Կինը պէտք է երջանիկ ըլլայ, կնոջ աչքերը՝ ուրախ
Հայուհին Եւ Ներկայ Մարտահրաւէրները «Երջանկութիւն, առողջութիւն, յաջողութիւններ, միայն ուրախ եւ անհոգ պահեր, միշտ ըլլան գեղեցիկ, կանացի, միայն ժպտացող դէմքեր տեսնենք մեր շուրջը», տղամարդիկ կը մաղթեն կանանց՝ չմոռնալով աւելցնել, որ այդ ամէնը ապահովելու համար տղամարդոց դերը մեծ է:
Կինը պէտք է երջանիկ ըլլայ, քանի որ երբ կնոջ աչքերը ուրախ են, կինը կը ժպտի, տղամարդն ալ ինքզինք լաւ կը զգայ: Ճիշդ է՝ այսօր ամէնուրեք խնդիրներ, դժուարութիւններ կան, բայց հայ կինը կը շարունակէ մնալ նրբագեղ, ամէն կերպով կը ջանայ պահպանել մեր հայկական աւանդոյթները, դաստիարակել եւ մեծցել լաւ երախաներ:
Բայց… կինը պէտք է միշտ գեղեցիկ, խնամուած ըլլայ, պէտք է ուրախ տրամադրութեամբ դիմաւորէ իր ամուսինը, երախաները: Բայց այսօրուան պայմանները թոյլ չեն տար, որ այդպէս ըլլայ: Կինն ալ հաւասար կ՚աշխատի տղամարդուն հետ, շատ-շատ պարագաներու առաւօտ տունէն դուրս կու գայ, միայն երեկոյեան կը վերադառնայ: Աշխատանքէն յոգնած կը վերադառնայ, այդքանէն ետք՝ այլեւս ինչպէս ունենայ ուրախ տրամադրութիւն: Թէեւ կանայք կը դիմանան այդ ամէնուն, այդ ամէնով հանդերձ կը կատարեն նաեւ տնային աշխատանքները, երախաներուն խնամքը:
Մարտ 8-ին կը նշուի Կանանց միջազգային տօնը: 1908 թուականի Մարտի 8-ին Նիւ Եորքի կարի գործարանին մէջ աշխատող կիները ցոյցի կ՚ելլեն՝ պահանջելով աշխատաժամանակի կրճատում ու աշխատանքի պայմաններու բարելաւում: Այդ ժամանակ տղամարդիկ ստիպուած զիջումներու կ՚երթան, եւ բանուորուհիներու պահանջները կը կատարեն: Իսկ ահա 1910 թուականին Քոփենհակըի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվար կանանց միջազգային համաժողովի մը ընթացքին գերմանուհի ընկերվար Քլարա Ցեթկին կ՚առաջարկէ տօնել Մարտ 8-ը որպէս կանանց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ տղամարդոց իրաւունքներու հետ հաւասարութեան օր: Եւ ահա այդ ժամանակներէն ի վեր Մարտ 8-ը կը նշուի որպէս Կանանց միջազգային օր:
Հայաստանի մէջ անիկա կորսնցուցած է իր նախնական նշանակութիւնը, ուղղակի կը տօնեն որպէս գարնան ու կանանց տօն: