ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԲԱՆԱԳՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Բանագողութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մակաբուծական արարք մը, որ պատիւ կը բերէ ոչ թէ բանագողին, այլ անոր «երանելի» թիրախին: Մին կերակուրը կ՚եփէ-կը պատրաստէ, իսկ միւսը լորձնաշուրթ կ՚ուտէ զայն՝ բոլորովին մոռնալով, որ եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը կոկորդէն պիտի հանեն իր կերածը:

Սակայն այստեղ կայ նրբութիւն մը. բանագողը կրնայ ըլլալ անծանօթ նորելուկ մը կամ ալ յայտնի դէմք մը, որ տարիներու պատկառելի վաստակ ունի եւ արժանաւորապէս յաջողած է շահիլ ընթերցող շրջանակներու սէրն ու յարգանքը: Ակներեւ է, որ առաջինին արարքը շա՛տ աւելի լա՜յն արձագանգ կ՚ունենայ՝ յայտնուելով պարսաւանքի ու կշտամբանքի կո՛ւրփողոցին մէջ, ան խստօրէն կը դատապարտուի ու ամենեւին չի մոռցուիր՝ դառնալով արատ մը խեղճ ու կրակ բանագողին անուան: Մինչդեռ երկրորդինը, թէեւ նոյնպէս կը պախարակուի, սակայն ի վերջոյ կը մոռցուի, կարծես երբեք ու երբեք կատարուած չըլլայ ան:

Հայ իրականութեան մէջ եւս կան բանագողութեան դէպքեր:

Ասոնցմէ ամենէն նշանաւորը, ըստ իս, Եղիվարդի (Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան) պարագան է: Ան, դեռ երիտասարդ, բանագողութիւններ կատարած է Օշականի քերթուածներէն,- չըսելու համար՝ զանոնք ուղղակի առած-ընդօրինակած ու հրատարակութեան տուած է. չէ՛, կը ներէք, առանձին գիրքով մը լոյս ընծայած է:

1950-ականներուն էր, երբ այս «ընդօրինակութիւնը» բացայայտուեցաւ անուանի գրող-գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի կողմէ: Յօդուածը տպուեցաւ Պէյրութի «Նայիրի» ազգային-գրական շաբաթաթերթին մէջ:

Այս պատմութիւնը քիչ թէ շատ ծանօթ է սփիւռքի ընթերցող շրջանակներուն:

Կայ նմանօրինակ ուրիշ պատմութիւն մը եւս, որուն հերոսը Եղիվարդը չէ, այլ սիրելի՛ բանաստեղծ մը: «Պատմութիւնը» բացայայտողը դարձեալ Սնապեանն է: Յօդուածը տպուած է «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի 1959-ի թիւին մէջ, էջ 60-61-62:

Այս սիրելի բանաստեղծը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ մեր Վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան: Յօդուածին թիրախը անոր «Պանդուխտ որդին» յայտնի բանաստեղծութիւնն է՝ գրուած 1902-ին, ուր «մեզի պարտադրուած ճակատագրին, մեր տառապանքին ու ապրումներուն մէջէն դիտուած այս «Պանդուխտ»ը գերմանական ծագում ունի պարզապէս»:

Իսահակեան ու բանագողութի՞ւն,- անհամատեղելի կը թուին մեզի այս երկուքը: Մե՛ր, մե՛ր Իսահակեանն է այս, իսկ «Պանդուխտ որդին»ը՝ անոր ամենէն ժողովրդական ու ամենէն սիրուած քերթուածներէն մէկը, որուն, սակայն, բուն հեղինակը աւստրիացի բանաստեղծ մըն է՝ ծնած 1802-ին, մահացած 1866-ին. անունը՝ Եոհան Նեփոմուք Ֆոկլ:

Ուրեմն փոքրիկ ճշդում մը:

«Պանդուխտ որդին» ոչ թէ գերմանական, այլ աւստրիակա՛ն ծագում ունի:

Իսկ հիմա՝ Ե. Ն. Ֆոկլի «Das Erkennen» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը. ահաւասիկ՝

DAS ERKENNEN

Ein Wanderbursch, mit dem Stab in der Hand,
Kommt wieder Heim aus dem fremden Land.
Sein Haar ist bestäubt, sein Antilitz verbrannt:
Von wem wird der Bursch wohl zuerst erkannt?

So tritt er ins städtchen, durchs alte Tor,
Am Schlagbaum lehnt just der Zöllner davor.
Der Zöllner, der war ihm ein lieber Freund,
Oft hatte der Becher die beiden vereint.

Doch sieh - Freund Zollman erkennt ihn nicht,
Zu sehr hat die Sonn ihm verbrannt das Gesicht.
Und weiter wander nach kurzem Gruss
Der Bursche und schüttelt den Staub vom Fuss.

Da schaut aus dem Fenster sein Schätzel fromm:
“Du blühende Jungfrau, viel schöne, Willkomm!”
Doch sieh - auch das Mägdlein erkennt ihn nicht,
Die Sonn hat zu sehr ihm verbrannt das Gesicht.

Und weiter geht er die Strass entlang,
Ein Tränlein hängt ihm an der braunen Wang.
Da wankt von dem Kirchsteig sein Mütterchen her:
“Gott grüss Euch”, so spricht er und sonst nichts mehr.

Doch sieh - das Mütterchen schluchzet voll Lust:
“Mein Sohn!” und sinkt an des Burschen Brust.
Wie sehr auch die Sonne sein Antlitz verbrannt,
Das Mutteraug hat ihn doch gleich erkannt.

Johann Nepomuk Vogl

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
(«ՄԱՅՐԵՆԻ ԱՉՔԸ»)

Երիտասարդ մը ուղեւոր երկրէ օտար
Ցուպ ի ձեռին տուն կը դառնայ խընդապատար.
Մազեր փոշոտ, դէմքն ալ այրած է արեւէ,
Ո՞վ նախ արդեօք պիտ՚ ճանչնայ ու բարեւէ:

Այսպէս քաղաք կը մըտնէ ան հին դուռէն, ուր
Ճիշտ փակոցին դէմ մաքսաւորն արդ կը յենուր.
Ու մաքսաւորն իր բարեկամն էր այնքան սերտ,
Բաժակակից եղեր էին երկուքը մերթ:

Այլ չըճանչցաւ զինքն բարեկամը մաքսաւոր,
Քանզի արեւն խիստ շատ այրած էր դէմքն անոր.
Բարեւ մը պարզ, ու կ՚արձակէ մի խոր հառաչ,
Կը թօթափէ ոտքին փոշին, կ՚անցնի յառաջ:

Իր սիրուհին պատուհանէն դիտէ հիմա.
«Ծաղկատի՛ կոյս, տենչալի՛դ իմ հոգեհըմայ»:
Տե՛ս, չըճանչնար օրիորդն ալ զինքն արդարեւ,
Զի դէմքն անոր խիստ շատ այրած է արդ արեւ:

Փողոցն ի վար կ՚երթայ յառաջ ա՛լ այն ատեն,
Ու կը կախուի արցունք մ՚անոր այրած այտէն,
Եկեղեցւոյ ճամբէն կ՚իջնէ իր մայրիկն արդ,
Լոկ «Բարեւ քե՛զ» կ՚ըսէ անոր երիտասարդն:

Բայց տե՛ս, մայրիկն խընդութենէն կը հեծկըլտայ.
«Ա՜, որդեակ իմ», կ՚իյնայ անոր կուրծքին վըրայ:
Իրօք արեւն խիստ շատ փոխած էր դէմքին գոյն,
Մայրենի աչքն սակայն ճանչցաւ որդեակն իսկոյն:

Թարգմ.՝ Գ. Յ. Կիւլեանի
(«Լոյս» ամսագիր, Պոսթըն, 1907, թիւ 11)

