«ԱԼ ԺԱՆՏԱԽՏԸ»

Ժամանակը այնքան արագ կ՚ընթանայ, որ այլեւս ոչինչ զարմանալի կը թուի։ Բայց անցեալը կը մնայ նոյնպէս եւ մենք կը զարմանանք՝ տեսնելով ապագայի մասին գրի առնուած վէպերը։ Կարելի է հանդիպիլ այնպիսի գիրքերու, որոնց գրողները տարիներ առաջ կանխատեսած են այսօրուայ փորձագիտական, գիտական կամ այլ ոլորտներու զարգացումները, նորարարութիւնները… 

Գրականութիւնը գիտելիքի աղբիւր, աշխարհը ճանչնալու ամենալաւ միջոցն է։ Գիրքեր հնարաւորութիւն կու տան կեանքը հասկնալու, սորվելու, վերահասու դառնալու եւ նորանոր յոյզեր ապրելու։ Գիրքերու շնորհիւ է, որ աշխարհի մասին մարդոց պատկերացումները կը զարգանան։ Մեծանուն եւ հանճարեղ գրողներ կը ձգտին իմաստաւորել իրենց ստեղծագործութիւնները՝ հիմք ունենալով մարդու գաղափարները, զգացումները եւ մանաւանդ՝ ժամանակաշրջանի պայմանները։ 

Այս մեծանուն եւ հանճարեղ գրողներու շարքին կարելի է դասել Ճէք Լանտընը, որ իր ստեղծագործութիւններու իւրաքանչիւր մանրամասնութիւնը համադրումն են իմաստութեան, իր իւրայատուկ երեւակայութեան, կեանքի փորձառութեան եւ մարդոց իրաւունքներու մասին իր դիրքորոշման։ Ճէք Լանտընի «Ալ ժանտախտը» հատորը ուշադրութեան արժանի է ապագայի մասին հեղինակի կանխատեսումներով՝ մանաւանդ քորոնաժահրի համաճարակի օրերուն։

Գիրքի դէպքերը կը զարգանան 2012 թուականին, երբ ալ՝ բոսոր, կարմիր ժանտախտը կարճ ժամանակի ընթացքին կ՚ոչնչացնէ գրեթէ ամբողջ մարդկութիւնը։ Ողջ մնացած են միայն շատ քիչեր, որոնք փորձած են նոր քաղաքակրթութիւն ստեղծել։ 2072 թուականին, համաճարակի ծագումէն 60 տարի անց, Ճէյմս Սմիթի եւ իր երեք թոռներու միջեւ տեղի ունեցած զրոյցի հիման վրայ «կառուցուած» գիրքի համայնապատկերը կը կազմեն մեծ հօր բացատրութիւնները՝ կարմիր ժանտախտի ծագման ու անոր թէ՛ նախորդող եւ թէ յաջորդող շրջաններու մարդկային կեանքի եւ պայմաններու մասին։ Առաջին անգամ Նիւ Եորքի մէջ յայտնաբերուած հիւանդութիւնը անուանուած է «ալ ժանտախտ», այն պատճառով, որ վարակուած մարդոց դէմքերը կը կարմրին եւ մի քանի ժամուայ ընթացքին կը մահանան։

