Սուրիահայ Աւօ Գաբրիէլեանի ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Փրակի Փառատօնին
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած «Մէկ աշխարհ» (ONE World) 18-րդ միջազգային փաստավաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին այս տարի տասներեք անուանակարգերու մէջ պիտի ցուցադրուի հարիւրքսաներեք ժապաւէն վաթսուներկու երկիրներէ: Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մարտի 7-16 թուականներուն միջեւ, Փրակի մէջ:
Ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին Չեխիոյ երեսունչորս քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մէջ: Այս տարի տեղի կ՚ուենան նաեւ քննարկումներ, կը ցուցադրուին ժապաւէններ դպրոցական տարիքի երախաներու համար:
Առաջին անգամ փառատօնին իր ժապաւէնը պիտի ներկայացնէ 30-ամեայ սուրիահայ բեմադրիչ Աւետիս Գաբրիէլեան (Աւօ): Ան իր «Առանց դռներու տուները» ժապաւէնը քանի մը տարի շարունակ նկարահանած է Հալէպի մէջ` ցոյց տալով պատերազմի դէմքը: Նկարահանումները կատարած է իրենց տան պատշգամէն: Ժապաւէնը այս տարի ցուցադրուած է նաեւ Պեռլինի փառատօնին: Աւետիսը պիտի ըլլայ փառատօնի հարիւրէ աւելի հիւրերու շարքին:
Փառատօնին տեղի կունենայ քսանվեց ժապաւէններու համաշխարհային առաջին ցուցադրութիւնները, նաեւ պիտի ներկայացուին այս տարուան ամերիկեան «Օսքար»ին առաջադրուած երեք ժապաւէն:
Միւս կողմէ, միայն անցեալ տարի Կեդրոնական Եւրոպայի ամենամեծ վաւերագրական ժապաւէններու փառատօնին` «Մէկ աշխարհ»ի ժապաւէնները դիտած է հարիւրքսաներեք հազար հոգի: