«ՀՈՅԱԿԱՊ ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ՇՈՒԿԱՆ»
Լոնտոնի մէջ այսօր կը բացուի եզակի ցուցահանդէս մը։ Լուսանկարչական այս ցուցահանդէսը ձօնուած է անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակին։ Թուրքիայէն 19 լուսանկարիչի գործերը կը ներկայացուին սոյն ծրագրի ծիրէն ներս։ Ցուցահանդէսի բացումը կը զուգադիպի Համաշխարհային կանանց օրուան՝ մարտի 8-ին։ Ան բաց պիտի մնայ մինչեւ մարտի 22-ը։ Վերոյիշեալ 19 լուսանկարիչներու շարքին կը գտնուին հայ, մահմետական, հրեայ եւ յոյն արմատներով վարպետներ։ Անոնց շարքին է նաեւ մեր յայտնի լուսանկարիչներէն Մկրտիչ Արծիւեան։ Բնականաբար, Արա Կիւլէրի զանազան գործերն ալ տեղ կը գտնեն այնտեղ։ Յակոբ Էզիլլիօղլուի ոսպնեակին որսած դրուագները եւս կը ներկայացուին Լոնտոնի մէջ։
Այս ցուցահանդէսի գլխաւոր կազմակերպիչն է եւ հիւրընկալը՝ Լոնտոնի «Եունուս Էմրէ» կաճառը։ Այս վերջինը Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ գործունէութիւն ծաւալող հեղինակաւոր կառոյցներէն մին է։ «Եունուս Էմրէ» կաճառը ցուցահանդէսի բացումը նախատեսած է՝ Օսմանեան խոհանոցի վերաբերեալ ասուլիսի մը զուգահեռ։ Այդ ասուլիսին նիւթը պիտի ըլլայ Մերի Ըշընի կողմէ հեղինակուած «Bountiful Empire» գիրքը, որու մէջ կ՚ուսումնասիրուի Օսմանեան խոհանոցի մշակոյթը։ Գիրքի վերաբերեալ այդ ասուլիսին զուգահեռ պիտի բացուի «Հոյակապ Եգիպտական շուկան» լուսանկարչական ցուցահանդէսը։ Ինչպէս ծանօթ է Եգիպտական շուկան Իսթանպուլի շատ խորհրդաւոր եւ ամենախորհրդանշական վայրերէն մին է։ Ցուցահանդէսն ալ կազմակերպուած է այն մղումով, որ Եգիպտական շուկան Օսմանեան խոհանոցի մշակոյթի ժառանգութեան մաս կը կազմէ։ Ցուցահանդէսի մասնակից լուսանկարիչները Լոնտոն ուղարկած են Եգիպտական շուկայի վերաբերեալ իրենց նկարահանումները։
«Եունուս Էմրէ» կաճառին առընթեր այս ցուցահանդէսի կազմակերպման իրենց նպաստը բերած են Լոնտոնի մօտ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը, Թրքական օդային ընկերութիւնը, «Արա Կիւլէր» թանգարանը եւ «Տողուշ» խմբակը։
Ցուցահանդէսի պատասխանատուն է Թերի Քաթալան։ Ծրագրի նպատակն է Լոնտոնի եւ Իսթանպուլի միջեւ մշակութային կամուրջ մը կառուցել եւ թրքական մշակոյթի խայտաբղետ բնոյթը ծանօթացնել Լոնտոնի գեղարուեստասէրներուն։