Գիրքը ուշադրութիւն կը գրաւէ քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանին, որ կարճ ժամանակի մը մէջ ամբողջ աշխարհը իր ազդեցութեան տակ առաւ եւ տակաւին կը շարունակէ կեանքեր խլել անխնայօրէն։ Այս մահացու համաճարակը տարածուեցաւ այնքան արագ եւ հեշտութեամբ, որ քորոնաժահրէն խուսափելու միակ ելքը ընդունուեցաւ մարդոց իրարմէ հեռու մնալը։ Այն վայրերը, ուր մարդիկ կը հաւաքուէին, կը մէկտեղուէին՝ փակուեցան, ճանապարհորդութիւնները դադրեցուեցան, բազում երկիրներու մէջ սահմանուեցաւ փողոց դուրս գալու արգելք… Կարելի է կանխատեսել, որ նման «ընկերային» իրադարձութիւններ կ՚արտացոլուին գրականութեան մէջ։ Բայց եւ այնպէս, նման լայնատարած համաճարակ մը չկար, երբ Ճէք Լանտըն գրի առած էր այս վէպը։ 1900-ական թուականներու սկիզբին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եղած էր փոքր չափով ժանտախտի համաճարակ մը, որու հետեւանքով գրեթէ հազար մարդ տուժած էր։ Սպանական կրիփը, որ աշխարհի վրայ աւելի քան 20 միլիոն, իսկ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 700 հազար մարդոց մահուան պատճառ դարձած էր, սկսած էր 1918 թուականին՝ Լանտըն վերոնշեալ գիրքը գրելէ 8 տարի յետոյ։ Ուստի, Ճէք Լանտընը «ներշնչելիք» համաճարակ մը այդ ժամանակ չկար, բայց գիտական զարգացումներու ուշադրութեամբ հետեւած ըլլալը ենթադրելի է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Վէպի համապատասխան բաժիններէն կարելի է ըմբռնել, որ Լանտըն՝ Լուի Փասթէօրի, Ռոպերթ Քոխի նման մանրէաբանութեան ռահվիրաներու կամ զանազան ծանօթ գիտնականներու աշխատանքները եւ հետազօտութիւնները ուսումնասիրելով, անոնցմէ տեղեկութիւններ քաղելով դիտարկումները համադրած է իր երեւակայութեամբ եւ կեանքի փորձառութեամբ։ Կարելի է նաեւ ենթադրել, որ Լանտըն կարելի չափով հմտութիւն ունի աշխարհ պատուհասած համաճարակներու վերաբերեալ, քանի որ հինգ հազար հատոր ներառող իր գրադարանին մէջ կան բազում գիրքեր՝ սեւ ժանտախտի մասին։ Գիտութեան եւ իր կանխատեսումներու շնորհիւ, ան հարիւր տարի առաջ նկարագրեց տեսարաններ, որոնք նման են քորոնաժահրի համաճարակի շրջանի իրադարձութիւններուն. օրինակ՝ գիրքի մէջ գիտնականներու իրենց կեանքի գնով աշխատանքը եւ անոնց նկատմամբ յարգանքը զուգահեռ կը գծեն քորոնաժահրի դէմ առողջապահական ոլորտի մասնագէտներու ջանքերուն հետ։ Այդ օրերու համաճարակի օդային փոխադրամիջոցներով տարածումը, իր նմաններուն հերոսաբար ու անվերապահօրէն օգնութեան ձեռք մեկնողները, սատարողները, նաեւ եսասէր, ագահ եւ ուրիշներու իրաւունքները ոտնահարող մարդիկը՝ նոյնպէս տեսանք մերօրեայ քորոնաժահրի համավարակի շրջանին։

*

- Այդ ժամանակ «սնունդ արտադրողներ»ը կ՚անուանէին «ազատ մարդիկ»։ Բայց իրականութեան մէջ անոնք ազատ չէին։ Կը խօսուէր «ազատութեան» մասին։ Կար իշխող դասակարգ։ Անոնք էին տիրակալը հողին եւ հողը մշակող գործիքներուն, մեքենաներուն։ Արտադրողները ջանասիրաբար կ՚աշխատէին իշխող դասակարգի համար։

- Մարդկային աշխատանքի արդիւնքը անցողիկ, ժամանակաւոր է եւ կ՚անհետանայ՝ ծովու ալիքներու փրփրուներու նման։ Օր մը, այդ բոլոր ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները անհետացան եւ մարդոց ձեռքբերումներուն բոլորը փճացան՝ զանոնք ներքաշելով պարզունակ կեանքի մը մէջ։ 

- Վառօդը կրկին պիտի գայ, ոչինչ կրնայ կանխել այս։ Հին պատմութիւնը վերստին պիտի ապրուի։ Բազմացող մարդիկ կրկին պիտի սկսին պատերազմիլ։ Վառօդի շնորհիւ մարդիկ պիտի սպաննեն միլիոնաւոր մարդիկ եւ հեռաւոր ապագային այս ճանապարհով պիտի զարգանայ նոր քաղաքակրթութիւն մը՝ կրակի եւ արեան միջոցաւ։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

 

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021