ՊԱՆԴՈՒԽՏ ՈՐԴԻՆ

Դարդը սրտիս, աղքատ ու խեղճ, ցուպը՝ ձեռիս, գլխիկոր,
Շա՜տ տարիներ պանդուխտ եղած՝ նորէն դարձայ հայրենիք.
Կեանքի բեռով մէջքս ծըռած, միտքըս՝ շուար ու մոլո՛ր,
Եօթը սարէն, եօթը ծովէն դարձայ նորէն հայրենիք:   

Իմ հայրենի գեղի հանդում տեսայ մանկութ ընկերիս.
Ա՜խ, ընկեր իմ, կարօտ սրտով նրա առաջ վազեցի.
Ասի. «Բարո՛վ, անգի՛ն ընկեր, մի՞թէ չես ճանաչում դու ինծի»:
Ախըր, ես շա՜տ փոխուեր էի, չըճանաչեց նա ինծի:

Ցուպը ձեռիս՝ գեղը մտայ, անցայ եարիս տան ճամբով,
Տեսայ եարըս, վարդը ձեռին, մենակ կանգնած դըրան մօտ,
Ասի. «Քուրի՛կ, ազիզ տեսքիդ արժանացայ ես բարով...»:
Նա էլ ինծի չըճանաչեց... աղքատ էի ու փոշոտ...

Դարդը սրտիս՝ հասայ մեր տուն, տեսայ ծերուկ, խեղճ մօրս,
Ասի. «Նանի՛, ճամբորդ մարդ եմ, գիշերս ինձ հիւր կ՚ընդունե՞ս»:
Ա՜խ, մէրիկ ջան... վզովս ընկաւ, սըրտին գրկեց ու լացեց.
«Ա՜խ, բալա՛ ջան, ղարիբ բալա՛, էդ դո՞ւն ես...»:

Աւետիք Իսահակեան
1902

Ինչո՞ւ ուզեցինք վերստին լոյս սփռել այս մոռցուած պատմութեան վրայ:    

Անշուշտ, թերեւս ոմանք մտածեն՝ Իսահակեանը վարկաբեկելու նպատակով. ԵՐԲԵ՛Ք: Նախ, սկսելու համար, ըսեմ, որ նման իրաւասութիւն մը մեզի չէ տրուած. վարկաբեկե՞լ, մենք որ անոր բանաստեղծութիւններով մեծցանք, ոգեւորուեցանք ու անոնցմէ ներշնչուեցանք:

Յետոյ, սեպենք, թէ համարձակեցայ վարկաբեկել. ի՞նչ կը կորսնցնէ ան իր վարկէ՜ն ու անունէ՜ն,- ոչի՛նչ: Որովհետեւ ան մէյ մը մտած է մարդոց սրտերուն մէջ ու դարձած մէկ մասը անոնց ամէնօրեայ ընթերցումներուն: Հետեւաբար, ես՝ նուաստս, ինչ որ ալ «ձաբռտեմ», ոչի՛նչ պիտի փոխուի. Իսահակեան պիտի շարունակէ մնալ պատուանդանի վրայ, իսկ, միւս կողմէ, խնդրոյ առարկայ բանաստեղծութիւնն ալ՝ իսահակեանապաշտներու սիրելի կտորներէն մին:

Ուրեմն հարցը պէտք է դիտարկել տարբեր անկիւնէ մը:

Մէկ բանագողութեան համար անիրաւութիւն է անտեսել Իսահակեանի՛ կշիռով գրողի մը մնացեալ ամբողջ վաստակը կամ խաչ քաշել անոր վրայ, մանաւանդ որ ալ թէկուզ առանց «Պանդուխտ որդի»ին, Իսահակեան չի դադրիր Իսահակեան ըլլալէ:

Սակայն, ըստ իս, պէտք չէ խնձորն ու կաղամբը շփոթել իրարու հետ. խնձորը՝ խնձոր, իսկ կաղամբը՝ կաղամբ, այլ խօսքով՝ իրերը իրենց անունով պէտք է կոչել: Չմոռնանք, որ մենք հոս գործ ունինք գողօնի մը հետ:

Ի վերջոյ կարելի չէ նոյն նժարին վրայ դնել գողօնն ու բնատիպը:

Հասկացողաց՝ բարե՜ւ:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021