանդէսի առթիւ կը ներկայացնենք հատուած մը, որուն մէջ ան կը պատմէ իր հիմնած լուսանկարչութեան թանգարանի մասին։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՄՓՈՒՇՏ Է…

… Թանգարանը նախ հօրս, ապա իմ փափաքս եղած է եւ երկար տարիներ պետական կառոյցներու դիմելէ եւ աջակցութիւն չգտնելէ ետք, մենք մեր ջանքերով հիմնեցինք այս թանգարանը, որուն դռները բաց են բոլորին: Մենք նոյնիսկ առանց տոմսերու, անվճար ըրած ենք մուտքը, որպէսզի մարդիկ գան, տեսնեն այդ հսկայական հարստութիւնը, ծանօթանան այն փառքին, որ աշխարհի մէջ հայ լուսանկարիչները ունեցած են: Հանգամանքներու բերումով մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ սփռուած է եւ հաստատուելով իրեն ապաստան տուած երկիրներու մէջ, կարճ ժամանակի ընթացքին ի յայտ բերած է իր ձիրքերը, որոնցմէ մէկը լուսանկարչութիւնն է: Հայրս շատ լաւ հասկցած է, որ մեծ էր հայերուն ներդրումը համաշխարհային լուսանկարչութեան մէջ եւ հաւաքած է այս լուսանկարները, որոնց հեղինակներուն մէկ մասը անձամբ ճանչցած է: Չկայ երկիր մը, ուր մեծ անունով հայ լուսանկարիչ մը չըլլայ: Ան նամակագրութիւն հաստատած է լուսանկարիչներուն հետ, կապեր ստեղծած է եւ լուսանկարներ հաւաքած՝ յետագային այս թանգարանը հիմնելու համար: Բազմաթիւ լուսանկարներ բնօրինակ են, իմ հօրս ղրկած են հեղինակները՝ իրենց ստորագրութիւններով: Անդրանիկ Քոչարի կեանքին ընթացքին չիրականացաւ իր երազը, բայց ես վստահ եմ, որ ան երկինքէն կը տեսնէ այս թանգարանը, այս գործը եւ կը փառաւորուի:

Մեր ունեցած տարածքը այնքան ալ մեծ չէ, որ ամէն ինչ կարենանք ցուցադրել, բայց մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ըրած ենք լաւագոյնը՝ հակառակ, որ հազարաւոր նկարներ տակաւին չեն ցուցադրուած: Բոլոր նկարները գրի առնուած, արձանագրուած են եւ պահ տրուած են թանգարանին: Հօրս 100-ամեակին առթիւ տպագրած ենք երկու բարձրորակ օրացոյց, որոնցմէ մէկուն մէջ հօրս կատարած 24 բնանկարները տեղ գտած են, իսկ նկարներուն քով տեղադրած ենք հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն:

Երկրորդ օրացոյցը նուիրուած է լուսանկարչութեան գիւտի 180-ամեակին եւ այնտեղ հրատարակուած է երեք հայ լուսանկարիչներու գործեր՝ Իրանի շահի անձնական լուսանկարիչ Սեւրուկինին, հայ գրող Պերճ Պռոշեանին, որ եղած է նաեւ նշանաւոր լուսանկարիչ, Ախալցխայէն Աւետիսով եղբայրներուն: Օրացոյցին մէջ կայ երեք էջ, ուր տեղ գտած են Երեւանի, Պաքուի եւ Թիֆլիզի հայ լուսանկարիչներու գործերը: Հօրս 100-ամեակին նուիրուած միւս ձեռնարկը Գայիանէ Առաքելեանի գիտական գիրքն է՝ «Անդրանիկ Քոչարի լուսանկարչական արուեստը» խորագրով եւ ահաւասիկ, թանգարանն ալ դարձաւ չորրորդ ձեռնարկը։

-Քանի՞ լուսանկարիչ ներկայացուած է թանգարանին մէջ եւ հետաքրքրական է՝ ինչո՞ւ չկան Արա Կիւլէրի լուսանկարները:

-Թանգարանին մէջ այժմ տասնչորս հայ լուսանկարիչ ներկայացուած է, անոնց բոլորը հեռացած են կեանքէն՝ բացի ցուցադրուած մէկ լուսանկարիչէն, որ տակաւին ողջ է. ան ութսունը անց լուսանկարիչ Մանուկ Փոլատեանն է, որ կը բնակի Սան Փաուլօ եւ Պրազիլի մէջ շատ յայտնի է: Արա Կիւլէրի հետ ես անձամբ ծանօթացած եմ. ան ինծի, իր ստորագրութեամբ, նկարներու սկաւառակ մը նուիրած է: Ես, ի սկզբանէ, ուրիշ ցանկութիւն մը ունէի՝ ունենալ լուսանկարչութեան թանգարան մը, ուր համաշխարհային հռչակ ունեցող վեց հայ լուսանկարիչ պիտի ունենային իրենց անջատ սրահները, ատոնք պիտի ըլլային 19-րդ դարու մեծագոյն հայ լուսանկարիչները՝ Ապտուլլահ եղբայրները, Սեւրուկինը, թիֆլիզահայ Գրիգոր Տէր-Ղեւոնդեանը, իսկ միւս երեքը պիտի ըլլային 20-րդ դարու հայ նշանաւոր լուսանկարիչներ՝ Եուսուֆ Քարշը, Արա Կիւլէրը եւ Անդրանիկ Քոչարը: Բայց քանի որ Արա Կիւլէր իր հաւաքածոն նուիրեց Ազգային պատկերասրահին, իմ մտայղացումիս ընթացքը փոխուեցաւ: Շատ կը փափաքէի լուսանկարչութեան թանգարանին մէջ իր հաւաքածոն ալ ցուցադրուէր, քանի պատկերասրահին մէջ անոր գործերը չեն ցուցադրուիր, սենեակի մը մէջ պահեստային կերպով իբրեւ բեռ լեցուած են:

-Խորհրդային Միութիւն գալով ձեր հայրը երբեւէ դժգոհա՞ծ է, մանաւանդ՝ փառքի արժանանալու առումով Խորհրդային Միութեան մէջ նոյն համբաւը չէ կրցած ունենալ, ինչպէս ըսենք, Քարշը՝ Գանատայի մէջ, եւ երկուքն ալ նոյն տաղանդի լուսանկարիչներ էին:

-Ոչ, ան երբեք դժգոհութիւն չէ ունեցած, հակառակ որ միշտ ուրիշ երկիր երթալու հնարաւորութիւն ունեցած է: Ան հայրենիք եկած է հաւատքով եւ իմ մօրս հետ ամուսնացած է հայրենադարձներ բերող «Պոպետա» նաւուն վրայ՝ այն յոյսով, որ հայրենիք ոտք պիտի դնէ ընտանիք կազմած: Հայրս Աղեքսանդրիայէն, մայրս՝ Գահիրէէն եկած են եւ անոնք իրենց ամբողջ կեանքը Հայաստանին նուիրուած ապրած են: Ինչ կը մնայ մեծութեան, այո, Անդրանիկ Քոչար պակաս մեծութիւն չէր, ինչ որ էր Քարշը, բայց ան նոյն ազատութիւնը, պատկերագիրքեր տպելու նոյն ճոխութիւնը չէ ունեցած. ինչ որ Քարշը ունէր Գանատայի մէջ: Ես մինչեւ հիմա հօրս պատկերագիրքերը չեմ կրցած տպել, մինչդեռ ան ժառանգութիւն ձգած է չորս պատկերագիրքի, որոնցմէ մին իր յուշերն ու յօդուածներն են: Համեմատելով Քարշին հետ, ես պատրաստած եմ սահիկահանդէս մը, որուն մէջ ներկայացուցած եմ երկու վարպետներուն՝ Անդրանիկ Քոչարի եւ Եուսուֆ Քարշի՝ նոյն բնագաւառէն նկարած նկարները: Եթէ Քարշի՝ Հռոմի Պապի լուսանկարը ներկայացուցած եմ, ապա զուգահեռ ցոյց տուած եմ հօրս նկարած կաթողիկոսի դիմանկարը, կամ եթէ Քարշը միջազգային ճանաչում ունեցած երաժիշտ մը նկարած է, ապա հայրս մեր հայ երաժիշտները նկարած է եւ այդպէս ան չէր զիջեր ոչ մէկ բնագաւառի մէջ: Այս սահիկահանդէսը նոյնպէս նուիրուած է լուսանկարչութեան գիւտի 180-ամեակին եւ կ՚ընդգրկէ իւրաքանչիւրէն երկու հարիւր լուսանկար, երկուքն ալ բարձր մակարդակի արուեստագէտներ եղած են: Սահիկահանդէսը կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ: Ըսեմ, որ իմ հայրս քիչ նկարած է, ան կը սպասէր յարմար պահուն, կ՚ըսէր ասիկա փամփուշտ է, որ պիտի կրակես…

ԺԱՄԱՆԱԿ, 2019 թիւ, յուլիս 23

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024